Յայտարարութիւն

Friday, August 14, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 7 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Որբանոցէն դուրս, մեր առաջին բնակարանը կիւրինցիներու քէմփն էր։ երկու-երեք մեթր տարածութեամբ տախտակէ խրճիթ մը, ծածկուած ժանգոտ թիթեղներու անհամաչափ կտորներով, վրան տեղ-տեղ, խոշոր քարեր, խիստ հովերուն դէմ ի պաշտպանութիւն։ Մայրիկս առաւօտեան գործի կ՚երթար, իրիկունը կու գար։ Քանի մը շաբաթէ ի վեր այնտեղ էինք, երբ օր մը կանուխ վերադարձաւ, կէսօր չեղած, երկու անիւով եւ մէկ ջորիով կառքի մը ընկերակցութեամբ։ Կառապանին հետ մեր բոլոր գոյքերը եւ անկողինը լեցուցինք եւ քալելով ընկերացանք կառքին, Պապ էլ Ֆարաճի հրապարակին վերի անկիւնը, նախկին նամակատան դիմաց, Մարսիլիա պանդոկը։ Առաջին անգամ հոն տեսայ Միհրան էֆէնտին։ Գլուխս շոյեց եւ ըսաւ.
– Էրանուհի՛, տղադ տարիքէն էվել պօյ ունի, մաշալլահ։

Ծառայողները քանի մը վայրկեանէն պարպեցին կառքը եւ գոյքերը հանեցին շէնքին... տանիքը, ուր, նոփ-նոր տախտակէ տնակ մը շինուած էր մեզի համար, քէմփի խրճիթէն բաւական մեծ, եւ որ հրաշալիք մը թուեցաւ ինծի։ Առաջին նայուածքս պատերուն չէր, ոչ ալ գետինը։ Ձեղունը կը դիտէի։ Կարծես արծաթ ըլլար։ Միակտուր, փայլուն, ալիքաւոր հաստ թիթեղներէ կազմուած ծածկ մըն էր, եւ մնացեալը կարեւոր չէր իմ աչքիս։ Անձրեւներուն՝ արթննալ չկար ուրեմն, ինչպէս կը պատահէր քէմփին մէջ, երբ քնաթաթախ, մայրիկիս հետ թասեր եւ ամաններ կը զետեղէինք կաթուկներուն տակ, հսկելով որ թասերը թափենք լեցուելէ առաջ։ Առաջին կաթիլները թասին մէջ կ՚իյնային չոր հատիկներով – «թը՛ք, թը՛ք»։ Քիչ մը ջուր հաւաքուելէ ետք – «լը՛փ, լը՛փ», մինչեւ որ դառնար թաւ ու լայնահունչ «պլո՛մպ, պլո՛մպ»ը, ինչ որ կ՚ազդարարէր թէ ամանը լեցուելու վրայ է եւ պէտք է պարպուի։
– Մայրիկ լեցուեցա՜ւ,– կը հառաչէի կէս քուն, կէս-արթուն։
– Դուն քնացիր, ես արթուն եմ,– կ՚ըսէր։

Կարճ տեւեց մեր նոր բնակարանին հետ ընտենալանս։ Շուտով սկսայ դպրոց յաճախել։ Մեր սենեակը հասնելու համար պանդոկէն անցնելու պէտք չունէի։ Շէնքին մուտքէն անմիջապէս վերջ, եւ մեծ սրահէն առաջ, պզտիկ բակէ մը կողմնակի սանդուխ մկ կար, որ տանիք կը հանէր եւ ատիկա դարձաւ իմ սովորական ճամբաս։ Օր մըն ալ, դպրոցէն դարձիս, ներկայ եղայ տարօրինակ գործողութեան մը։ Երեք հուժկու բեռնակիրներ, Միհրան էֆէնտիին հսկողութեան տակ ծանր դրամարկղ մը կը հանէին տանիք, պարաններով, երկաթեայ լծակներով եւ ճախարակներով զինուած։ Արիւն քրտինք մտած յաջողեցան բարձրացնել ու դրուեցաւ մեր սենեակին մէկ անկիւնը։ Այդ դրամարկղը առիթ եղաւ, որ նոյն գիշերը մայրիկէս հասկնամ մեր հոտ ապրելուն եւ մեզի տրուած այս բախտին իրական պատճառները, որոնք քիչ մը շփոթ էին մտքիս մէջ։

Մայրիկս, դեռ որբանոց եղած օրէս, տարիէ մը ի վեր հոտ կ՚աշխատէր որպէս լուացարարուհի, քանի մը արաբ կիներու հետ։ Աստիճանաբար «պաշտօնի բարձրացում» կ՚ունենայ, լուացքի տաշտէն անցնելով արդուկի սեղանը, եւ հոտ, Միհրան էֆէնտիին հաւատաքննական նայուածքին տակ, անգիտակցաբար խիստ քննութիւններէ կ՚անցնի։
– Էրանուհի՛, սա ժաքէթիս իւթիւ մը զարկ։

Ցուցական կերպով բոլոր գրպանները պարպելէ ետք կու տայ մայրիկիս, կէս ժամ ետք պահանջելու համար։ Բայց գրպանի մը մէջ դեղին ոսկի մը «մոռցուած» է, մայրիկս արդուկած ատեն կը զգայ, կը հանէ եւ ժաքէթին հետ կու տայ Միհրան էֆէնտիին։ Ուրիշ անգամ, թղթադրամներու տրցակներ կան գրպաններուն մէջ, խառն ի խուռն, ճմռթկուած, անկարգ։
– Էրանուհի՛, սըւոր ճէպերը դուն պարպէ արդուկելէդ առաջ, փարաները մէկտեղ բեր, մէյ մը համրեմ թէ որքան է...

Եւ անակնկալօրէն, իբրեւ թէ բան մը ինկաւ միտքը, կը հեռանայ արդուկի սեղանէն ու խօսքի կը բռնուի յաճախորդի մը կամ ծառայողներէն մէկուն հետ ու յետոյ կու գայ դրամները «համրելու»...
Այսպէս քանիցս քննութեան (եւ փորձութեա՛ն...) ենթարկելէ եւ պարկեշտութեան վկայական տալէ ետք մայրիկիս, օր մըն ալ կ՚ըսէ.
– Ասանկ առտու իրիկուն գալ-երթալով չ՚ըլլար։ Ձեզի հոս տեղ մը շինեմ, տղադ ալ բեր, հոս ապրեցէք։

Ու հիմա կ՚ապրինք։ Ես յաջողած եմ մեր տնակին քով պզտիկ խորշ մըն ալ շինել սնտուկի տախտակներով։ Մեծ բան մը չէ, բայց այնտեղ փոխադրած ենք կազի օճախը, ձիթաիւղի եւ քացախի շիշերը, թիթեղէ տուփեր – պաշտօնական մեր խոհանոցը, ուրկէ ներս չի կրնար մտնել մայրիկս աշխատած ատեն, բայց օճախը կը մնայ ծածկին տակ, ինք դուրսը, եւ այդպէս կը պատրաստէ կերակուրը։ Կարեւորը այն է, որ մեր սենեակը... սենեակ մըն է այլեւս, ձերբազատուած օճախին ձայնէն, ծուխէն եւ հոտերէն։

Անկիւնի դրամարկղը մայրիկիս վստահելիութեան վաւերանիշն է, քանի որ երկրորդ բանալին քովը կը մնայ։ Յաճախորդներուն ազդարարուած է վարի սրահին ճակատը, երկու մեթր լայնքով, շրջանակեալ, թիթեղէ ցուցանակի մը վրայ, կէս մատնաչափ իւղաներկ սեւ տառերով, հայատառ թուրքերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն.– «Դրամ կամ արժէքաւոր իրեր ունեցողը պէտք է յանձնէ մեզի։ Հակառակ պարագային պանդոկս պատասխանատու չէ»։ Իրապէս, երբեմն հսկայական գումարներ կը մտնեն դրամարկղը։ Ոչխարի կամ ձիթաիւղի վաճառականներ կան, որոնք մեծ գումարներ կը կրեն։ Գլխու մեծութեամբ տոպրակներով ոսկիներ տեսած եմ այդ դրամարկղին մէջ։ Մայրիկս դժուարաւ կը վերցնէր։ Ոսկեղէններու կոյտեր, թաշկինակներով ծրարուած մեծարժէք զարդեղէններ։ Սկիզբները Միհրան էֆէնտին այդ բոլորը իր ձեռքով կը զետեղէր դրամարկղին մէջ, բայց ժամանակի ընթացքին մայրիկս եղաւ միակ աւանդապահը, քանի որ Միհրան էֆէնտիին բացակայութիւնները հետզհետէ աւելի յաճախադէպ կը դառնային։ Մարսիլիան կը քալէր, ուրիշ պանդոկի մը ետեւն էր Միհրան էֆէնտին։

Կը պատահէր որ քանի մը օրեր յաջորդաբար բնաւ չերեւի Մարսիլիայէն ներս եւ գրագիրը ամէն իրիկուն օրուան հասոյթը պիտի յանձնէր մայրիկիս։ Այդպէս շարունակուեցաւ մինչեւ պարոն Սիրականին գալը։ Յիսունը անց, քիչ խօսող եւ ինքն իր վրայ կղպուած մարդ մը, որուն հետ Միհրան էֆէնտին որոշ յարգանքով կը վարուէր, զարգացումին պատճառով։ Անկէ առաջ ետեւ ետեւի գրագիրներ փոխուեցան, յաջող քննութենէ անցած չըլլալով։ Պաշտօնէութեան հանդէպ, գրագիրէն մինչեւ յետին ծառայողը, Միհրան էֆէնտիին բարի վարուց վկայականաց բաշխումի թաքուն արարողութիւնը կը հետեւէր միեւնոյն ռազմավարութեան։ Յաճախորդ մը երբ հաշիւը մաքրէր ու մեկնէր, պարպուած սենեակէն ներս առաջին մտնողը կ՚ըլլար ինքը, ու ներսէն կը լսուէր.
– Վա՜յ պապամ վայ, աս ինչ թափթփած մարդ կ՚ըլլայ եղեր, սանտրը, փեշքիրը եաթախին վրա՞յ կը նետեն...
Յետոյ դուրս կ՚ելլէր, իբրեւ թէ պատահաբար հանդիպած առաջին ծառայողին.– հերթական իր զոհը – կ՚ըսէր.
– Յովսէ՛փ, տա անկողինը շտկէ, ժամ մը երկննամ, գիշերը լաւ չքնացայ, միայն շուտ ըրէ...
Յովսէփը քիչ ետք դուրս կու գայ.
– Պատրաստ է, Միհրան էֆէնտի...
Վա՛յ իրեն, եթէ ներսը գտածը չյանձնէր Միհրան էֆէնտիին։ Յաճախորդը անպայման բան մը «մոռցած» կ՚ըլլար – ժամացոյց մը, մատանի մը, դրամապանակ մը։ Եթէ յայտարարեց՝ ընտրեալներէն է։ Պահեց՝ ա՛լ գործ չունի հոտ։

Նման դէպքի մը ներկայ գտնուած եմ։ Մարսիլիա չէր, այլ Օթէլ Սանդրալ, ուր գացած էի պատահաբար։ Գարբիէլ մըն էր այս անգամ Միհրան էֆէնտիին «եաթախ շտկողը»։ Միհրան էֆէնտին սենեակ անցաւ, անմիջապէս յետոյ դուրս ելաւ ու կանչեց երիտասարդը.
– Գաբրէ՛լ, պարձին տակը պան մը չտեսա՞ր...
– Չէ՛, վալլահի՛, Միհրան էֆէնտի...
– Սիլլէ մը չկերած մատնին ֆէօ՛ս տուր... եավրո՛ւմ, դուն գնա համալութիւն ըրէ, քեզիպէսները մարդ չեն ըլլար...

Եւ շշմած ու ամօթահար Գաբրիէլին գրպանէն իր ձեռքով դուրս հանեց մատանին ու ճամբու դրաւ...
Այսպէս, իր շահերը եւ պանդոկին պատիւը պաշտպանելով մէկտեղ, մասնաւոր գոհունակութեամբ մը կ՚ուզէր ցոյց տալ՝ թէ «Միհրանը խաղի բերողը դեռ չէ ծնած»։ Ինք կը սիրէր ուրիշներուն խաղեր ընել։ Հպարտութեամբ կը պատմէր պարոն Սիրականին գալէն առաջ գրագիրի մը գլխուն խաղացած խաղը։ Ուշ գիշեր մը, արաբական տարազով ծպտուած, կու գայ սենեակ մը կ՚առնէ, եւ առաւօտեան շատ կանուխ, կը վճարէ ու կ՚երթայ։ Իր գալն ու երթալը գիտցողը միայն գրագիրն է։ Իրիկունը կու գայ հաշիւներուն նայիլ։ Թիւ եօթը սենեակին դէմ մուտք չկայ։
– Թիւ եօթը դեռ պարա՞պ է,– կը հարցնէ։
– Երեք օր է մարդ չունինք,– կը պատասխանէ միւսը։
Միհրան էֆէնտին կ՚ելլէ տեղէն, մահճակալին տակ պահած իրերը կը բերէ սեղանին վրայ կը դնէ ու կ՚ըսէ.
– Ասոնք ճինե՞րը բերին պհեցին ներսը...
Այս պատմութիւնը քանիցս լսած եմ, ուրիշներուն պատմած ատեն։ Կը վերջացնէր այսպէս.
– Անանկ շէյխ մը դարձած էի ո՜ր... վրաս-գլուխէս զատ, ծէնս ալ փոխեցի, հայվանը չհասկցաւ... ես մէյ մը պան մը չուզեմ...

Բոլորովին տարբեր եղաւ պարոն Սիրականին հետ։ Ուսեալ, զարգացած մարդը Միհրան էֆէնտիին տկարութիւնն էր։ Անուս ծառայողներուն հանդէպ որքան յոխորտ եւ պահանջկոտ, նոյնքան զգուշաւոր էր, գրեթէ խոնարհ, մտաւորական անձերուհետ խօսած պահուն։ Նոյն լեզուն էր, գաւառացիի նոյն անտաշ եւ ռամիկ բարբառը, բայց դէմքը փափուկ արտայայտութիւն մը կը ստանար, բառերը աւելի կը մեղմանային լեզուին վրայ։ Մինչ միւսները իրենց անուններով կը կանչէր, յաճախ նոյնիսկ անուն տալը աւելորդ համարելով – «հէ՜յ, դուն, անունդ ինչ էր նը, ֆէօ՛ս էկուր» – պարոն Սիրականը երբեք պարոն Սիրական ըլլալէ չդադրեցաւ։ Գանձում-վճարումները անոր ձեռքով կ՚ըլլային հիմա եւ Միհրան էֆէնտին անոր հետ գլուխ-գլխի կը տեսնէին հաշիւները։ Մայրիկս դրամի հետ գործ չունեցաւ այլեւս, բացի դրամարկղը մտնող-ելլող ծրարներէն։ Բանալին միշտ իր քովն էր։ Արդուկին համար եւս երիտասարդ տղայ մը դրուեցաւ։ Հետզհետէ Մարսիլիան գտաւ իր կայուն անձնակազմին նուիրապետական կառոյցը։ Պարոն Սիրականը գանձապահն ու հաշուապահն էր նոյն ատեն, մայրիկս սենեակներու մաքրութեան հսկիչը եւ պանդոկի իրերուն պատասխանատուն.
– Երանուհի՛, աչկդ չորս պաց, կը կողնան, կը տանին...

Պարոն Սիրականին գալէն ետք, մայրիկիս անունը Միհրան էֆէնտիին բերնին մէջ հնչական փոփոխութիւն մըն ալ կրեց։ Քանի մը անգամ անկէ լսելէ ետք «տիկին Երանուհի»ն, ինք եւս Էրանուհին Երանուհի դարձուց...

Շար. 7

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝