Յայտարարութիւն

Tuesday, September 29, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 54 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Դ.
Սաթենիկին տօլչէ վիթան շարունակուեցաւ շուրջ երեք տարի։ Ու մէկէն դադրեցաւ։ Ճապպար աղան մեռած էր եւ այլեւս Համայէն ձայն չլսուեցաւ։ Պէտք եղաւ Ճէմիլիէի տունը ձգել եւ աւելի համեստ բնակարան մը փոխադրուիլ։ Այդ նոր տունը քաղաքին հակոտնեայ մասին մէջ կը գտնուէր, ներսի շուկային բերանը, ճիշդ հանրակառքի գիծը վերջացած կէտին, վերնայարկ մը։
Կարասիներուն կարեւոր մասերը, գորգերը ծախուեցան։ Սալման ալ ճամբուեցաւ։ Մե՜ղք ինծի համար։ Հիմա այլեւս վեցերորդ դասարանի աշակերտ, շրջանաւարտ ըլլալու վրայ, ես էի որ կիւլէշի ընկեր կը փնտռէի, նախընտրաբար աղջիկ մրցակից...
Բաւական մեծ գումար մը յաջողած էր մէկտեղել, 200 դեղին ոսկիէն աւելի, ինչ որ բաւական տարիներու ապահովութիւն կու տար իրեն։ Մայրիկս միշտ կը կրկնէր.
– Սաթենիկ, պատրաստ դրամը շուտ կը հատնի։ Մէկ հոգիի համար տուն բանալ եւ վարձքը տալը հարամ է։ Տեղ մը մտիր, աշխատիր, եւ դրամդ ալ պահէ։ Պակսելու տեղ կ՚աւելնայ։
– Երանուհի՛,– կ՚ըլլար պատասխանը,– աշխատիլը մոռցայ, Ճապպարին հետ խանըմի պէս ապրեցայ, հոն ալ աչքովդ տեսար, ինչպէ՞ս կրնամ ուրիշին տունը ծառայ երթալ, երբ որ ես ծառաներ ունեցայ...
Այսպէս ամիսները կ՚անցնէին եւ Սաթենիկ կը շարունակէր «խանըմի պէս ապրիլ», ունեցած դրամէն ծախսելով։ Շռայլ էր եւ անհաշուագէտ։ Կը շարունակէր փայլուն հագուստներ հագնիլ, ծաղկաւոր եւ պոռացող գոյներով։ Քառասունի կը մօտենար։
Պէտք եղաւ որ հրաշագործ Միհրան էֆէնտին գործը ձեռք առնէ, անգամ մը եւս լուծելու համար Սաթենիկին հարցը.
– Երանուհի՛, այս աղջիկը պէտք է կարգենք, ուրիշ ճամբայ չկայ։
– Արաբին հետ ապրած աղջիկը ո՞վ կ՚առնէ։
– Դուն ինծի ձգէ, ես մէկը կը գտնեմ։
Եւ գտա՛ւ։ Սաթենիկէն տասը տարիով պզտիկ երիտասարդ մը։ Յակոբը բնիկ հալէպցի, արաբախօս տղայ մըն էր, արհեստով կօշկակար։ Հայերէնը հազիւ կը խօսէր։ Ամէնագէտ եւ ամէնակարող Միհրան էֆէնտին ինչպէ՞ս գտաւ այս հազուագիւտ թռչունը, ատիկա իր գաղտնիքն է։ Իրողութիւնը այն է, որ Յակոբ հաւնեցաւ Սաթենիկին, առաջին տեսնելուն։ Անշուշտ, դեր մը կատարեցին նաեւ Սաթենիկին ոսկիները։ Բայց Միհրան էֆէնտին դիւրին դիւրին աղջիկ տուողը չէր։ Կ՚ուզէր լաւ մը քննել եւ հասկնալ Յակոբին կարողութիւնները, նկարագիրը։
– Վարպետ կօշկակար է,– կ՚ըսէ,– բայց խանութ չունի եւ ուրիշին քով կ՚աշխատի։ Ինչէ՞ն գիտնամ այարը։ Անդրանիկին կօշիկ մը թող կարէ, որ տեսնեմ։
Յակոբը եկաւ, ոտքերս չափեց թուղթի մը վրայ, ու երկու օրէն բերաւ հայելիի պէս փայլուն սեւ կաշիով զոյգ մը կօշիկ։ Տուաւ ու գնաց։ Միհրան էֆէնտին առաւ կօշիկները ձեռքերուն մէջ, տակը վրան լաւ մը զննեց եւ ըսաւ ինծի.
– Հագիր տեսնեմ։
Հագայ։ Շատ հանգիստ եկան ոտքերուս... չափի վրայ կարուածի պէս։
– Քելէ՛ տեսնեմ։
Քալեցի քանի մը քայլ առաջ ու ետ եկայ։ Կօշիկներս ճըզ-ճըզ ձայն կը հանէին քալած ատենս։ Ըստ Յակոբին, գաղտնիք մը կար հոտ։ Շատ յաճախորդներ կը սիրէին այդ ճըզ-ճըզը եւ մասնաւոր կ՚ապսպրէին։
– Ինչպէ՞ս է եավրում, չի՞ սղմեր։
– Ո՛չ, Միհրան էֆէնտի, շատ հանգիստ է։
Դարձաւ մայրիկիս եւ ըսաւ.
– Սաթենիկը տուի Յակոբին...
Պսակը կատարուեցաւ Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին մէջ եւ Սաթենիկին բոլոր մեղքերը թողութիւն գտան Սուրբ Պսակի արարողութեամբ։ Դեռ կը մնար Միհրան էֆէնտիին հայրական խրատները նոր հարսին։
– Երանուհի՛, խօսած եմ Սաթենիկին, դուն ալ խօսիր։ Ասոնց Հալէպ մնալը յարմար չէ։ Այստեղ ճանչցուած է։ Խօսք-խօրաթայ կ՚ըլլայ։ Արաբին հետ ապրիլը ամէն մարդ գիտէ։ Տղուն համար աղէկ չէ ատիկա։
Յետոյ երկար խօսեցաւ Սաթենիկին ոսկիներուն մասին։ Միհրան էֆէնտին երկընտրանքի մը մէջ էր այդտեղ, եւ կը խօսէր ինք իրեն։
– Ամէնէն շիտակը, այդ դրամով Յակոբը Պէյրութի մէջ խանութ մը բանայ, կօշիկ շինէ եւ ծախէ։ Բայց ատանկով Սաթենիկը եախան Յակոբին ձեռքը տուած կ՚ըլլայ։ Դեռ տղուն ինչ մարդ ըլլալը չկրցայ հասկնալ։ Խանութ մը օր մը կը բացուի, օր մըն ալ կը գոցուի ու դրամն ալ մէջ գացած կ՚ըլլայ...
Ի վերջոյ Միհրան էֆէնտին Սողոմոնեան իր հանճարէն գտաւ լաւագոյն կերպը։ Ես ներկայ էի, երբ կը պատուիրէր Սաթենիկին.
– Պէյրութ կ՚երթաք, քու անունովդ պզտիկ հող մը կը գնես, վրան տուն մը կը շինէք ու կ՚ապրիք։ Տուն մը որ անգամ մը շինուի, կը մնայ, խանութին պէս ձեռքէ չ՚երթար... Յակոբը հիմակուհիմա թող ուրիշին քով աշխատի, իրեն պէս վարպետ մը ձեռքէ ձեռք կը խլեն։
Միհրան էֆէնտիին պատուէրը տառացիօրէն գործադրուցեաւ։ Պէյրութի տունը շինուեցաւ Պուրճ Համուտի ծայրամասին մէջ տեղ մը։ Ես այդ տունը երբեք չտեսայ։ Երբ Պէյրութ փոխադրուեցանք, մայրիկս երբեմն կ՚երթար եւ լուրեր կը բերէր։
– Երկու յարկով տուն մը ունի Սաթենիկը։ Մէկ մասն ալ վարձու տուած է, լաւ են, բայց ձեռքը ծունկին կը զարնէ թէ Յակոբը ծոյլ է, չ՚աշխատիր։
Սաթենիկին բամբասանքներն էին։ Յակոբը ծոյլ չէր, վազվզող տղայ մըն էր, եւ ինչպէս կ՚ըսեն, «հացը քարէն հանող մը»։ Բայց Սաթենիկը, միշտ «խանըմ» ապրելու վարժ, կ՚ուզէր որ շուկային մէջ խանութ ունենան։
Տարիները կ՚անցնէին, Սաթենիկը կը ծերանար։ Դէմքի ծակտիկներուն վրայ խորշոմներ կ՚աւելնային։ Բայց կը շարունակէր նոյն վառ գոյներով շրջազգեստներ հագնիլ, ձախաւեր արուեստով մը դէմքը շպարել, կը շարունակէր «խանըմ» մնալ...
Կը պատահէր որ մեզի գայ եւ մայրիկիս կ՚ըսէր.
– Մեր մուխթարին խօսեցայ, տունս Անդրանիկին պիտի գրեմ...
– Նորէն Յակոբին հետ աւրուած ըլլալու է,– կ՚ըսէի ես իր մեկնելէն ետք։
Յակոբը, եռանդուն տղայ, իր տաք խառնուածքին բոլորովին ներհակ համակերպութեամբ մը կը կրէր Սաթենիկին բոլոր քմայքները։ Կ՚աշխատէր վաճառականներու մօտ, շինարարական գործերու մէջ վերակացու կը կենար, առեւտուրի միջնորդութիւն կ՚ընէր, միայն չէր ուզեր կօշիկի խանութի մը մէջ փակուիլ։ Այս էր իրենց միջեւ գլխաւոր վէճը։ Կինը լաւ կ՚ապրեցնէր, բայց «խանըմ»ին արժանավայել ընկերային դիրք մը չունէր։
Սաթենիկը մեռաւ առաջացեալ տարիքին, մայրիկէս երկու տարի առաջ։ Մեռելոցի օր էր, երբ գերեզմանատուն գացած էի, նկատեցի, որ մայրիկիս հողակոյտին վրայ կիսով վառուած մոմ մը կայ։ Ըսին թէ Յակոբն է որ անցած է այնտեղէն, Սաթենիկին վրայ հոգեհանգիստ ընել տալէ ետք...
Անուս, անգրագէտ տղայ մըն էր Յակոբ, Սաթենիկին պէս, պարզ հոգի մը ունէր, Սաթենիկին պէս, եւ մանաւանդ համբերութեան ծով պաշար մը, որ կրցաւ հանդուրժել Սաթենիկին բոլոր «խանըմութիւններուն»։ Վերջերս իմացայ որ ամուսնացած է արաբ աղջկան մը հետ եւ զաւակներ ունի։


Շար . 54

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝