Յայտարարութիւն

Tuesday, August 11, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 5- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Մինչեւ հոս, պզտիկ յուշեր են, կեանքի դրուագներ։ Բայց այդ օրերէն կը սկսի մղձաւանջային մէկ երազս, կը կրկնուի եւ կը շարունակուի աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր։ Սկսաւ այսպէս։

Մէկ թէ երկու տարի ետքն էր։ Գէշ օրեր էին ինծի համար, կեանքի եւ մահուան տագնապներ, ներքին ալեկոծումներ, մռայլ խոհեր, տարիքէն եւ խառնուածքէն առաջացող խենթութիւններ։ Ճեմարանը «աւարտած» էի արդէն ու կը տապլտկէի ապրուստի հոգերով, անորոշ ապագայի մը եւ մաշեցնող ներկայի մը ճիրաններուն մէջ։ Քսան տարեկանին՝ սոսկալի է երբ արթննաս ու չգիտնաս թէ ինչ պիտի ընես։ Փողոց ելլես ու չկարենաս ճշդել թէ ո՞ր կողմը պիտի քալես։ Ոչ մէկ տեղ ոչ ոք կը սպասէ քեզի եւ ոչ մէկ կարեւոր զբաղում ունիս։ Պատահական պզտիկ հաճոյքներդ անգամ կը խեղդուին տխրութեան ծովերուն մէջ։ Երբեք պիտի չուզէի անգամ մը եւս քսան տարեկան ըլլալ...

Առաջին անգամը պատահեցաւ այդ օրերուն։ Ես՝ մահուան դատապարտուած եմ եւ պիտի կախուիմ։ Հալէպ եմ, մայրիկիս հետ, որ տխուր նստած է եւ միասին կը սպասենք դահիճին որ դուրսը, դրան մօտ կեցած է ու նշան կ՚ընէ թէ ժամանակն է, պէտք է երթանք։ Բայց ճիշդ այն պահուն որ դուռը կը բանայ զիս դուրս քաշելու, կ՚արթննամ սրտատրոփ, հեւասպառ, անկանոն շնչառութեամբ։ Տարիներու ընթացքին, այս երազները կրկնուեցան։ Ամէն անգամ որ դժուարութիւն մը ունենամ եւ մտահոգութիւններով անկողին մտնեմ, նոյն երազը կու գայ զանազան փոփոխակներով, բայց միշտ Հալէպ եւ միշտ մայրիկիս հետ։ Կը պատահի նոյնիսկ, որ երազիս մէջ երազ ըլլալը գիտեմ, վախնալու բան չկայ, բայց դահիճը – որուն դէմքը երբեք չեմ տեսներ – կ՚ըսէ.– «Միւս անգամները երազ էր, բայց այս անգամը դժբախտաբար իրական է»։ Կ՚արթննամ հեւքով։ Երբեմն դահիճը չէ եկած դեռ, լուսնալու ժամանակ կայ, մայրիկս դրամ կու տայ, որ շոգեկառք նստիմ եւ Պէյրութ փախիմ առաւօտ չեղած, բայց կը վախնամ որ ճամբան բռնեն։ Անգամ մը նոյնիսկ վիճաբանած եմ դահիճին հետ.– «Ես դատարան չեմ ելած, չեմ դատապարտուած, առանց դատավարութեան մարդ չեն կախեր, ցոյց տուր տեսնեմ մահավճիռը»։ Ցաւակից երեւոյթ մը կ՚առնէ եւ կ՚ըսէ.– «Ինչ կրնամ ընել, ես խեղճ դահիճ մըն եմ, պաշտօնս կը կատարեմ, երթանք»։ Կ՚արթննամ։

Այսպէս, տարին քանի մը անգամ, կամ քանի մը տարին անգամ մը, եւ անխուսափելիօրէն Հալէպ, միշտ մայրիկիս հետ։ Ես ինծի բացատրութիւն մը տուած էի։ Կարծածէս շատ աւելի խորունկ դրոշմուած ըլլալու է Անդրանիկ-Գառնիկին դէպքը ենթագիտակցութեանս մէջ եւ տագնապալի օրերուս, յանկարծ կը յայտնուի այդպէս, կախաղանի երազով։ Բայց ինչո՞ւ անպայման Հալէպ եւ միայն մայրիկիս հետ, երբ այդ կախաղանները Պէյրութ էին, եւ ինչո՞ւ բազմաթիւ սիրելի բարեկամներէս մէկն ու մէկը չեմ տեսներ, երբ դահիճը կու գայ։ Այս կէտերն էին որ չէի կրնար բացատրել եւ մութ կը մնային։

Ահա այդ մթութիւններն են որ կը փարատէ եւ կը ճշդէ, առնուազն յիսուն տարիներ մոռցուելէ ետք՝ յանկարծ վերայայտնուած այս լուսանկարը, ու կը տանի զիս ուղիղ, Պապ էլ Ֆարաճի հրապարակը, լուսանկարին գիշերը... Ներքին անիմանալի ի՜նչ տեղափոխումով, Պէյրութի կախաղաններէն կրած ցնցումս միաձուլուած պէտք է ըլլայ Հալէպի չէթէներուն շփոթ պատկերին հետ, որմէ ոչ մէկ տպաւորութիւն կրած էի այն ատեն – կը կարծէի՜ – եւ որ շատ խորունկ դրոշմուած էր մէջս, գիտակցական տարիքի բոլոր պատկերներուն ու եղելութիւններուն տիրելու աստիճան...

Վերջին անգամ կախուելու վրայ էի Փարիզ, տարի մը առաջ, խառնակ հոգեվիճակներու մէջ, մղձաւանջային քունով...

Անկէ ի վեր չկրկնուեցաւ։ Նոյնիսկ առջի օր, երբ գացի տեսայ ռմբակոծուած տունս, ռումբին բացած հսկայական խոռոչը ննջարանիս պատին, հրկիզուած մահճակալս, ճեղքուած պատերը, կը վախնայի որ այդ գիշեր դահիճը կու գայ։ Բայց չեկաւ։ Կը մտածէի թէ պարզապէս բախտն էր որ խնայեց ինծի որ տունը չեմ։ Այլապէս, ճիշդ ու ճիշդ բարձիս վրայ ամրակուռ պատը պատռող եւ անկողինս մոխրացնող ռումբը կրնար զիս ալ ածխացնել։ Ողբալի տեսարանը այնքան չազդեց վրաս, որքան այն մտածումը թէ գիշերը կրնայի հոն գտնուած ըլլալ։ Միշտ այդպէս է ինծի համար։ Պատահածէն ետք, մտքիս մէջ աճեցուած հաւանական պատահելիքն է որ աւելի կը վախցնէ։ Կը նշանակէ՝ հոգիս բաւական ամրացած է դիմագրաւելու համար տեսանելի աղէտը, բայց կ՚ապրի մթին անորոշութիւններուն երկիւղը։ Կը նշանակէ՝ նիւթական եւ նոյնիսկ ֆիզիքական փորձանքները այնքան խորունկ չեն կրնար պեղել ուրեմն, որքան սրտի մորմոքները։ Եւ դահիճը չեկաւ այդ գիշեր...
Բայց պիտի գա՞յ անգամ մըն ալ...
Յուսալից եմ՝ ո՛չ...

Ահա այս լուսանկարն է որ պիտի փրկէ զիս, ճամբայ բանալով դէպի հոգիիս մէջ ճիւղեր արձակող անտեսանելի բոյսին ախտաժէտ արմատները։ Սկսած եմ այս խոստովանութիւններով, ես ինծի հոգեբոյժ դառնալ։ Այդպէս չե՞ն ըներ նաեւ հոգեբոյժները – քսաներորդ դարու այդ շառլաթանները – որոնց համար Համբարձում Քէքլիկեանը կ՚ըսէր թէ ատոնց բոլորը մէկ պէտք է խենթանոց դնել, որովհետեւ իրենք բուժուելու պէտք ունին, քան թէ իրենց դիմողները։ Ջղային տագնա՞պ մը կ՚անցընես կամ գէշ յաճախանքի մը զո՞հն ես։ Եկուր, եկուր, հոգեբոյժին եկուր, եւ սկսիր ծայրէն պատմել։ Իր գիտութեան ամբողջ հանքը կը կազմեն խոստովանութիւնները եւ գաղտնիքներդ։ Եկուր, կռնակիդ վրայ պառկիր սա կաշեպատ օթոցին վրայ, հանգիստ, – «ռիլէ՛քս» – ահա բարձ մըն ալ գլխուդ տակ, եւ սկսիր պատմել... կեանքիդ պատմութիւնը։ Ժամ մը, երկուք։ Այսօր, այսքան։ Յաջորդ նիստ մը եւս, ուրիշ մըն ալ, միշտ այսպէս – «ռիլէ՛քս» – մինչ մարդը, սեղանին առջեւ լուրջ, հանդիսաւոր, խորասոյզ՝ մտիկ կ՚ընէ, ատենը մէկ նօթեր կ՚առնէ, եւ օր մըն ալ՝ կ՚արձակէ իր պատգամը։ Գտա՛ւ տագնապիդ պատճառը, արմատախիլ ըրաւ չարիքը, բուժուած ես, նոր ծնած մարդ մըն ես, միայն թէ «այս սրուակին դեղահատներէն կ՚առնես օրը երկու անգամ, առտու, իրիկուն»։ Վերջացաւ...

Այսպէս տեսած եմ ֆիլմերու մէջ հոգեբոյժին հրաշագործութիւնները ու գիտեմ, թէ միայն սինեմային մէջ չէ որ այդպէս է։ Շատեր կան Ամերիկայի մէջ, որ իրենց հոգեբոյժը ունին, ինչպէս ամէն մարդ կ՚ունենայ իր ատամնաբոյժը, ընտանիքին բժիշկը կամ սափրիչը։

Ուրեմն ես ալ նոյն կացութեան մէջ եմ այս պահուս, բայց փոխանակ կռնակիս վրայ պառկելու, նստած եմ աթոռիս, լուսանկարը առջեւս եւ կը փորձեմ հոգեբուժուիլ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար որ ըսէի՝ երազաբուժուիլ...
Դեռ բոլորովին խենթեցած չեմ, որ մենութեանս մէջ բարձրաձայն խօսիմ, բայց անվերջ կը խօսիմ պատկերին հետ, լռութեամբ։ Նախ՝ մայրիկս։ Չեմ զարմանար որ ամերիկահայ թեկնածուն հաւնած ըլլայ զինք։

Անվիճելիօրէն աղուոր կին մըն է, բայց մայրիկս չէ։ Ո՜ւր է իր քնքոյշ արտայայտութիւնը, մեղմ ու անոյշ նայուածքները ո՜ւր են, աչքերը, մեղրի պէս քաղցր ու տաքուկ աչքերը՝ որոնք երկու պաղ ապակիներու մթին փայլը ունին այստեղ։ Եւ այտերը, որոնք երկու փոսիկներ կ՚ունենային ժպտած պահուն, Զատիկին գաթային պէս առինքնող երեսները։ Դէմք մըն է, որ դիմագիծ չունի։ Անպիտան մարդը։ Քաղաքին ալ թիւ մէկ լուսանկարիչը համարուած էր Կիւլպէնկին հետ։ Այսքա՞ն ռըթուշ կ՚ընեն, մարդ Աստուծոյ, աշխարհի ամէնէն արտայայտիչ աչքերն ու դէմքը այսպէ՞ս կը սովորականացնեն։ Կը յիշեմ թէ ինչպէս վախցուց, սառեցուց, մոմիայացուց մեզ՝ իր «մէկ-երկու-երեք»էն առաջ եւ այդպէս պահեց վայրկեաններ։ Արդիւնքը ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ։ Եւ սակայն, աղուոր կին մըն է։ Ըսենք՝ բոլոր կիները աղուոր են իրենց զաւակներուն համար։ Բայց մայրիկս միայն ինծի համար այդպէս չէր։ Ճանչցողը գիտէ ու կրնայ վկայել։ Երբ Հալէպէն Պէյրութ կը փոխադրուէինք մեր կարասիներով, բեռնակառքին շուրջ խռնուած ողջերթի բազմութեան մէջ արցունքոտ աչքեր կային, եւ այդ արցունքները ինծի համար չէին...

Իմ բաժինս ես ստացած էի նախորդ գիշերուան ակումբի գինեսեղանին, ընկերական անկեղծ մաղթանքներու եւ սրտագին բաժակաճառերու հետ, ինչպէս նաեւ, միջանկեալ, հազիւ զսպուող գոհունակութեան քանի մը խուսափուկ ժպիտներու մէջէն, որով կը զգացուի մուկերու հրճուանքը ի լուր կատուներու բացակայութեան...
Կը դիտեմ մայրիկս եւ ուրիշ ըսելիք չեմ գտներ...

Ու յետոյ, քովը կեցող մանչուկը, իր կամաւորական գլխարկով...
Վեց-եօթը տարեկան պիտի ըլլայ։ Ուղիղ վաթսուն տարի առաջ էր։ Թերեւս վաթսունէն մէկ-երկու տարի պակաս, բայց ոչ աւելի։ Պահ մը պատրանքը կ՚ունենամ թէ լուսանկարէն դուրս ելած, քովս կեցած է հիմա։ Եւ փորձութիւնը մեծ է ականջը լաւ մը քաշելու եւ ըսելու.
– Անպիտա՛ն տղայ, ինչո՞ւ խաբեեցիր եւ որբանոցի թաղին առջեւ ցանեցիր մայրիկդ ու ետ դարձար, ինկար փողոցները։ Ի՞նչ շահեցար։ Ելեքտրական լոյսերը բնաւ շահեկան չէին, սինեման՝ հէչ, ու քիչ մնաց որ քեպապի խանութին մարդը քեզ մուրացկան ալ ընէ... Այդ գիշերուան միակ լաւ յիշատակը՝ քեզ տաքցնող փողոցի շունը կրնայ ըլլալ, եթէ անոր պատճառով ծեծ մը կերած չըլլայիր Եսթեր մայրիկէն։ Եւ այն ձիաւորները, կիսամութին մէջ շարժտկող ճերմակ ձեւերը կախաղաններէն... Եւ գրպանէդ ինկած քառորդ մէճիտը, որուն կորուստէն զգացած սարսափդ այնքան մեծ եղաւ... Անպիտա՛ն... դո՛ւն... հիմա անցիր տեղդ եւ մտիր պատկերին մէջ...

Կը դիտեմ, կը դիտեմ, կը դիտեմ...
Ու կարծես կը լսեմ մայրիկս որ կ՚ըսէ.– «Մարդը ինծի ուզեց, տղան չեմ ուզեր, գրեց»։ Եւ անմիջապէս յետոյ, համոզիչ դառնալու շեշտով մը որ կեղծ կը հնչէ.– «Եա՞, մարդը այնտեղէն հասկցաւ անառակին մէկը ըլլալդ»...
Կը դիտեմ։ Բայց, իրապէս, անառակութեան նշոյլներ կա՞ն արդեօք այս պզտիկ տղուն աչքերուն մէջ։ Ո՜վ գիտէ։ Թերեւս ամերիկահայ փեսացուն շատ խորաթափանց մէկն էր – թերեւս նոյնիսկ... հոգեբոյժ մը – եւ կրցաւ կռահել այս նմոյշէն՝ ապագային դուրս գալիք «ապրանքը»...



Շար. 5
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝