Յայտարարութիւն

Tuesday, September 1, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-26- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Պաշտօնական սեղանը շտկուած էր պզտիկ պատէզի մը մէջ տասներկու հոգիի համար, իսկ դուրսը պատերուն տակ տասնեակ ոչխարներ մորթուած են իր հետեւորդներուն ի հաշիւ ու երեք հսկայ պղինձներու մէջ կ՚եփին, պարզապէս խաշելով։ Գետինը փռուած խսիրներու վրայ արաբական հացի մեծ կոյտեր։ Այսքան։ Հաց եւ միս այնտեղ, մինչ ներսի սեղանը՝ փափկաճաշակներու լրիւ գոհացում տուող երեք-չորս տեսակ համադամներ – Պարոնին խոհարարապետն է – պտուղներ, անուշեղէններ։ Միայն խմիչք չկայ։
– Սեղան մը, ուր օղի չկայ, մարմին մըն է, որ հոգի չունի,– կ՚ըսէ Հերարտեանը։
Անգամի մը համար տրամադիր եմ իրաւունք տալու իրեն։
Ճիշդ կէսօրին փոթորիկը յայտնուեցաւ հորիզոնէն։ Կայծակնացայտ սեւ ամպ մը կարծես երկինքէն իջած էր երկիր, ու հիմա կը շանթահարէր վարէն վեր։ Հարիւրեակ մը կրակող ձիաւորներով հասաւ Մչհեմը փոշիի ամպի մը մէջ։ Երիտասարդական աշխոյժով վար ցատկեց ձիէն ու մտաւ պարտէզ։ Անմիջապէս սեղան նստանք։ Հետեւորդներէն երկու հոգի միայն ընկերացան իրեն։ Ետքէն պիտի հասկնայինք, թէ ատոնք իր «նախարարներն» են։
Կարելի չէր հաւատալ, թէ երէկուան նախամարդն է մեզի հետ ճաշողը։ Դանակ-պատառաքաղ գործածելու այնպիսի կիրթ ձեւ մը ունէր, այնպէս նրբին ու քաղաքավարի կը շարունակէր ճաշել ու նոյն ատեն խօսիլ, որ կարծես ամբողջ կեանքը անցուցած ըլլար ազնուականներու շրջանակի մը մէջ։ Բերանը հազիւ կը շարժէր կերած պահուն եւ հազիւ զգալի էր ծամելն անգամ։ Վեհաշուք նստուածք մը ունէր, Սրբազանին միշտ ուշադիր՝ աղամանը անցուցած կամ բաժակը լեցուցած պահուն։ Երախը փիլաւով ծեփող երէկուան վայրենին՝ ուրի՜շ աշխարհի մը երազին մէջ պէտք է տեսած ըլլայի...
Ճաշէն ետք, տեղւոյն մեր դպրոցին ուսուցիչներէն մէկը արաբերէն ուղերձ մը կարդաց, շէյխ Մչհեմը կոչելով «Եփրատի արծիւը», որուն վրայ իրեն ընկերակցողներէն մէկը, որ իմացանք թէ Մչհեմի անձնական բանաստեղծն է – «մշակոյթի նախարարը» – պատասխանեց յանպատրաստից եւ... տաղաչափեալ շնորհակալիքով մը։ Երբ ան վերջացուց, միւս սեղանակիցը ելաւ, խոնարհութիւն մը ըրաւ Սրբազանին առջեւ եւ պահարան մը երկարեց։ Այս ալ ելեւմտական նախարարը պիտի ըլլար։ Պահարանը – հազար ոսկի – շէյխ Մչհեմին նուէրն էր հայկական դպրոցին։ Մեր նուէրը սեղանէն առաջ ներկայացուած էր արդէն։
Այս ամէնը երկու ժամ միայն տեւեց։ Ճաշէն ետք շատ չմնաց։ Դուրսի խուժանը մաքրած էր միսերն ու հացերը եւ կը սպասէր ցեղապետին։ Մչհեմը նոյն առոյգ ոստումով նետուեցաւ ձին, անգամ մը եւս ողջագուրուելէ ետք Սրբազանին հետ։ Մեզմէ ոչ մէկուն ձեռք չէր տուած ոչ երէկ, ոչ այսօր։ Այս մասին երբ հարցուցի բժիշկ Զաքարին, չկրցաւ գոհացուցիչ բացատրութիւն մը գտնել անապատի իր համայնագիտարանէն։ Բոլոր գիտութիւններն ալ ի վերջոյ սահման մը ունին, իսկ անապատը միշտ պահած է իր խորհուրդը...
Վերադարձի մեր ճամբան Տէր Զօրէն էր եւ այլեւս պէտք չունէինք Եփրատը լաստով անցնելու։ Այնտեղ կամուրջ կար։
Ռագգան կը թողունք։ Տեղացի քանի մը տասնեակ հայեր խմբուած են մեր մեքենաներուն շուրջ եւ ողջերթ կը մաղթեն։ Անոնց մէջ է նաեւ քիչ առաջ մեզի սեղանակից հոգաբարձուներէն երիտասարդ մը, որուն յանձնած է Սրբազանը Մչհեմին հազարանոց պահարանը։ Երիտասարդը մեր ինքնաշարժին քով թեւը կը շարժէ անվերջ «երթաք բարի»ներով, բայց պահարանը դեռ ձեռքն է եւ շարժումներուն հետ հովահարի պէս կը տատանի։
Դարձեալ Հերարտեանն է, եռուն ու անհանգիստ խառնուածքին մղումով – ու նաեւ լեղի սրամտութեանց ճաշակէն – որ երիտասարդին նետած իր խօսքով կը ճշդէ անապատէն հանուելիք բարոյականը.
– Ծօ՛, շուտ գնա պահէ տեղ մը, ատիկա քեզի տուողները ետքը կու գան կը կողոպտեն...


Շար. 26
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝