Յայտարարութիւն

Thursday, August 27, 2009

ՀՕՐՍ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ -6-Ռիթա Պասմաճեան - Մանճիկեան

Դժուար էր բաժանումը դպրոցէն, տեսուչէն եւ ընկերներէս...
Տեսուչս թանկագին թելադրանքներ ըրաւ ինծի եւ հօրս։ Հա՛րկ էր ուսումս շարունակել, նաեւ երաժշտութիւն եւ մարմնամարզութիւն, նամանաւանդ, Հայօրէն մեծնալ եւ ապրիլ։ Տեսուչս յանձնեց ինծի բոլոր նիշերս եւ վիճակացոյցներս։
Անթիլիասէն հրաժեշտ առինք...

Պէյրութ իջեր էինք, շուկան կը պտտէինք։ Հայրս ինծի համար գնումներ ըրաւ։ Կօշիկ, գուլպայ, ներքնազգեստ, շապիկ, տափատ եւ այլն։ Նոր մայրիկիս, եղբօրս եւ քրոջս յարմար նուէրներ եւ շաքարեղէններ։ Ապա՝ տեղաւորուեցանք ինքնաշաժի մը մէկ անկիւնը, ուր զանազան տարազներով մարդիկ կը ճամբորդէին մեզի նման դէպի Լաթաքիա։
Ճամբու ընթացքին, հօրս փափաքով, ամբողջ որբութեանս տարիներու պատմութիւնը պատմեցի։ Հայրս պինդ գրկեր էր զիս, բաւական ուշ Ժամու հասանք Լաթաքիա։ Պանդոկ մը գտանք ու հոն գիշերեցինք։ Առտու կանուխ նաւահանգիստ հասանք։ Առագաստանաւերու վրայ ճամբորդներ կը տեղաւորուէին, մենք ալ մեր տեղերը գրաւեցինք. բաւական երկար ճամբորդութենէ մը ետք, հասանք Իսկէնտէրունի նաւահանգիստը։

Բազմութեան մէջէն քանի մը ծանօթ բեռնակիրներ կը կանչէին հօրս, Վայի՛զ, Վայի՛զ, աչքդ լոյս գտա՞ր Յովսէփդ։ Ոմանք հետաքրքրութեամբ կը մօտենային ու կը համբուրէին զիս...

Կառք մը վարձեց հայրս եւ ուղղուեցանք դէպի տուն։ Սիրտս զօրաւոր կը բաբախէր, միտքս կ՛աշխատէր թէ ինչպէ՞ս մայրիկ մը պիտի գտնէի հոն, արդեօ՞ք խորթ մայրիկի ձեռքին տակ պիտի տառապէի, արդէօ՞ք փոքրիկները պիտի սիրէին ու կապուէին ինձի... այսպէս մտածումէ մտածում, հօրս ձայնը սթափեցուց զիս, «ահա հասանք» ըսաւ։

Մայրիկը խոշոր աքաղաղ մը բռներ, դուռին առջեւ, փոքրիկներուն հետ ժպտուն կը սպասէր մեզի։ Հօրս տարիքով մարդ մը կար այնտեղ, առաւ աքաղաղը մայրիկին ձեռքէն մորթեց, արիւնին վրայէն անցուց զիս, արդէն մայրիկը անհամբեր, գրկեց ու համբուրեց զիս։ Փոքրերը մօտեցան ինծի եւ գրկեցի ու համբուրեցի զանոնք։ Մարին՝ անապատին մէջ մեռնող քրոջս Մարիին շատ կը նմանէր։ Աքաղաղը մորթող մարդը, Քեսապի մեր դրացին՝ հովիւ Ղազարն էր, որ կորսնցուցեր էր չորս զաւակներն ու կինը՝ անապատին մէջ գաղթի ճամբուն վրայ։ Հիմա Իսկէնտէրունի մէջ՝ բեռնակրութիւն կ՛ընէր, ամուսնացած էր Մարաշէն գաղթած այրի կնոջ մը հետ։

Հայրս բացաւ մեր հետ բերած պարկը եւ ըսաւ փոքրիկներուն՝.«տեսէք աղբարը ինչ բերած է ձեզի Պէյրութէն»։ Պարկին մէջէն ելան գոյնզգոյն շաքարներ, զէնք, պուպրիկ, փոքրերու յարմար հագուստներ։ Մայրիկին համար ալ՝ զոյգ մը մուճակ եւ լազուարթ թաւիշ հագուստցու մը։ Մինչ մենք կը լուացուէինք մայրիկը խոհանոցէն սեղան կը բերէր տապկուած ձուկ, գետնախնձոր եւ աղանդեր։ Մարին շուրջս կը դառնար, «Աբար, Աբար» ըսելով, իսկ Վարդանը՝ Աղբար ուրկէ՞ եկար, ո՞ւր էիր մինչեւ հիմա հարց կու տար։ Մայրիկը պատասխանեց թէ աղբարը հեռու քաղաք մը դպրոց մը կ՛երթար, հիմա եկաւ մեզ հետ մնալու։

Հայրիկս երկնցաւ քնանալու։ Փոքրերն ալ քնացան, մայրիկն ու ես մնացինք մինակ։ Ան պատմեց թէ նորահարս էր, Քեսապի վերի թաղը, դեռ չմայրացած, կորսնցուցեր էր ամուսինը, որ զինուորագրուած առաջին խումբ երիտասարդներուն հետ Քեսապէն հազիւ ելած, գնդակահարուած էր։ Իր ծնողքին հետ գաղթեր էր, Ճըսըր Շուղուր-Հալէպ-Տէր Զօր երթուղիով։
1918ի սկիզբը վերադարձեր էր Հայրենի գիւղ, հիւծած հօրաքրոջ հետ, շուտով ան ալ պիտի մահանար։ Հայրիկս ալ, հրաշքով ազատուելով թրքական «էմելէ թապուր»էն, վերադարձեր էր Քեսապ։ Վերապրող Քեսապցիներէն հեռատես մարդիկ, այրի կիներն ու տղամարդիկը իրարու յարմարցնելով, ամուսնացուցեր էին կազմելով նոր ընտանիքներ, որոնցմէ էին, հայրիկս ու մայրիկս։

Անգրագէտ էր ան, սակայն խելացի ու հեռատես։ Հարազատ մօր նման իր սիրտը բացաւ ինծի եւ խոստացաւ ինծի , որ հարազատ մայր պիտի ըլլար։ Շաբաթ մը անցաւ։ Առտու մը փսփսուքի ձայնով արթնցայ։ Հայրիկս ու մայրիկս իմ մասիս կը խօսէին։ Մայրիկս կը պնդէր թէ տղան դպրոց պէտք էր որ երթար, «մեղք, այսքան կարդացեր է, թող շարունակէ։ Հոս «Ֆրէրներուն» դպրոցը թող երթայ»։ Ես ուրախացայ։

Նախաճաշէն ետք, հայրս հարց ու փորձեց զիս, թէ կուզէի՞ ուսումս շարունակել։ Լուռ մնացի, մայրիկը օգնութեան հասաւ, պնդեց որ անպայման Ֆրերներու դպրոցը մտնէի ուսանելու։
Որոշուած էր արդէն։ Անթիլիասի մէջ ես շատ լաւ Ֆրանսերէն եւ Անգլերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ սորվեր էի։

Հայրս եւ ես, բարեկամի մը ընկերակցութեամբ, որ ժամադրութիւն առեր էր մեզի համար, «Pere Jean»էն, Հինգշաբթի առաւօտուն ներկայացանք տեսչարան։ «Pere Jean»ի հարցումներուն ինքնավստահ պատասխանեցի։
Իր փափաքով, ամփոփ ձեւով պատմեցի ոդիսականս, նախախնամութենէն ինծի տրուած գաւազանին մասին երբ կը խօսէի, «Pere» ը յուզուեցաւ։
Տեղւոյն վրայ, մտից քնութիւն մը անցուցի, գրաւոր եւ բերանացի։

Բարձրահասակ եւ ժպտուն վարդապետ մըն էր քննութիւնս ընդունողը։ Մէկ ժամ սպասելէ ետք, եկաւ «Pere Paul»ը ձեռքը գլխուս դրաւ եւ ըսաւ՝.- «Դուն արդէն ութերորդ դասարանի աշակերտ ես»։

Երկուշաբթի դպրոց կու գաս, հետդ մէկ դեղին ոսկի կը բերես։ Յանկարծ քրտինքը պատեց ամբողջ մարմինս, ինկայ մտածումի մէջ։ Անտրամադիր էի։ Հայրս զգաց վիճակս։ Հարցուց պատճառը, բան չկայ ըսի, մարդիկը առաջին օրէն մէկ դեղին ոսկի կ՜ուզեն։ Հայրս հանգստացուց զիս ըսելով՝. « Աստուած մինչեւ հոս առաջնորդեց քեզի, այդ մէկն ալ կը կարգադրէ»։ Մայրիկս ալ շատ ուրախացաւ, այդպէս դիւրաւ ընդունուելուս համար, իսկ երբ վճարումին համար կը մտահոգուէի, ան քաջալերեց ու ըսաւ.- «ինչ որ ալ ըլլայ, դուն պիտի չյուսահատիս եւ պիտի ուսանիս ամէն գնով»։ Երկուշաբթի մէկ դեղին ոսկին գրպանս դպրոց հասայ։ Գիրքերս ստացայ։ Ֆրանսերէն, Անգլերէն գիրքերուն հետ, Լատինական գիրերով Թրքերէն գիրք մըն ալ տրուեցաւ ինծի։ Նոյն օրը «Pere Jean»ը անունս փոխեց «Ժոզէֆ»ի :Պետական արձանագրութիւն չունէի, ինք անձամբ կատարեց բոլորը պետութեան մօտ, եւ ես կոչուեցայ Ժոզէֆ Պասմաճեան։

Դպրոցական օրերը կ՛անցնէին, սակայն ես շատ դժուարութիւն կ՛ունենայի դաս սորվելու մեր մէկ սենեակնոց տան մէջ։ Փոքրիկները շատ անգամ կը խանգարէին զիս։ Մայրիկս դարձեալ տագնապեցաւ։ Հօրս կը պնդէր թէ՝ երկու սենեակնոց տուն մը պէտք էր վարձուէր։« Տղան հոս չի կրնար դասերը պատրաստել, կը խանգարուի » կ՛ըսէր։ Ես կը հիանայի այդ անգրագէտ կնկան վրայ, որ այդքան կը մտահոգուէր իմ ուսմանս եւ հանգիստիս համար։

Դպրոցը գիշերօթիկնոց բաժին ունէր։ 0ր մը, մեր տան պարագան պարզեցի տեսուչին։ Շաբաթ օր մը, տեսչարան կանչուեցայ, տեսուչը ըսաւ.- «Ժոզէ՛ֆ, քո աշխատասիրութեանդ եւ պարկեշտութեանդ համար, «Գիշերօթիկ սան» ընդունուած ես դպրոցէն ներս։ Եւ ինծի հինգ դեղին ոսկի վերադարձուց, մինչ այդ՝ վճարուած մասնավճառները եւ ցանկ մը՝ գիշերօթիկի վերաբերեալ առարկաներու համար։ Շաբաթ օրերը տուն պիտի երթայի։
Շատ բարձր տրամադրութեամբ տուն մտայ եւ ծնողքիս յայտնեցի բարի լուրը։ Երկուքն ալ յուզուեցան բայց գոհ էին եղած կարգադրութեան համար։
Վերադարձուած դրամով, ցանկին մէջ գրուած առարկաներուն գնումները եղան։ Տեղաւորուած էի գիշերօթիկնոց։ Շաբաթ կէսօրին տուն կ՛երթայի, Կիրակի Առաւօտ դպրոց կը վերադառնայի։

Այսպէս գերազանց յաջողութեամբ, հինգ տարուայ մէջ, տիրացայ Ա. եւ Բ. Ֆրանսական Պաքալօրիաներուն։ Առ ի գնահատանք իմ յաջողութեանցս, տեսուչս նուիրեց ինծի ջութակ մը։

Շնորհիւ «Pere Jean»ին, ես արդէն պետական ուսուցիչ էի, միեւնոյն ատեն Ֆրանսա թղթակցութեամբ, մանկավարժական վկայականի կը պատրաստուէի։

Քսանչորս տարեկան էի, շատ լաւ կը վճարուէի, առաջին առիթով, երեք սենեակնոց տուն մը վարձեցի, եղբայրս Ֆրէրներուն, քոյրս ալ Ֆրանսացի քոյրերուն դպրոցը տեղաւորեցի։ Երեկոները Հայերէն գրել կարդալ կը սորվեցնէի անոնց։ Ստացած ամսականներուս կէսը մայրիկին կու տայի, մնացածն ալ մայրիկիս թելադրանքով, իմ առօրեայ ծախսերէս զատ դրամատուն կը դնէի։ 0ր մըն ալ մայրիկս ըսաւ.- «Ժոզէֆ տղաս, դուն պէտք է ամուսնանաս, արդէն մօտս բաւական գումար ունիս։ Զարմացայ, իմ տուած դրամներս չէր ծախսած, պահ դրեր էր, ուրախ օր մը ծախսելու համար։

Երջանիկ օր մը, ձեր մայրը իմ բախտս եղաւ եւ կազմեցինք երջանիկ Հայ ընտանիք մը: 1939ի ամառը դարձեալ թուրքերը, քառասունութ ժամուայ պայմանաժամով, մեզ դուրս վտարեցին։ Ամենաանհրաժեշտ առարկաները մեզ հետ վերցուցինք եւ հասանք Քեսապ, որ Ֆրանսական հոգատարութեան տակ անցեր էր։ Դրամատան մէջ պահ դրուած գումարը, շատ գեղեցիկ կահաւորուած մեր տունը, վայելեցին թուրքերը։ Բարեբախտաբար, ձեր մայրը կար կարել գիտէր, սկսաւ ձեւագիտութեան դասեր տալ եւ կարել Քեսապի մէջ։ Ես ալ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանէն ներս ընդունուեցայ, որպէս օտար լեզուի ուսուցիչ, ապագային՝ տեսուչ։
Հիմա որ ամէն ինչ պատմեցի ձեզի, ըսէ՛ք տեսնեմ, ձեր Ֆանի նէնէն, խո՞րթ թէ հարազատ նէնէ է...

Հարազատ, պատասխանեցինք։ Հոս վերջացեր էր հօրս ոդիսականի պատմութիւնը։ Մենք ուրախ վազեցինք ու հերթով գրկեցինք, համբուրեցինք նէնէին ոսկրուտ ձեռքերն ու այտերը։

Եւ հայրիկս ջութակը առաւ, ան կը նուագէր ու մենք կ՛երգէինք իր մեզի սորվեցուցած երգերէն մինչեւ ուշ գիշեր։ Այդ համերգները ամէն գիշեր կը կրկնուէին մեր տան մէջ։ Մեծ մայրս ու մայրս մեզ լսելով կը հրճուէին։

Եթէ հօրս ապրած օրերը հաշուենք, մեր գիւղին օգտակար եղած ըլլալու թիւով, երեսուն տարի անընդմէջ ծառայեց Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին։ Ապրեցաւ անոր փառքի օրերը, իբրեւ երիտասարդ ու կենսալից դասատու ու դաստիարակ, ապա՝ աւելի քան քսան հինգ տարի վարեց նոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը,ականատես եղաւ գիւղի դժուար օրերու ելեւէջներուն, մաշեցնելով սիրտ ու հոգի։ Այս երկար ժամանակամիջոցին կրթական գործին կողքին, եղաւ հանրային ծառայութեան մէջ, իր սիրած գիւղին ու ժողովուրդին:Վարեց պատասխանատու պաշտօններ: Իր կողքին ունեցաւ տքնող ու իր հոգերը բաժնող կողակիցը, մայրս՝ Նուրիձա Պասմաճեանը։ Մայրս,յիսուն տարի անընդմէջ ծառայեց իր պաշտած միութեան՝ Ս.0.Խաչի շարքերուն մէջ, որպէս ամենագործօն անդամուհիներէն մին։ Շատերու նման աւելի փայլուն ապագայ ապահովելու համար ծնողքս ունէին արդարացուցիչ պատճառներ իրենց, ծննդավայրէն հեռանալու, սակայն անոնք մնացին հոն, ամրօրէն, իրենց ոտքերը խրած Քեսապի հողին մէջ, ու դաստիարակեցին սերունդներ, որոնց կարգին մեզ՝ իրենց վեց զաւակները։ Մեր հոգիներուն մէջ ներմուծեցին իրենց հոգին ու ոգին, մեր արեան մէջ ներարկեցին Ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային սերմերը։ Նիւթական դժուար պայմանները արգելք չհանդիսացան երբեքմեր ուսումը շարունակելու Ազգային Ճեմարաններէն ներս:Մեզմէ ոմանք բարձրագոյն ուսում ստացան ի գին գերագոյն զոհողութիւններու,բայց չմոռցանք բնաւ,որ մենք ալ մեր կարգին,մեր ծնողքին մեզի յանձնած ջահը վա՛ռ պահելու ի ծառայութիւն մեր ազգին։

Այսօր անոնք չկան, մեր գիւղին գերեզմանատան մէջ կը ննջեն խաղաղ։ Հանգչեցէ՛ք հանդարտ ու անխռով, թողհողը թեթև գայ ձեր ոսկորներուն ։ Այս տողերն ալ ընդունեցէ՛ք, իբրեւ երախտիքի ծաղկեփունջ ձեր զաւակներուն կողմէ։

«Հօրս Ոդիսական»ի յիշատակութիւնը գրեցի, ջանալով իր պատմածները առանց խեղաթիւրելու, ճշգրտօրէն թուղթին յանձնել։
Հայկական Եղեռնի եւ Ցեղասպանութեան 90 է աւելի ամեակներ են արդէն անցած:Թող այս գրութիւնը պտղունց մը խունկ եւ մոմ ըլլայ մեր նահատակներուն անթաղ աճիւններուն եւ անոնց պատգամով ըլլանք ազգովին միակամ՝ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ։

ՌԻԹԱ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շար .6 և Վերջ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝