Յայտարարութիւն

Thursday, September 17, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 42 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Գարնան արեւոտ առտու մը, իրագործուեցաւ երկար ատենէ ի վեր ծրագրուած այցելութիւնը Իպրահիմի կալուածներուն։ Փայլուն ինքնաշարժ մը տարաւ զիրենք անվերջանալի արտերու մէջէն – Իպրահիմին այս տարուան հո՜ւնձքը,– մեծ կամ պզտիկ բնակութիւններու քովէն, – Իպրահիմին գիւղե՜րը,– Եփրատի եզերքը, վրաններու խումբի մը առջեւ – Իպրահիմին ճորտե՜րը։ Քանի մը ձիաւորներ, հրացանաձգութեամբ եւ պատիւներով ընդունեցին իրենց Սէյյէտը, եւ առանց կանգ առնելու վրաններուն առջեւ, ինքնաշարժը առաջնորդեցին հեռուն, բլուրի մը վրայ լարուած մեկուսի վրանը, ուր փառաւոր սեղան մը կը սպասէր հիւրերուն, խոնարհ ծառաներով եւ թանկագին սպասներով։ Պատերուն՝ գորգեր, գետինը՝ գորգեր։ Ամբողջ վրանը՝ դահլիճ մը, արեւելեան ճոխ կահաւորումով։
Կերուխումը տեւեց սովորականէն շատ երկար ու բազմատեսակ խմիչքները, Իպրահիմի զուարթ տրամադրութեան կշռոյթով, պարպուեցան արագ-արագ, առատ-առատ։ Երազի եւ իրականութեան խառնուրդ մթնոլորտի մը մէջ վերադարձան քաղաք, ինքնաշարժին խորը գիրկ-գրկի, մինչ ձիաւորներու պատուոյ ջոկատը դեռ քառասմբակ կ՚արշաւէր մեքենային հետ, ներդաշնակ անոր չափաւոր ու դասաւորուած արագութեան, բաժնուելէ առաջ ու վերջին համազարկով մը կը նուիրագործէր իշխանին եւ իշխանուհիին այցելութիւնը։
Այս այցելութիւնը անջնջելի հետք մը թողուց երեւակայութեան մէջ, աճող ու գեղեցկացող պատկերներով։ Այդ օրը միայն կրցաւ իրապէս չափել ու շօշափել սիրահարին ուժը, հարստութիւնը, եւ մանաւանդ, զոհողութեան չափը՝ իրեն համար այդ բոլորը լքելու եւ իրեն հետ անվերադարձ մեկնելու առաջարկին մէջ։

*
* *

Մեկնումը դարձաւ պահանջ։ Վերածուեցաւ ծրագրի։ Երթեւեկները շատցան Տունէն ներս։ Վաճառականներ ու գնորդներ հետզհետէ եկան ծանրաբեռնուած թուղթերով, մուրհակներով, կալուածային ցուցակներով։ Գիւղեր ամբողջ՝ ծախուեցան ժամուան մը մէջ։ Ոչխարի անհամար հօտեր՝ դրամի վերածուեցան գաւաթ մը սուրճի առջեւ։ Կատաղի մոլուցքով մը Իպրահիմ հաշուեյարդարի կ՚ենթարկէր հօրմէն մնացած ամբողջ ժառանգութիւնը։ Ու կը յայտնէր իր անդառնալի որոշումը՝ շաբաթէ մը Եւրոպա մեկնելու եւ հոն հատատուելու։ Յանդիմանութիւն եւ դառնութիւն կար ձայնին մէջ, մեղադրանք՝ սիրուհիին հանդէպ, ու դեռ կը տատամսէր։ Ինք որոշած էր։ Միասին թէ մինակ՝ պիտի մեկնէ՜ր։
Շաբաթ իրիկուն մը Իպրահիմ յայտարարեց, մռայլ ու ծանրակշիռ լրջութեամբ մը, թէ յաջորդ օրը պիտի ըլլար իրենց բաժանումի Կիրակին, քանի որ Երկուշաբթի գիշեր կը մեկնէր Պէյրութ, նաւ առնելու համար։ Այլեւս չէր խօսեր միասին երթալու մասին, ճակատագրին հետ հաշտուած դժբախտի մը համակերպութեամբ։ Ընթրիքին՝ չճաշեց ու միայն խմեց։ Գիշերը անցուց դուրսը, ու մինչեւ լոյս սիրուհին ի զուր սպասեց իրեն, տառապագին մտատանջութեամբ։ Պիտի մեկնէ՜ր։ Ինք պիտի մնար դարձեալ մինակ, իր անբարոյութեան Տունին մէջ, որոշ սակագինով ծախելու համար մարմինը պատահական այցելուներուն։ Պիտի շարունակէր մնալ իր ամօթին, դժբախտութեան, առանձնութեան մէջ։ Իսկ փրկութեան լաստը առջեւն էր, ձեռքին հասողութեան մէջ եւ ինք թոյլ կու տար որ բախտին ալիքները տանին ու հեռացնեն անկրկնելի պատեհութիւնը։
Իպրահիմ եկաւ կէսօրուան դէմ ու քնացաւ մինչեւ իրիկուն։ Հակած անոր վերեւ, կը դիտէր սիրելի դէմքը ու կնոջական սրտին բովանդակ զեղումով կ՚արտասուէր, անզուսպ ու յուսաբեկ։ Պիտի մեկնէ՜ր... Ինք՝ պիտի մնար...
Գիշերը, գոցել տուաւ Տունին դուռը, յայտնելով կիներուն, թէ ոեւէ այցելու ընդունիլ արգիլուած էր մինչեւ առաւօտ։ Իրենց վերջին գիշերն էր...
Օրերէ ի վեր անլուծելի մնացող ճակատագրական որոշումը սակայն, տրուեցաւ գերագոյն պահու մը, նոյն գիշերը։ Կը մեկնէր ի՛նքն ալ։ Պիտի ընկերանար սիրահարին, ո՛ւր որ ուզէր, ե՛րբ որ ուզէր... Հիմա ինքն էր որ կը պաղատէր Իպրահիմին, որպէսզի յետաձգէր մեկնումը գոնէ շաբաթով մը, մինչեւ որ կարենար ծախել շէնքերը, կարգադրէր Տունին փոխանցումը, կեդրոնացնէր դրամները։ Իպրահիմ կը բողոքէր, կ՚առարկէր, կը կասկածէր։ Դրամի՞ համար, քանի մը կտոր շէնքերո՞ւն համար դեռ շարունակել այս կացութիւնը։ Դրամը վերջին ու աննշան մանրամասնութիւնը չէ՞ր իրենց կեանքին մէջ, իրենց երջանկութեան համար։ Իր անսահման հարստութիւնը պէտք էր թողո՞ւր մտածելու դրամի մասին։ Փարիզի դրամատան փոխանցուած իր միլիոնները կ՚աւելնային կամ կը պակսէի՞ն յաւելեալ տոպրակ մը ոսկիով։ Ու յետոյ, յանձնակատար մը չէ՞ր կրնար կարգադրել առկախ գործերը իրենց մեկնումէն ետք։ Կ՚արժէ՞ր սպասել, կ՚արժէ՞ր ուշանալ հեռուն յարդարուած երջանկութեան անվերջանալի հանդէսին...
Վերջապէս տեղի տուաւ, պաղատանքի եւ համբոյրներու տարափի մը տակ։ Դժկամութեամբ՝ յանձն առաւ սպասել քանի մը օր եւս։
Տասը օր հազիւ բաւեց՝ տասը հազար հնչուն ոսկիի վերածելու շէնքերն ու Տունին կարասիները։ Հեգնանքի աղբիւր մը դարձաւ Իպրահիմի բերնին մէջ այդ ողորմելի գումարը, որուն պատճառով ամրան ամէնէն գեղեցիկ տասը օրերը կորսուած էին, իրենց հաշւոյն, Նիսի մէջ...
Հեռագրով առաջին կարգի երկու տոմսեր ապահովուեցան, Ուրբաթ խարիսխ վերցնող նաւէ մը։ Անցագիրները ղրկուած էին արդէն Պէյրութ, վիզայի ձեւակերպութեանց համար։ Երեքշաբթի կանուխէն, սկսան լեցուիլ ճամբորդական պայուսակները։ Նոյն իրիկուն պիտի մեկնէին, գիշերուան գնացքով։
Շէնքերուն դրամը կաշիէ տոպրակով մը կը սպասէր սեղանին վրայ, տեղաւորուելիք ուրիշ իրերու եւ զարդեղէններու մէջտեղ։ Յանկարծ, անակնկալ ձախորդութիւն մը հայհոյանքի վերածուեցաւ Իպրահիմի շրթներէն դուրս։ Արդէն ջղային էր, նեղսիրտ, ու ահաւասիկ որ մետաղին ծանրութիւնը կը յիշեցնէր իրեն ծանրակշիռ պարագայ մը։ Ինչպէ՜ս չէին անդրադարձած, թէ մաքսային օրէնքը կ՚արգիլէր ոսկեդրամին արտածումը։ Ահաւասիկ դարձեալ այս անպիտան ոսկիները, որ կրնային նոր յապաղումի մը պատճառ դառնալ։
Դժգոհ ու մտահոգ արտայայտութիւն մը առած էր իշխանին դէմքը։ Լաւագոյն պարագային, ամբողջ կէս օր մը պիտի խլէր այդ գումարին դրամատան յանձնուիլը։ Վերջի՛ն օրը, որ վերապահուած էր կարգ մը մտերիմներու տրուելիք հրաժեշտի այցելութեանց։ Գոնէ պարզ գործողութի՜ւն մը ըլլար։ Ժամերով պիտի համրէի՜ն, կշռէին, պակաս կշռողները զատէին, պիտի արձանագրէի՜ն...
Ուրիշ ելք չկար սակայն։ Հարկ էր համակերպիլ եւ ժամավաճառ չըլլալ։ Դժկամութեամբ, տաժանելի պարտականութիւն մը կատարողի դանդաղութեամբ կանչել տուաւ բեռնակիր մը, ոսկիները տուաւ շալակը ու մեկնեցաւ դրամատուն...
Գնաց։ Չեկաւ։
Կէսօրին՝ յապաղում մըն էր Իպրահիմը։ Հանդիպում մը ծանօթի մը, հրաժեշտ մը բարեկամի մը...
Գնաց։ Չեկաւ։
Իրիկունը՝ արկած մըն էր Իպրահիմը։ Հանրակառքէն անուշադիր էջք մը, անկում մը, հիւանդանոցի մահճակալ մը...
Գնաց։ Չեկաւ։
Գիշերը՝ ոստիկաններու երթեւեկ մըն էր Իպրահիմը, հարցաքննութիւններու շարք մը, լուսանկարներու բաղդատութիւն մը...
Գնաց։ Չեկաւ։
Արեւածագին՝ գիշերը տեսնուած երա՜զ մըն էր Իպրահիմը, չարաշուք եղելութիւն մը, դժոխային մղձաւանջ մը...


Շար . 42
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝