Յայտարարութիւն

Tuesday, September 8, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -33- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Երբ Ծնունդը մօտենար, Նշանին սիրալիրութիւնները կ՚աւելնային։ Ընդհանրապէս ես իրենց տունն եմ – պր. Խոսրովին աղջիկներուն եւ Կարպիսին հայերէնի մասնաւոր դասեր կու տամ – բայց Ծնունդի օրերուն Նշանը մեր տունն է, կերակուրի պահանջներ ունի – ի մեծ երջանկութիւն մայրիկիս – սինեմա կ՚երթամ՝ հետս է, սրճարան՝ քովս է։ Կը շոյէ, կը գուրգուրայ։ Կատարեալ դարպաս մը, եւ ի վերջոյ կ՚ըսէ.
– Սա ոտանաւորը ե՞րբ պիտի գրես, շատ ժամանակ չկայ...
Այդ օրերուն Նշանը ո՛չ խանութ կ՚երթայ եւ ոչ ալ ուրիշ գործի կը նայի։ Մէկ գործ ունի – Ծնունդի քարդերը։ Աւանդութիւն է։ Սկաուտները, բազմաթիւ խումբերու բաժնուած պիտի շրջին տունէ տուն – պարզապէս պիտի «սանտրեն» քաղաքը – եւ շնորհաւորական քարդեր ներկայացնելով, իրենց կղպուած գանձանակներուն մէջ նուէրներ հաւաքեն, ինչ որ Միութեան տարեկան պիւտճէին կարեւոր մէկ բացը կը գոցէ։ Քարդին վրայ՝ օրացոյց, նկար, եւլն., բայց ետեւն ալ բանաստեղծութիւն մը գրուած պէտք է ըլլայ։ Ատիկա՝ ես եմ, իսկ ձեռնարկին պատասխանատուն Նշանն է։ Սպայակոյտի հրամանատարի մը պէս, քաղաքին քարտէսը առջեւը, թաղէ թաղ խմբակներ կը ճշդէ, դասաւորումներ կ՚ընէ, պատուէրներ կու տայ... բայց քարդին բանաստեղծութիւնը կը պակսի։ Ահա թէ ինչու Նշանը փակած է ինծի եւ մեծարանքներով կ՚ողողէ։
– Քէպապի մը հետ ինչպէ՞ս ես այսօր։ Եթէ կ՚ուզես Սեպիլ երթանք։ Բայց ուրիշ մարդ չըլլայ, ես ու դուն, հոն կը գրես։
Նշանին խելքով, կարելի էր տեղ մը նստիլ հետը եւ տեղն ու տեղը բանաստեղծութիւն մը գրել։
– Նշա՛ն, այս բանը ապսպրանքով չ՚ըլլար, չես հասկնար։
– Եթէ ուզես, կ՚ըլլայ։
Օրերը կը մօտենան սակայն։ Նշանին սիրալիրութիւնները ջղայնութեան կը վերածուին։ Քէն կ՚ընէ։ Նորէն կը հաշտուի։ Կը պնդէ, կը հետապնդէ։ Պատահած է որ սրճարանը քովս նստի եւ ըսէ.
– Մինչեւ չգրես, այստեղէն դուրս ոչ դուն կ՚ելլես, ոչ ալ ես։
Այսպէս, հինգ վեց տարի, չափուած ձեւուած «ուխտ»եր գրած եմ Նշանին համար։ Այդ միջակութիւններէն ազատագրուած է միայն մէկը եւ դասագիրքերու մէջ անցած։ Մինչեւ այսօր կ՚արտասանեն հանդէսներու մէջ – «Ուխտ Արարատին»։ Գրողը ես եմ, բայց ոչ ոք գիտէ թէ ատոնց իրական հեղինակը Նշանն է...
Անգամ մը պատահեցաւ, որ Ծնունդէն երկու շաբաթ առաջ եւ առանց ապսպրանքի, պատրաստ բան մը ունենամ։
– Այս անգամ ալ ես անակնկալ մը ընեմ Նշանին,– ըսի Յարութիւնին – երրորդութեան մեր սեղանին չորրորդ ոտքը – թող ուրախանայ։
– Խե՞նթ ես,– ըսաւ Յարութիւնը,– ինչե՜ր կրնանք փրցնել։ Դուն ինծի ձգէ...
Կ՚երթայ Նշանին, թէ շատ աղուոր բան մը գրած եմ – «Թուղթ առ Երեւան»ին մէկ հատուածն էր – բայց որոշած եմ «Յուսաբեր»ին ղրկել։ Յարութիւնը սահմանած է նաեւ իմ կատարելիք դերս։ Կու գայ Նշանը, Օննիկին հետ, որ տեղեակ է դաւադրութեան։
– Սա գրածդ կարդա տեսնեմ։
– Կարեւոր չէ, ճանըմ, ես Ծնունդին ուրիշ բան մը կը գրեմ, այս մէկը թող թերթով տպուի։
– Քեզի կարդա՛ կ՚ըսեմ։
Անփոյթ, իբրեւ թէ չուզելով, կը հանեմ, կը կարդամ ու կը դնեմ գրպանս։
– Ծօ՛ խայտառակներ,– կ՚ըսէ Նանը,– ուզածնիդ ի՞նչ է, այն ըսէք, այդ գրութիւնը չառած չեմ երթար։
– Շիտակը կ՚ուզե՞ս,– կ՚ըսէ Յարութիւն,– մատամ Լուսիկին քապարէն հունգարացի արթիստներ եկած են, աքորտէօնով կը պարեն։ Գիշեր մը հոն կը հրաւիրես, կը վերջանայ։
– Քանիո՞վ կ՚ըլլայ։
– Երկու հարիւր մը կը բաւէ։
– Առէք, զըխըմ ըլլայ ձեզի։
Դրամները տուաւ, գրութիւնը առաւ, գնաց։
Ծնունդի գիշերը, մենք խումբով քապարէն ենք եւ կը խմենք Նշանին կենացը։ Իսկ Նշանը ո՞ւր է։ Ակումբն է, խեղդուած՝ յաղթական վերադարձող իր ջոկատներուն մէջ։ Մէկիկ-մէկիկ գանձանակները կը բանայ, դրամները կը համրէ, կ՚արձանագրէ, շատ բերողներուն «ապրիք»ներ կը բաշխէ, եւ այդպէս, ժամերով։
Ուշ գիշերին, երբ մենք արդէն լիառագաստ բացուած ենք քապարէին մէջ, յանկարծ ներս կը մտնէ Նշանը, մազերը խառնակ, քրտնած, յոգնած, անօթի, պայուսակ մը թեւին տակ։
– Այս տարի ռըքորը կտրեցինք։ Եօթը հարիւր ոսկի աւելի է անցեալ տարուան վրայ...
Չի նստիր մեզի հետ։ «Աւետիս»ը տալէ ետք, կը մեկնի երանութեամբ, իր գանձը շալկած։ Ռըքորը կտրեցինք...

*
* *

Անձնական հակառակորդ չունեցող մարդն էր Նշան։ Շատերուն հետ վէճեր կ՚ունենար, բայց չեմ կրնար պատկերացնել որ ոեւէ մէկը դառնացած ըլլայ իրեն դէմ։ Ժողովներու մէջ կամ լուռ էր, կամ ամէնէն շատ խօսողն էր։ Ընկերական վէճերու պարագային բուռն էր եւ յարձակողական, բայց տուեալ վէճէն դուրս անհատական գետնի վրայ հետք չէր թողուր իր դառնութիւնը, եւ ոչ ալ այպանած անձին մէջ։
Օր մը, խումբով հրաւէրի մը կ՚երթանք։ Նշանին հետ կը քալենք առջեւէն։ Մեր ետեւէն, երկու-երեք քայլի վրայ, կու գան Հրաչն ու Ատուրը։ Կը լսեմ Ատուրը, որ կ՚ըսէ Հրաչին, մեզի ակնարկելով եւ կեղծ լրջութեամբ մը, որ կատակելու իր ձեւն էր.
– Կը տեսնե՞ս այս երկու սրիկաները, մէկը իր դրամով, միւսը իր գրիչով այս քաղաքին տէր պիտի դառնան։
Նշանը արմուկով կը մխտէ կողիս.
– Լսեցի՞ր... լսեցի՞ր...
Առանց Նշանը մտիկ ընելու, կը դառնամ Ատուրին եւ նոյն շեշտով կը պատասխանեմ.
– Ի՞նչ է, գոհ չէ՞ք որ ձեզի յաջորդողներ կը պատրաստուին։
Բայց Նշանը բաւարարուած չէ։ Շատ լուրջի առած, յաջորդ օրերուն ալ կը յիշեցնէր.
– Ականջովդ լսեցիր... ատոնք մեզի դէմ են։
Զուր կ՚աշխատիմ բացատրել, որ եթէ կարծածին պէս ըլլար, չկամութիւն ըլլար՝ այդպէս մեր ականջին լսելի ձեւով չէր խօսուեր, պարզապէս կատակ մըն էր։
– Դուն ատանկ կարծէ – այդպէս կատակ չ՚ըլլար...
Անօգուտ։ Նշանին համար փոխաբերութիւն, այլաբանութիւն, մտածումի նրբութիւններ չկային։ Հիւմուրի զգայարանք չունէր։ Բառերը եւ խօսքերը իրենց յատուկ իմաստովը միայն կ՚առնէր։
Զարմանալին այն է, որ երբ Ատուրը մեռաւ, կը պնդէր որ անպայման յօդուած մը գրեմ իր մասին։ Ու երբ կ՚ըսէի թէ Ատուրը լաւ մարդ էր, ընտանիքի պատուական հայր մը, փորձառու ազգային գործիչ մը, բայց միայն մեր գաղութին չափանիշով, թէ օրաթերթը հարկ եղածը գրեց արդէն, յամենայնդէպս ոչ համազգային այն դէմքը որուն անձնաւորութիւնը հարկ ըլլայ պատմութեան յանձնել՝ չէր համոզուեր եւ կը պնդէր.– «Ըսածներդ ճիշդ են, բայց... պէ՛տք է գրես»։
Լրջօրէն խռովեցաւ հետս։ Դէմը ելլողին կը գանգատէր, կը հետապնդէր։ Անձնական հարցի մը վերածած էր Ատուրին մասին գրուելիք յօդուածը։ Ցոյց մըն ալ ըրաւ։ «Նայիրի»ները առած... ետ բերաւ խմբագրատուն։
Աւա՜ղ, իմ բացակայութեանս...

Շար. 33

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝