Յայտարարութիւն

Tuesday, September 15, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 40 -ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

MADAME ANAIS ԿԱՄ ԽԵՆԹԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Եթէ ըսեն, թէ փողոցն ի վար իր այլանդակութիւնը թաւալող պոռպռան սա կինը, տգեղ, զազիր, պժգալի այս արարածը ամէնէն գեղեցիկ ու տենչալի կինն էր այս քաղաքին, կը հաւատա՞ս...
Կը հաւատաս... Չես հաւատար... Մտիկ կ՚ընես ու կ՚անցնիս։
Խենթ կին մը։ Խենթի պատմութիւն մը։ Արդէն ամէն խենթ պտուղը չէ՞ պատմութեան մը։ Ամէն պատմութիւն ծնունդ չի՞ տար նոր խենթի մը։ Ո՞վ է խենթը։ Պատմո՞ղը թէ լսողը։ Հաւատացո՞ղը թէ չհաւատացողը։
Ահա եկաւ նորէն, թօթուեց խառնակ մազերուն մոխիրը մաքուր հագուած այդ պարոնին առջեւ, բաներ մը պահանջեց, բողոքեց, պոռաց, հայհոյեց, լացաւ, գնաց։ Նստաւ խանութի մը առջեւ, ցուցամատով գետինը հաշիւ մը լուծեց, նորէն ոտքի ելաւ, կանչեց, լացաւ, հեռացաւ։ Ու այսպէս, ամէն օր, ամէն տեղ, փողոցէ փողոց, խանութէ խանութ։
Եւ սակայն, իր ողորմելի գոյութիւնը շրջուն մունետիկն է իր փառաւոր անցեալին։ Գուցէ եւ հերքումը՝ իր անհաւատալի արկածին։ Արկած մը, որ հէքեաթ մըն է։ Հէքեաթ մը, որ իրական դէպքի մը հարազատ արձանագրութիւնն է։

*
* *

Տարիներ առաջ...
Օ՜, ո՛չ անյիշատակ տարիներ, ինչպէս սովորաբար կ՚ըլլայ հէքեաթներուն մէջ։ Ոչ քսան, ոչ տասը, ոչ իսկ հինգ տարի։ Ընդամէնը երեք տարի առաջ, այս կինը թագուհին էր ա՛յս քաղաքին։ Ոչ անշուշտ պարկեշտագոյն կիներուն, բայց օրէնքին թոյլատու հովանիին տակ, ճարտար տանտիրուհին բարգաւաճ ասպարէզի մը նուիրուած հաճոյքի Տունին, որուն լուսաւոր ցուցանակը կը կրէր միայն իր անունը – Մատամ Անայիս։
Սովորական հանրատունէ մը բաւական բարձր ու սովորական պարասրահէ մը քիչ մը ցած ժամադրավայր մըն էր իր Տունը, ուր անցնող ժամանակը առաւել կամ նուազ շնորհալի «աշխատակցուհիներու» հոյլեր կը բերէր ու կը տանէր։ Իր լուսաւոր սրահէն, անփորձ կամ միամիտ հաճոյամոլներու բազմութիւն մը կու գար ու կ՚անցնէր անընդհատ, եւ ողբերգութիւնն ու զաւեշտը կը կազմէին մթնոլորտը անուշաբոյր ու կիսամութ սենեակներուն։ Այդ սենեակներուն մէջ թաւալող դէմքերը մէկէ աւելի անգամներ քայքայումին պատճառը կը դառնային դուրսը, ուրիշ սենեակներու մէջ հիմնուած ընտանեկան խաղաղ բոյներուն։ Կիրքն ու յիմարութիւնը աւեր կը գործէին շուրջը, անմիտ մսխումներով հարստութիւններ կը հալէին իր ձեռքին տակ, բայց ինք կը մնար նոյն զուսպ, խնայող ու հեռատես կինը, որուն համար իր Տունը, ամէն բանէ առաջ, առեւտրական ձեռնարկութիւն մըն էր միայն, մուտքի եւ ելքի նպաստաւոր հաւասարակշռութեամբ մը։ Իր շլացնող գեղեցկութիւնը, հմայիչ անձը՝ կեդրոնաձիգ մագնիսն էր զինք շրջապատող կիներու խումբին, ուշիմ միտքը եւ հաղորդական կազմուածքը՝ մեծագոյն ազդակն էին տունին յաջողութեան, ի՛նք եւս մասնակից էր, թէեւ ոչ յաճախ, ասպարէզին պահանջքներուն՝ բայց միշտ կը մնար չափաւորութեան սահմանի մը վրայ, ու երբեք չէր մոռնար ծերութիւնը՝ որ պիտի գար ի վերջոյ, թշուառութիւնը որ պահուըտած էր ծերութեան ետեւ։ Կային կեանքի ձախորդութիւնները – հարկ էր խնայել։ Մանաւանդ կար անցեալի զրկանքներուն յիշատակը – խնայել...
Երկոտասան կղզիներէն Պոլիս ու Իզմիր նետուած եւ միջազգային բոլոր բանակներուն դառնութիւնը ճաշակած այս կինը, խաղաղ այս քաղաքին մէջ գտած էր վերջնական իր կայքը, ուրկէ կ՚երազէր մեկնիլ, հանգստեան կոչուած զօրավարի մը պէս, բեռնաւոր դրամով ու փառքով, եւ Աթէնքի մէջ անցընել վերջին օրերը։ Ու հաճոյքը, ու հեշտանքը, ու անցած ու գալիք օրերուն բոլոր իմաստութիւնները մէկ թելադրանք միայն ունէին – խնայել։ Քանի՜ երիտասարդ սիրահարներ իրենց ապագան անցեալ ըրին իր տունին մէջ։ Քանի՜ կարճատեւ հովուերգութիւններ յանկարծ ողբերգութեան վերածուեցան վերջին արարին, բայց անփոփոխ մնաց խնայելու իր յամառ կամքը, դիզուող ոսկիներու փայլէն հետզհետէ ամրանալով եւ անխոցելի դառնալով։ Ոսկիները պարբերաբար շէնքերու վերածուեցան։ Երեք հսկայական շինութիւններ իր անունը կը կրէին կալուածագրական գրասենեակին ծածուկ խորշերուն մէջ։ Ու կեանքը կը թաւալէր շուրջը, քմայքին ամէնէն յարափոփոխ կերպարանքով, բայց իրեն համար ճշդորոշուած ու անփոփոխ կշռոյթով։
Այլեւս հազուադէպօրէն կը տրամադրէր մտերմութիւնը անծանօթ այցելուներու։ Պատահական յաճախորդներ, նոյնիսկ շլացնող գումարներով, շատ քիչ անգամ կը յաջողէին առանձնութիւն մը ձեռք բերել իրեն հետ։ Ինքնաբաւ ու խաղաղ երեւոյթը, շրջապատին հանդէպ անտարբերութիւնը, արդուզարդի մէջ չափաւորութիւնը, փոխանակ նուազեցնելու, աւելի կը շեշտէին իր հմայքը։ Ու հակառակ պարբերաբար ներածուող թարմ գեղեցկութիւններու առատութեան, դարձեալ ինքն էր ցանկութիւններուն կեդրոնը։ Հետզհետէ անմատչելի դարձող իր մարմինը, հաշիւներու եւ ծրագիրներու ծանրութեան տակ կքող ուղեղի մը ճնշումին տակ, կը դառնար անզգայ, խոնջ, կարօտ հանգիստի եւ խաղաղութեան։
Չորրորդ շէնքի մը համար անհրաժեշտ գումարը պատրաստ էր արդէն, բայց կը տատամսէր։ Ճիշդ է, դեռ կրնար շարունակել, աշխատիլ եւ դիզել, բայց խոհեմութիւն չէ՞ր արդեօք սկսիլ նահանջի պատրաստութեանց։ Կամաց-կամաց հաւաքուիլ, կեդրոնանալ եւ մեկնիլ։ Շարունակե՞լ քանի մը տարի եւս, մինչեւ վերջնական ուժասպառում, թէ վերջ դնել մէկէն, գեղեցկութեան լրումին մէջ, առանց սպասելու հմայաթափութեան աւերին։

Շար . 40

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝