Յայտարարութիւն

Tuesday, August 25, 2009

ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ - 4 - Ռիթա Պասմաճեան-Մանճիկեան

Թարմ լաւաշ Հացի հոտով արթնցայ, Սալման դարձեալ եկաւ, երկու լաւաշ եւ կտոր մը ճերմակ պանիր դրաւ մօտս եւ հասկցուց որ ուտեմ։ Մեծ ախորժակով կերայ մէկ հացը միայն։ Ջուր խնդրեցի , թան տուին, խմեցի եւ դարձեալ քնացայ։

Առաւօտուն, աքաղաղներու ձայնով արթնցայ։ Վրաս վերմակի նմանող ծածկոց մը կար։ Քիչ անդին, պառաւը քնացած կը խռկար։ Մօրս պատկերը տեսայ բաց աչքերով։ Յանկարծ՝ «Մայրիկ» պոռացի։ Պառաւը վախցած ընդոստ վեր ցատկեց։ Մօտեցաւ գլուխս շոյեց եւ ըսաւ՝ «Անա սթօ Խատիճա» ես Խատիճէ Նէնէն եմ։ Քանի մը անգամ կրկնել տուաւ ինծի՝ «Սթօ Խատիճա, սթօ Խատիճա»։ Դարձեալ կաթ, թարմ լաւաշ հաց, այս անգամ կարագ ալ կար։ Քիչ վերջ, նորէն բերաւ երեկուայ սպեղանին եւ քսեց վէրքերուս։ Այս անգամ ցաւը նուազ էր, հասկցուց որ երկննամ, հնազանդեցայ։ Մօտս եկան փոքր տղաք եւ աղջիկներ, անոնց մէջ Հասանն ալ կար որ շատ տժգոյն էր։ Հասան բռնեց աջ ձեռքս, դրաւ իր սրտին վրայ։ Առաւ գաւազանս համբուրեց, ես մտովին թարգմանեցի, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէր ինծի։ Ու ժպտեցայ։ Հասան հարցուց անունս, քանի մը անգամ կրկնեց, «անա Հասան ընթէ շու՞»։ Հասկցայ որ կ՛ըսէր, «ես Հասանն եմ, քու անունդ ի՞նչ է»։ կ՛ուզէր գիտնալ անունս։ Պատասխանեցի՝ «Եուսուֆ, Եուսուֆ»։ Իմ ազատարար Կարապետը, սորվեցուցեր էր ինծի, որ Թուրքերն ու Արաբները, Յովսէփին Եուսուֆ կ՛ըսեն։

Մեծերն ու փոքրերը, «Եուսուֆ Էրմենի» կը կանչէին ինծի։ Կամաց-կամաց, սկսայ ընտելանալ այդ մեծ ընտանիքին անդամներուն հետ։ Բոլորը կը գուրգուրային։ Հասանը, գաւազանս կու տար աջ ձեռքս, ձախ թեւս կը մտնէր ու կը քալեցնէր զիս, այդպէս պատուիրեր էր Սթօ Խատիճան։ Հետզհետէ մինչեւ գետը սկսայ հասնիլ, երբեմն կը փորձէի քալել
առանց Հասանի եւ գաւազանի օգնութեան։

0ր մըն ալ, այն հուժկու, սեւ մօրուքով ու պեխերով, հսկայ մարդը՝ Հասանին հայրը, վրան մտաւ, բոլոր փոքրիկները շրջապատեցին մեզ։ Մարդը բացատրեց եւ ըսաւ՝ «Դուն միայն Եուսուֆ ես, Արմանի չես»։ Նոյն բանը կրկնել տուաւ բոլորին եւ պատուիրեց որ գլխուս դնեմ իրենց պետեւիական գլխանոցները, որ չզանազանուիմ միւսներէն։ Բացատրեց որ եթէ թուրքերը իմանան՝ «Էրմէնի» եմ, կը մորթեն զիս ալ, զիրենք ալ։ Ես սկսեր էի քիչ շատ Արաբերէն հասկնալ, երբեմն բառեր փոխանակել։

Բոլորովին ապաքիներ էի, եւ սկսայ ինձմէ մեծ տղոց ընկերանալ, դէպի արօտավայրերը։ Անցան ամիսներ, ետ գարուն եկաւ, ես շատ ուրախ էի։ Սակայն գիշերները վերմակը գլխուս քաշած, նախ կ՛աղօթէի «Հայր մեր»ը, կը խօսէի մեր բարբառով եւ կը կրկնէի հօրս, մօրս, քրոջս անուններն ու մեր մականունը։ Մօրս կտակն էր այդ...

0ր մը, ոչխարները դարձեալ տարեր էինք արօտավայր: Հասանն ու Ահմատը, քրտինք ջուր կտրած հասան մեր մօտ, զիս քաշքրտելով մտցուցին քարայրի նմանող տեղ մը, բլրակի մը գագաթին։ Քարայրին առջեւ դիզեցին չորցած ցախեր, զորս կտրեր էին, հոս-հոն դիզելով, գործածելու համար հաց եւ ճաշ եփելու որպէս վառելանիւթ։ Բացատրեցին որ թուրք ոստիկաններ կը փնտռէին Հայու բեկորներ, եւ կը սպառնային իրենց ծնողներուն, եթէ պահած են մէկ Հայ։ Ոչխարներուն հօտերը տակն ու վրայ ըրեր էին, անոնց մէջ պահուըտած Հայեր փնտռելով։ Քանի մը ժամ վերջ, եկան զիս դուրս հանեցին ու վերադարձանք վրանները։ Սթօ Խատիճան, զիս գրկեց համբուրեց ու շոյեց գլուխս։ Այդ գիշեր, երազիս մէջ եկաւ Մայրիկս, որքան կարօտցեր էի զինք։ Ան կ՛ըսէր, տո՛ւն դարձիր տղաս, տուն դարձի՛ր, «Խապուր»ը կտրէ՛, տուն դարձի՛ր։ Երազը կրկնուեցաւ քանի մը անգամ։ Առտու մը Սթօյին պատմեցի երազս, հատ ու կտոր Արաբերէնովս։ Խոստացաւ զիս քաղաք ղրկել։ Գիշեր մը մեր վրանը եկան «Սայիտ»ը «Հասան»ին հայրը եւ մայրը «Սալմա»ն։ Երեքը խօսեցան, վիճաբանեցան, վերջապէս համաձայնութեան մը եկան։ Անոնց խօսակցութենէն կը հասկնայի որ Հայութիւն կար, քաղաքը՝ որ Ուրֆա, Ուրֆա
կ՛ըսէին, հոն տուն մը կար, ուր ինծի նման տղաք ու աղջիկներ կը գտնուէին։ Ուրֆա անունը լսեր էի։ Մեր գիւղը Ռահէլ խանըմ անունով կին մը կար, որ ակնաբոյժ Տոքթ. Սամուէլ Մկրտչեանի տիկինն էր, Ուրֆայէն եկած էր, անոր կ՛ըսէին «Ասորի հարս»ը։
Ասորի ծագում ունէր, սակայն շատ լաւ Հայերէն կը կարդար ու կը խօսէր։ Տեսակ մը Միսիոնարուհի էր։

Յաջորդ գիշեր, Սայիտն ու ես պատրաստ էինք։ Ամէն ոք քնանալէն ետք, «Սթօ Խատիճա»ն եւ «Սալմա»ն, խուրճինին մէջ պաշար դրեր էին: Պետեւիի նոփ-նոր տարազ մը հագցուցին ինծի, համբուրեցին եւ Արաբերէնով մաղթանքներ ըրին։ Անոնց աչքերը թաց էին։ Սայիտ նստաւ ձիուն վրայ, ետեւն ալ ես։ Սալման գաւազանս մխրճեց խուրճինին մէջ եւ ճամբայ ելանք դէպի ո՞ւր չեմ գիտեր։ Գետը պիտի կտրէինք։ Ես պինդ գրկեր էի Սայիտի մէջքը։

Գետին կէսէն աւելի կտրեր էինք, յանկարծ, ձին խրխնջաց։ Սայիտ կանգնեցուց զայն, պատուիրեց ինծի ձիէն վար իջնել, գաւազանս ձեռքս տուաւ, ջուրը մինչեւ վիզս հասաւ։ Քալէ՛ ըսաւ, մի վախնար, այս մօտերը մարդ կայ, անպայման հովիւներ են։ Ուշադրութեամբ միւս ափը անցի՛ր, եղեգնուտին մէջ սպասէ, երբ ես սուլեմ դուրս ելիր։

Հնազանդեցայ, գաւազանիս օգնութեամբ հասայ եղեգնուտը։ Յանկարծ խօսակցութեան ձայներ լսեցի, ո՞ւր կ՛երթաս,ո՞վ կայ հետդ եւ այլն։ Նախ վախցայ որ թուրքեր կրնան ըլլալ, սակայն պետեւիական հնչիւններով, արաբերէն էր խօսակցութիւնը։

Թրջուած էի եւ կը դողայի, Սայիտ սուլեց, լայն շունչ մը առի։
Եղեգնուտէն դուրս ելայ, գաւազանիս օգնութեամբ կրցայ ձիուն վրայ բարձրանալ։ Հովիւներ էին ըսաւ Սայիտ եւ արագացուց ձիուն երթը։ Մութ էր, սակայն կը զգայի զարիվեր մը կը բարձրանայինք, կամաց-կամաց մութը սկսաւ նօսրանալ։ Մենք զարիվեր գագաթը հասեր էինք, սկսաւ լսուիլ ձիերու սմբակներու, սայլերու, մարդոց խօսակցութեան ձայներ։ Պզտիկ զարիվար մը, մենք ճամբայ իջեր էինք։ Հատ ու կտոր տնակներու մօտէն անցանք, հետզհետէ կը լուսնար, մարդիկ կ՛անցնէին մեր մօտէն։

Մանկական միտք. մտածեցի, արդէօք դարձե՞ալ Ճըսըր Շուղուր հասանք։ Կարծէք Սայիտ, իմ մտածումներս կարդաց, յանկարծ ըսաւ՝ «հոն Ուրֆա» հոս Ուրֆա է։ Ուրֆայի եզերքն էինք պարտէզներու, արտերու մօտ։ Իջանք ձիուն վրայէն, ճամբու եզերքը, չոր խոտերու վրայ նստանք եւ կուշտ ու կուռ նախաճաշ մը ըրինք։ Քանի մը մանրուք դրամ դրաւ ձեռքս, յանկարծ անդրադարձայ որ գաւազանս չկար։ Շուրջս փնտռեցի, ձիուն մօտ, ճամբու երկայնքին, Սայիտն ալ փնտռեց չկար ու չկար։ Շատ ափսոսացի։ Սայիտ ըսաւ՝.- «Ատիկա «Ալլահ»ին գործն էր, քու աղօթքդ լսեց, ղրկեց քեզի այդ գաւազանը, որպէսզի ողջ-առողջ հասնէիր մեր մօտ, Հասանս ազատելու համար եւ Խապուր գետը ապահով անցնէիր։ Ես յուսահատ, բայց անոր մեկնաբանութեան հաւատալով, համոզուեցայ որ այդ մէկը նախախնամութեան կարգադրութիւնն էր։

Արեւը բաւական բարձրացեր էր, Սայիտ ոտքի ելաւ, ես պէտք է վերադառնամ մեր վրանները ըսաւ։ Անցորդներուն հարցուց, պատերազմ կա՞յ։ Ոչ կը պատասխանէին։ Հոս Հայեր կա՞ն հարցումին, սայլապան մը ըսաւ .« Այո, ես ալ Հայ եմ»։ Սայիտ քանի մը պարղութ սահեցուց սայլապանին ձեռքը, ան բարի մարդ մը կ՛երեւէր, երբ գիտցաւ ես Հայ եմ, Մհեր է անունս ըսաւ, Այնթապէն Տէր-Զօր, անկէ ալ հոս հասայ, շատ չարաչարուեցայ, հիմա մէկը չունիմ իմ ընտանիքէս, բոլորն ալ ջարդուեցան, ես հրաշքով ազատուեցայ։

Դարձեալ ձի նստանք, սայլին հետեւելով հասանք երկյարկանի շէնքի մը առջեւ։ Նստանք աստիճաններուն վրայ, Մհեր վեր բարձրացաւ։ Քիչ վերջ, լսեցի փոքրիկներու երգի ձայնը։ Անոնք կ՛երգէին «Հայր մեր»ը, այնպէս կ՛երգէին, Քեսապի մեր եկեղեցւոյ եղանակով, մարմինս փշաքաղուեցաւ, ձեռքերուս մէջ առի գլուխս ու լացի։ Սայիտ զգաց վիճակս, մի՛ լար ըսաւ, հիմա կը գտնես Արմանիներդ, անոնք շատ լաւ կը նային քեզի։ Իր զաւակին պէս գրկեց զիս եւ համբուրեց արցունքոտ այտերս եւ ճակատս։ Ես ալ համբուրեցի իր ձեռքերը, շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն, իր եւ իր ընտանիքի բոլոր անդամներու ինծի ցուցաբերած գուրգուրանքին համար։

Դարձեալ կ՛երգէին, ինծի ծանօթ երգեր, որ տարիներէ ի վեր չէի լսած։ Մեր գիւղի եկեղեցւոյ հոգեւոր երգերն էին աչքիս առջեւէն կ՛անցնէին, Հայրս, Մայրս, պատուելի Տիգրանը ,Սարգիսն ու Յակոբը, եկեղեցւոյ զանգը։ ինչ պատահեցաւ ինծի չեմ կրնար բացատրել, սկսայ «Հայր մեր որ յերկինս ես» կրկնել եւ բարձրաձայն լալ գլուխս ձեռքերուս մէջ առած։

Շար . 4
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝