Յայտարարութիւն

Friday, August 14, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 8 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Մարսիլիայի տանիքին վրայ կ՚անցնէին օրերս եւ տարիները, հետզհետէ փոխուող եւ բարձրացող դասարաններուս թիւին հետ։ Միհրան էֆէնտին հազուադէպօրէն կ՚երեւէր, այն ալ կարճատեւ պահերով։ Երկու նոր պանդոկներու ձեռնարկած էր միաժամանակ։ Զատիկներուն, ամբողջ օրը տունը կը մնար եւ այցելութիւններ կ՚ընդունէր նոր հագուստներով, թաւշեայ թիկնաթոռին մէջ բազմած։ Մայրիկիս հետ մենք ալ կ՚երթայինք։ Ես ձեռքը կը համբուրէի եւ կը ստանայի արծաթ մէճիտը, մինչ տիկին Պայծառը ներկուած հաւկիթներու եւ գաթային ծրարը կը յանձնէր մայրիկիս։

Բայց Զատիկէն աւելի տպաւորիչ էր Միհրան էֆէնտիին Կաղանդը։ Հեռաւոր եւ մօտիկ բոլոր ազգականները կը հաւաքէր ծանրաբեռնուած սեղանի մը շուրջ։ Գիտէինք թէ այդ գիշեր Միհրան էֆէնտին պիտի գինովնայ, ճիշդ... ժամը 12ին։ Նախօրօք ծանուցուած յայտագրի մը պէս կը սպասէինք այդ դէպքին, որ երեկոյթին գլխաւոր նիւմերօն էր, ինչպէս նաեւ փակումին ազդանշանը։ Մինչեւ այդ պահը կատարեալ սեղանապետն էր, անմօրուք Կաղանդ Պապան, որ արբեցողի ոչ մէկ նշան կը յայտնաբերէր, երգեր ու գոցեր կը պահանջէր փոքրերէն, կատակներ ու շէն զրոյցներ, բայց քանի 12ը մօտենայ, տիկին Պայծառին դէմքը անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տայ։ Աչքը պատի ճօճանակաւոր ժամացոյցին, զգոյշ եւ մտահոգ, Միհրան էֆէնտիին հասողութեան սահմաններէն կը հեռացնէ յարգի բաժակներն ու պնակները եւ անոնց տեղ կը հրէ պարապ շիշեր, տեղէ մը ճաթած անպէտ պնակներ։ Գիտէ թէ ատոնք բոլորն ալ քիչ յետոյ ջարդ ու փշուր պիտի ըլլան եւ կ՚աշխատի մօտալուտ անխուսափելի փոթորիկին վնասները նուազեցնել...

Ժամացոյցի առաջին հարուածին հետ՝ Միհրան էֆէնտին կերպարանափոխուած է։ Թրքական սիրային եղանակ մը կը մռլտայ, մէկ ափը երեսին, աչքերը փակ, գլխու օրօրումներ կ՚ընէ, ու յանկարծ՝ պնակներու եւ բաժակներու ջարդը կը սկսի։ Տիկին Պայծառը, իրեն մօտենալու եւ արգիլելու քանի մը անյաջող փորձերէ ետք, վերջապէս թեւը կը մտնէ ու կը տանի ննջարան։ Հիւրերն ալ գիտեն իրենց սահմանուած դերը։ Պիտի մեկնին՝ առանց գիշեր բարիի, քանի որ տէր եւ տիկին ա՛լ չեն երեւիր...

Յաջորդ օրը թարմ ու կայտառ Միհրան էֆէնտի մը կը ժամանէ պանդոկ, կաղապարէն նոր ելած ֆէսը գլխուն, եւ կը յայտարարէ.
– Չէ նը վախցաք երէկ գիշեր... Ես տարին մէկ անգամ սարխոշ կ՚ըլլամ, ամմա լաւ կ՚ըլլամ։
Իրապէս, առաջին անգամ տեսնելուս, ես վախցայ։ Բայց յաջորդ տարիներուն անհամբեր կը սպասէի որ ժամը 12 ըլլայ... Այնքան ալ համոզիչ չէր, բայց զուարճալի էր ժամադրութեամբ գինովնալու այդ արարողութիւնը։ Միհրան էֆէնտին դերը լաւ կը կատարէր։ Բայց չեմ կրցած ճշդել՝ հիւրերը մէկ անգամէն ճամբելու ձե՞ւ մըն էր, թէ տիկին Պայծառին հետ մեկուսանալու կերպ մը։ Թերեւս երկուքն ալ, քանի որ մէկը պայմանաւորուած էր միւսով...

Ինծի հետ կը մեծնային նաեւ Միհրան էֆէնտիին զաւակները. խիստ հայր մըն էր եւ ծեծը անպակաս էր անոնց վրայ։ Ես մէկ անգամ ճաշակած եմ իր գաւազանը, դպրոցէն փախստական օրերուս։ Ալիշանը, որպէս կրտսերը, զերծ կը մնար խոշտանգումներէն։ Միջնեկը, Նուպար, իր սմսեղութիւններով յաջողած էր հօրը վստահութիւնը շահիլ։ Նախասիրեալն էր։ Եղիան, ահա՛ քաւութեան նոխազը։ Բոլոր ձախորդութիւններուն համար վճարողը ան էր։
– Տա տէյնէկը տուէք սա շունը սատկեցունեմ...
Եղաւ որ Եղիան, այլեւս հասուն պատանի – եւ շատ հուժկու – հօրը բարձրացուցած գաւազանը բռնեց, անշարժացուց եւ շեշտ նայեցաւ աչքերուն։ Միհրան էֆէնտին, անճրկած եւ անզօր, շուրջը նայեցաւ եւ գոչեց.
– Տըտեղէն էրկու համալկանչեցէք, փարա տուէք սըւոր հախէն գան...
Աւելի ետքը, երբ ուսուցիչ էի եւ մեր սեփական կեանքը ունէինք մայրիկիս հետ մեր տունին մէջ, քանիցս կանչուած եմ Միհրան էֆէնտիին մօտ, հօր եւ զաւկի վէճերը լսելու։ Անգամ մը Եղիան, ընդվզումով գլուխը առած մեկնած էր քաղաքէն, առանց յայտնելու թէ ուր։ Առաջին քանի մը օրը Միհրան էֆէնտին անտարբերութիւն ցոյց տուաւ։ Բայց երբ օրերը շաբաթ եղան ու անցան, սկսաւ մտահոգուիլ, հետզհետէ խուճապահար.
– Ճանը՛մ, աս շան լակոտը ո՞ւր կացած պիտ ըլլայ...
Աջ ու ձախ լուր ղրկեց, փնտռել տուաւ եւ վերջապէս գիտցուեցաւ թէ Եղիան Պաալպէք կը գտնուի եւ պանդոկի մը մէջ կ՚աշխատի որպէս հասարակ ծառայող։
– Քլարիճի պէս օթէլ ունենայ, Պաալպէքները երթայ կարսօնութիւն ընէ...
Տէր Մկրտիչին հետ, առաքելութիւն ստացանք Պաալպէք երթալու եւ Եղիան տուն բերելու։
– Թող գայ, հօրը ծեռքը պագնէ, աֆ կ՚ընեմ...
Պայման մը ըլլալէ աւելի, աղաչանք մըն էր խեղճ մարդուն մեզի տուած պատուէրը։

Դժուարութիւն չքաշեցինք Եղիան Հալէպ վերադարձնելու։ Բայց զարմանալի եղաւ մեր հանդիպումը։ Երբ մտանք պանդոկէն ներս, Եղիան սանդուխ մը կը սրբէր թաց լաթով, քովը դոյլ մը ջուր։ Սկսած էր վերէն, եւ հետզհետէ կ՚իջնէր սրբելով, կռնակը մեզի։ Մենք կեցանք սանդուխին ստորոտը, ձայն չհանեցինք եւ սպասեցինք, մինչեւ որ մեզի հասաւ եւ շտկուելէ ետք միայն տեսաւ։ Տէր Մկրտիչը, Հալէպի ամէնէն հին եւ նոյն ատեն զարգացած քահանան, առիթը չփախցուց ճիշդ տեղին յիշելու եւ օրինակ բերելու Անառակ Որդիին պատմութիւնը, փոյթ չէ թէ այս պարագային անառակը անպայման որդին եղած չըլլար, ինչպէս պիտի իմանայի վերադարձի ճամբուն, երբ Տէր Մկրտիչը, Հոմսի մէջ մեր կերած քէպապէն լիացած, մշիկ-մշիկ կը մրափէր մեքենային առջեւ, ու Եղիան կը պատմէր ականջիս։ Հօր եւ զաւկի բախումը այս անգամ տեղի ունեցած էր ոչ թէ յանցանքի մը կամ շռայլութեան մը առիթով, այլ կռուախնձորի մը շուրջ, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ... երգչուհի մը։ Արաբ «արթիսթ» մը կայ Քլարիճի մէջ, Եղիան անոր շուրջը կը դառնայ, բայց հայրը կ՚արգիլէ եւ... կռիւ։
– Ինծի չի թողուր որ մօտենամ, բայց ձեռքս կը կտրեմ եթէ ինք գործ չունի հետը...
Տրամադիր էի հաւատալու Եղիային։ Մարդս կը ճանչնայի։ Չընողը չէր։ Տիկին Պայծառին լուռ արցունքները եւ դառնութիւնները շատ տեսած էի մայրիկիս հետ...
Ուրիշ անգամ կը կանչէր.
– Կտակս պիտի գրես։ Աս շուները ուտելու տեղ ազգը թող ուտէ...
Ստիպուած էի ամենայն լրջութեամբ թուղթ-գրիչ առնել եւ գրել.– «Ստորագրեալս, Միհրան Մամբրիէլեան, բնիկ աշոտցի, այսու կու գամ կտակել շարժուն եւ անշարժ ստացուածքս Սուրբ Էջմիածինին»։
Յետոյ կը ստորագրէր, ստորագրութեան վրայ արաբերէնով կնիքը կը դրոշմէր յաղթական, թուղթը կը ծալլէր գրպանը կը դնէր եւ կը գոչէր.
– Թող էրթա՛ն հասկնան...

Մէկէ աւելի անգամներ գրել տուած է այս «կտակը», նախորդը մոռցած կամ... պատռած ըլլալուն։ Իսկ նման պահերու, մեկնած ատենս, վարը գրասենեակին մէջ Եղիան պիտի ըսէր հեգնանքով.
– Ինչ է, նորէն կտա՞կ գրել տուաւ...
Ձախ աչքերնիս նշանակալից կը բացխփէինք իրարու, կը ժպտէինք ու կը վերջանար, սպասելով յաջորդ տագնապին։

Հալէպի բոլոր պանդոկները ծախած, բազմաթիւ հողերն ալ կանխիկ դրամի վերածելէ ետք վերջնականապէս փոխադրուած էր Լիբանան, ուր առաջին գործը եղաւ փառաւոր դամբարան մը շինել Պուրճ Համուտի նոր գերեզմանատան մէջ։ Հալէպ ալ հատ մը շինել տուած էր, բազմածախս բայց անճաշակ։ Իր յղացումով եւ ցուցմունքով շինուած անճոռնի տգեղութիւն մը։ Ես բան մը չէի ըսած իրեն, բայց երեւի տեղէ մը լսած ըլլալու էր կարծիքս։ Այս անգամ եկաւ եւ հետը գերեզմանատուն տարաւ.
– Հիմա ասոր ի՞նչ կրնաս ըսել...
Արդարեւ, պզտիկ մատուռի մը պէս գեղեցիկ էր։
– Ըսելիք չկայ, Միհրան էֆէնտի։
– Սատկիմ նը, իմիններէս խէր չկայ, ես ձեռքովս պատրաստութիւն տեսնեմ...
Եւ պահ մը լուռ դիտելէ ետք նորակառոյց շինութիւնը, ինք իրեն խօսելու պէս.
– Ալայը կ՚երթայ, աս կը մնայ...
«Մամբրիէլեան դամբարանը» դեռ մինչեւ այսօր ամէնէն տպաւորիչ կառոյցն է գերեզմանին։ Այնտեղ, առաջին մտնողը ինք եղաւ, յետոյ տիկին Պայծառը, եւ բնութեան կարգը խախտելով՝ զաւակներէն առաջին մեռնողը եղաւ կրտսերը, Ալիշանը...

Շար. 8


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝