Յայտարարութիւն

Thursday, September 3, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -28- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

– Այս ի՞նչ է, Նշան, ի՞նչ պատահեցաւ։
– Եկուր պարտէզները երթանք, հոն կը պատմեմ։
Գացինք խարաֆի մը քով նստանք։ Պատմելիք շատ բան չունէր, թէեւ շատ խօսեցաւ, ու երկար, շատ երկար։ Նշանին բնաւորութիւնն էր արդէն։ Տասը բառով ըսուելիքը յիսուն բառի կը վերածէր, մտածումները իրար կը հրմշտկէին, ետքէն ըսուելիքը առաջ կ՚ըսուէր եւ խառնաշփոթ նախադասութիւններու մէջ էականը կը կորսուէր։ Դատողութիւնները ճիշդ էին, արտայայտութեան կերպերը՝ մանուածապատ։ Այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ։ Նշանը մօտէն ճանչցողները գիտէին թէ միշտ գործնական եւ ուղիղ կը դատէ, բայց չգիտցողներուն աչքին աւելորդաբանութիւններ կ՚արտասանէր։ Իր անկապ խօսքերը ողջմիտ մտածումներուն խանգարիչներն էին։ Այսպէս էր Նշանը, մանաւանդ ժողովներու մէջ։
Հասկցածս այն եղաւ, որ կատարեալ ձախողանք մը եղած է Պարսկաստանի արշաւանքը, բոլոր յոյսերը ի դերեւ ելած են, մեքենան իր չորս անիւներով հալած գացած է եւ աւելի ողբերգականը՝ ծանր եւ նեղացուցիչ տիզանդերի մըն ալ բերած է հետը ու հիմա կը չարչարուի։ Մեր այդ հանդիպումին, երկու անգամ ստիպուեցաւ ծառի մը ետեւ «առանձնանալ», թուղթի կտոր մը ձեռքը, դէմքի կծկումներով։ Բայց ֆիզիքական ցաւէն աւելի կը տառապէր իր անյաջողութենէն։ – «Եղբօրս առջեւ պզտիկ մնացի», քանիցս կրկնեց այդ խօսքը։ Ամիսներով դարմանուեցաւ եւ հազիւ բուժուած՝ սկսաւ աշխատիլ, մոլեգնօրէն։ Ի՛նչ գործ որ հանդիպեցաւ, չմերժեց։ Ի՛նք հետապնդեց աշխատանքներուն ամէնէն ծանրը, ամէնէն դժուարինն ու հասարակը։ Տեսած եմ Նշանը ճամբաներուն վրայ եւ կիզիչ արեւին տակ, ելեքտրական թելեր հաստատող բանուորներու խումբի մը մէջ։ Տեսած եմ Հալէպի փողոցներուն մէջ ձեռնակառքի մը վրայ տեսակ մը լուսատու նիւթ, քարպիթ ծախելը։ Այսպէս, քանի մը տարի, ջնջելու համար Պարսկաստանի «ամօթը», ցոյց տալու, որ եթէ հոն ձախողեցաւ, աշխատունակութեան պակասը չէր իր մէջ, այլ բախտին մէկ հարուածը, աննպաստ պայմանները։ Նշանենց գերդաստանէն քիչ մարդ կ՚ապրի այսօր, որ այդ շրջանը յիշէ։ Մեծերը չկան, եւ փոքրերը նոր ծնած էին կամ մանկապարտէզն էին։
Նշանը չէր գիտեր որ Պարսկաստանի իր երազին անփառունակ վախճանը ո՛չ Պարսկաստանն է, ո՛չ իր անճարակութիւնը, այլ տնտեսական համաշխարհային տագնապը, պատմական տիփրէշընը, որ Ամերիկայի մէջ ծայր տուած՝ հետզհետէ իր մագիլներուն մէջ պիտի սեղմէր ամբողջ երկրագունդը, ի վերջոյ յանգելու համար Երկրորդ Պատերազմին։

*
* *

Երկրորդ Պատերազմը...
Ահա՛ Նշանին մեծ թռիչքի պահը։ Եւ ի՜նչ թռիչք։ Օրական հազար, երկու-երեք հազար ոսկի կը շահի, եւ ասիկա՝ ամբողջ երկու տարիներ, շաբաթական երկու-երեք անգամ։ Ինչպէ՞ս կը շահին։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ դուք սրճարանը նստած սուրճ կը խմէք, կամ մեքենայ մը առած պտոյտի կ՚երթաք քաղաքէ մը ուրիշ քաղաք։ Բացատրեմ։
Այն օրերուն, Սուրիա-Լիբանանի մէջ սահմաններ չկան եւ երկու երկիրներու թղթադրամները նոյն արժէքը ունին հրապարակի վրայ։ Բայց ոսկեդրամը, ելեւէջներ կ՚ունենայ սակարանին մէջ, ենթակայ՝ պատերազմի յարափոփոխ փուլերուն, լուրերուն՝ որ երբեմն ճիշդ են, երբեմն սխալ։ Եւ ոսկեդրամը, կ՚ելլէ ու կ՚իջնէ։
Ոչխարի վաճառական մը եկաւ շուկայ, եւ դեղին ոսկի կը փնտռէ փոխելու համար իր թուղթերուն հետ – արաբը միայն մետաղին կը հաւատայ, ոչ թուղթին։ Նշանը հեռախօսով առտուընէ ստուգած է թէ Պէյրութի սակարանը 46ով բացաւ դեղին ոսկին։ Հալէպի մէջ 47 է կամ 48։ Յաճախորդին հետ իր զրոյցը.
– Քանի՞ ոսկի կ՚ուզես, հաճի։
– Երկու հազար պէտք է։
– Քանիի՞ կ՚առնես։
– Քանիո՞վ կու տաս։
– Ես 47ով կու տամ, բայց վաղը կէսօրին, ժամը 12ին յանձնելի։
Մարդը, պահ մը մտածելէ ետք, աջ թեւին բաց ձեռքը, հինգ մատներով, կուրծքին կը փակցնէ ու կ՚ըսէ հանդիսաւոր.
– Առի։ Ու կ՚երթայ գործին։
Ոչ թուղթ, ոչ ստորագրութիւն, ոչ իսկ կանխավճար – «առի» ու վերջացաւ։ Նշանը թաքսիով մը իրիկունը կը հասնի Պէյրութ, իր գործակատարին ձեռքով ապահովուած ոսկիները կ՚առնէ – կարծեմ Դանիէլ էր մարդուն անունը – եւ ճշդուած ժամանակէն առաջ կը հասնի Հալէպ, նոյն թաքսիով։ 2000 շահեցաւ։ Կը պատահի, որ 46 – անգլիական բանակը հարուած մը ստացած է գերմաններէն Թօպրուքի մօտ – բայց հաճին 47 կը վճարէ ու կ՚առնէ։ Մարդը 2000 ոսկի վնասով է, բայց երբեք չի պատահիր – չէ՛ պատահած – որ խօսքէն ետ դառնայ – «առի»։ Ոսկի կամ թուղթ դրամէն աւելի նուիրական բան մը կայ Հալէպի մէջ – տրուած խօսքը։ Վստահութիւնը։
Կը յիշեմ, Նշանենց ընդունելութեան օրերէն մէկը, ամէն ամսու 5ին։ Հարազատներէն զատ, մենք կանք քանի մը ընկերներով, եւ անբացակայ Զարեհ Սրբազանը։ Ուշ գիշերին դուռը կը զարնեն եւ աղջիկներէն Ալիսը կ՚երթայ կը բանայ։
– Պապա՛, գիւղացի մըն է, քեզ կ՚ուզէ։
Պր. Խոսրովը դուրս կ՚ելլէ։ Ներսէն կը լսենք արաբերէն իր խօսակցութիւնը – «Հաճի, ներս հրամմէ, սուրճ մը առ»։ Մարդը չի գար եւ պր. Խոսրովը ետ կը դառնայ, լեցուն տոպրակ մը ձեռքը ու բարձր բռնելով կ՚ըսէ.
– Քանիի՞ կ՚առնէք։
Գիւղացիի մը բերածը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Տոպրակին մէջինը կամ հաւկիթ է, կամ պանիր կամ ատոնց պէս բան մը։
– Քեմէ՛...,– կ՚ըսէ Սրբազանը, յայտնապէս այդ համեղ սունկին կարօտով։
Կարճ կապելով, պր. Խոսրով կը բանայ տոպրակը։
Տոպրակին մէջ... երկու միլիոն սուրիական ոսկի կայ։ Մարդը ուշ ատեն հասած է Հալէպ, պանդոկ մը պիտի իջեւանի, եւ ապահովութեան համար բերած է պր. Խոսրովին, իր հայ բարեկամին մօտ պահելու։ Հայ-արաբ-քիւրտ, նոյնիսկ թուրք՝ Հալէպի աշխարհը եւ մարդէ մարդ տիրող վստահութիւնը...
Եւ սակայն, Նշանը մատներով դրամ համրելու եւ դրամներ փոխանակելու համար չէր ծնած։ Իր աշխարհը ուրիշ էր։ Կը շահէր, բայց ինքն իրմէ գոհ չէր։ Գործ մը, որպէսզի իրական գործ համարուի, պէտք է որ երկու ձեռքերդ, թեւերդ միասին աշխատին, եւ ճակտէդ քրտինք հոսի։ Յոգնութիւն չպատճառող գործը գործ չէ։ Օճառի ֆապրիք մը հաստատեց, նախ վարձու տեղ մը, յետոյ սեփական հողի վրայ եւ փառաւոր շինութեամբ մը։ Պարսկաստանի աղէտին յիշատակը ընդմիշտ մոռցուած, ջնջուած՝ հիմա կրնայ նոր նախաձեռնութիւններու սկսիլ եւ պր. Խոսրովին համարումը բարձր է կրտսեր եղբօրը հանդէպ։ Միայն մէկ անգամ տեսած եմ երկու եղբայրներու տարակարծութիւնը, կատարեալ վէճ մը, հետեւեալ պարագաներու տակ։ Նշանը հող մը գնած է Սեպիլի մօտերը եւ կալուածաթուղթը պատրաստել կու տայ եղբօրը անունով։ Ատոր համար պր. Խոսրովը ստիպուած է խանութը ձգել եւ պաշտօնատուները երթալ ստորագրելու։ Իրապէս ջղայնացած, կը պոռթկար Նշանին վրայ.
– Ծօ՛, սկաուտներուն համար ըլլայ՝ չորս ոտքով կը վազես կ՚երթաս։ Իմ անունիս ըրիր, որպէսզի քեզի գործ չմնայ եւ ակումբ երթաս։ Ինչո՞ւ քու անունովդ գրել չես տար...

Օճառը մաքրուելու համար է, բայց օճառին պատրաստութիւնը՝ աղտեղութիւններու կուտակում մը։ Տեղ մը մեքենաներ ձիթապտուղի կուտերը կը ճմլեն քիթ ծակող հոտերու մէջ, ուրիշ տեղ մը դժոխային կաթսայ մը կ՚եռայ ու դժնետեսիլ երկու մարդիկ կը խառնեն տախտակէ երկար թիերով, ամէն կողմ աղմուկ-իրարանցում, տեղ մը եփած խմորը կը հոսի կաղապարներու մէջ, ուրիշ տեղ կուտակուած են չորնալու համար, բառնատար մեքենաներ կու գան ու կ՚երթան, եւ այս բոլորին մէջ պէտք է հետազօտւթիւն կատարել զանազանելու համար Նշանը, աղտոտ հագուստներով եւ մրոտած դէմքով բանուորներուն մէջտեղ։ Երջանիկ է սակայն։ Իր տարրին մէջ է։ Նշանն է...

Շար. 28


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝