Յայտարարութիւն

Friday, September 4, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-29-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ներգաղթի արձանագրութիւնները սկսան։ Առաջին գրուողներէն եղանք Նշանին հետ։ Իմ թիւս 149 էր, Նշանինը՝ 150։ Արձանագրուելու համար մէկ ոսկի պէտք էր տալ։ Աննշան գումար մը, բայց ատոր շուրջ ալ առարկողներ կային։ Նշանը քանի մը հարիւր ոսկի դրաւ սեղանին, «չունեցողներուն» համար, թէեւ կարելի չէր մտածել թէ մէկ ոսկի չունեցող մարդ կրնայ գտնուիլ։ Սեղանը շրջապատողներուն զարմանք կը պատճառէր, որ ծանօթ «յետադիմականներս» ոչ միայն կ՚արձանագրուինք Հայաստան երթալու, այլ նիւթապէս կ՚ուզենք օգնել ուրիշներուն։ Այն օրերու «յառաջդիմական» ուղեղներուն համար ըմբռնելի չէր ատիկա...
Արձանագրուելու եկած էր նաեւ մատամ Լուսիկը։ Մատամ Լուսիկը չճանչցող չկար։ Երիտասարդութեանը՝ թատրոններու մէջ թուրքերէն երգող յայտնի երգչուհի մըն էր, բնիկ պոլսեցի եւ մաքուր հայախօս։ Հիմա, տարիքը առած, խումբ մը աղջիկներու «մայրիկն» էր եւ քապարէ մը կը բանեցնէր։ Սատանան երբ ծերանայ, կ՚ըսեն, ճգնաւոր կը դառնայ։ «Արթիսթ»ներն ալ երբ ծերանան, կ՚ըլլան փաթրօնա։ Այնպէս որ, այդ կնոջ ներկայութիւնը հոտ, ներգաղթի գրասենեակին մէջ, քիչ մը տարօրինակ էր եւ հեգնական սրախօսութիւններու առիթ կու տար։
Ներկաներէն մէկը, քիլիսցի երիտասարդ մը, հարցուց, անտաշ եւ կոպիտ թուրքերէնով, ու հեգնական.
– Մատամ Լուսիկ, հասկնանք, դուն ի՞նչ «գործով» Հայաստան կ՚երթաս,– երկիմաստ ժպիտներով եւ շեշտը «գործ» բառին վրայ։
Մատամ Լուսիկը, արժանաւոր եւ վեհ կեցուածքով մը.
– Քեզի պէսներուն հայերէն խօսիլ սորվեցնելու համար...

*
* *

Իրիկուն մը ակումբ կը մտնեմ ու Լեւոն աղան դէմս կ՚ելլէ, յայտնապէս բորբոքած եւ անհամբեր.
– Թուրքիայէն փախած մարդ մը եկած քովս նստած է... չորս ժամ է քեզի կը սպասէ...
Լեւոն աղան՝ ակումբին սրճեփն է, տարօրինակ ու կամակոր ծերուկ մը, որ իր բաժնած սուրճերուն չափ օղի կը խմէ ներսը, խոհանոցին մէջ, օրուան բոլոր ժամերուն։ Ակումբի վարչութեան սիրելին չէ, քանիցս փորձած են արձակել զինք, բայց Նշանին հետ մեր պաշտպանեալն է ու կը մնայ։ Դուն սուրճ ուզեցիր, բերածը թէյ է.
– Լեւոն աղա, սխալ բերեր ես, ես սուրճ ուզեցի։
– Վնաս չունի, օդը պաղ է, չայ խմեցէք։
– Լեւոն աղա, սուրճէն աւելի շաքար դրեր ես, չի խմուիր։
– Շաքարին շատը մարդու վնաս չի տար։
Ջարդերու ատեն անգամ մը մորթուած բայց չմեռած մարդ մըն է։ Վիզին վրայ, առջեւէն մինչեւ ծոծրակին կէսը, կարմիր ժապաւէն մը կապուած ըլլայ կարծես։ Դանակին հետքն է։ Քսան ընկերները մէկիկ-մէկիկ մորթած ու փոս մը լեցուցած են։ Դիակներուն տակ, ապրած է Լեւոն աղան եւ փրկուած։ Մեծ Եղեռնէն ապրող եւ շնչող մէկ յուշարձանը։ Սուրճ կ՚եփէ, օղի կը խմէ եւ չհաւնած մարդոց ետեւէն կը հայհոյէ։
Տեսնելով որ կը դանդաղիմ խոհանոց երթալու, կը ջղայնանայ.
– Ճանը՛մ, եկուր սա մարդը հանէ քովէս, գործիս նայիմ։ (Թարգմանութիւնը – թող երթայ, որ օղիիս սկսիմ)։
– Լեւոն աղա, զարմանալի ես, այնքան սենեակներ կան, սրահը կայ, բակը կայ, ինչո՞ւ խոհանոցը նստեցուցեր ես մարդը, այն ալ չորս ժամ։
– Ինչ գիտնամ։ Չուզեց դուրսը նստիլ։ Իլլէ հոս կը կենամ ըսաւ։ Մարդու երեւիլ չ՚ուզեր։
Իմ տարիքովս, թերեւս քիչ մը աւելի մեծ, յաղթակազմ երիտասարդ մըն էր։ Երբ առանձնացանք հետը, պարզուեցաւ որ մեր որբանոցէն է, նոյն օրերուն միասին գտնուած ենք Հալէպ, բայց իրար չճանչցանք։ Մասնաւոր զիս փնտռելու չէ եկած, այլ կը դիմէ «ակումբին»։
– Ո՞ր սահմանէն Սուրիա մտար,– կը հարցնեմ
– Համայէն,– կ՚ըլլայ պատասխանը։
Իսկ Համան, Սուրիոյ ճիշդ կեդրոնն է։ Կը նմանի, որ մէկը ըսէ թէ Ֆրանսա մտաւ Փարիզի կամ Լիոնի «սահմաններէն»։
– Ուրեմն... երկինքէն իջար...
Կը ժպտի, գլխու հաստատականով։
Թուրքիայէն չէ, Յունաստանէն ղրկուած չորս ընկերներ են, մէկը իտալացի։ Երեք օրէ ի վեր կը գտնուին Հալէպ, ապաստանած են հայու մը տունը, որ խոստացած է իրենց ինքնութեան թուղթեր ապահովել, բայց վստահութիւն չունին։ Չորսին մէջ միակ կուսակցականը ինք ըլլալուն, եկած է թաքստոց փնտռել ակումբը։
– Պահուելիք տեղ մը գտէք մեզի եւ կը վճարենք։ Դրամ ունինք, բայց պանդոկ չենք կրնար...
– Ակումբը դրամով մարդ չի պահեր,– կ՚ըսեմ չոր,– բայց խնդիրը հոտ չէ։ Եթէ երեք օրէ ի վեր քաղաքն էք, անկարելի է որ աննշմար անցած ըլլաք։ Լրտեսներ կը վխտան քաղաքին մէջ։ Ու յետոյ, քանի որ կուսակցական ես, գիտցիր մեր կուսակցութեան դիրքը։ Մենք Գերմանիոյ դէմ ենք եւ դաշնակիցներուն հետ։ Ձեզ ղրկողը ով ալ եղած ըլլայ, Դրօն կամ ուրիշ մը, այստեղ չէք կրնար «աշխատիլ»...
Մտահոգ եմ, թէեւ նորութիւն չէ եւ նախընթաց մը ունինք։ Քանի մը ամիս առաջ եկած են ուրիշ երկու հայ տղաք, միշտ «երկինքէն»։ Համաձայնութիւն մը ունինք անգլիացիներուն հետ։ Մեզի եկող գերմանական լրտեսները կը յանձնենք իրենց, քանի մը շաբաթ կը պահեն եւ յետոյ պարտադիր բնակութեան կը դատապարտեն Լիբանանի մէջ գիւղ մը, ապրուստի համար ամսական 300 ոսկի վճարելով անոնց։ Այդպէս եղաւ առաջին անգամ։ Բայց հիմա իրիկուն է, միւս ընկերները չենք գիտեր ո՞ւր են։ Ի՞նչ ընել։ Ատուրին կ՚երթամ, պատուիրելով տղուն որ հոտ մնայ եւ դուրս չելլէ։ Մեր խորհրդակցութեան արդիւնքը կ՚ըլլայ հետեւեալը.– Ակումբ չպահել եւ ժամ առաջ դուրս հանել։ Գիշերը պահել տեղ մը եւ առաւօտ կանուխ տանիլ Մէյճըր Ալթունեանին։
Բայց ո՞ւր տանիլ։– Նշանը տեղ մը չունի՞,– ըսաւ Ատուրը։ Այո, ամէնէն յարմարը Նշանին գործարանն է։ Գործի եղանակը չէ արդէն։ Պատրաստ օճառները բուրգերով դիզուած են չորնալու համար։ Նշանն ալ Պէյրութ կը գտնուի եւ մեծ դրան բանալին քովս է, որովհետեւ պարտէզին մէջ թաղուած «բաներ» կան, որոնց տեղի միայն Նշանը եւ ես գիտենք։
Ձիով կառք մը առած, մեր հիւրին հետ կ՚երթանք հոն։ Բարեբախտաբար մութ է, փողոցի լոյսերը կապոյտ ներկուած են եւ մարդ մարդու երես չի կրնար տեսնել։ Կը մտածեմ, թերեւս անօթի է, եւ ճամբան, հազիւ թէ անուշավաճառի մը խանութէն գնում մը կրնամ ընել։
– Այս գիշեր հոս կեցիր, առտուն կու գամ։
Եւ դուռը վրայէն կղպելով կը մեկնիմ։

Առաւօտ կանուխ... Թուղթէ տոպրակի մը մէջ մայրիկիս խաշած երկու հաւկիթները, հաց-պանիր՝ կ՚երթամ...Հեռուէն, կառքին մէջէն տեսայ եւ հասկցայ... Երկու հրասայլեր կան գործարանին առջեւ... Ֆրանսացի զինուորներ...
Կամացուկ մը կառքը ետ կը դարձնեմ ու ձիերը դոփելով կը հասնին Ատուրենց տունը։ Շնչատ, միակ խօսքս.
– Մարդը բռնեցի՜ն...
Անմիջապէս կ՚երթանք Մէյճըրին, պարզելով կացութիւնը։ Շուն շան որդին մեզմէ առաջ գիտէ պատահածը։ Արաբիոյ հռչակաւոր Լօրէնսին աջ բազուկն էր արդէն Առաջին Պատերազմին, եւ նուազ կարեւոր չէ իր դերը Երկրորդին, արաբական աշխարհին մէջ։
– Ես բան մը չեմ կրնար ընել,– կ՚ըսէ,– ֆրանսացիներն են... Եւ դժգոհ, կը մռլտայ.– «Այս ամբարտաւան տը կօլիսթներուն հետ չի խօսուիր արդէն»։

Շար .29
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

1 comments:

Anonymous said...

Անդրանիկ Ծառուկյանը հայ արձակի հրաշափառ վարպետներից :
Կրկին կարդում եմ ապրելով նույն հաճելի պահերը:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝