Յայտարարութիւն

Friday, September 11, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -36- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Կը յիշեմ, երբ հիւանդանոցէն տուն բերինք մայրն ու նորածինը։ Փողոցի դրան առջեւ մեզ կը սպասէր։ Մենք դեռ մեքենայէն դուրս չելած, պարզապէս խլեց խանձարուրը, երկու թեւերով գրկեց ու սլացաւ վեր, երեք յարկերը մէկի տեղ բարձրանալով...
Ուրիշներ շատ բաներ կը պատմեն մայրիկիս բարութենէն, ազնուութենէն, ուրախ կամ տխուր պատմութիւններու մէջէն։ Ես, առ ի քաղաքավարութիւն, հետեւող եմ շուրջի զրոյցներուն, բայց հոտ չեմ։ Ժապաւէնի մը պէս մտքիս մէջ կը տողանցեն իր կեանքին փուլերը անջատ պատկերներով, կտրտուած, անկապ, մէկը միւսը հրմշտկելով, կը յայտնուին ու կը կորսուին, երբեմն մանկութեան օրերէն, ուրիշ պատկեր մը տասնամեակներու անջրպետով, քիչ անգամ տխուր, յաճախ զուարթ ու այն աստիճան, որ ակամայօրէն խուսափուկ ժպիտներ կու գան դէմքիս։ Կը յիշեմ իր ձախաւեր պզտիկ սուտերը, անճարակ խորամանկութիւնները, բոլորն ալ բարութեանը մէջ միամտութեան ցոլքերով...
Օր մը, երբ դպրոցէն եկայ, կերակուր չէր պատրաստած եւ աւետիս մը տուաւ։ Մսագործէն պատրաստ խորոված բերել տուած էր, եւ հակառակ արաբական հացերով ծածկուած ըլլալուն, խորովածին բոյրը կը ծփար մեր պզտիկ սենակին մէջ։ Նստանք ափսէին շուրջ եւ սկսանք ճաշել։ Հազիւ սկսած էինք, քանի մը պատառ առաւ ու կեցաւ...
– Ինչո՞ւ չես ուտեր, մայրիկ։
– Ամա՜ն, հէչ տեղ չկայ։ Ի՞նչ սխալ ըրի։ Քիչ առաջ լման հաց մը կերայ պանիրով... դուն կեր... ես անօթի չեմ...
Եւ որպէսզի չզգամ, գործ մը պատրուակեց ու վար իջաւ, ամբողջ պնակը ինծի ձգած։ Ի՜նչ անճարակ ստախօս մըն էիր, մայրիկ։ Այդ պահուն գործ մըն ալ չունէիր։ Գայլի ախորժակս էր որ քեզ հեռացուց խորովածէն...
Ժապաւէնի ուրիշ կտոր մը, խորովածէն երեսուն տարիներ ետք, Պէյրութ։ Ուշ գիշեր մը տուն կու գամ եւ հանուած պահուս կը նկատեմ որ կարմիրի հետքեր կան շապիկիս օձիքին վրայ։ Կը փաթթեմ, կ՚ոլորեմ այնպէս մը որ կարմիրները անտես մնան ծալքերուն մէջ ու կը նետեմ աղտոտ լաթերուն կողովը։
Յաջորդ իրիկունը, լուացքը եղած վերջացած է, բայց այդ շապիկը սենեակս է, աթոռի մը վրայ, չլուացուած, եւ շրթունքի հետքերը յայտնօրէն ցուցադրուած։ Ետեւէս սենեակ կը մտնէ բան մը փնտռողի աճապարանքով ու շապիկը կը վերցնէ.
– Ամա՜ն, ասիկա մոռցեր եմ...

*
* *

Եւ ահա, Քիքիին պատմութիւնը։ Քիքին մեր շունն էր։ Հալէպ, ֆրանսացի ընտանիքի մը մօտ սպասուհի Սանդուխտը, տարեց աղջիկ մը, նուէր բերաւ։
– Շունը վեց հատ ձագ հանեց, մէկը գողցայ, ձեզի բերի։ Ասիկա շատ յարգի շուն է, եւրոպացի է...
Թերեւս փնտռուած տեսակէն շուն մըն էր։ Շուները կը սիրեմ, բայց տեսակներէն չեմ հասկնար։ Բռունցքի մը մեծութեամբ բան մըն էր, երբ բերին ու մեծնալէն ետքն ալ Կարպիս Ջրբաշեանենց Վանէն բերուած կատուին, Վանիկին չափէն քիչ մը աւելի մեծցաւ ու այդպէս մնաց։ Պզտիկ Պարգեւը Քիքի դրաւ շնիկին անունը, ես չսիրեցի։ Քապարէի հոտ մը կար Քիքիին մէջ, բայց Պարգեւին սիրտը չկոտրելու համար Քիքին ընդունուեցաւ։ Մեզի հետ Պէյրութ բերինք։ Չարաճճիին մէկը հաւատացուցած էր թէ սահմանագլուխին վրայ շունէն ալ ինքնութեան թուղթ կը պահանջեն եւ խեղճ կինը փէշերուն տակ կը պահէր շարունակ, զինուոր մը տեսնելուն պէս։ Մայրիկիս մինակութեան ընկերը դարձաւ։ Յաճախ կ՚ըսէի.
– Այս շունը, մուշտակային առատ մազերով եւ շագանակի փայլով՝ պերճանքի առարկայ մը պէտք է համարել, քան թէ օգտակար ներկայութիւն մը։ Վստահ եմ, գող մը գայ՝ հաջել անգամ չի կրնար վախէն։
– Ինչ ընեմ, ամբողջ օրը ինծի մինակ ձգես երթաս նը, հետը խօսելիք մէկը կ՚ունենամ...
Բայց Քիքին ցոյց տուաւ թէ պերճանքի առարկայ մը չէ, ի պահանջել հարկին կռուիլ գիտէ։ Եւ ի՜նչ կռիւ...
Հալէպի եւ Պէյրութի մէջտեղ, տարի մը Ալէյ բնակեցանք։ Քաղաքէն տասը,քսան վայրկեան միայն հեռու էր, վարձքերը աւելի աժան եւ այլ առաւելութիւններով։ Կը մտածէի մնայուն կերպով հոտ հաստատուիլ, բայց յետոյ գործնական չեկաւ։ Հալէպէն ուղղակի Ալէյ իջանք, նախօրօք վարձած տունս։
– Այս տունին մէջ մուկ կայ, կատու մը պէտք է,– ըսաւ մայրիկս։
– Կատուն աղէկ, բայց Քիքիիդ հետ ինչպէ՞ս պիտի ապրին։ Շունն ու կատուն, Թումանեանը...
– Ատոնք սուտ խօսքեր են, կատու մը գտնենք, ես գիտեմ ընելիքս։
– Դուն գիտես։
Գետնայարկի տրիւզ ընտանիքին տղաքը – տանտէրերն էին եւ հաւանաբար իրենք ալ մուկի խնդիր ունէին – շուտով պզտիկ, սեփ սեւ կատու մը բերին։ Քիքին, կատուն տեսածին պէս, սկսաւ մռլտալ, մազերը տնկուեցան, ակռաները սպառնալից՝ յարձակելու պատրաստ։ Մայրիկս անմիջապէս շունը գիրկը առաւ, սկսաւ շոյել անուշ խօսքերով, մինչ կատուն, սարսափէն սմքած, կը դողդղար։ Անհաւատալի բայց իրաւ՝ այդ երկու անհաշտ կենդանիները շուտով բարեկամացան։ Առաջին գիշերը միայն մայրիկս պէտք տեսաւ կղպուած պահարանի մը մէջ դնել կատուն, Քիքին քովը պահելով, առ ի զգուշութիւն։ Յաջորդ օրերուն, ոչ միայն խնդիր չեղաւ, այլ հաճելի տեսարան մը կը պարզէին իրենց խաղերով։ Քիքին կռնակի վրայ կը պառկէր, վարդագոյնի զարնող ճերմակ փորը տնկած, իսկ կատուն – անուն չունեցաւ եւ միշտ փիսիկ մնաց – կը սկսէր լեզուն հանել եւ լզուըռտել շունին բազմաթիւ ծիծիկները։ Ատիկա՝ Քիքիին առաւօտեան արդուզարդն էր։ Յետոյ յանկարծ կը ցատկէր, կը թօթւըուէր եւ փիսիկին վրայ յարձակելու պէս կ՚ընէր։ Կատուն, իբրեւ թէ վախցած, կը փախէր անկիւն մը, Քիքին ետեւէն, դունչովը հարուածներ կու տար, խածնելու ձեւեր կ՚ընէր եւ միասին կը ցատկռտէին, փոխն ի փոխ իրար հալածելով եւ հալածուելով։ Այնքան հաճելի էր, նոյն ատեն անսովոր – «Շունն ու կատուն» – որ մեր տունին մէջ պարզուող այս խաղերուն մասին յաճախ կը պատմէի դուրսը, բարեկամներու։
Օր մը Կարօ Սասունին ըսաւ.
– Եթէ մայրիկդ Կիւրինի հերիսա մը պատրաստէ, կու գամ ու կը տեսնեմ թէ որքան ճշմարիտ են հայ-թրքական սիրւըտուքի այդ պատմութիւններդ։
– Մայրիկ, Կարօ Սասունին հերիսա ուզեց։
– Թող գան, թող գան տէ մեր հերսէն տեսնեն, դուն ինծի միայն խորոզ մը գտիր...
– Վարը լեցուն հաւ ունին տանտէրերը, կը ծախեն։
– Հաւ չ՚ըլլար, իրական հերսէն խորոզով կ՚ըլլայ։
Աքաղաղը գտնուեցաւ, հիւրերու խումբն ալ ճշդուեցաւ, քանի որ «հերսէն քիչով ամօթ է», եւ վերջին օրը երբ քաղաք կ՚իջնէի սեղանակիցները առաջնորդելու, պատուիրեց.
– Ատ Կարօ Սասունցիիդ ըսէ – երբեք Սասունի չկրցաւ ըսել, միշտ Կարօ Սասունցի մնաց իր հնչումով – այս տունին մէջ շաքար չկայ, կ՚ուզէ նը հետը թող բերէ...
Չէր մոռցած։ Ճեմարանի առաջին թէ երկրորդ տարին, օր մը հերիսա պատրաստուեցաւ եւ նախաձեռնողը Հայր Աբրահամին տիկինն էր։ Տեսայ որ Գասպար Իփէկեանը իր պնակին վրայ սեւ պղպեղի տեղ շաքար ցանեց։ Հալէպ, երբ պատմեցի մայրիկիս, սաստիկ զարմացումի «Տէ՜ր Աստուած» մը արձակեց եւ... խաչակնքեց։ Հերիսան շաքարո՜վ։ Մանաւանդ կիւրինցիի մը աչքին՝ սրբապղծութիւն մը։
Մեր հերիսային օրը, իմ բախտէս Քիքին եւ փիսիկը ոչ միայն ամօթով չձգեցին մեզ, այլ իրար գերազանցեցին։ Կերակուրէն հանուած խորոզին ոսկորները դեր մը ունեցած ըլլալու էին Քիքիին տրամադրութեան վրայ։ Սրահին կեդրոնը երկու յարկանի ցածկեկ պզտիկ սեղան մը կար, վարի մասը գիրքերով ու թերթերով լեցուն։ Փիսիկը կը պահուըտէր գիրքերուն ետեւ, գլուխը կամացուկ դուրս կը հանէր, ու երբ միւս կողմէն Քիքին թաթը նետէր, դարձեալ կ՚անհետանար։ Ի տես այս կատարեալ պահուըտուքի խաղին, Սասունին արձակեց իր հռչակաւոր պատգամներէն մէկը.
– Մայրիկ,– ըսաւ,– շունն ու կատուն կը հաշտուին, օրին մէկը հայն ու թուրքն ալ կրնան հաշտուիլ, բայց ես աշխարհի խաղաղութեան կը հաւատամ այն ատեն, երբ այդ խենթ տղուդ խելքը տուն գայ...
– Ինչո՞ւ, ի՞նչ ըրած է իմ տղաս,– ըսաւ մայրիկս ժպտուն՝ տղան պաշտպանելու պատրաստ։
– Տղա՞դ... շուն-կատու բերեր է, աղէկ։ Մինչեւ հիմա հարս մըն ալ բերա՞ւ...
– Մեծը դուք էք, ըսէք որ բերէ,– իսկոյն կակուղցաւ մայրիկս, խոնարհ եւ զիջող,– ես ինչ կրնամ ընել...
Սասունին, հին աղուէս, ինչպէ՜ս գիտէր անուշ լեզուով հակառակորդը դաշնակից դարձնել...

Օր մը, քաղաքէն դարձիս, վարի դրացիները մեծով պզտիկով մեր տունը լեցուած կը տեսնեմ, մայրիկս արցունքներու մէջ, շրջապատած են Քիքին որ գետինը պառկած կը մղկտայ, շուրջը արեան հետքեր...
Մայրիկս փողոց կ՚իջնէ, իշուկով շրջուն վաճառորդէ մը կանաչեղէն գնելու եւ կը մոռնայ դուռը գոցել։ Սանդուխները մեր յարկը կը տանին փողոցէն եւ ոչ թէ գետնայարկէն, ինչպէս կ՚ըլլան գիւղի տուները։ Այդ կարճ պահուն փողոցի հսկայ շուն մը սանդուխներէն վեր կը սպրդի։ Կատաղի հաջոցներէն՝ դուռ դրացիով վեր կը վազեն եւ ահա պարզուած տեսարանը։ Փիսիկը հսկայ շունին երախին մէջ է, անշունչ, իսկ Քիքին փակած է շունին ու կատաղօրէն կը հաջէ ու կը խածնէ։ Վրայ հասնող բազմութեան հարուածներուն տակ, շունը կը ձգէ սատկած կատուն ու կ՚իյնայ Քիքիին վրայ, մինչեւ որ յաջողին վռնտել...
Դրացիին մեծ տղան թերթի մը մէջ փաթթեց Քիքին եւ անհետացաւ։ Բերին քանի մը ժամ ետքը։ Փրկուեցաւ։ Տրիւզները, Լիբանանի իսլամ թէ քրիստոնեայ բնակչութեան մէջ, ամէնէն վեհանձն եւ ազնիւ ցեղն են արդէն։ Քիքին փրկեցին։ Քիքին, որ քիչ մնաց զոհ երթար ի պաշտպանութիւն փիսիկին։ Այդ դէպքէն ետք ուրիշ աչքով նայեցանք մեր շունին։
– Պզտիկ ըլլալուն մի նայիք,– կ՚ըսէր մայրիկս հիւրերուն,– իրմէ երկու անգամ մեծ շունի մը հետ կռուեցաւ...
Շար. 36
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝