Յայտարարութիւն

Sunday, August 16, 2009

Օգոստոս՝ Արձակուրդի Ամիս

Օգոստոս՝ արձակուրդի եւ հանգիստի ամիս: Արձակուրդի մեկնելէ առաջ կը ծրագրենք աւելի սիրուն տեսք ունենալ արձակուրդի ընթացքին: Նորաձեւութենէն ալ հեռու չենք ուզեր մնալ ( իրաւունք չունի՞նք): Ինչ պէտք է ընել ուրեմն մեր ծրագիրները իրականացած տեսնելու համար: Շատ մտահոգուելու կարիքը չունինք: Յիշենք, որ սիրուն երեւնալու համար ինքնավստահ ու հանդարտ ըլլալը ամէնէն կարեւոր բանն է: Կարգ մը խորհուրդներու կողքին պիտի առաջարկէինք որ դիմէիք պարզին, գեղեցիկին, կարեւորին ու գործնականին:

Այսպէս , նկատելի է երբեմն, որ կարգ մը կիներ , երբ արձակուրդով ճամբորդեն կ՜անտեսեն իրենց հագուածքը: Ճիշդ չէ , ոչ ալ հաճելի: Կարելի է միշտ գտնել միջին եզր, ուստի, հետեւեալ խորհուրդները կրնան օգտակար ըլլալ. Կարեւոր է արձակուրդի վայրին յարմարիլը: Վայրը իր հիմնական խօսքը ունի տարազի ընտրութեան մէջ: Օրինակ,անտառի մը մէջ քիչ մը արկածախնդրական պտոյտի մը համար կոկիկ ու նուրբ հագուիլը անտեղի է: Սակայն,եթէ արձակուրդի ընթացքին համերգի մը ուզենք ներկայ գտնուիլ, թափթփած շորթով սրահ երթալն ալ բնաւ յարմար չէ:

Ճամբորդած միջոցին թոյլ բաներ հագուեցէք: Խուսափեցէք ճինզէ, բարձր կրունկէ եւ ամէն բանէ, որ ձեր մարմնին վրայ կը ճնշէ:

Թեթեւ ամառնային սանտալներ եւ մարզական կօշիկներ ու թոյլ տարազներ հագուեցէք:
Ձեր այցելած վայրին համաձայն կամ այդ վայրը խորհրդանշող բան մը հագուեցէք:

Ձեր գլխարկները նախապէս պատրաստեցէք: Վերջին վայրկեանին օդակայանի մէջ ընտրուած գլխարկը ընդհանրապէս ճիշդ ընտրութիւն չըլլար: Հապճեպով եղած բանին մի վստահիք, ձեր նկարած լոըսանկարները պիտի միշտ վկայեն որ հապճեպով եղածը ձեր վայելչութենէն բան մը պակսեցուցած է...

Ձեր հետ ունեցէք մարմինը ծածկող կապոցներ: Անոնք զանազան հագուստներու սխալները կը ծածկեն եւ նաեւ սիրուն տեսք մը կը պարգեւեն: Արեւու ակնոցները եւս լաւ դերակատարութիւն ունին այս իմաստով: Պտոյտներու պատճառաւ ձեր աչքերուն յոգնած երեւոյթը ակնոցի միջոցաւ կը չքանայ:

Ձեր ընտրած հագուստին կերպասը կարեւոր է ձեր հանգիստին համար: Առաձգական կերպասներով պատրաստուած սիրուն ու յարմար հագուստներ հագուեցէք: Անշուշտ մարզական հագուստներ միշտ հագուիլն ալ հաճելի երեւոյթ չի տար մարմնին :

Ճամբորդութեան ժամանակ սեւ գոյնի հագուստներ շատ մի հագուիք: Պաշտօնականութեան համար անպայման սեւ գոյնի երկու կտոր ունեցէք ձեր հետ ՝ սեւ տաբատ մը ու սեւ հագուստ մը: Անշուշտ ասոնց յարմարող յարակից մասեր եւ զարդեղէն:

Ձեր մազերը լաւ հոգատարութեան կարիքը ունին: Ամբողջ օրը երեխաներուն համար վազվզելէ ետք, Եւրոպա մեկնելէն առաջ ձեր մազերը լաւ խնամեցէք ու այդպէս ճամբայ ելէք: Highlight կրնաք ընել եւ կամ կատարեալ շիտակ պահել զանոնք, ըստ ձեր հագուածքին ու այցելած վայրին:

Գիշերային եւ լուրջ առիթները մի մոռնաք: Ինչպիսի ճամբորդութեան համար ալ որ կը մեկնիք, անպայման ձեր հետ ունեցէք գիշերային կռնակը բաց հագուստ մը, լաւ անուշահոտ մը, բարձր ու բարակ կրունկով սանտալ մը, ականջի աչքառու զոյգ մը օղ եւ ամէն ինչ, որ պիտի օգտագործէք պաշտօնական ձեռնարկի մը մեկնելէն առաջ:

Ֆիզիքապէս պատրաստուելու չափ կարեւոր է հոգեպէս պատրաստուիլը: Նախքան մեկնիլը դուք ձեզ դրականօրէն տրամադրեցէք , որէսզի ուրախ սկիզբ ունենայ ձեր արձակուրդը: Կրնան անակնկալ անախորժ դպքեր պատահիլ: Հարկ է պաղարիւնութեամբ դիմաւորել զանոնք :«Ամէն ինչ խանգարուեցաւ»ի հոգեբանութեամբ մի դիրքորոշուիք: Իւրաքանչիւր դէպք նոյնիսկ եթէ անախորժ է, իր դաստիարակիչ կողմը ունի:Անոնց անախորժութիւնը մոռցէք և կեդրոնացէք դէպքի դաստիարակչական հանգամանքին վրայ: Մի մոռնաք, որ այս արձակուրդին սպասած էք ամբողջ տարի մը եւ ահագին դրամ ծախսած էք, որ այդ օրերը նպաստեն ձեր երջանկութեան ու հանգիստին:


Տալիդա Գալըպճեան





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝