Յայտարարութիւն

Wednesday, September 23, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 48 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱԿ

– Մէյ մը գնա՛ աչք մը նետէ, խըզիրան աթոռներ կան, կէս գինով կու տան կոր...
Մայրիկս է այսպէս ըսողը եւ առաջին անգամը չէ որ կը կրկնէ այդ խօսքը։
Մեր տունէն քիչ վար, Համիտիէի վայրէջքին գտնուող հրապարակը պազարի վերածուած է։ Սեղաններ, աթոռներ, հագուստի պահարաններ եւ տնային այլեւայլ առարկաներ ծախու հանուած են եւ աճուրդով կը ծախուին, բաբելոնեան խառնակութեան մը մէջ։ Պոռչտուք, իրարանցում, բարձրաձայն սակարկութիւններ։ Աճապարանքի հեւք մը կայ ծախողին եւ գնողին մօտ հաւասարապէս։ Մէկը կ՚ուզէ շուտ վերջացնել ու դրամի վերածել ծախու հանուած իր առարկաները, միւսը կը փորձէ գինը կոտրել, բան մը պակասով առնել, ուրիշ մը չգնած։ Հայ արաբ իրարու խառնուած են, բայց դերերու յստակ բաժանում մը կայ։
Ծախողները հայեր են, առանց բացառութեան։ Արաբները գնող են, բայց անոնց մէջ հայեր ալ կան։ Առտուն, գործի երթալէ առաջ անցած եմ այդ շուկայէն եւ աչքերուս առջեւն է տեսարանը։ Ճիշդ է մայրիկիս ըսածը։ Իր խըզիրան աթոռները, որոնց մէջ անխախտ գինը վեց ոսկի է, երեք ոսկիով կը ծախուին եւ գործածուած աթոռին ու նորին միջեւ գրեթէ յայտնի չէ տարբերութիւնը։ Տոկուն են եւ չեն հիննար։ Ուշագրաւ վէճի մըն ալ ներկայ եղայ հոն։ Հայելիապատ եւ երկու փեղկերով հագուստի պահարան մը ծախուեցաւ քսանմէկ ոսկիի։ Մրցակից երկու յաճախորդներ կային, հայ մը եւ արաբ մը։ Մեծ պահարանը արաբին գնաց։ Առիթը կորսնցնող հայը դառնութեամբ ըսաւ ծախող հայուն.
– Ամօթ քեզի, յիսուն ոսկինոց ապրանքը այդ գինով արաբին տուիր, հայու զգացում չունիս դուն...
Ահաւոր պատասխան մը տուաւ միւսը։ Խօսք մը ըսաւ, որուն ազդեցութեան տակ մնացի մինչեւ իրիկուն։ Ու ես որ պարզ անցորդ մըն էի եւ գործ չունէի ծախողին ու գնողին հետ, անձնապէս ինծի ուղղուած զգացի մարդուն խօսքը.
– Ես հայու զգացում չունիմ, բայց Հայաստան կ՚երթամ։ Դուն կեցիր այստեղ հայու զգացումովդ...
Ու դեռ մայրիկս որ կը շարունակէր.
– Եթէ դուն պիտի չընես, ես առտուն համալ մը տանիմ եւ երկու աթոռ բերեմ։
Երբեք խիստ չեմ խօսած մայրիկիս հետ։ Բայց այդ պահուն ձայնս չոր ու բիրտ էր երբ ըսի.
– Մայրիկ, հասկցիր, այս տունէն ներս աթոռ չի կրնար մտնել այդ պազարէն, ամօթ ըսուած բան մը կայ, մեզի չի վայելեր։
Ու պահ մը ետք, մեղմելու համար բառերու չորութիւնը, աւելցուցի.
– Եթէ աթոռ կ՚ուզես, շուկայէն նորերը կ՚առնենք։
– Դուն գիտես, եավրուս, բայց եթէ մենք չառնենք, ուրիշը կ՚առնէ...
– Թող առնեն, թող առնեն, ուրիշները թող առնեն, ա՛լ չխօսինք այդ մասին...

*
* *

Այսպէս սկսաւ ներգաղթը Հալէպէն, անօրինակ մթնոլորտի մը մէջ եւ հանդարտ ու խաղաղ քաղաքին կեանքը յեղակարծօրէն փոթորկեցաւ։ Ինչ որ հարսանեկան ոգեւորութիւն մը կրնար կազմել գացողներուն համար եւ խանդավառ ողջերթ մը մնացողներուն՝ եղաւ ոխակալ քզուըտուքի եւ սանձաբեկ կիրքերու ցուցահանդէս մը։ Յանկարծ հայութիւնը բաժնուեցաւ երկու անհաշտ ճակատներու, հայաստանեան եւ հակահայաստանեան։ Եւ պէտք է ըսել, բոլորովին անհիմն ու արուեստական վիճակ մըն էր ասիկա, որուն մէջ քիչ չեղաւ դերը ներգաղթի կազմակերպութեան համար Հայաստանէն ղրկուած պատուիրակներուն։ Ասոնք, Սփիւռքի պայմաններուն անտեղեակ եւ բոլորովին անհաղորդ, սթալինեան կաղապարէն ելած չոփ չոր մարդիկ, հետերնի՞ն բերած հրահանգով թէ տեղական բարի ծաղիկներէն թելադրուած, մէկ անգամէն անհաշտ կեցուածք մը որդեգրեցին, ի հեճուկս Դաշնակցութեան համակիր վերաբերումին։
Ուղիղ քառասուն տարիներ անցած են այն օրերէն եւ կ՚արժէ որ արձանագրուին այդ մեծ եղելութեան կարեւոր հանգրուանները, ճշգրիտ տուեալներով եւ աննախապաշար ոգիով։ Արդարեւ, մէկ անգամէն հարիւր հազար հայերու զանգուածի մը Հայաստան տեղափոխուիլը դէպք մըն էր, որ պիտի մնայ Եղեռնէն ետք Սփիւռքի հայ կեանքին – եւ Հայաստանի՛ն – համար ամէնէն նշանակալից մէկ դրուագը։ Հետեւաբար կ՚արժէ որ պատմութեան համար արձանագրուին այդ մեծ եղելութիւնը բնորոշող դրական ու ժխտական երեւոյթները։ Առանց կեղծ համեստութեան, պէտք է ճշդեմ որ ներկայիս այս մասին ամէնէն իրազեկ անձերէն մէկը ըլլալ կը կարծեմ, «առաջին օթեակին» մէջ գտնուելուս հանգամանքով։
Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, ներգաղթի պատուիրակներուն Հալէպ ժամանումը զուգադիպեցաւ «Արեւելք» օրաթերթին առաջին թիւին լոյս տեսնելուն։ Թերթին պատասխանատուն ըլլալով, գիտեմ որ այդ առաջին թիւով ողջունեցինք անոնց գալուստը կուսակցութեան անունով եւ յաջողութիւն մաղթեցինք։ Եւ մեր ընկերներուն ուղղուած ներքին շրջաբերականին մէջ կ՚ըսուէր.– «Ներգաղթին հանդէպ մեր կուսակցութեան դիրքը անվերապահօրէն դրական է։ Անոնք որ մասնաւոր պատճառ մը չունին մնալու, փափաքելի է որ արձանագրուին եւ մեկնին»։ Եւ աւելի հեղինակութիւն եւ կշիռ տալու համար մեր շրջաբերականին, Պէյրութ գացի եւ Աղբալեանը Հալէպ հրաւիրեցի, որպէսզի խօսի ընկերներուն։ Գիտէի թէ Պէյրութի ընկերներուն մէջ Աղբալեանը միակն էր որ դրական կեցուածք ունէր ներգաղթին հանդէպ։ Ճեմարանի աշակերտներէն խմբակ մը, Աբրահամ Ալիքեանի գլխաւորութեամբ, գացած հարցուցած են Աղբալեանին – «Երթա՞լ թէ չերթալ»։ Կտրուկ եղած էր իր պատասխանը – «Գնացէք, գնացէք, ի՞նչ պիտի ընէք այստեղ»։
Աղբալեանը Շթորա կը գտնուէր, իր ամարանոցը։ Լսելէ ետք առաջարկս, ըսաւ.
– Թէեւ իմ առողջական վիճակս թոյլատու չէ այս ճամբորդութիւնը կատարելու, (շատ չանցած պիտի դադրէր ապրելէ), բայց քանի որ եկել ես, զգում եմ որ պէտք է գնամ Հալէպ ընկերներին պարզելու իմ միտքը։
Հալէպի մեր ակումբին բակը, սենեակներն ու պատուհանները ողկոյզներու պէս խռնուած են քաղաքի եւ Նոր Գիւղի բոլոր ընկերները։ Յայտարարուեցաւ թէ զուտ կուսակցական հաւաքոյթ մըն է եւ հետեւաբար շարքային չեղող անձերը պէտք է դուրս գան։ Քանի մը բարեկամներ մեկնեցան մեծ դժգոհութեամբ։ Այսօր, քառասուն տարի ետք, կը մտածեմ որ սխալ մը գործեցինք այդպէս ընելով։ Լաւ էր որ մաս մը անկուսակցական մարդիկ ալ գտնուէին, ի պահանջել հարկին վկայելու համար։ Պայթելու աստիճան խճողուած օթոպիւսի մը տեսքը ունի ակումբը։ Բարձր գաւիթէն խօսեցաւ Աղբալեան.
– Եթէ հայրենիքը կանչում է, դաշնակցական մարդու պատասխանը պէտք է լինի ասել՝ ներկա՛յ։ Ես չեմ գնում, որովհետեւ գիտեմ թէ այնտեղ բարի եկար ասող չի լինի ինձ։ Սա էլ չի գնայ (ձեռքը դրած է ուսիս) քանի որ նրան ասում են «շուն, շուն, արի տուն» (ակնարկութիւնը «Թուղթ Առ Երեւան»ին)։ Եթէ կտուրից քեզ որակում են շուն, պիտի մտածես՝ ինչ կը լինի հալդ եթէ տնից ներս մտնես։ Բայց դուք, ընկերներ, որ գրող չէք եւ ոչ էլ պատասխանատու դերեր ունեցել էք կուսակցութեան մէջ, լաւ կը լինի որ գնաք։ Պատմութիւնը չասի, թէ հայրենիքը կանչեց, բայց դաշնակցականը չգնաց։ Սա է իմ վերջին խօսքը։
Ծափերու փոթորիկով ողջունուեցաւ Աղբալեանի խօսքը։ Այդ ծափերը չարձագանգեցին Պէյրութի մէջ, ուր միեւնոյն խանդավառութիւնը չկար ներգաղթին հանդէպ։ Նոյնիսկ կը յիշեմ, Աղբալեանի թաղման օրը ղեկավար ընկեր մը (անունը չտամ) ըսաւ.– «Ճիշդ ատենին մեռաւ, սկսած էր վտանգաւոր դառնալ»։ Բայց ատիկա արգելք չեղաւ, որ նոյն ընկերը «յուզումնալի՜ց» դամբանական մը խօսի դագաղին վրայ։ Անցնինք։
Ուրեմն ընկերները գունդ առ գունդ գացին արձանագրուելու։ Բայց ահա նորութիւն մը (չըսելու համար յիմարութիւն մը)։ Ներկայացող դաշնակցականը որպէսզի ընդունուի, պէտք է թուղթ ստորագրէ թէ հրաժարած է Դաշնակցութենէն։ Ինքնին պարզ է թէ Սովետական Հայաստան մեկնողը ամէն կապ խզած է Դաշնակցութեան հետ, բայց պայմա՛ն է որ այդ թուղթը ստորագրէ։ Եւ պարզ հրաժարական մըն ալ չէ։ Պէտք է գրէ՝ «զզուանքով կը հրաժարիմ»։ Այդքանն ալ չի բաւեր։ Դեռ ճամբայ չելած, հրաժարականը պէտք է տպուի թերթերու մէջ։ Նոյնիսկ այդ նուաստացուցիչ պայմանները ընդունողներ եւ գացողներ եղան։ Բայց թափը կոտրած էր։ Անոնք որ կը պատրաստուէին մեկնիլ, ետ կեցան։
Երկրորդ տարին այլեւս «զզուանքով հրաժարականը» պայման չդրուեցաւ, բայց եղածը եղած էր եւ ի յայտ եկաւ նոր կացութիւն մը, որ շուտով վերածուեցաւ անանուն ողբերգութեան մը։ Պարզուեցաւ, որ ներգաղթը կազմակերպողները աւելի շատ մարդ արձանագրած են քան որ կրնան տանիլ։ Սեփական տունը ծախող եւ մէջտեղ մնացողներուն թիւը շատցաւ։ Եղաւ որ իր բնակարանը արաբին ծախելէ ետք նոյն բնակարանին մէջ վարձքով ապրողներ գտնուին։ Զուտ հայաբնակ ընդարձակ շրջանի մը մէջ, Նոր Գիւղ, նոր բնակիչներ յայտնուեցան, իսլամ արաբներ, եւ շուտով մզկիթ մըն ալ տնկուեցաւ թաղամասին մէջ։ Ժողովուրդը այդ մզկիթը կոչեց «Հայաստան ղազըխը», որ թարգմանի՝ Հայաստանի ցիցը։ Կը յիշեմ, այդ օրերուն դառնութեամբ գրուած մէկ խմբագրականս կը վերջանար հետեւեալ խօսքով.
– Քսան հազար մարդ տարիք Հայաստան, շատ ապրիք։ Բայց նոյնքան մարդ դժբախտացուցիք այստեղ, ատոր հաշիւը կը պահանջենք ձեզմէ...

Շար . 48

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝