Յայտարարութիւն

Thursday, September 10, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-35-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

«ԵՍ ԾԱՌ ՄԸ Կ՚ՈՒԶԵՄ»

Ամառուան սկիզբն ենք։ Պէյրութը սկսած է քրտնիլ եւ ընտանիքը լեռն է արդէն։ Բացառաբար, սովորականէն կանուխ վերջացած են սրբագրութիւնները, թերթը տրուած է մամուլին եւ ազատ եմ։ Պուրճի հրապարակին վերի ծայրէն դանդաղ կ՚իջնեմ վար, աննպատակ եւ քիչ մը շփոթ։ Դեռ կանուխ է գիւղ ելլելու։ Մեռցուելիք քանի մը ժամեր կան։ Ի՞նչ ընել։ Կարելի է սինեմա մը մտնել, կամ սափրիչին երթալ։ Ափս ծոծրակիս, կը շօշափեմ աճած մազերը եւ սինեմային ու սափրիչին միջեւ տարուբեր, անզգալաբար հասած եմ այն անկիւնը, ուր մեր գիւղին ինքնաշարժները յաճախորդի մը կը սպասեն։ Առանց մտածելու, անգիտակից մղումով մը կը մտնեմ մէկուն մէջ ու կ՚ըսեմ վարիչին որ քալէ։
Մարդը ծանօթ մըն է, ու բարեկամաբար կ՚ըսէ.
– Պարոն, եթէ կ՚աճապարէք, հոգ չէ, հինգ վայրկեանէն կը լեցուի։
– Վնաս չունի, դուն քալէ...
Հինգ ոսկի պիտի տամ։ Եթէ հինգ վայրկեան սպասէի, հինգ հոգի պիտի ըլլայինք եւ մէկ ոսկի պիտի ըլլար իմ բաժինս։ Ինչո՞ւ այս անիմաստ շռայլութիւնը, երբ գրպաններս չեն յորդիր եւ մսխելու աւելի լայն ժամանակ ունիմ քան դրամ։ Կէս ժամէն պակաս կը տեւէ մինչեւ Պիքֆայա։ Տունը, մայրիկս անկողինն է, շուրջը քանի մը դրացի կիներ։ Բժիշկ մըն ալ կայ։ Մէկ կողմ կը քաշեմ բժիշկը ու կը հարցապնդեմ։
– Բան մը չէ,– կ՚ըսէ,– պարզ պաղառութիւն մը։ Քիչ մը կանուխ լեռ ելած էք եւ հոս դեռ ցուրտ է։ Աւելի լաւ է որ քաղաք իջեցնէք, եւ առիթէն օգտուելով հիւանդանոց մը մնայ քանի մը օր, ընդհանուր քննութեան համար։
– Հայտէ՛ մայրիկ, ելիր նայիմ, հիւանդանոց կ՚երթանք։
Կ՚ելլէ անկողինէն, կը սկսի հագուիլ մինակը, առանց ուրիշին օգնութեան։ Կ՚իմանամ թէ նոյնը ըրած է նաեւ առաւօտեան, իմ մեկնումէս ետք։ Կը բարձրանայ, թոռնիկին շորերը կը լուայ, կը փռէ արեւին ու կը դառնայ տեղը։ Յետոյ անհանգիստ կը զգայ ու բժիշկ կը կանչեն։
Պատրաստ է հիմա եւ ապսպրուած թաքսին ալ կը սպասէ դրան առջեւ։
– Երթա՞նք, մայրիկ։
– Երթանք, տղաս, բայց եթէ հիւանդանոցը տեղ չըլլայ, ի՞նչ պիտի ընենք։
– Դուն մի՛ մտածեր, մայրիկ։ Ես հիւանդանոցը տեղէն կը հանեմ, քեզի տեղ կը բանամ...
Ասկէ անդին պատահածը... Թող Սուրբ Մեսրոպը օգնէ ինծի, որ պատմելիքս ճշգրիտ ըլլայ, աւելորդ կամ պակաս բառ մը չելլէ գրչէս, այլ մանաւանդ գրականութիւն չդառնայ։
Թեւը մտած, միասին դուրս կ՚ելլենք ննջարանէն։ Պզտիկ սրահին մէջ թախտ մը կայ։
– Հոս քիչ մը նստիմ,– կ՚ըսէ։
Կը նստի, ես ալ քովը։ Յետոյ գլուխը կը դնէ ծունկերուս, թեթեւ մը կը սեղմէ ձեռքս ու կ՚անշարժանայ։ Կը կարծեմ որ քնացաւ, ու չեմ շարժիր, որպէսզի չխանգարեմ։ Բայց չէ քնացած։ Մեռած է...
Այսպէս։ Վերի քանի մը տողերը որքան որ ժամանակ առաւ ընթերցողէն, նոյնքան կարճ պահ մը տեւեց իր սենեակէն մինչեւ հոտ, գրկիս մէջ շիջիլը։ Ոչ ցաւ, ոչ հառաչ, մարմինի կամ գլխու ոչ մէկ ցնցում։ Մատներու մեղմ հպում մը դաստակիս, ճնճղուկի մը թպրտոցին պէս, աւելի շոյանք մը քան թէ ճնշում մը, ու գնաց...
.............................................................................................................................
Ուշ գիշեր է հիմա։ Մարմինը փոխադրուած է Ամերիկեան հիւանդանոցի մեռելատունը, սպասելով յաջորդ օրուան թաղումին։ Առաջին ժամերու ցնցումը, սարսուռները եւ արցունքները չկան։ Սգակից այցելուները մէկիկ մէկիկ գացած են, յաւուր պատշաճի իրենց տուրքը վճարելէ ետք։ Նստած եմ ճիշդ այն տեղը ուր նստած էի, մայրիկիս գլուխը գրկիս ու ձեռքս իր ափին մէջ։ Այդպէս եղաւ, բայց կարելի՞ է այդպէս պատկերացնել մահը։ Մայր մը որ իր զաւկին ծունկերուն կը դնէ գլուխը եւ քնանալու պէս կը մեռնի։ Անճարակ բեմադրիչի մը կողմէ պատկերացուած տեսարան մը ըլլայ կարծէք, անհամոզիչ, մելոտրամիք եւ վիպային։ Բայց եղաւ։ Հոս է որ իրականութիւնը նուազ հաւատալի է, քան երեւակայութիւնը...
Ու յանկարծ, սարսուռ մը կ՚անցնի մարմինէս։ Անակնկալ, բիրտ, ցաւցնող հարուած մը, որ չեմ հասկնար թէ ուրկէ կու գայ։ Պուրճէն մեքենայ նստելէս մինչեւ իր մահը՝ հազիւ թէ ժամ մը տեւեց։ Պատմածիս պէս եղաւ, բայց իրապէս այդպէ՞ս եղաւ։ Իսկ ես որ կը մտածէի սինեմա երթալ... Բայց չգացի՞ արդեօք... Եւ սինեմայէն ետք, տուն դարձի ճամբուս վրայ, բարեկամի մը հանդիպելով սրճարան մը չմտա՞յ սուրճ մը առնելու... մինչ մայրիկս, աչքը դրան, զաւկին սպասելէ յուսահատ, չաւանդե՞ց հոգին... տառապած մայր մը, որուն հուսկ մխիթարանքը պիտի կազմէր մէկ հատիկ զաւկին գիրկը մեռնիլ, իսկ այդ մէկ հատիկը այդ պահուն սինեմաներն է ու սրճարանները... Եւ արդէն, պատահածը սուտ չէ՞ր արդեօք... երեւակայութեան ստեղծած մէկ բեմադրութիւնը չէ՞ր, մոռցնելու համար ամօթալի բացակայութիւնս... Այդ երկու մահերէն մէկն է իրականը, պատահա՞ծը, թէ սինեմայով պատահելիքը...
Բայց ի՞նչն էր որ մղեց զիս լքելու սինեման ու սափրիչը եւ փութալու տուն, մէկի տեղ հինգ վճարելու գնով, երբ ոչ մէկ ստիպողութիւն կար այդպէս ընելու։ Նախազգացո՞ւմ մը արդեօք, ինչպէս կ՚ըսեն մարդիկ.– «Ներսէս ձայն մը ըսաւ»։ Ո՛չ։ Այդպէս ձայն չլսեցի։ Կ՚աշխատիմ մեքենայ նստած պահս վերակազմել, այդ վայրկեանի մտածումներս, տրամադրութիւնս։ Ոչ մէկ նախանշան։ Հազիւ թէ անտրամադրութիւն մը, թեթեւ անդոհանքի մը հետ։ Նախազգացում ըսուած բանը եթէ նոյնիսկ գոյութիւն ունի, մեր մէջ կը գործէ ուրեմն առանց որ գիտնանք եւ իր մթին խաղը առաջ կը տանի մեզմէ գաղտուկ։ Նախազգացումը չէր, թերեւս Նախախնամութի՞ւնն էր որ փրկեց զիս յաւիտենական խղճի խայթէ մը, որմէ պիտի տառապէի օրերուս մինչեւ վերջին օրը... Բայց նախախնամութիւն կա՞յ։ Աթէիսթ մը չեմ, ամէն օր քնանալէ առաջ «Հայր մեր» մըն ալ կ՚ըսեմ մտքէս – հաւատքի՞ թէ մանկութենէն մնացած սովորութիւն մը, չեմ գիտեր – բայց ատիկա կը բաւէ՞ ընդունելու համար թէ Նախախնամութիւն մը կայ, որ վերէն կը դասաւորէ երկրի վրայ նոյնիսկ սինեմայի եւ սափրիչի մեր զբաղումները։ Բաւէ կամ ոչ, հաւատանք թէ ոչ, հայերէն լեզուի թէ օտար լեզուներու մէջ, ինծի պատահածը հասկնալու համար, ուրիշ բառ չկայ – Նախախնամութիւնը։
Եւ բացուող օրը իրիկուն չեղած, այդ Նախախնամութիւնը մէկէ աւելի անգամներ պիտի հաստատէր իր անիմանալի զօրութիւնը...
Դուրսը լուսաբաց է։
Սօնան, պարտէզը, պարաններէն լաթեր կը հաւաքէ։ Այն շորերն են, որ երէկ մայրիկս լուաց-կախեց եւ այսօր պիտի երթանք թաղելու...

*
* *

Ես, մահը միշտ համարած եմ սպասուած եղելութիւն մը։ Իմ անձնական մահս թէ ուրիշինը։ Տեսակ մը ռամիկ փիլիսոփայութիւն, որ կը թեթեւցնէ կեանքի բեռը։ Քանի որ ճակատագրականօրէն անխուսափելի է այդ «եղելութիւնը», ինչո՞ւ անակնկալի գալ եւ իրար անցնիլ, երբ ժամը հնչէ։ Բնազդական սրտի ճմլումներն ու աւաղումները իրենց պահը ունին, առաւել կամ նուազ տեւողութեամբ։ Բայց պահ մը միայն։ Կը հետեւի հաշտարար անդրադարձումը։ Պարտք մըն էր, որ վճարուեցաւ։ Ծնունդի օրէն ստորագրուած մուրհակ մը, որ յարգուեցաւ։ Յանցաւորը պարտատէրը չէ, եթէ ոմանք կը մոռնան տրուած ստորագրութիւնը եւ օրինական պարտք մը վճարելն անգամ կը համարեն բախտին մէկ անիրաւութիւնը...
Բայց այսքան պարզունակ մահուան մը առիթով չէ որ պիտի ուզեմ քրքրել կեանքի-մահուան առեղծուածը։ Առանց մայրիկի առաջին օրս է, հասունութեան առաջին օրս։ Միշտ կրկնած եմ, նոյնիսկ գրած, թէ այնքան ատեն որ մարդիկ մայր ունին, ինչ տարիքի ալ հասած ըլլան, դեռ մանուկի խորշ մը կը պահեն իրենց հոգիին մէջ։ Մայրը գնաց՝ մարդը լման մարդ եղաւ։
Սկսինք ուրեմն մարդութեան առաջին օրը, մարդկային պարտականութեամբ։ Հաւատացեալ կին էր։ Աղօթագիրքը միշտ բարձին քով, ինքը եկեղեցիէն անպակաս։ Այնպէս մը ընենք որ գերեզմանատան մէջ եւս մատուռին մօտիկ տեղ մը պառկի։
Զարեհին հետ թաղականութեան գրասենեակն ենք, հողին տեղը ճշդելու։ Քարտէսի պէս ծաւալուն յատակագիծ մը կը բացուի սեղանին վրայ։ Կեդրոնը՝ մատուռն է, շուրջը՝ մանրիկ-մանրիկ անհամար քառակուսիներ, ամէն մէկուն վրայ խաչանիշ մը։ Մատս կը դնեմ քառակուսիի մը վրայ։
– Այստեղ թող փորեն...
– Ներողութիւն, կարելի չէ,– կ՚ըսէ մարդը ու կը բացատրէ։ Խաչանիշ կրող բոլոր տեղերը լեցուած են։ Եւ ցոյց կու տայ, վարերը, պատին տակ քանի մը քառակուսիներ որ պարապ են։ Գերեզմանատան ամէնէն հեռաւոր մէկ կէտն է, մատուռէն դիտուած՝ հորիզոնը։
– Բայց,– կ՚ըսեմ մարդուն,– բան մը ըրէք, ես մատուռին քով կ՚ուզեմ։
– Անկարելի է, ահա, դուք տեսէք։
Կը տեսնեմ, կը հասկնամ, բայց չեմ հաշտուիր։ Աչքերս կը թափառին մանրիկ խաչերուն վրայ, բայց մտածումս հոտ չէ։ Այս բութ պաշտօնեան կարելի պիտի չըլլայ ողոքել եւ արդէն իր ձեռքը չէ։ Փակուած գերեզմաններուն դէմ մահն իսկ անզօր է։ Բայց ի՞նչ ընել։ Չեմ կրնար հաշտուիլ մայրիկս պատի մը տակ թաղուած տեսնելու մտածումին հետ, նոյնիսկ եթէ գերեզմանատան պատը ըլլայ։ Կիւրինի մեր բարբառին մէջ պատ բառը գէշ կը հնչէ.– «Պատին տակը մնաս, պատի մը տակ մնաց»՝ ինչ որ անտէր մնալուն համազօր է։
Ի՞նչ ընել։ Զարեհ կաթողիկոսին միջամտութիւնը կրնա՞յ արդեօք դեր մը կատարել։ Շատ կը սիրէր մայրիկս։ Ինքն ալ ինծի պէս գորովանքով մայրիկ կ՚ըսէր մայրիկիս։ Ինչո՞ւ փորձ մը չընել։ Սեղանին անկիւնը հեռաձայնի գործիք մը կայ։ Մտքիս մէջ ամփոփելու վրայ եմ Անթիլիասի թիւը, աչքերս մեռելներու քարտէսին, երբ... ի՞նչ տեսնեմ... շլմորած կը դիտեմ, առանց հաւատալու տեսածիս։ Ճիշդ մատուռին դէմ քառակուսի մը կայ, որուն վրայ... խաչ չկայ։ Բայց քառորդ ժամէ ի վեր կը զննէինք երեքով, ինչո՞ւ միայն նոր կը տեսնեմ... Չըլլա՞յ որ իրապէս խաչ մը կար հոտ եւ հրաշքով մը անհետացաւ յանկարծ։
– Տե՛ս, տե՛ս,– կ՚ըսեմ մարդուն,– հոս պարապ է։
– Այո... պարապ է...,– կ՚ըսէ ինքն ալ զարմացած, բայց կարելի բան չէ...
– Ես տեսած բաներուս կը հաւատամ։ Հոս պարապ է, եւ այստե՛ղ պէտք է փորուի,– կ՚ըսեմ, կռիւի պատրաստ շեշտով մը, եւ անմիջապէս աւելի մեղմ,– անշուշտ, պէտք եղածը կը վճարեմ...
– Մի՛ ջղայնանաք, պարոն, դրամի խնդիր չէ, ես ալ կը փափաքիմ որ ձեր ուզածին պէս ըլլայ, բայց այստեղ նշան չդրուիլը անպայման սխալմունք մըն է, յետոյ աւելի գէշ կ՚ազդուիք։
– Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընենք։
– Դժուար չէ ստուգելը, քիչ մը սպասեցէք եւ յայտնի կ՚ըլլայ։
Տեղ մը հեռաձայն կ՚ընէ, երկրորդ յատակագիծ մը բերել կու տայ, կը բաղդատեն, տոմարի մը մէջ արձանագրութիւններ կը ճշդեն եւ... յաղթանա՛կ։ Անվիճելիօրէն պարապ է այդ տեղը...
Պաշտօնեան ինծի հետ ուրախ է, բայց դեռ չէ թօթափած զարմանքը ու կ՚ըսէ.
– Պարոն, իրապէս սուրբ կին մը ըլլալու է ձեր մայրը, որ այս հրաշքը պատահեցաւ։ Ամիսներէ ի վեր քանի՜-քանիներ եկան եւ այս տեղը չտեսան... ես ալ չտեսայ...
Վճարումէն ետք ստացագիրը գրած պահուն, դեռ գլուխը կ՚օրօրէ զարմանքէն եւ գրեթէ զուարթ, կ՚ըսէ, թուղթը երկարելով.
– Կը շնորհաւորեմ, պարոն...
Կարծէք թէ շքեղ կալուածի մը տիրացումս կը շնորհաւորէ։ Այնքան անսպասելի, տարօրինակօրէն այնպէս անսովոր է պատահածը, որ ոչ մարդը, ոչ ես, չենք անդրադառնար թէ որքան անտեղի է նման տխուր առիթով մը յայտնուած «շնորհաւորութիւնը»։

*
* *

Բարեկամներով նստած կը սպասենք որ թաղումին համար ճշդուած ժամը գայ։ «Օրուան նիւթը», անշուշտ, ննջեցեալն է։ Իւրաքանչիւրը պատմելիք մը ունի անոր կեանքէն, դրուագ մը, մտերիմ յուշեր։ Ամէնէն աւելի բարձր խօսողը Սօնան է, իրեն յատուկ անմիջական անկեղծութեամբ.
– Ճիշդը ըսելով, երկարատեւ հիւանդ մը տունին մէջ, եթէ անկեղծ պիտի ըլլանք, տանելի չէ, չարչարանք է թէ հիւանդին, թէ խնամողներուն համար։ Բայց մայրիկին ըրածն ալ լաւ չեղաւ ու ցաւ կը պատճառէ։ Գոնէ քանի մը օր անկողին մնար... քանի մը ժամ մնաց անկողին... հոգալու, խնամելու առիթ չտուաւ...
Իրաւունք ունի։ Ոչ միայն հարս-կեսուրի աւանդական վէճերէն որեւէ մէկը չէ պատահած, այլ պզտիկը շուտով մէկ տարեկան պիտի ըլլայ եւ մայրիկս օր մը օրանց առիթ չէ տուած, որ ձեռքը շորերուն դպցնէ։ Միշտ ինքն է լուացող-մաքրող-արդուկողը։ Մօրմէն աւելի մեծ մայրիկին գիրկն է։ Ու հիմա կ՚ափսոսայ, որ վարձահատոյց ըլլալու պատեհութիւնը այսպէս անակնկալօրէն կը խլուի իրմէ։
Շար. 35

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝