Յայտարարութիւն

Sunday, August 23, 2009

ՄԱԶԵՐՈՒ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔԸ ԳԱՐՆԱՆ ԵՒ ԱՄՐԱՆ

Ա- Տեկրատէ ոճը:
Տեկրատէ ոճը, այսինքն անհաւասար կտրուածքը կարճէն դէպի երկար, կը յարմարի բոլորին, շէկ ըլլան անոնք թէ թուխ, երկար մազեր ունենան թէ կարճ :
Կարճ տեկրատէն չափազանց գործնական է ամրան եղանակին մանաւանդ եթէ խնդրոյ առարկան յաճախ ծով գացող, աւազան գացող կամ օրական մազը լուացող է:

Բ- Ճակատը ծածկող ֆրանշները:
Ֆրանշները, այսինքն ճակատը ծածկող կարճ մազերը ամրան եղանակին գրեթէ միշտ ներկայ են, մասնաւորաբար սահուն մազերուն պարագային:
Ֆրանշները երբեմն կարճ եւ խիտ են, երբեմն երկար եւ անկանոն նայած մազերուն ընդհանուր քուփին:

Գ- Անհամաչափ կամ Անկանոն գիծերը:
Այս եղանակի մազի յարդարանքի յատկանիշներէն մէկն ալ գլխուն կողմին կամ մէջտեղը գիծերն են, որոնք տակաւին մինչեւ վերջերս քանակով քաշուած գիծի մը պէս ուղիղ կ'ըլլային....
Ամրան այդ գիծերը և կան եւ ոչ, իսկ երբ երեւին ՝անկանոն են և զիկզակ :

Դ- Շէկ Մազերը միշտ փնտռուած:
Շէկի բոլոր երանգները,սահուն թէ գանգուր մազերուն վրայ ՝ կը մնան նորոյթ եւ միշտ գնահատուած....
Գանգուր շէկ մազեր, բազմաթիւ սիրտեր կ՜այրեն իրենց գեղեցիկ տեսքով...

Ե- Ալիքաւոր Յարդարանքներ:
Երկար թէ կարճ մազերուն վրայ ալիքաւոր ֆլու յարդարանքը գեղեցիկ տեսք մը կուտայ ենթակային:
Սակայն ֆլու յարդարանքի ամենէն գեղեցիկ տեսքը Միջակ երկարութեան մազերու վրայ կը նկատուի:







Մեծ Մայրիկի խրատներէն մին:


Խնձորի քացախը իսկական դեղ մըն է:
Խնձորը, որ ծանօթ է իր պարուանակած կենսանիւթերով եւ հանքային նիւթերով, անկասակած որ պտուղներուն թագուհին է:
Անիկա միշտ ներկայ է առողջ սննդառութեան ցուցակներուն վրայ իբրեւ սննդարար եւ քիչ ջերմուժ պարունակող ուտելիք:
Եթէ խնձորը շատ օգտակար է մեր առողջութեան, խնձորի քացախը կրկնապատիկ օգտակար է, նախ եւ առաջ անիկա հականեխիչ մըն է ,մարսողական գործարաններու մէջի մանրէները սպաննելու յատկութիւնը ունի: Խնձորի քացախը նաեւ մարսողութիւնը կը դիւրացնէ , «արեան թունաւորումի» առաջքը կ'առնէ, կը պաշտպանէ արտակարգ գիրութենէն եւ վէրքերուն սպիացումը կ'արագացնէ:
Այս քացախը կը պարունակէ նաեւ լուծուող բնաթել փեքթինը որուն շնորհիւ «գէշ» քոլեսթրոլը կը նուազի եւ բնականաբար սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնն ալ կը պակսի .
Վերջապէս, խնձորի քացախին մէջի նիւթը կ'արգիլէ թունաւոր նիւթերու կուտակումը, որոնք ենթահող կը ստեղծեն կարգ մը քաղցկեղներու:

Պատրաստեց՝
Տալիդա Գալըպճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝