Յայտարարութիւն

Wednesday, September 16, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 41- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Եկաւ ուշ գիշեր մը, միս մինակ։ Յայտնապէս գինով էր, բայց տարօրինակ լրջութիւն մը կար վրան, անբացատրելի ծանրութիւն մը։ Կիներէն ամէնէն երիտասարդն ու փնտռուածն էր դուռը բացողը, բայց նորեկը ոչ իսկ նայեցաւ անոր դէմքին։ Երկնցաւ թիկնաթոռի մը մէջ, խմիչք ապսպրեց իրեն եւ բոլոր ներկաներուն համար։ Կիներուն շահագրգռութիւնը յանկարծ սրուեցաւ։ Նայեցան իրարու, նշանակալից գոհունակութեամբ։ Որոշ կ՚երեւէր, թէ օտարական էր, շատ հաւանօրէն գիւղատէր մը, որոնք ամէնէն փնտռուած յաճախորդներն էին Տունին, իրենց անհուն հարստութեամբ եւ անհուն միամտութեամբ։ Կային՝ որ գիւղի մը տարեկան ամբողջ բերքը մսխած էին գիշերուան մը մէջ։ Ու տանտիրուհիին թափանցող նայուածքը պէտք չունեցաւ երկար քննութեան, համոզուելու համար թէ պարարտ որս մըն էր այցելուն։
Մօտեցաւ, լեցուց բաժակը, բախեց անոր բաժակին։ Կէս ժամը բաւեց նորեկին ինքնութիւնը եւ գրպանին տարողութիւնը կշռելու համար։ Տասնեակ մը գիւղեր։ Արգաւանդ ամբողջ հովիտ մը՝ Եփրատի եզերքը։ Իր երեք շէնքերուն երեք տարուան վարձքին կրկնապատիկին հասնող տարեկան եկամուտ մը։ Հազիւ 35 տարեկան, առողջ, կայտառ, յաղթանդամ։
Որոշապէս կ՚երեւէր, թէ երիտասարդը փութկոտութիւն ցոյց չէր տար ընտրութիւն մը կայացնելու։ Հակառակ առաջացած ժամանակին ու աստիճանաբար ջերմացող մթնոլորտին, կը մնար ծանր ու անտարբեր, յափրացած մէկու մը երեւոյթով։ Տանտիրուհին կ՚ըմբռնէր սակայն, իրեն յատուկ նրբազգացութեամբ, թէ ի՛նքն էր կրկին, ինչպէս շատ յաճախ, շահագրգռութեան առարկան նաեւ այս նորեկին, ու զանազան կերպերով կը հասկցնէր տրամադրելի չըլլալը։ Իսկ երիտասարդը, ոչ նուազ ուշագրաւ եղանակով մը կը յամառէր կատարած ընտրութեան վրայ։ Միւս կիները, կարճատեւ փորձէ մը ետք, քաշած էին իրենց թեկնածութիւնը ու կը պահէին չէզոք դիրք մը։ Դեռ կէս ժամ մըն ալ երկարեցաւ սպասողական տարտամ վիճակը, մինչեւ որ երիտասարդը ոտքի ելաւ, վճարեց խմիչքներուն համար, իշխանական նուէր մը տուաւ ծառային ու մեկնեցաւ։
Յաջորդ գիշեր եկաւ կրկին, քիչ մը աւելի կանուխ, քիչ մը նուազ գինով եւ քիչ մը աւելի համարձակ, բայց միշտ միեւնոյն քաղաքավարութեամբ։ Առատաձեռնութիւնը կրկնապատկուեցաւ։ Իսկ տանտիրուհիին դժուարամատչելի անձը բարեացակամ տատանումներ ունեցաւ։ Ի վերջոյ շահեկան յաճախորդ մըն էր, եւ, մանաւանդ – այս մէկը նկատած էր առաջին րոպէին – գեղեցիկ երիտասարդ մը։ Անշուշտ եթէ մենաշնորհեալի իր դիրքը զերծ կը կացուցանէր զինք ամէն յաճախորդի պահանջին գոհացում տալու հարկէն, նոյն ատեն կ՚ապահովէր ազատութիւն մը, ատեն ատեն, ընտրութիւններ կայացնելու։ Իսկ երիտասարդը կը լրացնէր արժանաւոր ընտրեալի մը բոլոր յատկութիւնները։
Տեղի տուաւ չորրորդ գիշերը, երբ յամառ այցելուն իր դրամով, բարեկրթութեամբ եւ Սայյէտ Իպրահիմ տարտամ անունին տակ դարձած էր արդէն ընտանի մէկ անդամը Տունին։ Կու գար նաեւ ցերեկները ու միասին կը ճաշէր։ Այլեւս դրամը դադրած էր մաս առ մաս շրջաբերութեան դրուելէ։ Ատենը մէկ սեղանին վրայ անտարբերութեամբ նետուած ափ մը ոսկին կը ջնջէր բոլոր մանր-մունր ծախքերը, ընթացիկ սակագիները։ Իպրահիմ դարձած էր Տունին իշխանը ու տանտիրուհիին հետ կը վարուէր ինչպէս իշխանուհիի մը։
Մեկնեցաւ երկու շաբաթ վերջ, դրամի եւ ազնուութեան մէջ խեղդելէ ետք ամբողջ Տունը։ Գնաց իր կալուածները, ուր «ոչխարի մեծ վաճառականներ իրեն կը սպասէին»։ Վերադարձաւ կարճ ատենէ մը, դրամատան յանձնելի ծանր տոպրակ մը ոսկիով։ Ոսկին ամբողջ օրեր մնաց կնոջ գզրոցին մէջ, առանց համրուելու, առանց ուշադրութեան առարկայ դառնալու տիրոջը կողմէ։ Առաւել կամ նուազ չափով իրեն նուիրուած արուներու շարքին մէջ, իր հարուստ փորձառութեան ընթացքին, առաջին անգամն էր որ կը հանդիպէր այսքան շռայլ վստահութեան։
Մարմնական հաճոյքը եւ նիւթական շահ սկսան նսեմանալ ուրիշ զգացումի մը քով, որ հոգիէն կու գար այլեւս, զգացական ցամքած աղբիւրէ մը, որ տարիներուն դիզած աղտին ու մամուռին տակէն յանկարծ կը պոռթկար ուժգին ժայթքումով։ Սիրելու մոռցուած ու թմրած կարողութիւն մը նորոգ թափով կը խուժէր սրտէն դէպի Իպրահիմը, որ իր կարգին, երիտասարդի խենթ ու անհաշիւ փարումներէ ետք, բացարձակ ու վերջնական սէրը կը յայտարարէր, յուզիչ բառերով։
Այլեւս Իպրահիմը դարձած էր մնայուն բնակիչը իր սենեակին։ Բերուած էին անոր անձնական գոյքերը պանդոկէն ու տուն-տեղ դարձած էր Տունին մէջ։ Հոն կ՚ընդունէր իր այցելուները, գործի համար իրեն հետ տեսնուիլ ուզող վաճառականները։ Եկողները միշտ մեծ գումարներ կու տային կամ կ՚առնէին։ Աւելի շատ կու տային, քան կ՚առնէին։ Անոնց յարգալից վերաբերումէն յստակ կ՚երեւէր Իպրահիմի վայելած պատիւը, բարձր դիրքը։ Յարգանք ու ակնածանք կար այցելուներուն մօտեցումին ետեւ, ու իշխանական ծանրութիւն՝ գիւղատէրին շարժումներուն մէջ։
Քանի մը երթեւեկ եւս ունեցաւ դէպի իր կալուածները, ու վերադարձին դիմաւորուեցաւ յարաճուն կարօտով ու սիրով։ Այլեւս հազուադէպ էր որ տանտիրուհին գիշերները երեւէր մեծ սրահին մէջ։ Շրջապատը հաշտուած էր Իպրահիմի տիրապետութեան։ Քանի մը յամառ սիրահարներ ի զուր կը փորձէին դեռ շնորհի մնացորդ մը կորզել իրմէ։ Մեծահարուստ երիտասարդին այս նոր կալուածէն ներս ոտնձգութիւնը դարձած էր անկարելի, մանաւանդ որ Իպրահիմ սկսած էր ցոյց տալ ուրիշ արժանիքներ եւս, որոնք անձնական փայլ մը կ՚աւելցնէին արդէն իսկ անմատչելի իր անձնաւորութեան վրայ։ Գիշեր մը, երկու անծանօթ գինովներ գայթակղութիւն մը ստեղծեցին Տունին մէջ ու ահաբեկ ծառան ոստիկանատուն պիտի վազէր օգնութիւն խնդրելու, երբ միջամտեց Իպրահիմ։ Ապտակելով դուրս նետեց անբաղձալի հիւրերը, որոնք ոչ իսկ փորձեցին դիմադրել, տիրապետող հակառակորդին առջեւ։
Կատարեալ հերոսի լուսապսակը ամբողջացաւ Իպրահիմի գլխուն շուրջ, այդ միջադէպէն յետոյ։ Դրամ, երիտասարդութիւն, քաջութիւն։ Ու բացի մայրենի լեզուէն, երիտասարդ արաբը սահուն կերպով կը խօսէր ֆրանսերէն եւ թրքերէն։ Ունէր զարգացում եւ ազնուական ծագումը յայտնող անթերի վարուելակերպ։ Ու տեւական դժգոհութիւն մը՝ կեանքէն, միջավայրէն, երկրէն։ Հեռուներու ծարաւ մը կար մէջը. յաճախ կը խօսէր ամէն ինչ լքելու եւ անդարձ մեկնելու մասին։ Հօրենական գիւղերը, կալուածները՝ որեւէ գրաւչութիւն չունէին իրեն համար։ Կ՚ատէր իր իսկ հարստութիւնը, շրջապատի տգիտութիւնը, տափակութիւնը։
Սրտակիցներ էին այլեւս։ Կար ձերբազատումի ծարաւը երկուքին մէջ ալ։ Միջավայր փոխելու եւ քաղաքակիրթ ոստանի մը մէջ նոր կեանք մը վերսկսելու բաղձանք, ապագան դասաւորող ամոլի մը եռանդագին անհամբերութեամբ։ Իպրահիմ սկսած էր խօսիլ ամուսնութեան մասին։ Նախ քօղարկուած, չափաւոր բառերով եւ հետզհետէ ճնշող պահանջկոտութեամբ։ Կրօնական նախապաշարումներ չունէր եւ շատ սիրով պիտի ուզէր ենթարկուիլ քրիստոնեայ պսակի մը ձեւակերպութեան, միայն թէ դուրս գային աւելորդապաշտութիւններով յագեցած խաւար այս երկրէն։ Իր հարստութիւնը կը թոյլատրէր ապահով կենակցութիւն մը,– մինչեւ իրենց կեանքին վախճանը։
Նախ անհեթեթ թուող այս առաջարկը աստիճանաբար տեղ գտաւ ուղեղին մէջ։ Ճամբայ բացաւ սրտէն ներս։ Պահանջի վերածուեցաւ հեշտանքի լքումներուն մէջ իսկ ծերութեան օրերու յենարան մը փնտռող մարմինին համար։ Ամուսնութիւն մը, ինչո՞ւ ոչ։ Տարիքի պզտիկ տարբերութիւնը պիտի կրնար աննշմար դարձնել իր հմայքին գերակշռութեամբ, փորձառութեան ուժով։ Երբ մանաւանդ կը հաստատէր, թէ Իպրահիմն ալ հակառակ փայլուն երիտասարդութեան, հասած էր արդէն քառասունի դռներուն ու կ՚երազէ խաղաղութիւն եւ հանգիստ։ Ինչո՞ւ ոչ...

Շար . 41

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝