Յայտարարութիւն

Saturday, September 5, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -30-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Իրմէ կ՚իմանանք, թէ նոյն գիշերը ձերբակալուած են միւս երեքն ալ, բայց մեր մարդուն ձեռք չեն տուած, յուսալով որ իր շնորհիւ ուրիշ մեղսակիցներ կրնան գտնել։
Կէսօրէ ետք, Պէյրութի օթոմոթրիսէն իջած պահուն կը բռնեն նաեւ Նշանը եւ ձեռնակապերով կը տանին... ո՞ւր, չենք գիտեր։ Ամբողջ շաբաթ մը չգիտցանք Նշանին ուր տարուիլը։ Ապահովութեան շէ՞նքը, Խան Ստամպուլի բա՞նտը...
Այդ օրերուն պէտք էր տեսնել խեղճ պր. Խոսրովին վիճակը։ Անէացած էր։ Դարձդարձիկ խողովակներէ վերջապէս իմացանք թէ Ընդհ. Ապահովութեան շէնքին մէջ է Նշանը եւ թէ անվերջ կը ծեծեն ու կը հարցաքննեն։ Անգամ մը եւս գացինք Մէյճըրին։ Այս անգամ, մեզ հազիւ լսեց եւ մեծ խանդավառութեամբ սկսաւ կարդալ գիշերը գրած... բանաստեղծութիւնները, յատկապէս ինծի համար, մոռնալով որ ես անգլերէն չեմ հասկնար։ Հետը թուրքերէն կամ ֆրանսերէն կը խօսէինք։
– Ասոնք կրնաս հայերէնի թարգմանել,– ըսաւ Ատուրին։
Ատուրը եւ բանաստեղծութիւնը... Բայց խոստացաւ։ Եթէ պէտք ըլլար, այդ պահուն պատրաստ էինք չորս ոտքի վրայ քալելու իր առջեւ, միայն թէ Նշանը փրկուէր։ Նշանը, Նշանը, նշանը... Չմոռնամ ըսելու, որ Մէյճըրին այդ հնչեակներէն քանի մը հատը իրապէս թարգմանուեցաւ յետագային եւ թարգմանողը եղաւ ոչ թէ Ատուրը, այլ... Յակոբ Օշականը։ Բայց մինչ այդ՝ Նշա՛նը...
Հակառակ իր հմայթափ, զինաթափ, վերջալուսային օրերուն, դարձեալ աննման Ժագ Սարվօն էր որ յաջողեցաւ բաներ մը ընել։ Անշուշտ չկրցաւ Նշանը փրկել Ապահովութեան մագիլներէն, բայց յաջողեցաւ կարգադրել որ փոխադրուի բանտին հիւանդանոցը, միշտ ձերբակալեալ վիճակով։
Բերդին մօտ, պետական հիւանդանոցին մէկ մասը բանտի վերածուած էր եւ Նշանը հոն փոխադրեցին։ Հազար ու մէկ միջամտութիւններով եւ անխուսափելի կաշառքներով, յաջողեցանք պր. Խոսրովին հետ տեսնել Նշանը, միայն մէկ անգամ, այն ալ միայն չորս վայրկեան։ Մեզ տանողը – Ապահովութեան պաշտօնեաներէն մէկը, ամէն անգամ դռնէ մը անցնելնուս կանգ կ՚առնէր եւ մեզի կը նայէր ու պր. Խոսրովը հարիւրնոց մը կը սահեցնէր պահակին ձեռքը. ով գիտէ ինք եւ իր պետը քանի՜ հազարներ ստացած էին, բայց պր. Խոսրովը այդ մասին բան չըսաւ ինծի – մեր առաջնորդը ուրեմն, բազմաթիւ նրբանցքներէ անցնելով, ի վերջոյ հասցուց դրան մը առջեւ, ուր սուինաւոր սենեկալցի զինուոր մը պահակ կեցած էր։ Անոր ականջին բաներ մը փսփսաց եւ թոյլ չտուաւ, որ պր. Խոսրովը դրամ տայ։ Իր գրպանէն հանեց շոքոլայի մեծ կտոր մը եւ տուաւ, որուն վրայ տեսանք սեւ զինուորին ճերմակ ակռաներուն փայլը եւ ժպիտը։
Ցած, մութ, կամարակապ սենեակի մը մէջ, մահճակալին փռուած էր Նշանը, կռնակի վրայ։ Պատուհան չկար։ Նախ կարծեցի թէ կօշիկներով պառկած է, բայց երբ աչքերս վարժուեցան, տեսայ որ բոպիկ է։ Այնքան ծեծած էին ֆալախայով, որ ներբանները սեւ սմբուկի գոյնը ունէին եւ սոսկալի ուռած էին։ Մէկ ձեռքով կը շփէր կուրծքը ու կը տքար։ Պր. Խոսրովը մօտեցաւ եւ լացակամած շշունջով մը.
– Ինչպէ՞ս ես, Նշան...
– Լաւ եմ... բան մը չէ... հոգ մի ըներ... կ՚անցնի...
Փորձեց նստիլ, բայց չկրցաւ եւ ցաւի հառաչ մը արձակեց, ակռաները սեղմելով։ Աղտոտ բարձ մը ունէր, խոտով լեցուած տոպրակ մը։ Ես երկուքի ծալլեցի եւ գլխուն տակ զետեղեցի, որպէսզի ուղիղ կարենայ նայիլ.
– Քեզ կանչեցի՞ն,– ըսաւ Նշանը ինծի դառնալով։
– Ոչ, կանչող չեղաւ, ուրիշ մէկը չտարին։
Այսքան։ Պահակը եկած էր եւ արդէն մեզ դուրս կը հանէր։ Պր. Խոսրովին հետ քալեցինք Պապ-էլ-Ներապի նեղ փողոցներէն, առանց խօսելու։ Թոյլ չտուաւ որ բաժնուիմ իրմէ։ Միասին իրենց տունը պէտք է երթայինք, տնեցիները վստահեցնելու համար թէ «Նշանը լաւ է, բան մը չունի եւ կ՚ազատի շուտով»։


Ամիսներ ետք Նշանը չազատեցաւ, բայց աքսորուեցաւ Րէյֆուն գիւղը։ Գիւղէն դուրս ելլելու իրաւունք չունէր։ Բանտարկուած չէր, բայց ազատ ալ չէր։ Հալէպէն երբեմն կ՚երթայի քովը։ Մոռցած էր ամէն ինչ, եւ պանդոկին մէջ նստած... սկաուտական գիրք մը կը պատրաստէր...

*
* *

– Սա ընկերոջդ ըսէ, աղջիկ մը թող գտնէ ամուսնացնենք, քառասունին կը հասնի կոր...
Պարոն Խոսրովն է։ Քոյրերուն եւ եղբօրը միակ օրակարգը՝ Նշանը ամուսնացնել։ Իսկ մերինը այդ մասին մտածած չունի։ Ոտքով ձեռքով փարած է սկաուտական գործին։ Կը կազմակերպէ, կը խօսի, ակումբ առաջին մտնողն է, վերջին ելլողը։
– Ասոր անկողինն ալ ակումբ ղրկեմ, թող իր սկաուտներուն հետ պառկի,– ըսաւ օր մը իրապէս ջղայնացած,– դեռ ինչի՞ կը սպասէ, մազերը սկսան ճերմկիլ։
Վերջապէս առիթը ներկայացաւ։ Նշանին մեծ քոյրը աղջիկ մը կը տեսնէ դուրսը, կը հաւնի եւ Նշանին ուշադրութեան կը յանձնէ։ «Գէշ չ՚երեւիր», կ՚ըսէ Նշանը, ինչ որ իր բերնին մէջ հաւանութեան նշան մըն է արդէն եւ գործի կ՚անցնինք։ Որոշ դեր մը ունիմ ես, որովհետեւ այդ ընտանիքին մօտիկ եմ։ Հիանալի զուգադիպութեամբ մը Կանաչեանին երգչախումբը Հալէպ եկած է, քանի մը փայլուն համերգներ տուած են եւ հիմա ողջերթի երեկոյթ մը կը սարքենք ի պատիւ իրենց։ Պր. Խոսրովենց բազմանդամ գերդաստանին սեղանը դրուած է սրահին գլուխը։ Այնպէս դասաւորած ենք, որ աղջկան ընտանիքն ալ քովը ըլլայ։ Նուագ, պար, խմիչք կայ եւ շէնշող մթնոլորտ մը, այնպէս՝ ինչպէս Հալէպի մէջ միայն կրնար ըլլալ... այն օրերուն։ Նշանը, ի հարկէ, սեղանին վրայ չէ։ Ըստ իր սովորութեան, անիկա կամ նուագախումբին հետ է, կամ պիւֆէին գլուխը, կամ հիւրերը կը տեղաւորէ, կ՚երթայ, կու գայ, գործի վրայ է, նշանն է...
Տուեալ պահու մը, ուրախութեամբ ճառագայթող պր. Խոսրովը խօսքը կ՚ուղղէ դրացիներուն.
– Ճանըմ, սա սեղանները միացնենք, ինչո՞ւ բաժնուած նստինք։
Այդ հրաւէրին կը սպասուէր արդէն։ Աղջիկը իրեններով կու գան, սեղանները կը միացուին եւ մէկ սեղան ենք։ Պր. Խոսրովը երանութեան մէջ է։ Սպասած օրը եկաւ։ Խանդավառ կը լեցնէ շամփայնի բաժակները, կենացներ, ժպիտներ։ Աղջիկտեսի արարողութիւնը յաջող ճամբու մէջ է։ Ես սեղանին ծայրն եմ, մէկ աչքս իրենց, միւսը խայտացող սրահին։
Յանկարծ, ետեւէս կսմիթ մը։ Կը դառնամ։ Չորս աչքեր ինծի կը նային, սպառնալից սուրերու պէս ծակող։ Լիւսի Թօսպաթն ու Եօլանտ Աճէմեանն են, կծկուած երկու վհուկներու պէս դաւադիր, աշխատելով որ սեղանէն ուշադրութիւն չգրաւեն, եւ իրարու կարգ չտալով կը սկսին, փսփսուքով.
– Ծօ՛ անխելք, այդ կապի՞կը կ՚առնէք կոր եղեր Նշանին...
– Չըլլա՜յ ատանկ բան ընես...
– Կը մորթեմ քեզ եթէ ատանկ բան ընէք...
– Նշանին անանկ աղջիկ մը տանք որ...
Հազիւ կը յաջողիմ հարցումս տեղաւորել.
– Բայց ո՞վ է, ո՞ւր է, ի՞նչ է...
– Սեդան, ահա հոն է, կը պարէ, Կանաչեանին աղջիկը։
Կը նայիմ ցոյց տրուած ուղղութեամբ։ Կատարեալ գեղեցկուհի մը։ Մեր աղջիկն ալ գէշ չէր, եւ շատ հեռու էր կապիկ մը ըլլալէ, բայց բաղդատութեան եզր չկայ Սեդային հետ։
– Բայց,– կ՚ըսեմ,– աղջիկը կ՚ուզէ՞, Կանաչեանը կ՚ընդունի՞։
– Դուն մեզի ձգէ, միայն թէ այդ կապիկը ճամբեցէք։
Երկու կախարդները եկածնուն պէս կ՚անհետանան իրենց անտեսանելի աւելներուն վրայ։ Լուսիին վերջին սպառնալիքը, ճանկերը վիզին վրայ.
– Ասա՛նկ կը խեղդեմ, եթէ այս գործը չխանգարես...
Կը դառնամ մեր սեղանին։ Պր. Խոսրովը առեր կ՚երթայ, եւ կարագ-մեղրի մէջ է «խնամիներուն» հետ, ուր է ուր չէ՝ կրնայ խօսք-կապին սկսիլ, մանաւանդ որ իր սովորութեան հակառակ քանի մը բաժակ պարպած է արդէն։ Իրեն հետ խօսիլ կարելի չէ, բաժնուած ենք լայն սեղանով։ Մօտս նստող քոյրերէն մէկուն կը հասկցնեմ, եւ կը թելադրեմ որ «բանակցութիւնները» առկախուին։ Ան քովինին, մինչեւ որ հասնի պր. Խոսրովին։ Կը նայի ինծի, զարմացած եւ հարցական։ Ակռաներս կը սեղմեմ եւ յօնքերս այնպէս մը վեր-վեր կ՚ընեմ, որ կրնան առաստաղին հասնիլ, ու կը մնամ այդպէս, սառած։ Մթնոլորտը փոխուած է։ «Հարսնցուն» կը տժգունի։ Ինծի համար փափուկ կացութիւն մը։ Միակ փրկութիւնը այդտեղէն փախուստ տալն է։
– Երթամ մէյ մը տեսնեմ Նշանը ինչ կ՚ընէ,– կ՚ըսեմ ու կ՚ելլեմ...
Այդ պահուն գիտեմ թէ դաւաճանները ինչ ապրումներ ունեցած կրնան ըլլալ...
Նշանը մէջտեղ չկայ, բայց կը հանդիպիմ Օննիկին – մեր երրորդութեան ամէնէն թուլիկը, բայց սրամիտը – եւ Սեդան ցոյց տալով կ՚ըսեմ.
– Ինչ կ՚ըսես, Նշանը կը հաւնի՞ ատոր։
Օննիկ պահ մը կը դիտէ ու կ՚ըսէ առանց ժպիտի.
– Գորշ գայլ մը տեսա՞ծ ես որ ճերմակ գառնուկ մը գտնէ եւ «հա՛ֆ» ընելով չլափէ...
Յաջորդ առաւօտ՝ օթոպիւսները Պէյրութ կը մեկնին առանց Կանաչեաններուն։ Նշանին նշան-պսակ-հարսնիքը՝ կայծակի արագութեամբ։
Քանի մը ամիս ետք, Պէյրութ եմ, Տիրանենց տունը։
– Մենք ձեզի աղաւնիի պէս աղջիկ տուինք,– կ՚ըսէ Եօլանտը։
– Մենք ալ ձեզի առիւծի պէս տղայ մը տուինք։
– Աղէկ ամմա, ձեր առիւծին ձայնը դեռ չլսուեցաւ,– կ՚ըսէ, չարաճճի ակնարկութեամբ մը տարիքներու տարբերութեան։
– Սպասէ ինը ամիս, ինը վայրկեան՝ եւ կը լսես մեր առիւծին մռնչիւնը Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ...
Ճշդուած օրին – ճշդապահութիւնը սկաուտներու տասնաբանեային մաս կը կազմէ – լսուեցաւ Ծովիկին ճռուողիւնը... յետոյ Վահէն, նոյն թափով, եւ միւսները։ Չորս զաւակ, հարուածային կարգով։

Շար . 30

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝