Յայտարարութիւն

Wednesday, September 9, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-34-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ծնունդէն ետք, Նշանը պէտք էր տեսնել Զատկի օրերուն։
Հալէպի Զատիկները։
Սուրիա-Լիբանանէն մեկնած բազմահազար հայեր կան երկրագունդի բոլոր կողմերուն, Հայաստանէն մինչեւ Գանատա եւ Արժանթինէն մինչեւ Աւստրալիա։ Անոնց մէջ, քառասունին հասած եւ անկէ վեր սերունդին համար անջնջելի յիշատակներ են Հալէպի Զատիկները։ Ամբողջ քսանամեակ մը Հալէպ քաղաքը Սփիւռքին սիրտն էր եւ Զատկի երեք օրերուն այդ սիրտը ազգային հպարտութեամբ կը տրոփէր։ Երկու-երեք հազար հայ տղաք ու աղջիկներ, բոլոր շրջաններէն եկած, մարզադաշտին վրայ քաղաքը կը վերածէին հայութիւն ու թարմութիւն բուրող ծաղկաստանի մը, գիրքերու մէջ կարդացուած Նաւասարդեան տօները վերակոչելով, եւ մրցումներէն ու խաղերէն ետք, յորդահոս հեղեղի մը պէս տողանցելով քաղաքին մայր պողոտայէն, իրենց նուագախումբին պղինձներուն գոռ կշռոյթներով...
Այդ օրերը տեսնող հայերուն համար, ո՛ւր ալ գտնուին, Հալէպի Զատիկները պիտի մնան իրենց կեանքի գերագոյն ապրումները։
Այդ դաշտին վրայ տեսած եմ Յակոբ Օշականը, որ քսան հազար հայերէ ծափողջունուէր յոտնկայս, բարձրախօսէն հրաւէրով, եւ յուզումէն այնպէս կը սեղմէր թեւս ճանկին մէջ, որ օրերով կապոյտ կը մնար...
Տեսած եմ Շաւարշ Միսաքեանը, որ անգամի մը համար իր աշխարհաբարը մոռցած «Ո՜,տայր ինձ զառաւօտն Նաւասարդի» մը կը մրմնջէր, աղօթելու պէս...
Տեսած եմ Դրօն, այնքան զինուորներէն եւ բազմութիւններէ աչքը կուշտ Դրօն անգամ, որ արջու թաթը ուսիս, կը գոչէր.– «Ուզում եմ նրանց մէջ թռնել եւ էս բալիկներին մի լաւ գրկել...»։
Հալէպի Զատիկները...
Հալէպի Զատիկը, առաւել Ծնունդը, առաւել սկաուտները՝ հաւասար Նշանը։
Շաբաթ օրը անձրեւած է եւ դաշտին վրայ լճակներ գոյացած են։ Նշանը հոն է, կամաւոր կամ բռնագրաւուած խումբ մը տղոց հետ եւ դոյլերով ջուրեր կը պարպեն մինչեւ լոյս... Փոս տեղերը պէտք է հողով լեցնել, հարթել, ֆութպոլի մրցումներուն համար... Եւ բոլոր մասնաճիւղերէն եկած մարզիկներուն հետ դեռ կան նաեւ բազմաթիւ հիւրեր, բարեկամներ, անոնց համար պանդոկ, ընտանիքներու մօտ յարմար դասաւորումներ ինքնակոչ հիւրերուն...
Նշա՛նը...

*
* *

Վերջին քսան տարիներուն Պէյրութ փոխադրուած էր։ Սկիզբները, Նշանը չէր, Նշանին ուրուականն էր։ Հալէպէն դուրս, առանց Հալէպին Նշանը ըմբռնելի չէր։ Այստեղ Նշանը Արշակ Երկրորդն էր պարսկական հողի վրայ, հայրենի հողէն հեռու։ Քիչ կը տեսնուէինք եւ մեր հանդիպումները պատահական էին, տրամադրութիւնը՝ յոռեգոյն աստիճաններու վրայ։ Շատ տարիներ առաջ Պարսկաստանէն ընկճուած վերադարձող Նշանը կը յիշեցնէր, հոգեկան եւ նիւթական մօտաւոր պայմաններով։ Այդպէս չմնաց, բայց առաջուանը չեղաւ։ Յուսախաբութիւններ կրած էր չյուսացած անձերէն։ Օրերը գեղեցիկ չէին իրեն համար...
.........................................................................................................................
Այսօր Նշանին թաղումն էր...
Քանի մը տարիով միայն մեծ էր ինձմէ։ Գնաց սիրտէն։ Եթէ Հալէպ ըլլայինք, ամբողջ քաղաքը պիտի հետեւէր դագաղին, եւ ոչ միայն հայերը։
Եկեղեցիին մէջ կը մտածէի, թէ քանի՞ հոգի պիտի ըլլայ արդեօք՝ գերեզմանատունը։ Բայց յուսախաբ չեղայ։ Բազմութիւն մը կար։ Պատշաճ յուղարկաւորութիւն մը եղաւ։ Գնաց՝ իր սիրած, սնուցած եւ մեծցուցած սկաուտներուն ուսերուն վրայ, անոնց շեփորներուն թաղմանական ողջերթով, կողկողագին ու տխուր։ Հալէպէն ալ պատուիրակութիւն մը եկած էր։ Պատշաճ ուղերձներ կարդացուեցան։
Արցունքներուս մէջ, ափ մը հող նետեցի դագաղին։
Աւելի ետքը կը մտածէի։ Երազային Հալէպը՝ յուշերուս մէջ պակասաւոր պիտի մնար, եթէ այնտեղ չպատմէի Հալէպի Ծնունդն ու Զատիկները։ Պէտք է եղեր ուրեմն որ Նշանը մեռնի եւ ստիպէ, բռնակալօրէն, որպէսզի գրեմ, ինչպէս անցեալին կը ստիպէր որ գրեմ Ծնունդի «Ուխտ»երը...
Երբ դամբարանին ծանր կափարիչը կը փակուէր դագաղին վրայ, ինծի թուեցաւ թէ Նշանին հետ այնտեղ իջան Հալէպի երջանիկ օրերը, խենթ ու խելառ ու կայտառ մեր երիտասարդութիւնը, անդարձ կորսուեցաւ ինքը, երազային Հալէպը...


Շար.34
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝