Յայտարարութիւն

Monday, September 14, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -39 -ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ինչպէս նախօրօք յայտնած էինք, այսօրուընէ կը սկսինք հրապարակել «Երազային Հալէպը» ի Բ. Հատորը :
Պիտի ուզէինք իմանալ ընթերցողներու տպաւորութիւնը առաջին հատորի մէջ լոյս տեսած պատմուածքներու մասին:
Շնորհակալութիւն
«Նշանակ»

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

ՔԱՋՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ

– Մէկ անգամէն քառորդ միլիոն ոսկի շահիլ կ՚ուզե՞ս։
– Մէ՜կ անգամէն...
– Այո, մէկ անգամէն։
– Եւ քառորդ միլիո՜ն...
Գեղամն է այսպէս խօսողը ու ես եմ երջանիկ արարածը, որուն կը տրուի այսպէս հրաշքով հարստանալու պատեհութիւնը։ Ու տեսնելով թերահաւատ ժպիտս, կը բացատրէ։
– Կատակ չեմ ըներ, շատ լուրջ կը խօսիմ։ Տասը տարին անգամ մը այսպէս առիթ չստեղծուիր։ Եթէ ուզես, մէկ օրուան մէջ եւ միայն քանի մը ժամ աշխատելով, աւելի ճիշդը աշխատցնելով՝ կրնաս քառորդ միլիոն շահիլ։
Եւ որպէս շօշափելի փաստ իր առաջարկին, սեղանիս վրայ կը դնէ դեղին հաստ թուղթի մէջ փաթթուած տախտակի կտոր մը։ Հալէպի «Նայիրի» տպարանիս մէջ ենք։ Թիզ մը լայնքով քառակուսի տախտակ մըն է, վրան գամուած պղինձէ քլիշէ մը։ Քլիշէն տպարանի սեւ մելանով ծեփուած է, ինչ որ կը նշանակէ անգամ մը անցած է տպագրական մամուլէն։ Պզտիկ, բթամատի մեծութեամբ պենզինի «պօն»եր են, յիսուն հատ քով քովի շարուած։ Տպագրուելէ ետք, կտրիչէն անցնելով, կը դառնան յիսուն հատ պենզինի պարէնատոմս։
Պատերազմը թէեւ վերջացած է, բայց պենզինի տագնապը դեռ կը շարունակուի։ Իւրաքանչիւր ինքնաշարժի համար ամսական մէկ թիթեղ պենզին կու տայ կառավարութիւնը, շատ աժան գինով, թիթեղը 5 սուրիական ոսկի, ինչ որ անբաւարար է։ Կրցողը կը գնէ սեւ շուկայէն, քառապատիկ վճարելով, 20-30 ոսկի։
Գեղամը հետը բերած է նաեւ ծրար մը տպագրելի թուղթ, վարդագոյն եւ փայլուն։ Միայն հազար օրինակ տպելով կ՚ունենանք յիսուն հազար «պօն»եր։ Իւրաքանչիւր 20 ոսկիի հաշուով (սեւ շուկային գինը) կ՚ընէ մէկ միլիոն։ Պենզինի կայաններուն կը ծախուի հատը 10 ոսկիի, կը մնայ կէս միլիոն։ Այդ կէս միլիոնին կէսը քլիշէին տիրոջ, կէսն ալ տպագրիչին։
Լուրջի առած չեմ դեռ, բայց կը հարցնեմ.
– Քլիշէն որո՞ւն կը պատկանի։
– Անշուշտ կառավարութեան կը պատկանի, կը մնայ քաղաքապետ Մէժտէտտին Ճապրիի դրամարկղին մէջ։ Քաղաքապետը քանի մը օրով Դամասկոս մեկնած է եւ իր քարտուղարն է որ կրցած է քլիշէն դուրս բերել դրամարկղէն։ Արդէն ինքն է, որ կը հսկէ պաշտօնական տպագրութիւններուն, ամէն անգամ որ պէտք զգացուի։ Այս անգամն ալ կ՚ուզէ իր հաշւոյն ընել...
– Այս գործէն քու շահածդ ի՞նչ պիտի ըլլայ, Գեղամ։
– Ես բաժին չունիմ։ Բարեկամութեան համար է ըրածս։ Ինծի ուրիշ գործերու մէջ օգտակար եղած է եւ կ՚ըլլայ։ Եթէ ուզէր, արաբական տպարանի մը մէջ կրնար տպել տալ, բայց ես ուզեցի որ քու քովդ ըլլայ եւ դուն շահիս։
– Շնորհակալութիւն որ մտածեր ես իմ մասիս, բայց չե՞ս կարծեր որ վտանգաւոր է։
– Ինչ վտանգ պիտի ըլլայ, նոյն քլիշէն, նոյն թուղթը, կեղծը իրականէն անկարելի է զանազանել։
– Կեղծ դրամ տպելու պէս բան մըն է։
– Դրամին հետ կապ չունի։ Ասոնք առժամեայ «պօն»եր են։ Վաղը երբ պենզինի տագնապը վերնայ, ասոնց հետքը չի մնար։ Կարեւորը օգտուիլն է այս բացառիկ վիճակէն։
– Բայց պենզին տրամադրող կեդրոնը պիտի չհասկնա՞յ, երբ սպառումը մէկէն ի մէկ բազմապատկուի...
– Մեզի ի՜նչ։ «Պօն»երուն վրայ չեն կրնար կասկածիլ։ Ամէն ինչ նոյնն է, պաշտօնապէս տպուածին պէս։
– Բացի տպագրիչէն,– հեգնեցի ես։
Հեգնանքս չհասկցաւ եւ նոյն թափով շարունակեց.
– Տպել-կտրել-տրցակներու վերածելը երեք ժամ չ՚առներ։ Ինք միջոցներ ունի «պօն»երը ցրուելու մինչեւ Պէյրութ-Դամասկոս (Սուրիա-Լիբանանի միջեւ սահմաններ չկային այն ատեն)։ Մէկ շաբաթէն կը վերջանայ «պօն»երուն սպառումը։ Քառորդ միլիո՜ն... Քլիշէն եւ թուղթը քեզի կը թողում, առաւօտ կանուխէն կու գամ։ Խոստացած եմ նոյն օրը քլիշէն վերադարձնել։ Գրաշարները կը ճամբես, միայն տպագրիչը կը պահես եւ գործի կ՚անցնիս...
Իր մեկնելէն ետք երկա՜ր կը դիտեմ սեղանիս վրայ մնացած քլիշէն։ Իրա՞ւ քառորդ միլիոն ոսկի կայ այդ աղտոտ տախտակի կտորին տակ։ Հասկնալու համար թէ այն օրին ինչ ծանրութիւն ունէր քառորդ միլիոն սուրիականը, ճշդեմ որ քանի մը տարի ետք, Պէյրութ փոխադրուելու առիթով տպարանս երբ ստիպուեցայ թողուլ, ծախուեցաւ... 15 հազարի։ Նոր ինքնաշարժ մը կ՚արժէր 30-40 հազար։
Գրաշարները լուացուելու վրայ են։ Իրիկուն է, պիտի մեկնին։
– Արմենա՛կ,– կ՚ըսեմ տպագրիչ վարպետին,– ընթրիքէն ետք անգամ մը հանդիպիր, ես հոս կը մնամ, ըսելիք ունիմ։
– Մահազդ կա՞յ,– կ՚ըսէ արմենակ,– եթէ ուզէք կը մնամ։
– Ոչ, գնա, երկու ժամ ետք անգամ մը երեւցիր։
Հիմա մինակ եմ քլիշէիս հետ...
Քառորդ միլիոն։ Ինչեր կարելի է ընել այդ գումարով։ Աչքիս առջեւ կու գան տպարանի նոր մեքենաներ, «Նայիրի» ամսագիրը որ դժուարութեամբ ու կաղն ի կաղ լոյս կը տեսնէր, յանկարծ թռիչք կ՚առնէ։ Այլեւս ոչ թուղթի տագնապ, ոչ գրաշարի։ Նոր հիմնած ենք Քարէն Եփփէ Ճեմարանը։ Այստեղ փակագիծ մը։ Վերջերս թերթի մը մէջ կարդացի Հրաչ Փափազեանին անունը որպէս Ճեմարանի հիմնադիր։ Սխա՛լ։ Հրաչը լուր անգամ չունեցաւ։ Ճեմարանի իսկական հիմնադիրը, Զարեհ Սրբազանի գլխաւորութեամբ, Հալէպի Ուսումնական Խորհուրդն էր, բաղկացած երեք անձերէ – Վահէ Սէթեան, բժ. Յ. Գասապեան եւ նուաստս։ Ես նամակ գրեցի Օննիկ Սարգիսեանին առաջարկելով Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ մինչ այդ, Օր. Լուսին Կիւրեղեանը նշանակեցինք որպէս տեսուչ։ Ֆրանսայէն բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեանն ալ հրաւիրեցինք որպէս գրաբարի դասատու։ Յետոյ, Զարեհ Սրբազանին հետ Կիպրոս գացինք Ճեմարանի համար հանգանակութեան, եւ փակագիծը գոցեմ յայտնելով, որ միայն երկու հազար սթերլին բերինք (20.000 սուր. ոսկի)։
Քառորդ միլիոնիս մէջ Ճեմարանն ալ կայ։ Ճիշդ Կիպրոսէն մեր բերած գումարին չափ գումար մըն ալ՝ Ճեմարանին։ Թող տեսնեն թէ բանաստեղծներն ալ կրնան մեկենաս դառնալ...
Յանկարծ ներս կը մտնէ Նշանը։
– Դեռ չե՞ս գացեր, ի՞նչ կ՚ընես մինակդ։
– Նստիր, Նշան, լաւ եկար։
Եւ իրեն կը բացատրեմ խնդիրը, ցոյց տալով քլիշէն եւ պատմելով Գեղամին ըսածները։ Ինք Գեղամը ինձմէ լաւ կը ճանչնայ, շուկայի մարդ է։ Գեղամը ձեռներէց եւ յաջողած տղայ է, գլխաւոր գործը Թուրքիոյ վրայով զուիցերիական ժամացոյցներ այս կողմը «փոխադրելն» է եւ լաւ դրամ կը շահի։
– Ի՞նչ կ՚ըսես, Նշան, մտնե՞մ այս գործին մէջ։
– Ասիկա այն գործերէն է, որ մարդ ինքը մինակը պէտք է որոշէ...
– Այսինքն։
– Այսինքն-մայսինքն չկայ, դուն գիտես, ես չեմ խառնուիր...
– Եթէ դուն իմ տեղս ըլլայիր, ի՞նչ կ՚ընէիր...
– Ատանկով չես կրնար իմ կարծիքս ունենալ։ Դուն պիտի որոշես հետեւանքները լաւ մը կշռելէ ետք։
– Կը կարծե՞ս որ վտանգ մը կայ։
– Գումարին մեծութիւնը եւ վտանգին մեծութիւնը իրարու հաւասար են։ Ես քեզմէ բան չլսեցի։ Ահա գացի...
– Քլիշէն ու քառորդ միլիոնը մոռցած, Նշանին մասին կը մտածեմ։ Զարմանալի էր։ Մտերիմներ էինք։ Ընտանեկան կամ կուսակցական գաղտնիք չունէինք իրարմէ։ Միշտ գործած ենք միասնաբար։ Ինչո՞ւ չուզեց կարծիք յայտնել...
Մտքիս մէջ անիւը սկսաւ հակառակ կողմէն դառնալ։ Քլիշէն դրամ չէր հիմա, այլ սեւ պատերով... բանտ մը։ Ձերբակալութիւն, դատավարութիւն, խայտառակութի՜ւն։ Ամօթէն անշուշտ մաս մըն ալ պիտի ցայտէ շրջապատիս, ակումբին վրայ, նոյնիսկ Սրբազանին...
Արմենակը վերադարձաւ։ Եւ սպասելով տալիք գործիս, սկսած է մեքենան մաքրել, փլաքին թուղթերը փոխել։
– Տունը լուր տուած եմ, պր. Անդրանիկ, եթէ պէտք է գիշերը կը մնամ։
– Ոչ, Արմենակ, կրնաս երթալ, պէտք չկայ։
Եւ իրմէ առաջ ես ոտքի կ՚ելլեմ ու կ՚երթամ, թողելով որ տպարանը ինք գոցէ։
Առաւօտեան Գեղամը եկաւ եւ քլիշէն ու թուղթերը տարաւ։ Արհամարհանքի երանգ մը կար ձայնին մէջ ու դէմքին վրայ, երբ ըսաւ մեկնած պահուն.
– Ասիկա բեմերէն ճառ խօսելու չի նմանիր... քաջութիւն կ՚ուզէ։
Ետքէն իմացայ որ Նշանը քովէս գացած է ուղղակի Գեղամենց տունը եւ փառաւոր կռիւ մը ըրած...*
* *

Տասը օր ետք բազմաթիւ ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան քաղաքին մէջ, պենզինի կեղծ «պօն»երու խնդրով մը։ Գեղամը չկար ձերբակալուածներուն մէջ եւ այլեւս Հալէպի մէջ չտեսնուեցաւ։ Ատեն մը ձայնը կու գար Յունաստանէն։ Հիմա ուր կ՚ապրի, չեմ գիտեր։
Իրմէ հասկցայ թէ իրապէս մէջս «քաջութիւնը» կը պակսի...

Շար . 39
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝