Յայտարարութիւն

Saturday, September 26, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 51- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Բ.

Թէ ինչո՞ւ Համայէն ետք ուղղակի Հալէպ չմնացինք եւ աւելի հիւսիս, Այնթապ քաղաքը գացինք, այս հարցումին՝ օր մը հօրեղբայրս այսպէս պատասխան տուաւ.– «Պատերազմը վերջացած էր եւ կ՚ուզէինք Կիւրին դառնալ եւ հաւնոցին մէջ թաղուած ոսկիները հանել, բայց Այնթապ պատերազմը սկսաւ, վախցանք, աւելի առաջ չգացինք եւ Հալէպ դարձանք»։
Հալէպ կ՚ապրէինք թրքական պարպուած ղշլային (զօրանոցին) մէջ։ Ընդարձակ, անհուն սրահ մըն էր։ Խումբ-խումբ, ամէն ընտանիք իր «տունը» շինած էր անկիւն մը, գետինը խսիրներ փռուած, երբեմն չուաններու վրայ վարագոյրի պէս կախուած սաւաններով բաժնուած իրարմէ։ Սաթենիկը մեզի հետ չէր, մնացած էր Համա։ Կիւրինցիներու խումբը դարձեալ միասին էր այստեղ ալ։ Մայրերը միշտ առտուն կանուխ կ՚երթային աշխատելու եւ իրիկունը կը դառնային։
Այստեղ Սարգիսը չկար։ Անոր տեղ ձեռքէս կը բռնէր Եղիսաբէթը, 8-10 տարեկան գեղեցիկ աղջիկ մը, որուն մայրը եւս գործի գացող կիներէն էր։ Մայրիկս ամէն առաւօտ նոյն պատուէրը կու տար երթալէն առաջ.
– Եղսաբէթ, աչքդ վրայէն պակաս չընես։
Հինգ տարեկան էի հիմա։ Եղիսաբէթը, իրեն յանձնուած պարտականութիւնը շատ լուրջի առած, միշտ կը հսկէր, թոյլ չտալով որ դուրս գամ եւ միւս պզտիկներուն հետ վազվզեմ։ Երբեմն քոյրիկ էր Եղիսաբէթը, ուրիշ անգամ վարժուհի, «պատիժներ» կու տար չգործած մէկ յանցանքիս համար, յետոյ «կը ներէր», ձեռքի գաւազանիկով սաստելէ ետք, որ «անգամ մըն ալ չընեմ»։ Պահ մը քոյր-եղբայր էինք Եղիսաբէթին հետ, ուրիշ օր մը աշակերտ-վարժուհի։
Աշակերտ-վարժուհին մոռցուեցաւ, որովհետեւ ոչ ես աշակերտ մնացի, ոչ Եղիսաբէթը վարժուհի դարձաւ։ Բայց քոյր-եղբայրը մնաց։ Եղիսաբէթը Էլիզապէթ դարձած, հիմա կ՚ապրի Ամերիկա Ռիչմընտ քաղաքին մէջ, փառաւոր երեք զաւակներ ունի, երեքն ալ մանչ, թոռներ, թոռնորդիներ, յարգուած լէյտին է քաղաքին, ազգային-եկեղեցական գործերու մէջ միշտ առաջին շարքի վրայ, բայց չէ մոռցուած քոյր-եղբայրը։ Տարիներու ընթացքին քանիցս Պէյրութ կու գար մեզ տեսնելու, վերջերս Փարիզ ալ եկաւ ու ամիսով մնաց մեզի, բայց զգացի որ դերերը շրջուած են։ Ես եմ հիմա խրատական քարոզիչը իր «ամերիկացիութիւններուն» համար, բայց անաղարտ մնացած է քոյր-եղբայրը, ինչպէս այն օրերուն Հալէպի ղշլային խսիրէ գետինին վրայ...

*
* *

Օրերը կ՚անցնէին միօրինակ ու անհամ։ Միապաղաղ առօրեան աշխուժացնող ոչ մէկ անակնկալ։ Զրոյց մը կար թէ սկսած են որբանոցներ բացուիլ եւ մայրիկս ամէն օր այդ որբանոցներուն մասին կը խօսէր զիս նախապատրաստելով այդ կարծեցեալ դրախտին համար։
– Կ՚ըսեն թէ որբանոցին մէջ աղուոր խաղալիքներ կան...
– Կաս-կարմիր գոգնոցներ կը հագնին...
– Որբանոցէն տղայ մը տեսայ որ պզտիկ պսիքլէթ ունէր...
Ասոնք մայրիկս շրջապատող կիներուն շռայլանքներն էին իմ հաշւոյս, յայտնապէս մեղսակցական հաշիւներով։ Մայրիկս լուռ կը մնար, իբրեւ թէ կարծիք չունի, թոյլ տալով որ կողմնակի գովեստները իրենց դերը կատարեն։ Ես որբանոց երթալ չէի ուզեր։ Լսած էի մայրիկիս մէկ խօսքը երբ կ՚ըսէր կիներէն մէկուն.
– Աշխատած տեղս նոր աղջիկ մը ունեցան, կ՚ուզեն որ գիշերն ալ մնամ, տուածնուն կրկինը խոստանալով, սա տղան չըլլար նը...
Պարզ էր։ Կ՚ուզէր ինձմէ ազատիլ, այդ հարուստ տունը երթալու համար, իսկ ես վճռած էի ամուր կենալ եւ իրմէ չբաժնուիլ։ Եւ արդէն ատեն մը վերջը շատ դժուարութեամբ յաջողեցան զիս որբանոց դնել։ Կու լայի, կը ճչայի թէ չեմ ուզեր, բայց խոշոր եւ ուժեղ տղայ մը ճանկեց ծոծրակէս եւ դռնէն ներս մտցուց։
Այդ օրերուն յանկարծ յայտնուեցաւ Սաթենիկը։ Երբեք պիտի չմոռնամ իր մուտքը ղշլայէն ներս։ Վարդագոյն եւ փայլուն հագուստ մը հագած էր որ քալած ատենը խըշ-խըշ ձայն կը հանէր։ Իշխանուհիի մը քալուածքը ունէր։ Ետեւէն կու գար բեռնակիր մը մեծ սնտուկ մը շալկած։ Եկան եւ սնտուկը դրին մեր անկիւնը։ Մայրիկս չկար, կիները գործէն դարձած չէին դեռ։ Գրկեց զիս, համբոյրներով ծածկեց եւ նստաւ իր սնտուկին քով։ Կախարդական բան մը ունէր այդ սնտուկը։ Կլոր կափարիչը պատուած էր գոյնզգոյն թիթեղներով։ Վրան ձգուած կղպանքը կը փայլէր։ Իրիկունը երբ մայրիկս եկաւ, գրկուեցան, համբուրուեցան եւ բոլոր կիները հաւաքուեցան անոնց շուրջ։ Սաթենիկ անվերջ կը խօսէր ու կը պատմէր։ Յետոյ մեկուսացան մայրիկիս հետ ու փսփսուքով կը խօսէին։


Շար . 51
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝