Յայտարարութիւն

Sunday, August 2, 2009

ՈՏՔԻ ՄԱՐՁՈՒՄ

Ծանրաբեռնուած օրուան մը աւարտին անհրաժեշտ է հանգստացնել ոտքերը, մանաւանդ եթէ օրուան աշխատանքը պահանջած է ձեզմէ, երկար ժամեր ոտքի մնալ:

Ա- Մէկ ոտքը միւս ոտքին ծունկին վրայ տեղաւորեցէք, ապա զոյգ բութամատներով կէս շրջանաձեւ մարձումներ կատարեցէք ներբաններուն վրայ ծայրէն դէպի կեդրոն եւ կեդրոնէն դէպի ծայր երթալով: Միաժամանակ թեթեւօրէն ճնշեցէք ներբաններուն վրայ, իւրաքանչիւր ոտքի համար նկատի ունեցէք 3 վայրկեան:

Բ- Նոյն դիրքը որդեգրելով, մէկ ձեռքով ձեր ոտքի կրունկը բռնեցէք, իսկ միւս ձեռքին կողմով կտրուկ հարուածներ տուէք ձեր ներբանին: Շարժումը կրկնեցէք նաեւ միւս ոտքին համար իւրաքանչիւրին 3 վայրկեան տրամադրելով:

Գ- Այս դիրքով նստեցէք, ձեռքին բութամատով եւ ցուցամատով ձեր ոտքին բութամատը մարձեցէք, ապա դէպի աջ եւ կտրուկ շարժումներ կատարեցէք վերջապէս, անոր եղունգին շուրջ թեթեւ ճնշումներ կատարեցէք, ապա նոյնը կրկնեցէք մնացեալ մատներուն վրայ:
Շարժումը կրկնեցէք նաեւ միւս ոտքին իւրաքանչիւր ոտքին 5 վայրկեան:


«Ծնողք եղիր ոչ միայն խօսքով, եղիր ուսանելի օրինակ»

Երեխաները կը սիրեն ընդօրինակել մեծերը: Այդ պատճառով ալ շատ կարեւոր է, որ մեծերը տան մէջ կարգն ու կանոնը յարգեն: Ուտելէն ետք երկար ատեն չհաւաքուած սեղանը, ծնողներուն աղտոտ կօշիկները կամ ճմռթկուած հագուստերը փոքրիկներուն համար ալ կը դառնան թափթփածութեան օրինակ: Երեխային մէջ բծախնդրութիւնը, կոկիկութիւնը պէտք է զարգացնել փոքր տարիքէն:
Վեց տարեկանէն սկսեալ երեխաները պէտք է իրենք հագուին իրենց հագուստները եւ հանեն զանոնք, քնանալէ առաջ կանոնաւոր ծալեն հագուստը,հաւաքեն խաղալիքները:
Դպրոցական փոքրիկներուն սորվեցուցէք լաւ վիճակի մէջ պահել դասագիրքերն ու գրենական պիտոյքները: Անոնց սորվեցուցէք, որ իրենք զիրենք լաւ պէտք է պահեն ճաշի սեղանին շուրջը եւ մանաւանդ, պէտք չէ խառնուին մեծերուն խօսակցութեան:
Եթէ երեխան չի յաջողիր առաջին անգամէն կատարել իրեն վստահուած գործ մը, մի նախատէք զայն: Համբերատար կերպով ցոյց տուէք, թէ ինչպէս պէտք է ընել, խրախուսեցէք երբ ան ի վերջոյ կը յաջողի կատարել ձեր պահանջածը:
Ընտանիքէն ներս դաստիարակութիւնը երեխային կարգապահութեան գրաւականն է դպրոցին մէջ:

Տալիդա Գալըպճեան




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝