Յայտարարութիւն

Saturday, September 12, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -37- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Բայց տարիներ կ՚անցնէին եւ Քիքին սկսած էր ծերանալ։ Ամէն կողմ ստեւներ կը թափէր։ Մանաւանդ ջղային դարձաւ ու չարացաւ, երբ տունէն ներս յայտնուեցաւ Սօնան։ Առաջին օրէն դիրք բռնեց «նորեկին» դէմ։ Եւ այն աստիճան, որ պսակէն ետք, երբ կարճ ճամբորդութենէ մը տուն դարձանք, Քիքին, որ մինչ այդ շատ մաքուր եղած էր իր պէտքերը միշտ անյայտ տեղեր ընելով, գնաց ուղղակի սրահին կեդրոնը, նստաւ ամէնէն գեղեցիկ – ու նո՜փ նոր – սօֆային վրայ եւ... ըրաւ...
Եւ սկսաւ խուլ պայքարը Քիքիին եւ նոր հարսին միջեւ։ Այս վերջինը դեռ չէր համարձակեր յայտնի ընել իր դժգոհանքը, բայց օրէ օր կ՚աճէր Քիքի-Սօնա լարուածութիւնը։ Տասներկու տարեկան եղած էր Քիքին եւ մազերը ափերով կը հաւաքէր մայրիկս սենեակէ սենեակ։ Ես ալ գոհ չէի։ Պէտք էր ձերբազատուիլ այլեւս անհաճոյ այս ներկայութենէն, բայց ինչպէ՞ս ընել։ Մայրիկիս համար, գիտէի, անկարելի էր ատիկա։ Վերջապէս ձեւը գտայ։ Օր մը ըսի.
– Շուտով, շուտով պէպէք պիտի ըլլայ այս տունին մէջ... Կը սկսի մեծնալ եւ շունին մազերը բերանը կը տանի... Ես չեմ խառնուիր, բայց դուն լաւ մտածէ... Ինծի մնայ, մէկուն տանք թող երթայ, Քիքին «եւրոպացի» է... ուզողներ կ՚ըլլան... բայց նորէն դուն գիտես...
Եւ ցաւակից երեւոյթ մը կ՚առնեմ, իբրեւ թէ ես ալ չեմ ուզեր բաժնուիլ շունէն – ու կիսով միայն սուտ եմ, որովհետեւ ես ալ կապուած եմ – բայց ինչ ընենք... պէպէքը...
Երեք օր տեւեց «լինել-չլինելու» իր ներքին պայքարը։ Ես չխօսեցայ, սպասելով որ ինք իրեն հասուննայ մտքին մէջ։ Վստահ էի թէ մօտալուտ պէպէքին մտահոգութիւնը պիտի յաղթէ։ Առտու մըն ալ ըսաւ.
– Տանք, տանք, թող գան տանին...
Եւ յուզական վերջին անդրադարձումով մը.
– Գոնէ լաւ տեղ իյնար...
Կարծես աղջիկ հարս կը ղրկէր։ Խմբագրատուն աշխատող Վարսենիկը Շթորա տարաւ Քիքին, տիկին Գառնիկ Գիւղելեանին, որ, ըստ Վարսենիկին, իրմէ լսելով մեր շունին համբաւը, թեկնածու էր արդէն...

*
* *

Թաղումին ժամը կը մօտենայ ու կտրատ ժապաւէնը կը շարունակէ դառնալ, ժամանակի ետ-առաջ ոստումներով։
Իրիկունները, երբ դուրսն ենք հրաւէրի մը կամ այցելութեան մը բերումով, գիշերը երբ տուն հասնինք՝ վարէն անձկանօք կը դիտենք վերի պատուհանները։ Եթէ լոյս կայ իր սենեակին մէջ, ուրեմն պզտիկը արթնցած է եւ տաղտուկներ կը սպասեն։ Եթէ մութ է, ուրեմն ամէն ինչ կարգին է եւ զգոյշ պէտք է մտնենք որ չարթննան։
Գիշեր մը, մեր յարկաբաժինին բոլոր լոյսերը վառ են։ Սրահը, սենեակները, խոհանոցը, ամէն տեղ։ Մտահոգ կը բարձրանանք, անհաճոյ բանի մը կռահումով։ Երեխան գիրկը, բերած է մեր սենեակը եւ մահճակալին նստած կը սպասէ։
– Խէր ըլլայ, մայրիկ, ի՞նչ կայ, ի՞նչ պատահեցաւ։
Խոժոռ դէմք մը։
– Դուք ալ հայր պիտի ըլլաք, մայր պիտի ըլլաք եւ չօճուխ մեծցնէք...
– Բայց ի՞նչ կայ, եղածը ըսէ, մայրիկ...
– Եղա՞ծը...
Այստեղ, այլեւս չի յաջողիր դերին մէջ, սրդողանքի դէմքը կը պայծառանայ լայն ժպիտով ու կ՚ըսէ.
– Ելաւ, իշտէ ելաւ...
Ու ձեռքս բռնած, կը ստիպէ որ մատս պզտիկին բերանը խոթեմ։ Ցուցամատով կը խուզարկեմ, կը շօշափեմ, ու տեղ մը, հազիւ թէ զգալի, փշտիկի պէս սուր կէտ մը... ակռա՜յ մը յայտնուած է...
– Մայրի՛կ, գրաւի կու գամ որ այս ակռան ինք իրեն չբուսաւ։ Այնքան խառնեցիր-խառնեցիր բերանը, որ քաշելով դուրս հանեցիր...
Ուրիշ անգամ, շինծու բարկութեամբ մը կը բերէ Սօնային գիրկը կու տայ, բողոքելով.
– Ա՛ռ, ա՛ռ չար աղջիկդ, տես ինչ ըրաւ...
Այտին վրայ տեղ մը կարմրութիւն մը կայ եւ մորթը խածուածքի նմանող հետքեր ունի։ Շատ կասկածելի է որ վեց-եօթը ամսու մանկիկի մը գործը ըլլայ ատիկա։ Շփելով ու կսմթելով այտը, եկած է երջանկութեան իր նիւմերօն խաղալու, բայց շատ ձախաւեր, քանի որ վայրկեան չանցած.
– Ինչ է նը, տո՛ւր, տո՛ւր, նորէն ինծի տո՛ւր այդ չար աղջիկը...
Մենք, իբր թէ հաւատացած ենք իրեն, մեղքնալու ձեւեր կ՚առնենք ու կ՚ազդարարենք անտեղեակ ու անտարբեր մանկիկին.
– Մեծ մամային երեսները չխածնե՜ս...
– Ինչ պիտի ըլլայ, հարկաւ եարամազ պապան պիտի քաշէ...
– Այդտեղ սխալեցար, մայրիկ, կը մոռնաս որ աղջիկ է։ Տղայ ըլլար, ինչեւէ։ Աղջիկը մօրը կը քաշէ եւ մօրմէն առաջ մեծ մայրն է որ...
Բայց արդէն գանձը անհետացուցած է իր սենեակը ու չի լսեր...

Գիշեր մը, դուրսն ենք դարձեալ ու կը լսեմ Սօնան որ մեկնելէ առաջ պատուէր կու տայ.
– Մայրիկ, այս շիշին կէսը տուր ժամ մը ետք։ Եթէ լայ եւ նորէն ուզէ, մնացածն ալ կրնաս տալ։
Շիշին վրայ աստիճաններ կան, բարակ գիծերով եւ թուանշաններով։ Այդպէս երեք շիշեր պատրաստած է ու դրած սառնարանը, որպէս յաջորդ օրուան պաշար։ Մեր վերադարձին՝ խոհանոցի սեղանին վրայ երեք շիշեր կան, երեքն ալ... պարապ։
– Ի՞նչ ըրեր ես, մայրիկ,– կը գոչէ Սօնան ահաբեկ,– ասոնք բոլո՞րը տուիր...
– Հապա ի՞նչ ընէի, չօճուխը անօթի ձգէի... ուզեց, ես ալ տուի...
– Բայց գիրքին մէջ ճշդուած չափը...
Չեմ ձգեր որ շարունակէ, եւ անգամի մը համար ես ալ կը խառնուիմ գործին.
– Ինծի նայէ՛, վե՛րջ տուր այդ ապուշ գիրքին ըսածներուն եւ այլեւս չտեսնեմ ձեռքդ, եթէ չես ուզեր որ պատուհանէն դուրս թռի։ Մենք գիրք կարդալո՞վ պէպէք շինեցինք, որպէսզի գիրքով ալ մեծցնենք։ Մայրիկս իրաւունք ունի...
Սօնան, թուշը կախած, կ՚անցնի սենեակ։
Իմ մայրիկիս դէ՜մքը... համակ ծիրանի գօտի... Հարսին հետ աւանդական վէճերէն ոչ մէկը պէտք է ըլլայ, ահաւասիկ առաջին դէպքը, եւ ի՜նչ երջանկութիւն, տղան՝ «ի՜ր կողմը բռնեց»...
Բայց քիչ յետոյ, երբ ես ալ իմ կարգիս ննջարան քաշուելու վրայ եմ, թեւէս բռնած կ՚ըսէ մտահոգ.
– Աման տղաս, սիրտը մի ցաւցներ, իր ըսածին պէս կ՚ընեմ ասկէ վերջ...
– Կարեւորութիւն մի տար, մայրիկ, դուն գիտցածիդ պէս ըրէ, որքան կրնաս՝ քեզի տուած շիշերը շուտ-շուտ պարպէ...
Շար.37

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝