Յայտարարութիւն

Wednesday, September 2, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-27-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԸՆԿԵՐՍ ՆՇԱՆԸ

Մեր վերջին տարուան առաջին օրն է, Հալէպի Հայկազեան վարժարանին 6րդ կարգը, աւարտականը, ուղիղ 52 տարի առաջ։ Երեսուն հոգինոց դասարան մը, որ խայտաբղէտ տեսք մը ունի։ Աւելի շատ խառնակ ամբոխի մը երեւոյթը կը պարզէ, քան թէ շրջանաւարտ աշակերտութեան մը պատկերը։ Անհամաչափ տարիքներ, անհամաչափ կարողութիւններ։ Մեր մէջ կան որ դպրոց բառը «թ»ով կը գրեն, եւ ուրիշներ որ յաջողած են թերթերու մէջ բանաստեղծութիւններ տպել։ Յայտնապէս, վարի կարգը նորեկներուն տեղ բանալու համար մէկ անգամէն երկու-երեք տարի դասարան կրկնողները, անկարները, ապուշները։
Դասերը չեն սկսած։ Պակաս ուսուցիչներ կան, նորեր, եւ խմբուած տեսչարանին մէջ, տենդագին դասացուցակներ կը պատրաստեն։ Մենք ընելիք չունինք։ Օրուան մեծ մասը դաստիարակ ուսուցիչն ալ մեզի հետ չէ եւ Նշանը հսկիչ կարգած է որպէսզի յարաբերական խաղաղութիւնը պահպանէ եւ խանգարիչներուն անունները գրէ։ Նշանին այդ հանգամանքը տրուած է ոչ միայն տարիքով դասարանին մեծը ըլլալուն համար, այլ արդէն իսկ նոր կազմուող սկաուտներու եռանդուն անդամներէն, ծանօթ է կարգապահութեամբը եւ վստահութիւն կը ներշնչէ ուսուցիչներուն։
Այսպէս պիտի շարունակուին քանի մը օրեր, մինչեւ որ դպրոցը իր բնական ընթացքին մէջ մտնէ եւ զգանք թէ բացի անառակութիւններէն, նաեւ սորվելիք դասեր ունինք։
Ներս կը մտնէ պարոն Իւլիպէյեանը, տետրակ մը ձեռքը, ու կ՚անցնի ամպիոնին, Նշանը ղրկելով իր տեղը։
– Տղաքս, ձեր վերջին տարին է այս դպրոցին մէջ։ Մեր վարժարանը ներքին կանոնագիր մը ունի։ Մինչեւ հիմա չէիք գիտեր, բայց լաւ է որ գիտնաք եւ ըստ այնմ պահէք դուք ձեզ։ Եւ կը սկսի կարդալ։ Յօդուած 1, յօդուած 2... տաղտկալի բաներ։ Բայց յանկարծ՝ յօդուած 8.- «Դասարանը գաղտնի քուէարկութեամբ կ՚ընտրէ իր դասարանապետը, որուն պարտականութիւնն է...» եւն.։
Աւարտելէ ետք, տեղը կու տայ Նշանին ու կ՚երթայ։
Յաջորդ օրն իսկ ոտքի կ՚ելլեմ։
– Ներողութիւն, պարոն, մենք քուէարկութիւն կ՚ուզենք։
– Ատ ուրկէ՞ հանեցիր։
– Դուք ըսիք, պարոն... 8րդ յօդուածը...
– Ես ատիկա կարդացի՞ ձեզի...
– Այո, պարոն, կարդացիք։
Երկա՜ր լռութիւն մը։ Ես դեռ ոտքի եմ։ Տղաքը, սպասողական, փոխնիփոխ կը նային ինծի եւ կը դառնան ուսուցչին կողմը։ Սառուցեալ պահ մը։ Ի վերջոյ, կացութեան հետ ակամայ հաշտուողի դէմքով եւ մեղմ ձայնով մը կ՚ըսէ.
– Լաւ, թուղթերը բաժնեցէք։
Երեսուներեք քուէներու բացարձակ միաձայնութեամբ՝ դասարանապետ եմ։ Մէկ քուէ պակաս չէ։ Անշուշտ, ես ալ ինծի քուէ տուած եմ։ Բայց զարմանալին՝ ուրեմն Նշանն ալ գրած է անունս։ Արդիւնքը այնքան ալ հաճելի չի թուիր ուսուցիչին, բայց համակերպած, գլուխը կը շարժէ ու կ՚երթայ, բարձր ամպիոնը զիջելով նորընտիր դասարանապետին։
Հպարտ ու գոհունակ, կը դիտեմ կուռ շարքերս, եւ հեղինակութեանս բարձունքէն առաջին գործս կ՚ըլլայ տաղաչափեալ գահաճառ մը, որ պատրաստած եմ գիշերային ներշնչումով.

Ազատ քուէն այն օրից
Երբ հաճեցաւ զիս ընտրել
Եւ անարժան իմ անձին
Իշխանութիւն պարգեւել՝
Նախկին խօսքը որ կ՚ըսեմ
Չէ՛ □լուռ կեցէք□, կամ □խելօք□,
Ազատութի՜ւն ձեզ կու տամ
Կեցցէ ազատ ամէն ոք։

Խանդավառ ծափեր ողջունեցին ելոյթս։ Յետոյ, կարծիքի փոխանակութիւններով որոշեցինք արշաւանք մը կատարել մեր դիմացը գտնուող 5րդ դասարանին վրայ, առաջին օրէն հաստատելու համար մեր գերակշռութիւնը, բայց ուսուցիչ մը կար հոն, եւ պէտք էր սպասել անոր մեկնումին։ Տախտակէ նստարաններուն վրայ սովորութիւն էր որ տունէն պզտիկ բազմոցներ բերենք մեզի հետ։ Այդ բազմոցները սկսան օդին մէջ պարել, նախքան հինգերորդցիներու գլուխներուն իջնելը։ Յետագային, այդ բարձիկները շատ հարուածներ տուած են դրացի դասարանին մէջ, որմէ կը խուսափէր միայն պզտիկ Սիմոնը, ապագայ Զարեհ Կաթողիկոսը, գրասեղաններուն տակ սպրդելով։ Կռիւը սակայն երթալով կ՚աճի։ Բազմոցներուն հետ պոռչտուքներ, աղմուկ, մանաւանդ փոշի։ Հսկիչը, անայլայլ, իր տեղն է, իր դերին մէջ, ու երջանիկ՝ կը դիտէ իր գործը...
Յանկարծ դուռը բացուեցաւ եւ ներս խուժեց պր. Իւլիպէյեանը, հեռագրական սիւնի մը պէս բարձր հասակով։ Քիչ մնաց որ թռչող բարձերէն մէկը հանդիպի իրեն։ Բռնեց ականջէս եւ վար քաշեց պոռալով.
– Հսկիչ կ՚ուզէիր ըլլալ հա՞, որպէսզի ձեր ստորին բնազդներուն գոհացում տաս, այնպէս չէ՞։
– Ստորին բնազդներ չեն ըսեր, պարոն,– կը բողոքեմ ես, փորձելով ազատել ականջս եւ շեղելով նիւթէն։
– Սըւո՜ր նայեցէք։ Դեռ երես ունի, եւ կը համարձակի հայերէնս ալ սրբագրել (մեր հայերէնի ուսուցիչն է եւ լաւ ուսուցիչ մը)։ Ուժգին ապտակ մը կու տայ ծոծրակիս եւ կը գոչէ.
– Թիւսիւզեա՛ն, հոս եկուր, այս դասարանին հսկիչը դուն ես եւ վա՜յ անոր որուն անունը տաս ինծի...
Նշանը, յանցաւորի պէս կ՚երթայ ամպիոնին, գետին նայելով։
Իսկ ուսուցիչը, ոխակալ նայուածքով մը կշռելէ ետք դասարանը, մեկնած պահուն դրան մէջ պահ մը կանգ կ՚առնէ, յատկապէս ինծի կը նայի ու կ՚ըսէ.
– Կարծեմ այս տարի դպրոցէն վռնտուողներ պիտի ըլլան...
Յանցաւորը ես չեմ, եթէ չիրագործուեցաւ իր բարեպաշտ նախատեսութիւնը...

*
* *

Դպրոցէն ետք, տարի մը չանցած, Հայ Ճեմարանը բացուած էր ու ես Հալէպ չէի, եւ Նշանն ալ հոն չէր։ Դասերուն մէջ ոչ այնքան փայլուն, բայց գործնական միտք եւ ահռելիօրէն նախաձեռնող ու չարքաշ, կրցած էր համոզել մեծ եղբայրը որ... քամիօն մը գնէ իրեն։ Շօֆէօ՞ր ըլլալու համար։ Ոչ։ Քանիցս լսած էի իրմէ, դպրոցական սեղաններէն.
– Պարսկաստանի մէջ քամիօն մը ունենաս՝ մէկ տարիէն գինը կը հանես, քաղաքէ քաղաք ապրանք փոխադրելով։ Դուն շօֆէօրին քովը նստիր եւ գնա։ Երկրորդ տարին մէկ մեքենան երկուք կ՚ըլլայ։ Յետոյ երկուքը չորս։ Դուն ընելիք չունիս։ Կը սակարկես եւ կը գանձես...
Եւ նոփ նոր բեռնատար մեքենայի մը տիրացած – Աստուած գիտէ, պր. Խոսրովը քանի հարիւր դեղին ոսկիներ վճարեց այդ մեքենային – շօֆէօր մըն ալ հետը, մեր ցամաքային Գոլոմպոսը գնաց Պարսկաստանի մէջ Ամերիկայի գիւտը ընելու եւ Հնդկաստանի բարիքներուն տիրանալու։
Տարի մը թէ երկու տարի ետք, արձակուրդի շրջանի մը, Հալէպ, պատահաբար կը հանդիպիմ Նշանին։ Անճանաչելի էր։ Նիհար, դողդոջ, ընկճուած եւ դառնագին։

Շար . 27
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝