Յայտարարութիւն

Sunday, August 9, 2009

Կանանց Մօտ Ճիշդ եւ Սխալ Տպաւորութիւններ

Ամէն իրիկուն խոզանակի 100 հարուածը կ'ապահովէ մազերուն գեղեցկութիւնն ու առողջութիւնը:
Սխալ: Խոզանակի հարուածները կը վնասեն թէ մազերուն եւ թէ գլխուն մորթին: Մինչդեռ խոզանակով մը մեղմօրէն սանտրելով մազերը կը ձերբազատուին աղտերէ :

Շէկ մազերը աւելի դիւրաբեկ են քան թուխերը:
Ճիշդ: Արդարեւ շէկ մազերը շատ աւելի բարակ են եւ հետեւաբար նուազ դիմացկուն: Հետեւաբար անոնք յաւելեալ խնամքի կը կարօտին:

Իւրաքանչիւր քաշուած ճերմակ մազի փոխարէն տասը հատ ճերմակ կը բուսնին:
Սխալ: Քաշուած կամ ինքնիրեն թափած ճերմակ մազի մը փոխարէն վերստին ճերմակ մը կը բուսնի, բայց ասիկա համաճարակի չի վերածուիր եւ ճերմակ մազերուն թիւը ոեւէ ձեւով չ'աւելնար:

Առատ ջուր խմելը կը նիհարցնէ:
Սխալ: Մեր մարմնին եւ մորթին չափազանց կենսական ջուրը խիստ թելադրելի է բոլորին: Զայն պէտք է խմել օրական մէկէն մէկ ուկէս լիդր: Նիհարնալու սննդականոններուն ընթացքին թելադրուող մէկուկէս լիդր ջուրը չի նիհարցներ, այլ կ'օգնէ միզելու եւ թոյները արտաքսելու:

Մարձումները կը նիհարցնեն:
Սխալ: Մարձումը կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը եւ կը զօրացնէ մորթին դիմադրականութիւնը: Բայց եւ այնպէս մարձումը ոչ մէկ ձեւով կը նիհարցնէ խնդրոյ առարկայ անձը:

Դէմքին վրայ սառոյցի կտոր շփելով, շպարը աւելի լաւ կը հաստատուի եւ երկար կը դիմանայ:
Ճիշդ: Սառոյցը կը սեղմէ մորթին ընդլայնած ծակտիկները, հետեւաբար նախքան շպարուիլը սառոյցի կտորով մը շփեցէք ձեր դէմքը, ապա թաշկինակով մը ցամքեցուցէք զայն եւ անմիջապէս ետքը շպարուեցէք:

Վիզը աւելի կանուխ կը ծերանայ քան դէմքը:Ճիշդ: Վիզին մորթը աւելի նուրբ եւ զգայուն է, հետեւաբար նուազ դիմացկուն քան դէմքին մորթը: Ուրեմն անոր խնամքը նոյնքան կարեւոր է, որքան դէմքինը. Պէտք է օրական զայն երկու անգամ ծեփենք անոր թարմութիւնը ապահովող յատոկ սերով մը:

Սաունան կը նիհարցնէ:
Սխալ: Անիկա կը քրտնեցնէ եւ ջուր կորսնցնել կուտայ, բայց չի նիհարցներ: Չմոռնանք սակայն որ Սաունան կ'օգնէ մեր մարմնին թոյներուն արտաքսման եւ կը կանոնաւորէ արեան շրջագայութիւնը:

Մազը կտրելով կամ խոզանակելով զայն կ'առատացնենք:
Սխալ: Մազերը արմատներէն կը բուսնին հետեւաբար անոնց ծայրերը կտրելով ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնանք գործել անոնց արմատներուն վրայ: Մազերուն ծայրերը կտրելով զանոնք կը ձերբազատենք յոգնած ու փճացած բաժիններէն:

Լոգանքէն ետք եղունգները պէտք չէ խարտոցել:
Ճիշդ: Տաք ջուրը կը կակուղցնէ եղունգները, իսկ այդ վիճակին մէջ զանոնք խարտոցելով կոտրտելու կամ զոյգ խաւեր կազմելու դուռ կը բանանք:

Կին մը որքան տարիքը առնէ, այնքան պէտք է շպարուի:
Սխալ: Շպարը աւելի եւս կը շեշտէ դէմքին յոգնութիւնն ու կնճիռները, մանաւանդ երբ մեր տարիքը նկատի չառնելով կը գործածենք վառ գոյներ:
40 տարեկանէն սկսեալ պէտք է զգուշանալ մութ գոյնի ֆոն տը թեներէն, փուտրերէն եւ շրթունքի կարգ մը ներկերէն, որոնք կրնան սպասուածէն բոլորովին հակառակ արդիւնքը տալ:

Տալիդա Գալըպճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝