Յայտարարութիւն

Sunday, September 27, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -52- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Առտուն, միւս կիներուն հետ գործի չգնաց Սաթենիկ։ Առատ դրամ ունէր եւ նոյնիսկ կը համոզէր մայրիկս, որ գործի չերթայ, բայց ան մտիկ չըրաւ ու գնաց։ Մնացի մինակ Սաթենիկին հետ։ Սնտուկը կորսնցուցած էր հմայքը։ Կանացի հագուստներէ զատ ուրիշ բան չկար մէջը։ Ձեռքէս բռնած դուրս կը հանէր, զօրանոցին առջեւ բացուած խանութներէն գունաւոր շաքարներ կ՚առնէր ու կը դառնայինք ետ, մեր խսիրին վրայ, սնտուկին քով։ Հանգիստ չունէր։ Զիս Եղիսաբէթին ձգած, կ՚ելլէր զօրանոցին մէջ կը շրջագայէր, ետ կու գար, նորէն կ՚երթար, այսպէս, մինչեւ մայրիկիս վերադարձը։
Անգամ մը լսեցի որ կը պատմէր մայրիկիս.
– Մեծ տղան Ռիատը սկսաւ ետեւէս իյնալ։ Ճապպար աղան հասկցաւ եւ հայր ու տղայ մեծ կռիւ մը ըրին, իմ պատճառովս քէն մնացին, մինչեւ որ շէյխը եկաւ հաշտեցուց։
– Աղջիկ Սաթենիկ, փորձանք մը չելած լաւ ըրիր որ փախար եկար, հոս շատ հարուստ հայ տուներ կան, քեզի լաւ տեղ մը կը գտնենք,– ըսաւ մայրիկս։
Նման խօսակցութիւններ կը սկսէին, երբ ես քնացած կ՚ըլլայի... ըստ իրենց։ Բայց քնացած չէի։ Աչքերս գոց կը մնայի, ականջներս լայնաբաց։ Ճապպար աղան ճերմակ տէտէն ըլլալու էր։
Ուրիշ անգամ, մայրիկս կ՚ըսէր.
– Սաթենիկ, բերած քանի մը ոսկիներդ շուտ կը հատնին, աշխատելու սկսիր։ Խօսք կայ որ Ամերիկայէն եկած դրամներով կիւրինցիներուն համար քէմփ պիտի շինուի, հոն կ՚երթանք, այստեղէն կ՚ազատինք։
– Ճապպարին տունը ես խանըմ էի, խզմէթճի չէի,– կ՚ըսէր Սաթենիկ։ Շարունակութիւնը չէի լսեր։ Մայրիկիս պատասխանը թէեւ խիստ ձայնով, բայց անլսելիօրէն ցած կ՚ըլլար...
Առտու մը, կիներուն մեկնած պահուն, ըսաւ մայրիկիս.
– Այսօր բաղնիք կ՚ուզեմ երթալ, Անդրանիկը հետս պիտի տանիմ։
– Տար, տար տէ աղուոր մը լոգցուր, բուխերիկէն ինկած սեւ շուն դարձեր է։
Ես ընդվզեցայ։ Համայի բաղնիքէն լաւ յիշատակ չէի պահած։ Սեւ կարծր քսակով մը այնքով ուժով շփեց մարմինս, որ կը ցաւէր։ Սոսկալի ուժով եւ ծանր էին ձեռքերը։
Մայրիկիս մեկնելէն ետք Սաթենիկ բացաւ սնտուկը, շատ մը հագուստներ եւ ճերմակեղէններ դուրս հանեց, մէկիկ մէկիկ դիտելէ ետք վրայ վրայի դիզեց սաւանի մը վրայ, հսկայական պոխճայ մը շինեց ու կապեց։ Սնտուկը գրեթէ պարպուեցաւ։ Փաղաքշեց ու խոստացաւ որ այս անգամ սեւ քսակով չի շփեր, միայն օճառով ու տաք ջուրով կը լոգցնէ եւ համոզեց որ ընկերանամ իրեն։ Փորձեցի ծրարը շալկել։ Այնքան ծանր էր, որ հազիւ կրնայի տեղէն շարժել։ Սաթենիկ խնդաց եւ գնաց բեռնակիր մը բերաւ ու ճամբայ ելանք։
Արաբական բաղնիքը բաւական հեռու էր։ Աւելի ետքը հասկցայ թէ ինչու կառք չառինք։ Ես չնկատեցի, բայց որոշապէս յայտնի եղաւ թէ ճամբու ընթացքին Սաթենիկը նշաններով հասկացողութիւն մը ունեցած ըլլալու է մէկուն հետ։ Բեռնակիրը բաղնիքին դրան առջեւ բեռը վար դրաւ։ Իրաւունք չունէր ներս մտնելու։ Բաղնեպան կինն էր որ գետնէն քաշքշելով ներս մտցուց։
Սաթենիկ խոստումը յարգեց։ Առանց ցաւցնելու լոգցուց։ Յետոյ ելանք բաղնիքին պաղ մասը, ուր հանուած էին հագուստները։ Այնտեղ թէյ եւ անուշեղէն հրամցուցին մեզի։ Լաւ մը չորցուց մազերս, ականջներս, եւ շապիկս հագնելէ առաջ վիզս կախեց թելի մը կապուած սնտուկին բանալին, ըսելով.
– Չկորսնցնե՛ս, մայրիկիդ կու տաս երբ գայ։ Ես քիչ մը պիտի ուշանամ։ Շատոնց բաղնիք ըրած չեմ։ Ահա աս ալ պարղուտդ։ Շաքար առէք, Եղիսաբէթին հետ կերէք։
Յետոյ կառք մը կանչել տուաւ, բաղնեպանը զիս նստեցուց կառքին մէջ եւ շիտակ դէպի տուն։ Ճամբան կը մտածէի որ բաղնիքը տեսած բոլոր կիներուս մէջ ամէնէն գեղեցիկը Սաթենիկն էր։ Գիրուկ կիներ կային, տձեւ մարմիններով, ճարպոտ, այլանդակ մերկութիւններ։ Բոլորին մէջ կը զատուէր ու կը փայլէր Սաթենիկը։ Տաք ջուրի գոլորշիներուն մէջէն բարեբախտաբար տեսանելի չէին երեսներուն չեչերը եւ ձիւնի պէս սպիտակ անոր բարեձեւ մարմինը կ՚իշխէր բոլորին վրայ։
Երբ մայրիկս եկաւ իրիկունը եւ տուի բանալին, անմիջապէս բացաւ սնտուկը եւ տժգունեցաւ։ Յետոյ խօսեցաւ ինքն իրեն.
– Վախնամ այս աղջիկը շնութիւն մը ըրաւ նորէն ու ելաւ հիմա փախաւ...
Մինչեւ ուշ գիշեր Սաթենիկին սպասելէ ետք, կիները միաբերան վճռեցին թէ Սաթենիկը ա՛լ պիտի չգայ։
– Բաղնիքը գիշերը էրիկ մարդոց համար է, մինչեւ հիմա բաղնիք չի մնար...
Արդարեւ, յաջորդ օրերուն եւ տարիներուն այլեւս Սաթենիկէն լուր չունեցանք։ Իմացուեցաւ որ Համա կը գտնուի, միշտ Ճապպար աղային տունն է, հանգիստ կ՚ապրի, բայց ոչ որպէս սպասուհի։ Դարձած է Ճապպար աղային հարճը։

Շար.52
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝