Յայտարարութիւն

Saturday, September 19, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -44- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՀԱԼԷՊԻ ՀՈԳԵՏՈՒՆԻՆ ԱՍՈՐԻՆ

Լսա՞ծ էք որ կայտառ ու հուժկու մէկը ըսէ ձեզի – «Կը մեռնիմ, բժի՛շկ մը», եւ դուք կարեւորութիւն չտաք, կատակ կարծէք ու անցնիք, քանի մը ժամ ետք լսելու համար, թէ մարդը մեռած է, իրապէս...
Այս դէպքը պատահեցաւ Հալէպ, Հոգետունին բակը, ճիշդ «Նայիրի» տպարանին պատին քով, սանդուխներուն տակ։
Ամէն մարդ գիտէ, թէ Հոգետունին բակը ցերեկը անցք մըն է, երկու փողոցներուն կապը եւ մայր պողոտային շարունակութիւնը, դէպի Հայոց եկեղեցիին նեղլիկ ու ոլորուն փողոցները։ Գիշերը, գլխաւոր մուտքին հսկայ դուռը կը փակուի եւ Հոգետունը, ամփոփելէ ետք մնայուն բնակիչները, կը գտնէ իր անհատականութիւնը, աղքատ մարդոց պարզ ու խաղաղ կենցաղին մէջ։ Այն ատեն է որ կողմնակի նեղ փողոցէն բակ կը սպրդի, ատենը մէկ, անտուն մնացած պատահական մուրացիկ մը ու կը կծկուի սանդուխներուն տակ, ապահով խորշին մէջ։ Ոչ ոք ուշադրութիւն կ՚ընծայէ եկուորին։ Ոչ ոք կը մտածէ արգելք ըլլալ կամ առարկութիւն մը ընել։
Արեւածագէն առաջ կեանքը կը վերսկսի Հոգետունին մէջ, մեծ դուռը կը բացուի ու բակը կը դառնայ սովորական բանուկ ճամբան։ Գիշերուան հիւրը մեկնած կ՚ըլլայ արդէն, կամ, մնայուն վարձակալի մը պէս, կրնայ մնալ ատեն մը։ Հոգետունին աւանդութիւնը կը պահանջէ անգիտանալ, թէ ո՞վ գիշերեց սանդուխներուն տակ, ե՞րբ եկաւ, ե՞րբ մեկնեցաւ։ Կարծէք անգիր օրէնք մը գոյութիւն ունեցած ըլլայ այդ անկիւնին համար, պարագայական բնակիչը ամէն կարգի հետաքրքրութիւններէ զերծ կացուցանող։

*
* *

Առտու մը, տպարան մուտքիս, տեսայ այդ մարդը սանդուխներուն տակ, ծալապատիկ ու անշարժ։ Անհաւատալիօրէն խոշոր գլուխ մը ունէր, կարճ կտրուած եւ ամբողջովին ճերմակ մազերով, լայնաբաց ու անթարթ աչքերով։ Յաղթ մարմին մը, լայն ուսեր, ժայռի պէս ցցուն եւ լայն կուրծք մը։ Մէկ թեւը հանգչեցուցած էր քովի ցնցոտիներու կապոցին, միւսը ամփոփած գրկին մէջ ու հակած վրան՝ կարծէք բան մը պահել կ՚ուզէր։
Ընթացիկ դատարկապորտի նմոյշ մը, բայց որոշապէս բացառիկ էր մարդուն ֆիզիքական տիպարը։ Միջակ կազմով երկու անձերու խառնուրդէն հազիւ թէ կարելի ըլլար իրագործել նման զանգուածեղ մարմին մը, որ նստած վիճակին մէջ իսկ կը թողուր պատկառելի տպաւորութիւն մը։
Մտայ գրասենեակ ու կլանուեցայ օրուան զբաղումներովս։ Գրաշարները, ատեն ատեն խօսակցութեան նիւթ կը դարձնէին դուրսի մարդը, սրամիտ խորհրդածութիւններ կ՚ունենային, խորհրդաւոր վերագրումներ կ՚ընէին.
– Սուտ է, աղքատ չէ։
Ասանկները դեղին ոսկիի կը վերածեն իրենց դրամները, ետքն ալ կը մուրան։
Կը յաջորդէր չես գիտեր ե՛րբ եւ ո՛ւր յանկարծամահ եղած մուրացիկի պատմութիւն մը, որուն բարձին խոտերուն մէջէն հազարաւոր ոսկիներ գտած էր ոստիկանութիւնը։ Ի վերջոյ մէկը կը բացագանչէր.
– Քշե՛նք թող երթայ։
Խիստ մէկ ակնարկս կամ ջղային շարժում մը վերջ կու տար շատախօսութիւններուն։ Փութկոտ՝ կը վերսկսէին իրենց աշխատանքը, ակնարկիս մէջ աւելի յանդիմանութիւն մը տեսնելով իրենց ժամավաճառ զրոյցին եւ ծուլութեան դէմ, քան թէ պաշտպանութիւն մը՝ դուրսի մարդուն համար։
Կէսօրին՝ Հոգետունէն անցաւ մանկապարտէզի առօրեայ հոսանքը, մժեղներու առատութեամբ եւ աղմուկով։ Խումբ մը պզտիկներ հաւաքուեցան սանդուխին դէմ, հետաքրքրութեամբ դիտեցին նստած մարդը։ Հետաքրքրութիւնը աստիճանաբար տեղ տուաւ ծաղրանքներու եւ պիտի յանգէր անխուսափելի չարութեան, եթէ հեռուէն նշմարուած վարժուհիի մը ստուերը չցրուեր մժեղները։

*
* *

Երբ վերադարձայ ճաշէն։ աշխատող չկար տպարանին մէջ։ Գործերնին լքած՝ խորհրդակցութեան մէջ էին։ Սովորական կեղծաւոր փութկոտութիւնը չտեսայ։ Ամէնէն սմսեղուկները անգամ, որոնք ընդհանրապէս մուտքս կը հսկէին ցուցադրելու համար իրենց աշխատասիրութիւնը, պէտք չտեսան տեղերնին անցնելու։ Յայտնապէս, լուծելի կարեւոր խնդիր մը կար եւ ինծի կը սպասէին։
Օրակարգը դուրսի մարդն էր։
– Աղտոտ հիւանդ մըն է։
– Վտանգաւոր է։
– Թիֆօ է, ոջիլ ունի...
– Հայ ալ չէ, ասորի է...
– Ծեծենք, փախցնենք...
Ժագն էր իրենց մէջ ամէնէն լուրջը, որ կ՚առաջարկէր տրամաբանական միակ լուծումը.
– Ի՞նչ իրար կ՚անցնիք, սըհիէին լուր կու տանք, կու գան կը տանին։
Ճիշդ էր։ Ընելիք միակ բանը՝ հեռաձայն մըն էր՝ Առողջապահական տնօրէնութեան։ Վաւերացուցի առաջարկը եւ ամէն մարդ անցաւ գործին։
Իրիկունը տպարանը գոցուեցաւ։ Բոլորս միասին, խումբով ելանք բակ։ Մարդը կը պահէր նոյն դիրքը։ Քովէն անցած պահուս, ձայն տուաւ, յստակ եւ մաքուր հայերէնով մը.
– Պարո՛ն, պարո՛ն...
– Ի՞նչ կայ, ի՞նչ կ՚ուզես։
– Պարոն, վայրկեան մը կեցիր, ըսելիք ունիմ...
– Ի՛նչ կայ, ըսէ տեսնենք...
– Պարոն, կը մեռնիմ, բժիշկ մը բեր ինծի...
Ձայնը զօրեղ էր, առողջ, տիրական։ Աւելի նման էր վճռական թելադրանքի մը, քան թէ յուսահատօրէն ցաւատանջ հիւանդի մը պաղատանքին։ Իր ձայնին յուզականութենէ զուրկ շե՞շտն էր, օրուան ընթացքին գրաշարներուն այլանդակ խօսքերուն ազդեցութի՞ւնը, չեմ գիտեր։ Եղաւ, որ չկրնամ զսպել հեգնանք մը.
– Դիւրին-դիւրին չեն մեռնիր քեզիպէսները...
Ու շարունակեցի ճամբաս։ Տղաքը քրքջացին։ Մէկը ըսաւ.
– Բոլորէս առողջ է...
Մեկնեցանք։

Շար . 44
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝