Յայտարարութիւն

Friday, September 25, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ-50-ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՍԱԹԵՆԻԿԸ

Ա.


Համան, Սուրիոյ կեդրոնական մասին մէջ գլխաւոր քաղաքն է։ Նշանաւոր է իր արդար իւղով եւ պանիրով. քաղաքին մէջէն կ՚անցնի Որոնդէս գետը, որուն վրայ շինուած հսկայական նաուրաները անվերջ կը դառնան, հոսանքին ուժէն վեր բարձրացնելով դէպի կամարաձեւ ու բարձրադիր քարէ ճամբաները, ուրկէ կը բաժնուին շրջակայ պարտէզներուն։
Համայի բնակչութիւնը կը համարուի Սուրիոյ ամէնէն մոլեռանդ եւ պահպանողական տարրը։ Երկրին մէջ ստեղծուած բոլոր իշխանութիւնները միշտ դժուարութիւն ունեցած են զսպելու այդ ըմբոստ ժողովուրդը տարիներէ ի վեր։ Թուրքիոյ տիրապետութեան եւ ապա ֆրանսական հովանաւորութեան դէմ ապստամբութեան դրօշ պարզող գլխաւոր հերոս Իպրահիմ Հանանօն, որուն յուշադամբանը կայ Հալէպի մէջ, բնիկ համացի էր։ Մեր ժամանակներուն, յաջորդական բոլոր կառավարութիւնները խնդիր ունեցած են Համայի հետ։ Դեռ քանի մը տարի առաջ, Դամասկոսի իշխանութիւնը ստիպուեցաւ ռմբակոծել եւ քարուքանդ ընել Համայի մէկ կարեւոր թաղամասը, չկրնալով խօսք հասկցնել այդ կամակոր ժողովուրդին։
Եղեռնի տարիներուն, չեմ կրնար ճշդել ինչ ճամբաներով եկած Համա թափուած էր հայ գաղթականներու հսկայ զանգուած մը, որոնց շարքին կիւրինցիները։ Արեւին ու աշխարհին դէմ աչքերս առաջին անգամ գիտակցաբար բացուած են Համայի մէջ, չորս տարեկանիս։ Տիրող մտայնութեամբ, ընթերցողը կրնայ մտածել, թէ ինչ տաժանելի եղաւ հայ գաղթականներուն կեանքը, անընկճելիօրէն մոլեռանդ համացիներուն գիրկին մէջ։ Չէ՞ որ հայերու մէջ հինէն մնացած խօսք մը կայ, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով նահապետական պատգամի մը ուժը ստացած է – «Մզկիթ եղած տեղերէն հեռու ապրեցէք»։
Յանուն պատմական ճշմարտութեան – եւ արդարութեա՛ն – պէտք է սրբագրել այդ խօսքը։ Մեր հայրերուն մտքին մէջ մզկիթը նոյնացած է թրքութեան հետ։ Մզկիթներէն աղօթքը թէեւ նոյն բառերով կ՚ուղղուի Աստուծոյն – Ալլահու էքպէր – Աստուած մեծ է – բայց թուրք մզկիթը եւ արաբ մզկիթը իրարու հետ կապ չունին։ Իրողութիւնը այն է, որ Համայի ծով արաբութեան մէջ հայ գաղթականները ոչ միայն որեւէ դժուարութիւն չունեցան, այլ նոյնիսկ արժանացան հոգածութեան։
Համայի թիւ մէկ քաղաքական ղեկավարը, Աքրամ Հորանին, որ ընդդիմադիր մըն էր օրուան կառավարութեան – անշո՛ւշտ։ Այլապէս համացի եղած չէր ըլլար – իր ինքնակենսագրութեան մէջ կը պատմէ թէ չորս տարեկանին որբ մնաց, որովհետեւ հայրը գաղթականներուն կերակուր տարած շրջանին, անոնց մէջ ինկած համաճարակէ մը վարակուեցաւ ու մեռաւ։ Կարդալով Հորանիի այդ գրութիւնը, ես ալ յօդուած մը գրեցի, զուգահեռ ընելով չորս տարեկան հայ եւ արաբ երկու որբերու պատմութիւնը, որոնցմէ մէկը որբ մնաց որովհետեւ թուրքերը իր հայրը ջարդեցին, իսկ միւսը որբ մնաց, որովհետեւ իր հայրը թուրքէն հալածուած հայերը հոգալու ճամբուն վրայ հիւանդութենէ վարակուեցաւ ու մեռաւ։ Իմ յօդուածս արաբներէ թարգմանուեցաւ ու տպուեցաւ Պէյրութի արաբերէն թերթի մը մէջ, դէմ դիմաց Հորանիի եւ իմ նկարս ալ յօդուածին վերեւ, խմբագրութեան կողմէ պատշաճ նօթագրութեամբ մը։
Փլփլած եւ կիսաւերակ տունի մը մէջ կ՚ապրէինք պատանի հօրեղբօրս, երկու հօրաքոյրներուս եւ խումբ մը հայրենակիցներու հետ, բոլորն ալ կիներ։ Կիները գործի կ՚երթային առաւօտ կանուխ եւ իրիկունը կը դառնային։ Ընդհանրապէս արաբ հարուստ տուներու մէջ էր անոնց գործը։ Լուացք ընել, գորգ թօթուել եւ առտնին նման զբաղումներ։ Անհամբեր կը սպասէի մայրիկիս վերադարձին, քանի որ ուտելիքը միասին պիտի գար։ Գործի երթալէ առաջ մայրիկս կ՚ըսէր Սարգիսին.
– Եավրում Սարգիս, աչքդ Անդրանիկին վրան ըլլայ, դուրս չելլէ, հողերուն մէջ չտապլտկի...
Սարգիսը ինձմէ երեք-չորս տարի մեծ տղայ մըն էր, իր մօրը եւ քրոջը հետ։ Խղճմտօրէն կը կատարէր պահապանի իր դերը։ Ու երբ փողոց ուզէի ելլել – միշտ փողոցն էինք արդէն – ձեռքէս ամուր կը բռնէր։ Անգամ մը, իրեն հետ տունի մը առջեւն էինք, երբ բարձր պատուհանէ մը փողոց թափուեցան ձուկի կեղեւներ։ Ասիկա միայն Որոնդէս գետին մէջ գտնուող նշանաւոր սեւ ձուկն է որ «սալլօր» կը կոչուի, հաստ մորթ մը ունի եւ շատ տգեղ գլուխ մը։ Շուկան կը ծախեն միշտ գլուխը կտրուած, այնքան որ խրտչեցնող է այդ գլուխը։ Տապկելէ առաջ հաստ մորթը կը հանեն, որ դիւրին կը կեղւըուի։
Ուրեմն ձուկի այդ կեղեւներուն կը մօտենայինք Սարգիսին հետ, չեմ կրնար ըսել թէ ուտելու համար, բայց մեր ընթացքէն կրնար այդպէս կարծուիլ։ Նոյն պահուն մեր մօտէն անցնող արաբ մարդ մը, որ ֆէսին վրայ ճերմակ փաթթոց մը կը կրէր, տեսաւ եւ արգիլեց՝ «լէ, լէ» – (ո՛չ, ո՛չ) գոչելով եւ յանդիմանական։ Եւ ապահով ըլլալու համար որ չկրցանք ձեռք տալ ձուկի այդ աւելցուքներուն, ոտքովը հողեր տարածեց մորթերուն վրայ, հողին հետ խառնեց ու դարձաւ մեզի։ Մինչ այդ, քանի մը անցորդներ կանգ առած էին մեր շուրջը եւ կը դիտէին։ Մարդը դարձաւ անոնց եւ ըսաւ, բացատրելու ձեւով.
– Հարամ, մուհաճիրին էրմէն (մե՜ղք, հայ գաղթականներ են...)։
Յետոյ գրպանէն պզտիկ արծաթ դրամ մը հանեց ու տուաւ Սարգիսին, որ հաց առնենք...
Համայէն պահած միակ յիշատակս է այս դէպքը։ Եւ կը յուսամ, այսքանը բաւարար է, որպէսզի Սփիւռքի նոր սերունդը իսլամը թուրքին հետ չշփոթէ։ Աւելի ետքը, հասուն տարիքիս, կեանքի փորձառութիւնը ցոյց տուաւ թէ իսլամ արաբը բարոյական գետնի վրայ աւելի բարձր է քրիստոնեայէն։ Ու գիտեմ թէ հեռուներէն զիս քարկոծողներ կրնան գտնուիլ, երբ ըսեմ- թէ որոշ պարագաներու տակ բարձր է նոյնիսկ... հայէն։
«Գայթակղութիւն» պոռացող չըլլայ։ Ծանօթ ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանն էր որ պատմեց Պէյրութ, Դամասկոսի իր գործարանը «ազգայնացումին» զոհ տալէ ետք։
– Վնաս չունի, եղածը եղաւ, շահածնիս շահեցանք։ Ա՛լ չեմ մտածեր։ Միայն թէ բան մը կայ որ սրտիս դպաւ եւ մտքէս անդին չ՚երթար։ Ապառիկով ապրանք տուած էի Հալէպէն երեք վաճառականներու։ Ոչ թուղթ, ոչ մուրհակ, միայն բերանացի ապառիկով, այսինքն ապօրինի։ Երկուքը արաբ էին, մէկը՝ հայ։ Դամասկոսը թողելէս ետք, երկու արաբները Պէյրութ եկան, վճարեցին եւ ցաւակցութիւններ յայտնեցին պատահածին համար։ Հայ վաճառականին երեսը չտեսայ...
Այս ամէնը չեմ գրեր արաբը պանծացնելու համար։ Արդարութեան տուրք տալ է ըրածս։ Պէտք է գիտնանք, որ իսլամ կրօնը կը խաթարուի ու կը թթուի ա՛յն ատեն միայն, երբ իսլամին դիմակով մէջտեղ ելլեն կուսակցութիւններ, գաղափարներ, հոսանքներ։ Կրօնքները իրենց սկզբնական վճիտ առումին մէջ բարոյալից են։ Թուրքերն անգամ, իրենց համաթուրանական խելագարութենէն առաջ... նուազ թուրք էին։ Դեռ երէկ, մինչ այս տողերը կը գրէի, աչքովս տեսայ եւ ականջովս լսեցի հեռատեսիլէն։ Մարոքի Հասան թագաւորն էր։ Մարգարէին յետնորդը երկրի վրայ եւ իսլամութեան թիւ մէկ դրօշակիրը, որ ըսաւ.– «Եթէ Այաթօլլան իսլամ է, ես իսլամ չեմ»։

*
* *

Ամբողջ յիսուն-վաթսուն տարիներու ընթացքին, Հալէպ-Պէյրութ երթեւեկներուս, անցած եմ Համայէն։ Ուրիշ ճամբայ չկայ արդէն։ Եւ միայն երկու պատկեր անաղարտ կը մնան մտքիս մէջ։ Բոպիկ ոտքերով որբերուս դրամ տուող այն արաբ շէյխը, եւ ձեռքէս բռնող Սարգիսն ու Սաթենիկը։ Ի՞նչ եղան։ Սարգիսը մեծցաւ ու եղաւ այն, ինչի որ սահմանած էր զինք բնութիւնը։ Դարձաւ տաղանդաւոր բանաստեղծ մը որ կը ստորագրէ հանրածանօթ իր գրչանունով... Վահէ Վահեան։
Գալով Սաթենիկին, անիկա չ՚ապրիր այլեւս եւ այս պատմուածքը վաւերական պատմութիւնն է իր զարմանալի կեանքին։
Ճերմակ, ճեփ ճերմակ մորթով հասուն աղջիկ մըն էր Սաթենիկ եւ այտերուն վրայ ծաղկախտէ՞ն թէ ուրիշ հիւանդութենէ մը առաջացած ոսպի մեծութեամբ փոսիկներ։ Հակառակ իր դէմքը խաթարող այդ փոսիկներուն, մասնաւոր գրաւչութիւն մը ունին աչքերը։ Կապոյտ, շատ կապոյտ էին այդ աչքերը, որոնք միացած իր ճկուն մարմնին, փարթամօրէն յարաշարժ կոնքերուն, զինք կը զատորոշէին միւս կիներէն։ Մօրմէս քիչ մը պզտիկ էր տարիքով եւ տարտամ ազգականութիւն մըն ալ ունէր մեզի հետ, բայց կապին բնոյթը երբեք չգիտցայ։ Սաթենիկն ալ կ՚աշխատէր, բայց միւս կիներուն պէս իրիկունը տուն չէր գար։ Մնայուն սպասուհին դարձած էր արաբ մեծատունի մը, մեր աւերակէն ոչ շատ հեռու փողոցի մը մէջ։ Անգամ մը զիս հետը տարաւ եւ լոգցուց այնտեղ խոհանոցին մէջ, տաք ջուրով եւ օճառով։
Լոգանքէն ետք, գորգապատ մեծ սենեակ մը տարաւ զիս, ուր ճերմակ մօրուքով մարդ մը նստած էր օթոցին վրայ եւ նարկիլէ կը ծխէր։
– Գնա՛ ճերմակ տէտէին ձեռքը պագ որ պախշիշ տայ քեզի,– ըսաւ, զիս առաջ հրելով։ Ծռեցայ, համբուրեցի։ Մարդը քառորդ մէճիտ մը տուաւ ինծի եւ նայիմէն (անոյշներ) ըսաւ։
Այնքան ատեն որ Համա ապրեցանք, անօթի ըլլալս չեմ յիշեր։ Իսկական անօթութիւնը պիտի գիտնայի աւելի վերջը, որբանոցին մէջ։ Իրիկունները, միշտ մթնշաղին, հովի պէս կ՚անցնէր Սաթենիկ, պզտիկ տոպրակ մը ալիւր տալէ ետք մայրիկիս, ուրիշ ատեն աման մը իւղ, պանիր, այնքան յաճախադէպ եւ առատ, որ մայրիկս կը վախնար.
– Աղջիկ, օր մը կը բռնեն, շատ առաջ կ՚երթաս կոր,– կ՚ըսէր մայրիկս։ Սաթենիկ կը խնդար քրքջալով, յետոյ խորհրդաւոր ժպիտ մը կ՚ունենար եւ հերթական գողօնը ձգած, վազելով կ՚երթար։ Բայց օր մը, երբ մայրիկս սկսած էր իր սովորական խրատներուն, լսեցի որ կ՚ըսէ ականջին.
– Մի՛ վախնար, կռնակս ամուր է. ինծի բան ըսող չ՚ըլլար, ես աղէկ եմ մարդուն հետ...

Շար . 50
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝