Յայտարարութիւն

Monday, September 28, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 53 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Գ.
Անցած են տարիներ. վեց-եօթը երկար տարիներ։ Ետեւ կը մնան որբանոցը, դէպի Պէյրութ փախուստս, որբանոցի գէշ տարիները։ Նոյնիսկ մոռցուած է դպրոցէն կծիկ տալու եւ պարտէզները թափառելու շրջանը։ Հիմա օրինաւոր աշակերտ մըն եմ – ոչ տիպար աշակերտ մը թէեւ – ինչպէս կը վկայէ լեփ-լեցուն եւ ուռած պայուսակս։ Երրորդ դասարանի աշակերտի մը համար քիչ մը ծանր պայուսակ մը, որուն պարունակութիւնը բնաւ համապատասխան չէ կրթական ծրագրով սահմանուած դասագիրքերուն։ Ընթերցանութեան եւ աշխարհագրութեան նիհար գիրքերը կը խեղդուին Մօնթէ Քրիսթոյի լաթակազմ խոշոր հատորներուն մէջտեղ սեղմուած։ Շաբաթական վարձքով կ՚առնենք այդ գիրքերը ակումբի գրադարանէն։
Մարսիլիա օթէլին տանիքը սուզուած եմ «Փարիզի Գաղտնիքներուն» մէջ, երբ մէկը ետեւէս երկու ձեռքերով ամուր մը աչքերս կը փակէ ու կ՚ըսէ.
– Գիտցի՛ր տեսնեմ ով է։
Կը փորձեմ ազատագրուիլ, բայց սեղմումը թոյլ չի տար։
– Մինչեւ չըսես, թող չեմ տար։
Կանացի ձայն մըն է, կարծես կը յիշեմ բայց չեմ յաջողիր անուն մը տալ։ Վերջապէս փափուկ ձեռքերը կը թուլնան ու կը դառնամ ետեւ։ Սաթենիկն է։
Կը գրկէ, անվերջ համբոյրներով կ՚ողողէ երեսս, գոչելով.
– Մաշալլահ, մեծ տղայ մը եղեր ես։
Վրայ հասնող մայրիկիս հետ կը նստինք երեքով։ Նոյն Սաթենիկն է, ծակծկած այտերով, փարթամ մարմնով, վառվռուն աչքերով։ Մայրիկիս հետ զրոյցը վերջացուցած ըլլալու էին վարը, քանի որ Սաթենիկին ուշադրութեան կեդրոնը ես կը մնայի։
– Այսչափ մեծ գրքե՞ր կը կարդայ հիմա...
Նոր առիթ մը, կրկին համբուրելու։ Եւ իր մեծ գոհունակութեան որպէս երաշխիք, խոշոր արծաթ մէճիտ մը – «Ուզածիդ պէս խարշլըխ կ՚ընես»։
Առաջին զեղումները վերջացան ու ես կրկին թաղուեցայ Փարիզի գաղտնիքներուն մէջ, մինչ Սաթենիկ մայրիկիս կը բացատրէր թէ ինչ կը սպասէ իրմէ։ Ճապպար աղային հետ համաձայն են որ Սաթենիկը Հալէպ բնակի, առանձին տուն ունենայ, ինքն ալ Հալէպ կը գտնուի հիմա։ Մայրիկս պէտք է խօսի մարդուն հետ եւ համաձայնութիւն մը գոյացնէ ծախքերուն շուրջ...
Այս կէտին վրայ, հասաւ Միհրան էֆէնտին։ Անմիջապէս ըմբռնեց կացութիւնը եւ ըսաւ.
– Երանուհի, կնիկի գործ չէ ասիկա. ինծի թողուցէք։ Ես տեսնեմ մարդը։– Յետոյ Սաթենիկին.
– Դուն տեղէդ չես շարժիր, մինչեւ որ ես ըսեմ...
Երբ Միհրան էֆէնտին է որ ձեռք առաւ Սաթենիկին «խնդիրը», վստահ եմ, ճիշդ լուծումը անպայման կը գտնուի եւ ոչ թէ կը մնայ իմ թուաբանական խնդիրներուս պէս, որոնց լուծումները յաւիտեան անլոյծ կը մնային, եթէ Օննիկէն չընդօրինակէի։
Գիշերը Սաթենիկ կը պատմէր մայրիկիս։ Ճապպար աղան Ռիատը ամունացուց եւ տունէն ղրկեց։ Բայց այս անգամ ալ միջնեկ տղան Ռէշիտը սկսաւ անհանգստացնել Սաթենիկը ու երթալով անհամութիւնը շատցաւ տունին մէջ։
– Աղջիկ, դուն հէ՞չ մը մեղք չունիս,– կ՚ըսէր մայրիկս,– դուն ալ շատ խելօք կեցողը չես կարծեմ...
– Երանուհի, երկու աչքերս քէօրնան սուտ կ՚ըսեմ նը, Անդրանիկին գլխուն վրայ երդում կ՚ընեմ, իրե՛նք են։ Ես Ճապպարին հետ շատ աղէկ եմ, մարդուն ըսելիք չունիմ, բայց կատղած լակոտները չեն թողուր։ Ռէշիտէն զատ, դեռ պզտիկը, Աքրամն ալ կայ, որ սկսաւ ականջ խաղցնել։ Անոր համար տուինք Ճապպարին հետ այս որոշումը...
Մինչ Սաթենիկ կը պատմէր, ես կը մտածէի թէ ինչ հմայիչ բան կրնան գտնել ծակծկած երեսներով այս կնոջ մօտ, քաշողական ինչ ուժ, որպէս հայր ու տղաներով մրցումի ելլեն անոր շուրջ։ Ոչ միայն գեղեցիկ չէր, այլ կրնար տգեղ համարուիլ։ Ճիշդ է, միտքս կու գար բաղնիքին մշուշներուն մէջէն Սաթենիկին կաթնային մարմինը, բայց ատիկա բաւարար պատասխան մը չէր հարցումիս։ Տասներկու-տասներեք տարեկան էի ու չէի կրնար հասկնալ թէ գեղեցիկ մարմին մը ինչ կ՚արժէ ի հեճուկս եղծուած դէմքի մը...
Յաջորդ օրերուն, դպրոցէն դարձիս կը տեսնէի Միհրան էֆէնտին սրճարանը նստած Ճերմակ տէտէին հետ գլուխ-գլխի կը խօսէին։ Մարդուն մօրուքը նոյն ճերմակութիւնը ունէր եւ ֆէսին վրայ ոսկեգոյնի զարնող հաստ փաթթոց մը։ Նիհարակազմ էր, ջղուտ։ Վաթսուն տարեկան մը պէտք է ըլլար։
Քանի մը օրուան մէջ Միհրան էֆէնտին փառաւորապէս յաջողցուց բանակցութիւնը։ Որոշ հպարտութիւն մը կար ձայնին մէջ, յաղթականի գոհունակութիւն մը, երբ զեկոյց կու տար մայրիկիս.
– Տարուան մը ծախքերը մէկ անգամէն փէշին տալու համար քիթ-բերան ըրաւ, բայց ես ամուր կեցայ ու տեղէս չշարժեցայ։ Տունին տեղն ալ որոշեցինք։ Անպայման Ճեմիլիէ պիտի ըլլայ։ Հարկաւ։ Քրիստոնեայ թաղերուն մէջ աչքի կը զարնէ սարուխով-զպունով մարդուն մտնել ելլելը։ Այսօր Համա դարձաւ դրամ բերելու...
Շաբաթ մը մնաց Սաթենիկը մեզի հետ։ Շաբաթ մը վերջ իր տունին մէջն էր արդէն նոր գնուած կարասիներով եւ... սպասուհիով մը։ Կը յիշեմ այդ տունը, հարուստ հրեաներու թաղին մէջ, Ճեմիլիէ, Դամասկոսի կայարանին անմիջականօրէն մօտիկ, աջ կողմի փողոցին վերջին տունն էր, ուղղակի շոգեկառքի գծին նայող։ Միայարկ եւ քարաշէն առանձնատուն մը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ։ Սպասուհին, Սալմա անունով հայախօս ասորի աղջիկ մըն էր, 15-16 տարեկան։ Ճապպար աղան ամիսը քանի մը անգամ կու գար Համայէն, երեք-չորս օր կը մնար ու կը վերադառնար։ Երբ Սալման տեսնէի մայրիկիս հետ, գիտէի որ կ՚ըսէ.
– Խավաճան գնաց, Անդրանիկը թող գայ, խանըմս կ՚ուզէ։
Կ՚երթայինք Սաթենիկին տունը, մէկ-երկու ժամ կը մնայինք եւ կու գայինք։ Բայց ընդհանրապէս կանչուողը ես էի։ Եւ հակառակ նուէրներուն եւ անուշեղէններուն, հաճոյքով չէի երթար։ Սաթենիկը մայրիկիս չափ կը սիրէր զիս եւ կը գուրգուրար վրաս, բայց իր զգացումը փոխադարձ չէր իմ կողմէս։ Բան մը կար անձին վրայ որ կը խրտչեցնէր։ Եւ միայն երեսին ծակտիկները չէին պատճառը...
Շաբաթ օրերը մանաւանդ մայրիկս կը ստիպէր որ Սաթենիկին երթամ եւ գիշերը հոն մնամ, Կիրակի ինքն ալ կու գայ եկեղեցիէն ետք։ Բայց միշտ չկամութեամբ կ՚երթայի եւ քիչ անգամ գիշերը կը մնայի։ Գացած օրերս անպայման գիրք մը կ՚ունենայի հետս։ Անշուշտ ոչ դասագիրք։ Ժիւլ Վէռնի բոլոր գործերը Սաթենիկին տունը կարդացած եմ։
Երբ տեսնէր որ գիրքին վրայ հակած կը մնամ ժամերով, կ՚ըսէր.
– Ապրիս, դասերդ աղէկ կը սորվիս, բայց շատ մի՛ կարդար, աչքերուդ մեղք է...

*
* *

Կիրակի մը, երբ Սաթենիկը եկեղեցի գացած էր – ոչ մեր եկեղեցին, այլ մարօնիթներունը, կ՚ամչնար – եւ ես գիշերը իրենց մնացած էի, Սալման ըսաւ.
– Դուն կիւլէշ բռնել գիտե՞ս...
– Գիտեմ, եւ մեր դասարանին շամփիօնն եմ։
– Ես քեզի կը յաղթեմ։
– Դուն աղջիկ ես, աղջիկները կիւլէշ չեն բռներ։
– Կը բռնեն։ Կրնամ քեզի ալ յաղթել։Եթէ կ՚ուզես փորձենք։
– Փորձենք։
Եւ առանց սպասելու որ ես պատրաստուիմ, վրաս եկաւ ու մէկէն գրկեց, աջ ձախ դարձուց, եւ անսպասելիօրէն տակը առաւ։ Չոքած էր կուրծքիս, երկու թեւերս ամուր փակցուցած գորգին, կուրծքերը կուրծքիս՝ ամբողջ ուժով կը սեղմէր ու կ՚ըսէր.
– Հասկցա՞ր հիմա ո՛վ է աղջիկը։
Ճիգերս ի զուր կ՚անցնէին մարմինս ազատելու համար։ Շատ ուժով էր։ Ճարահատ, կը պատրաստուէի խածնել թեւէն, բայց նոյն պահուն դէմքը տեսայ։ Այլափոխուած, տժգոյն, խեղճուկ երես մըն էր։ Յանկարծ սեղմումը թուլցուց ու փռուեցաւ գետինը, քովս։ Ալ չխօսեցաւ։ Ես ցատկած ելած էի, բայց ինք դեռ կը մնար այդ դիրքով...
Երկու տարի ետքը միայն, հինգերորդ դասարանին հասկցայ, թէ այն օրը տակը մնացողը թէեւ ես էի, բայց պարտուողը Սալման էր...

*
* *

Արձակուրդի օր մը, ֆութպոլի դաշտէն ուղղակի գացի Սաթենիկին տունը, պաշարս հետս։ Կը յիշեմ, «Հինգ Շաբաթ Օդապարիկով»ն էր։ Հիւրասենեակը նստած կը կարդայի, երբ դուռը զարնուեցաւ, Սալման բացաւ։ Միհրան էֆէնտին էր։ Սաթենիկ, նազանքով եւ խնդուն, ընդառաջեց, բայց Միհրան էֆէնտին զիս տեսնելով, մէկէն ընկրկեցաւ, ամչնալու պէս եղաւ, բաներ մը ըսաւ եւ առանց սուրճին սպասելու մեկնեցաւ։ Ես անտարբեր կը մնայի, իբրեւ թէ կը կարդամ, բայց տեսարանը չխուսափեցաւ աչքերէս։ Միհրան էֆէնտիին մեկնումէն ետք, Սաթենիկը ջղայնացաւ, պոռաց կանչեց սպասուհիին վրայ, խոհանոցին մէջ բան մը կոտրեց, մինչեւ որ հանգստացաւ...
Հասկցայ թէ Ճերմակ տէտէին ամբողջ գերդաստանը բոցավառող հրդեհէն՝ կայծ մըն ալ հասած պիտի ըլլայ Միհրան էֆէնտիին...
Բայց այդ Սաթենիկը՝ իր չեչոտ երեսներով ինչպէ՞ս կրնար այդքան մարդ գրաւել։ Իր մէջ անտեսանելի «շուն» մը պէտք է ունեցած ըլլար որ ես չէի տեսներ, շուներու այն տեսակէն, որ ֆրանսացիները երբ կնոջմէ մը շատ տարուին, կ՚ըսեն.
– Elle a du chien...


Շար . 53
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝