Յայտարարութիւն

Sunday, September 13, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-38-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Գերեզմանատան ճամբան ենք, մեռելակառքին ետեւէն։ Հոտ եւս ժապաւէնէն պատկեր մը կ՚անջատուի ու կ՚անշարժանայ, փոխանակ միւսներուն պէս կորսուելու եւ յաջորդին տեղ տալու։ Դարձեալ Հալէպ ենք։ Յակոբ Օշականի մահուան տարելիցն է։ Հոգեհանգիստէն ետք, գերեզմանատան մէջ ուր պատշաճ արձանագրութեամբ յուշաքար մը շինել տուած եմ հողակոյտին վրայ, խումբով մեր տունն ենք հոգեճաշի, Զարեհ Սրբազանն ալ միասին։
– Մե՜ղք որ հայ արձանագործ մը չունինք այս քաղաքին մէջ,– կ՚ըսէ Սրբազանը,– կ՚արժէր որ կիսանդրին եւս դրուէր շիրմաքարին վրայ։
Մայրիկս, որ նման հաւաքոյթներու պարագային քիչ անգամ հիւրերուն հետ սեղան կը նստի եւ միայն կ՚երթեւեկէ, այս անգամ բացառաբար նստած է ու խօսք կ՚առնէ.
– Ատանկ մեծ մարդոց գերեզմանին վրայ գրելու է որ ամէն մարդ գիտնայ, բայց ինծի հարցնեն նը, ես քար չեմ ուզեր վրան...
– Հապա ի՞նչ կ՚ուզես, մայրիկ,– կը հարցնէ Սրբազանը։
– Ե՞ս... Իմ վրաս ծառ մը տնկեն նը կը բաւէ...
Կ՚ըսէ, խօսած պահուն ինծի կը նայի քան թէ Սրբազանին, ու կ՚ելլէ դէպի խոհանոց...
Սրբազանը, շէն տրամադրութեամբ, ձայն կու տայ ետեւէն։
– Կեցիր նայինք, մայրիկ, ատիկա բանաստեղծի խօսք եղաւ, հասկնանք, բանաստեղծը տղա՞դ է թէ դուն ես...
Ու հիմա, իր այդ խօսքէն ուղիղ տասը տարի ետք գերեզմանատունն ենք ու քալելով կը հետեւինք դագաղին, դէպի ճշդուած տեղը։ Կը լսեմ կարծես մայրիկս որ ինծի նայելով կ՚ըսէ ականջիս.– «Ծառ մը տնկես նը կը բաւէ...»։
Հասած ենք։ Նոր դուրս հանուած թարմ հողերու կոյտերուն կողքին բացուած փոսը չէ որ կը տեսնեմ... տեսածս... ծառ մըն է... փառաւոր, սլացիկ, հաստաբուն շոճի մը...
Լայնատարած գերեզմանատան մէջ՝ այն օրերու միակ ծառը... մէկ հատիկ ծառ մը, այն ալ մայրիկիս փոսին վերեւը... Եւ այնքան ճշգրիտ, այնպէս կարգապահ դիրքով, որ փոսը բացուած ատեն համաչափ եւ ուղիղ գիծով շարուած շիրիմներուն կարգն ալ չի խանգարեր, ու կը կանգնի, ճիշդ ու ճիշդ գլխուն վրայ...
Ծառ մը...
........................................................................................................................................... ...................................................................................................................
Յաջորդ օրը, հեռաձայնով ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք, Զարեհ Վեհափառը կը փափաքի որ անպայման իրեն հանդիպիմ։ Միասին ոգեկոչումներ կ՚ընենք Հալէպէն.– «Կեչմիշտէն կիւնլէ՜ր...»։ Երբ Հալէպէն խօսք բացուէր, այդպէս կ՚ըսէր թուրքերէն.– «Անցեալէն օրե՜ր...»։ Իրեն համար եւս Հալէպը մնացած էր երազային Հալէպը ու նստած տեղը երբեք հանգիստ չզգաց...
Երբ մանրամասնօրէն կը պատմեմ մայրիկիս մահուան պարագաները, լռիկ-մնջիկ գրկիս մէջ շիջումէն մինչեւ հրաշքով գտնուած փոսին տեղը մատուռին կից, մանաւանդ ծառը... մէկէն ոտքի կ՚ելլէ առանց պատճառի, կը նստի, շուրջը կը նայի ու կ՚ըսէ.
– Թէեւ արգիլած են, բայց այսօր հատ մը պիտի ծխեմ, ինչ կ՚ուզէ ըլլայ... սիկարէթ մը տուր...
Յետոյ, ծուխերուն մէջէն.
– Ատանկ-ատանկ, հը՞... միտքս է Օշականին օրը ըսածը... ուրեմն ծառը հո՞ն է... օր մը պիտի երթամ տեսնեմ...
Կիսով միայն ծխուած սիկարէթը կը մարէ մոխրամանին մէջ, արագ-արագ վառած կողմը զարնելով մոխրամանին, դարձեալ կը կանգնի, ու շատ լուրջ.
– Այս բոլոր պատահածներէն ետք, ինչպէ՞ս կարելի է հաւատացեալ չըլլալ...
Մեկնած պահուս.
– Կեցած, քիչ մնաց պիտի մոռնայի, այստեղ նամակ մը ունիս, չեմ գիտեր ինչու սխալմամբ Անթիլիաս ինկեր է։
Գզրոցէ մը պահարան մը կը հանէ կու տայ, իսկ ես առանց նայելու գրպանս կը դնեմ ետքը կարդալու համար, բայց ինք կ՚ըսէ.
– Տոքթոր Քէքլիկեանէն է, բաց կարդա տեսնենք, թերեւս Ամերիկայէն շահեկան լուր մը կայ։
Կը բանամ։ Երկտող մըն է, հետը՝ չէք մը.– «Բարեկամներէս մէկը թերթին այս նուէրը կ՚ընէ մօրը յիշատակին։ Ներփակ իր հասցէն։ Շնորհակալութեան նամակ մը գրէ իրեն»։
Երկտողը եւ չէքը առջեւը կը դնեմ։ Կը կարդայ, շուարած աչքերով ինծի կը նայի լուռ, առանց բառ մը ըսելու։ Աստիճանաբար աչքերը կը խոնաւնան։ Արցունքի կաթիլ մը տեսանելի է մէկ աչքին մէջ, բայց հոսելէ առաջ դաստակովը կը սրբէ։ Այդ չէքը, մեր դրամին վերածուելով, ճիշդ ու ճիշդ այն գումարն է, ոչ տասը ոսկի աւելի, ոչ տասը պակաս՝ որ պէտք եղաւ թաղումին համար։
Զարեհ Վեհափառը.
– Բոլոր պատմածներէդ ետք, ա՞յս մէկն ալ... ա՞յս մէկն ալ... ուրիշ ըսելիք չունիմ...
........................................................................................................................
Ես բարձրաձայն կրկնեցի մայրիկիս խօսքը.
– «...Միայն ցաւ չտաս, հոգ չտաս, բեռ չըլլամ ուրիշին...»։

...........................................................................................................................

Գրուած է եղեր, մայրիկ, որ նոյնիսկ Կաթողիկոսի մը արցունքը հետեւի յիշատակիդ։
Հիմա, այս տողերը գրած օրս, քսան տարի անցաւ այն օրէն։ Ծառը հոն է։ Չե՞ս կարծեր, մայրիկ, որ ժամանակը եկաւ այլեւս որ քար մըն ալ ունենաս։ Ես գիտեմ թէ ինչու քար չէիր ուզեր։ Կեանքին մէջ կրած տաժանքներէդ ետք, չէիր ուզեր որ մահէդ վերջ քարի մը ծանրութիւնն ալ ճնշէ վրադ։ Ես գիտեմ, բայց ուրիշներ չեն գիտեր։ Կրնան մտածել, թէ ինչ ապերախտ զաւակ ըլլալու է տղադ, որպէսզի մօրը հողաթումբին վրայ քար մըն ալ դրած չըլլայ։ Ուրեմն ներէ որ շիրմաքար մը ունենաս, վրան՝ անունդ...
.......................................................................................................................
Ահա եւ անակնկալ նորութիւն մը մայրիկ։
Այս գրութիւնը այստեղ վերջացած էր։ Դրուած էր նոյնիսկ թուականը՝ Փետրուար 1979։ Նորէն Հայաստան գացի, մայրիկ։ Թերթերը այնտեղ գրութիւններ ուզեցին ինձմէ, տուի, տպեցին։ Հետս էր նաեւ այս ձեռագիրը։ Կարդացի Վազգէն Վեհափառին։ Լուռ մտիկ ըրաւ, ծայրէ ծայր։ Երբ վերջացուցի, ըսաւ.
– Երբ կը կարդայիր, կը մտածէի որ ես ալ պէտք է խաչքար մը նուիրեմ մայրիկիդ գերեզմանին, քանի որ այդպէս բարի կին մըն էր...
Վարդագոյն մարմարէ շատ գեղեցիկ խաչքար մըն է, մայրիկ, Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութիւններն ալ վրան...
Այդ խաչքարը պիտի դնեմ հողիդ վրայ, ծառին տակ։ Մէկը չունի նման շիրմաքար մը, դուն պիտի ունենաս եւ ուրախանաս։
Իշտէ՛ այսպէս, մայրիկ, կիներուն ամէնէն դժբախտը եւ մայրերուն ամէնէն երջանիկը, որ կը ննջէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեան տակ...

Շար.38

Վերջ Ա. Հատորի
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝