Յայտարարութիւն

Thursday, September 24, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 49 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Զանգուածային ներգաղթէն տասը տարի ետք, 1957ին, երբ առաջին անգամ Հայաստան գացի եւ այնտեղ ներգաղթողներուն անբաղձալի վիճակը տեսայ, կարգ մը ղեկավարներու հետ զրոյցի պարագային, առաջին խօսքս եղաւ.
– Ինչո՞ւ այսչափ մարդ բերիք, երբ չէիք կրնար «մարսել»։ Հարիւր հազարի տեղ թող անոր կէսը բերէիք եւ ամէն ինչ կարգ կանոնով ըլլար։ Երկիրը պատերազմէն նոր ելած, հասկնալի է որ նեղութիւններու մէջ ըլլար, եւ նոր եկողներուն բարեկեցիկ կեանք մը կարելի չ՚ըլլար ապահովել։ Իր սեղանատան մէջ միայն վեց աթոռ ունեցողը տասը հոգի ճաշի չի հրաւիրեր։
Ինծի տրուած պատասխանը.
– 1946-47 տարիներուն, Սովետ Միութիւնը ներդաշնակ քաղաքականութեան մէջ էր Արեւմտեան Դաշնակիցներուն հետ եւ առիթէն պէտք էր օգտուիլ։ 1948ին արդէն սկսած էր «պաղ պատերազմ»ի շրջանը եւ այլեւս կարելի չէր շարունակել զանգուածային ներգաղթը։ Թոյլ չէին տար։
Հրաչեայ Քոչարը, որ ուրիշէն լսած էր ճաշի վեց աթոռի պատմութիւնը, ըսաւ իրեն յատուկ պատրաստակամութեամբ.
– Երբ դուրսը անձրեւին տակ ու ցուրտին մէջ տասը հոգի սպասեն, կարեւորն այն է որ բոլորն էլ ներս գան։ Պակաս աթոռների մասին յետոյ կը մտածուի եւ եօլայ կը գնան, ի պահանջել հարկին մի մասը ոտքի կը մնայ եւ փոխն ի փոխ կը նստեն։ Կարեւորը, սառնամանիքից պարտկուիլը կը լինի։
Ի հարկէ, «ոտքի մնացողներ» շատ եղան եւ առիթը ներկայանալուն պէս ոմանք դուրս եկան։Բայց շատը մնաց եւ «եօլայ գնաց»։ Երկու երեք տասնեակ հազարներ դուրս եկան հայրենիքէն, բայց քառասուն տարի առաջ հոն լեցուած հարիւր հազարը աճեցաւ ու կրկնապատկուեցաւ, զգալի յաւելում բարդելով Հայաստանի բնակչութեան վրայ։ Հայոց պատմութեան շրջանակին մէջ եւ հայրենիքի ապագային համար էականը ա՛յս է։ Եւ այս մասին ոեւէ հայ չի կրնար տարբեր մտածել, բացի անոնցմէ որ... «ոտքի մնացին» եւ իրենց մորթին վրայ կրեցին։ Եւ զրկանքներու մէջ տառապած այդ խաւին հանդէպ մեղադրանքը անտեղի է, չըսելու համար հայրենիքին երախտիքը՝ պարտադիր...

*
* *

Ես ինծի, Մեծ Ներգաղթին քառասնամեակն է որ կը տօնեմ։ Հալէպի մէջ այդ առիթով լսածներս, տեսածներս եւ... գրածներս՝ մէկ կողմ։ «Զզուանքով հրաժարականները» եւ մնացեալը՝ իրենց տեղը կը թողում։ Մանրուքներ կը թուին այսօր, տխուր կամ զուարճալի անեկտօդներ։ Երկու փաստական տուալներ միայն կ՚ուզեմ վեր առնել, իրար չճանչցող եւ իրարմէ փարսախներով հեռու երկու անձերու վկայութեամբը։ Հայ մարդը ինչ գաղափարի ալ ծառայէ, որքան հակադիր կեցուածքի մէջ ըլլայ ուրիշ հայերու հետ, կու գայ պահ մը, որ դէմ յանդիման գտնուի իր □ճշմարտութեան ժամին□ առջեւ, եւ այդտեղ՝ տարբերութիւն չկայ հայերու միջեւ։ Եւ Մեծ Ներգաղթը եղաւ ճշմարտութեան այդ ժամը Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար։ Աչքի առջեւ ունիմ Բիւրոյի մէկ շրջաբերականը, տպագրուած գրքոյկ մը «Կ. Կոմիտէի յատուկ», որ երկար եւ մանրամասն վերլուծումներէ ետք կը յանգի հետեւեալ եզրակացութեան.
«Ներգաղթը դրական կը համարենք, որովհետեւ ամէն մէկ հայու յաւելումը Հայաստանի բնակչութեան վրայ, դէպի առաջ նետուած քայլ մըն է Հայ Դատի ուղղութեամբ։ Գալով վարչաձեւի հարցերուն, այդ մէկը կը թողունք ապագայ սերունդներուն»։
Չմոռնանք, որ այս տողերը կը պատկանին Վահան Նաւասարդեանի գրիչին, մէկը՝ որ անհաշտ պայքարի մէջ էր Խորհրդային կարգերուն դէմ, բայց որովհետեւ հայ էր ու հայրենասէր՝ չէր կրնար ուրիշ բան ըսել, ճշմարտութեան պատին առջեւ։
Ահա եւ Նաւասարդեանի խօսքին մէկ արձագանգը Հայաստանէն, ամէնէն անսպասելի անկիւնէ մը։ Վաթսունական թուականներուն պատիւը ունեցայ ունկնդրութեան արժանանալու թիւ մէկ քարտուղար Ե. Զարոբեանի կողմէ։ Քաղաքավար կերպով յայտնեցին ինծի, թէ տեսակցութեան համար ճշդուած է քսան վայրկեան։ Ուրեմն ատենը մէկ ժամացոյցին կը նայէի, որպէսզի ժամանակը յարգած ըլլամ։ Նկատեց եւ ըսաւ.
– Ժամանակի սեղմում չկայ, խօսինք ազատօրէն։
Ժամ մը, թերեւս աւելի, եղայ այդ պատուական մարդուն հետ եւ խօսեցանք սարէն ձորէն, քիչ մը ամէն նիւթի շուրջ։ Տուեալ պահու մը, խօսք եղաւ ներգաղթի մասին ու ես առիթ ունեցայ ըսելու, թէ պէտք չէ հաւատալ Մեծ Ներգաղթի օրին գրուածներուն, թէ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն հակառակ չէր, այլ քաջալերող էր ներգաղթը։ Ըսաւ.
– Ես երկար տարիներ Հայաստանից հեռու ապրած լինելով, մօտէն տեղեակ չեմ Սփիւռքի իրադարձութիւններին։ Բայց չեմ կարող պատկերացնել դուրսը ապրող ոեւէ հասարակական գործիչ (հասկցիր՝ դաշնակցական ղեկավար) որ ուրիշ նպատակ հետապնդէ քան մէկ հատիկ հայ աւելի Հայաստան բերելը...։
Զարոբեանը չկայ այլեւս։ Մտածողներ կրնան գտնուիլ – խորագէտ կասկածամիտները պակաս չեն – թէ ինչպէ՞ս հաւատալ Վահան Նաւասարդեան մը եւ Ե. Զարոբեան մը նոյն բանը ըսած ըլլան – որովհետեւ նոյն խօսքը կ՚ըսեն – գրողի յերիւրանք չէ՞ արդեօք։ Բարեբախտաբար, մեր հանդիպումը թէեւ գլուխ գլխի էր, բայց ուրիշ մէկն ալ կար, որ անկիւն մը նստած, լուռ, կը սղագրէր մեր զրոյցը, բառ առ բառ։ Այդ մէկը կ՚ապրի դեռ եւ կը կոչուի... Կարլէն Դալլաքեան։

*
* *

Այժմ կը մնայ հարց տալ։ Տարբերութիւն մը կա՞յ թիւ մէկ կոմունիստ Եաքով Զարոբեանին եւ թիւ մէկ հակակոմունիստ Վահան Նաւասարդեանին միջեւ։ Ոչ մէկ տարբերութիւն, երբ հարցը կը դառնայ հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն շուրջ։ Եւ ներգաղթը, հոգիներու յատակէն դղրդող երկրաշարժի մը պէս ի յայտ բերաւ այդ ճշմարտութիւնը, ի հեճուկս հրապարակը աղմկող գրչակներուն (Սփիւռքի մէջ) եւ Սթալինի կաղապարէն ելած ռօպօթներուն (Հայաստանի մէջ)։ Այդ ճշմարտութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայ ժողովուրդի թուական աճումը մայր երկրի մէջ։ Այս դարը որ հայկական կոտորածով սկսաւ եւ կը վերջանայ չորս միլիոն հայութեամբ Հայաստանով մը, ուրիշ պարտականութիւն չի դներ մեր վրայ եթէ ոչ այդ թիւին պահպանումը եւ աճումը։
Անշուշտ դեռ կան գաղափարի խնդիրները, դրօշակի հարցը, միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի երազը։ Անտեսելի բաներ չեն ասոնք, բայց այժմէականը չեն եւ ոչ ալ ստիպողականը։ Սփիւռքի (եւ Հայաստանի) հայերուն համար եթէ քաղաքականութիւն մը կայ, կարելի՛ բաներուն կառչիլն է ատիկա, եւ ոչ թէ անկարելի բաներուն հետապնդումը։ Երբ մարմինը սրտի տագնապ մը կ՚անցընէ ու նաեւ ակռայի խնդիր մը կայ, պարզ է թէ ճամբան ուր կը տանի։ Սրտի մասնագէտին։ Ակռան կրնայ սպասել, ի պահանջել հարկին փոխարինուիլ ուրիշ ակռայով մը։ Բայց սի՜րտը...
Մեր դժբախտութիւնը եղած է որ յաճախ չկարենանք համակարգել կարելիութիւններու նուիրապետութիւնը, իրար խառնենք առաջնահերթն ու երկրորդականը (չեմ ըսեր կարեւորն ու անկարեւորը) եւ մէկը միւսին հետ շփոթենք։ Մեծ դէպքերու պարագային է որ մարդոց համար կը հնչէ ճշմարտութեան ժամը։ Եւ զանգուածային ներգաղթը այդ մեծ դէպքերէն մէկը եղաւ, որպէսզի հանրային բեմերու վրայ ցուցադրուած դիմակները վար գան եւ քառասուն տարիներ կոմունիզմին դէմ պայքարող Նաւասարդեան մը հրաւէր կարդայ ընկերներուն, որպէսզի Հայաստան մեկնին, «վարչաձեւի հարցը թողելով ապագայ սերունդներուն»։ Նոյն ճամբով Զարոբեան մը մոռցաւ (գիտէ՞ր արդեօք...) թէ իր երկրէն «շուն» որակուած մարդոց մէջ չի կրնար գտնուիլ մէկը, որ մէ՛կ հայ Հայաստան փոխադրելէ դուրս ուրիշ նպատակ հետապնդէ։ Ան ալ, այդ օրը, մեր տեսակցութեան ընթացքին, իր ճշմարտութեան պահը կ՚ապրէր։
Ի՞նչ եզրակացնել այս բոլորէն։ Ընդունիլ ուրեմն որ հայերը իրարմէ բաժնող արգելքները գաղափարի տարբերութիւնները չեն, դրօշակները եւ վարդապետութիւնները չեն, այլ իւրաքանչիւրին մտածելու եղանակը, նեղ կամ լայն հորիզոնի սահմանները։ Առանց վնասի կարելի է ցանց ընել ճամարտակութեան ասպետները, որոնց նմանները ամէն տեղ կան։ Սփիւռք թէ Հայաստան, մամուլի մէջ թէ բեմի վրայ։ Խօսքը գիտակից եւ զոհողութեան պատրաստ հայուն մասին է, այսինքն կուսակցական հայուն, ո՛ր կուսակցութեան ալ պատկանի, քանի որ կազմակերպեալ հաւաքականութեան մը անդամակցիլը ինքնին փաստ է թէ կ՚ապրի իր ժողովուրդին տագնապը եւ անտարբեր չէ կացութեան ապագային հանդէպ։
Դերերու արդար բաժանումով մը՝ Սփիւռքի կուսակցականը կոչուած է դպրոց շինելու, պատնէշ կանգնելով այլասերումին դէմ։ Հայաստանի կուսակցականը դատապարտուած է իր հողին կառչելու եւ հինգ-վեց միլիոննոց Հայաստան մը պատրաստելու։
Այսպէս է այս դարուն պատգամը՝ հայ մնալ ուզողներուն։ Դրօշակը, վարչաձեւը եւ մնացեալը՝ մեզմէ կտակ՝ գալիք սերունդներուն...


Շար. 49
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝