Յայտարարութիւն

Wednesday, August 26, 2009

ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ-5- Ռիթա Պասմաճեան -Մանճիկեան

Յանկարծ, ձեռք մը գլուխս շոյեց, երազներէս սթափած, ոտքի կանգնեցայ։ Երիտասարդ կին մը, ճերմակ հագուստ հագած, գլուխը՝ ճերմակ գլխարկի նմանող բան մը դրած։ Հարցումներ ըրաւ քանի մը լեզուով, թրքերէն, Արաբերէն, չպատասխանեցի, Սայիտ այդպէս պատուիրեր էր ինծի։
- Հա՞յ ես յանկարծ հարցուց ան։
- Այո։
- Ուրկէ՞ կու գաս։
- Չեմ գիտեր, Ռաքքայէն, Խապուրէն...
- Ո՞ր քաղաքէն ես դուն։
- Մենք քաղաք չունինք, մենք Քեսապ ունէինք, «Քեսապ»։
- Քեսապցի՞ ես դուն... Աստուած իմ...
- Այո՛։
- Անունդ ի՞նչ է։
- Յովսէփ Պասմաճեան
- Պասմաճեա՞ն... Աստուած իմ...
- Այո՛, Այո՛ ...
- Դուն Նշան Պասմաճեանին, Վայիզին տղա՞ն ես։
- Այո...
- Տոքթոր Սամուէլ Մկրտիչեանը եւ Ռահէլ խանումը կը յիշե՞ս։ Ես
Ռահէլ խանումին քոյրն եմ... իմ անունս Մարթա է։
- Այո՛, Այո՛, անշուշտ կը յիշեմ, մեր ամենամօտիկ դրացիներն
էին։
- Յովսէփ, Յովսէփ, Աստուած որքա՞ն կը սիրէ քեզի, որ դիմացդ հանեց զիս։ Սահուն Արաբերէնով խօսեցաւ Սայիտին հետ, եւ բացատրեց ինչ որ խօսեցաւ հետս։

Սայիտ ուրախ էր նաեւ յուզուած, « Եա սըթ, Եուսուֆ ամանէ, ամանէ պրաըպթէք»։ Ան արդէն ոտքի ելաւ, կրկին անգամ համբուրեց զիս, «խադրգոմ» ըսաւ եւ թռաւ ձիուն վրայ, ձին խրխնջաց, ես իջայ շոյեցի ձիուն բաշերը, գլուխն ու վիզը։ Եւ ձին սլացաւ։ Ես դարձեալ որբացայ...
- Լաւ ըսաւ այդ տիկինը, ինչպէս ըսի ես Ռահէլ խանումին քոյրն եմ, հոս կ՛աշխատիմ։ Հոս որբանոց է, ա՛յն Հայ աղջիկներն ու տղաքը որոնք կորսնցուցած են իրենց հայրն ու մայրը, հոս կը մնան։ Սայլապան Մհեր տակաւին աստիճաններուն վրայ կանգնած, մեզ կը դիտէր ու կը լսէր ապշահար։

- Հայրդ ու մայրդ ին՞չ եղան... ո՞ւր են հիմա։
Պատմեցի ամէն ինչ, Մհեր երբ հեռացաւ չզգացինք։
Արդէն վեր ելեր էինք պզտիկ սենեակ մը, մուտքին սեղան մը եւ երկու աթոռ կային։ Մենք նստեր էինք, ես կը պատասխանէի Տիկ. Մարթայի հարցումներուն, ան կը գրէր խօսածներս։ Պատմեցի, Քեսապէն մինչեւ Ռաքքա, անկէ մինչեւ հոս հասնիլս։
Կը մտածէի որ ես գտեր էի հրեշտակս...

Այդ պզտիկ սենեակէն, ուրիշ դուռ մը բացուեցաւ, սխտորի եւ շունչի հոտեր լեցուեցան թոքերուս մէջ։ Յանկարծ գլխու պտոյտ զգացի, ես որ անուշաբոյր եւ մաքուր դաշտերէ եւ բլրակներէ կու գայի, հիմա այդ հոտերը կը շնչէի։ Հարիւրաւոր փոքրիկներ, խուզուած մազերով, շարք-շարք, ընդարձակ սրահի մը մէջ։ Մեզ տեսնելով յանկարծ, շարքերը խանգարելով, բնազդաբար մեր կողմ ուղղուեցան։ Տիկ. Մարթա եւ ուրիշ չորս կիներ, այնքան բարձր ձայնով պոռացին, որ փոքրիկներն ու ես մեր կեցած տեղը գամուեցանք։ Անմիջապէս երկու մայրիկներ, զիս բաղնիք տարին, ոսկեգոյն գանգուռ մազերս խուզեցին, լոգցուցին եւ որբանոցի կապոյտ համազգեստ մը հագցուցին։ Ուրիշ սրահ մը մտանք ուր՝ մինչ այդ, որբերը մտեր եւ սեղաններու շուրջ նստեր էին։ Տիկ. Մարթա, ձեռքէս քաշեց ու սեղանի մը մէկ անկիւնը տեղաւորեց զիս։ Պատուիրեց որ ամէն օր, ճաշի պահուն նոյն տեղը նստիմ։ Իւրաքանչիւր որբի դիմաց դրուեր էր, պղինձէ պնակի մը մէջ, տեսակ մը ապուր, մէջը դգալ մը քովն ալ գնդակի նմանող հացիկ մը։ 0րիորդներէն մէկը բարձրաձայն, «Աղօթք» ճչաց։ Բոլոր որբերը, աչքերնին գոց տեսակ մը եղանակով, «Ով Հայր օրհնէ՛ մեր այս սեղան» աղօթքը ըսին։ Բոլորը նստան, ես ոտքի մնացեր էի, «Մայրս այս աղօթքը կը սորվեցներ ինծի...»

Շատ դժուար կլլեցի այդ ապուրը, որուն մէջ բրինձ եւ սխտորի կտորներ կը լողային։ Կէսօրէ ետք, տարեկից որբերու հետ, գետին փրուած փսիաթի մը վրայ նստանք։ 0րիորդ Զարուհի, Հայերէն տառերը կը սորվեցնէր։ Քանի մը օր ետք, ես յիշեցի մօրս սորվեցուցած Ա.Բ.Գ.-ը։ 0ր մըն ալ, անսխալ գոց ըսի, օրիորդս զարմացաւ։

Ամէն առաւօտ, պաշտամունքէն վերջ, կը նստէինք նախաճաշի, թէյ, հաց, լաւագոյն պարագային կտոր մըն ալ պանիր։ Ստիպողական էր, նախաճաշէն անմիջապէս ետք, երկուական պճեղ սխտոր ծամել եւ կլլել, վրայէն ալ մէկական գաւաթ ջուր խմել։ Սխտորը որպէս դեղ կը տրուէր, զանազան հիւանդութեանց դէմ դիմադրականութիւն ունենալու համար։ Հլու հնազանդ, ես կը կատարէի բոլոր հրամաններն ու պարտաւորութիւնները։ Սակայն սխտոր ուտելը տաժանք էր... իսկ ոջի՞լը...

Առտու մը որբերը մէկ-մէկ, սենեակ մը կը մտնէին ետ դուրս կ՛ելլէին, կուպրով պատուած՝ սեւ գլուխներով։ Իմ ալ կարգս եկաւ այդ խորհրդաւոր սենեակը մտնելու, իմ գլուխս ալ ենթարկուեցաւ կուպրապատումի։ Երբ, ընկերներէս հետաքրքրուեցայ այդ գործողութեան պատճառը, պատասխանեցին՝ ոջիլի համար։ Երեկոյեան նոյն ձեւով, կարգով կը մտնէինք այդ սենեակը, ու պոռալով, ճչալով դուրս կ՛ելլէինք։ Երբ կարգը ինծի եկաւ, Տիկ. Մարթա, վարժ շարժումով մը գլուխս դրաւ ծունկին, զօրաւոր քաշեց գլխուս կուպրը։ Աչքերէս կրակ ցայտեց եւ ճչացի։ Լռէ՛ տղայ, բարկացաւ Տիկ. Մարթա։ Իմ հրեշտակս, սատանայի փոխուեցաւ այդ վայրկեանին։ Մայրիկները լոգցուցին մեզ։ Երկու անգամ ենթարկուեցայ այդ տանջանքին, մինչեւ որ Լիբանան՝ Ճիպէյլի որբանոցը թռչնոց բոյն փոխադրուեցանք։ Միսիոնարները այդ գիւտը ըրած էին, որպէսզի մազերու արմատներու տակ բոյն դրած ոջիլները, մեր գլխուն մորթը չփճացնէին։

0րեր, ամիսներ անցան, օր մըն ալ որբանոցէն ներս իրարանցում մը ծայր տուաւ։ Միսիոնարները, տնօրէն, ուսուցչուհիներ, Մայրիկներ հեւքի մէջ էին։ Կը հաւաքէին որբանոցի իրերը, մեզ կը լոգցնէին։ Մեծ որբերը կ՛ըսէին, «բան մը պիտի պատահի»։ Եւ պատահեցաւ։ Առտու մըն ալ, չորս չորս շարեցին մեզի ու տեղ մը տարին։ Մեր ետեւէն, բեռնատար սայլեր, բեռնաւորուած կու գային։ Սիրտս դող ելած, կը մտածէի արդէօք դարձեա՞լ գաղթ է։ Այո՛ գաղթ էր, դարձեալ թուրքերը մեզի կը քշէին, որբանոցը կը փոխադրուէր Լիբանան, Ճիպէյլի Թռչնոց բոյն որբանոցը, որ հիմնած էր Տանիմարքացի «Մարի Ճաքսըն»ը։ Կը յիշեմ բաւական ճամբայ կտրեցինք քալելով ապա սայլերով։ Շոգեկառքով ալ ճամբորդեցինք, չեմ յիշեր ինչպէ՞ս Ճիպէյլ հասանք։ Արդէօք ինքնաշարժներո՞վ։

Հոն աւելի լաւ պայմաններու մէջ անցուցինք։ Հայերէն, Անգլերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներով ուսում կ՛առնէիք։ Ես յոյսս կտրած դուրսի աշխարհէն, ծնողքէս, հարազատներէս, դասերուս կը տրամադրէի միտքս, ժամերս եւ բոլոր ուժերս։ Բաւական ամիսներ անցան, զգացի որ ուսուցիչներուս ուշադրութիւնը գրաւէր էի, աշխատասիրութեամբ եւ ուշիմութեամբ։ Հոս կու գային զանազան վայրերէ կիներ, այր մարդիկ, եղբօր կամ քրոջ զաւակներ, երբեմն ալ հարազատ զաւակներ կը գտնէին որբերու մէջէն, կ՛առնէին ու կը տանէին։ Ես անյոյս, մէկու մը չէի սպասեր, որովհետեւ մայրս եւ քոյրս մահացան Ռաքքայի մէջ, հայրս ալ անպայմա՛ն թրքական բանակին մէջ սպաննեցին կը մտածէի։

Արդէն տասներերք-տասնչորս տարեկան էի, երբ փոխադրեցին զիս Անթիլիաս, ուսումս շարունակելու։ Հոն ալ որբանոց էր, կորսուած նարինջի այգիներու մէջ։ Նոր շրջանակ, նոր օրէնքներ, նոր ընկերներ։ Ես կը շարունակէի աշխատիլ եւ յառաջդիմել։ Տեսուչս եւ ուսուցիչներս գոհ էին իմ ընթացքէս։ Մարզանքը շատ կը սիրէի, մանաւանդ գնդակի խաղերը Ֆութպօլ, վօլիպօլ, պասքէթպօլ։

Իմ աշխարհս հոս էր, թերեւս կուսակրօն քահանայ մը պիտի ըլլայի ապագային եթէ յանկարծ իմ կեանքի նոր անակնկալը չյայտնուէր։

Երջանկայիշատակ Սահակ Կաթողիկոսը ժողովուրդին լումաներով գներ էր Անթլիասէն հողամաս մը, Կիլիկեան աթոռը հոն փոխադրելու համար, արդէն սկսեր էր շինարարութիւնը¢։
0ր մը, ընկերներով գնդակ կը խաղայինք, ընկեր մը ըսաւ թէ տեսուչը զիս տեսչարան կ՛ուզէր։ Տագնապեցայ, տեսչարան մտայ վարանքով։ Հոն նստեր էր պարոն մը, գլխուն ֆէս կը կրէր։ Բարեւեցի՝ բարի ժպիտով մը բարեւս ընդունեց։ Տեսուչի թելադրութեամբ, ձեռնուեցայ հիւրին հետ։ Հիւրը երկու ձեռքով ընդունեց բարեւս, ջերմութիւն մը կար անոր ձեռքերուն հպումին մէջ, զգացի կը դողային անոնք։

- Յովսէ՛փ, կը ճանչնա՞ս այս պարոնը, հարցուց տեսուչը։
- Մէկը կը յիշեցնէ ինծի կարծէք... աչքերս սեւեռեցի անոր դէմքին վրայ։
Քեսապի բարբառով ինչպէ՞ս ես Յովսէփ ըսաւ հիւրը։
- Շնորհակալ եմ-, յանկարծ ֆէսը վերցուց գլուխէն Հայերէնով պատասխանեցի որովհետեւ Քեսապի բարբառը մոռցեր էի գրեթէ։
Բարի կը ժպտէր։ Յանկարծ նկատեցի ճակատին վրայի վէրքի սպին, ես՝ մանկութեանս, հօրս գիրկը նստած, մատովս կը գծէի այդ սպիին վրայ։
- Հայրի՛կ, Հայրի՛կ գոչեցի ու նետուեցայ գիրկը, համբուրեցի այդ սպին, դէմքը, վիզը։ Հայրս զիս կը համբուրէր, զաւակս Յովսէփս կ՛ըսէր, կուրծքին կը սեղմէր եւ բարձրաձայն կը հեկեկար։ Ես ալ կու լայի։ Տեսուչս ի տես այդ տխուր եւ ուրախ տեսարանին կը հեկեկար։ Ով գիտէր, քանի հարիւրերորդ անգամն էր որ այդ տխուր տեսարանին ներկայ կ՛ըլլար։ Որքան մնացինք այդ վիճակին մէջ չեմ յիշեր։ Հայրս հարցուց մօրս եւ քրոջս մասին, թէ ինպէ՞ս մահացան Ռաքքայի մէջ։ Ամէն ինչ բացատրեցի անոր, յորդառատ արցունքները կը թրջէին գլուխս եւ դէմքս։ Յանկարծ հայրիկս շտկուեցաւ ու ըսաւ.- «քեզի նոր մայրիկ մը կը սպասէ տունը, եկայ քեզի հետս տանելու»։
- բայց... ինչպէ՞ս...
- Շատ բարի մայրիկ մը, եղբայր մը եւ քոյր մը կը սպասեն քեզի։
- Քեսա՞պ...
- Ոչ ,Իսկէնտէրուն, Ալեքսանտրէթ։

Շար . 5
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝