Յայտարարութիւն

Tuesday, September 1, 2009

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ


Վերջապէս Մարալը պատռեց լռութեան քօղը և վաղուց խոստացած «իր Կայքէջին»՝ Նշանակին, ինչպէս ան սովոր է կոչել զայն, ուղարկեց իր առաջին յօդուածը ,ուր ան Բերիոյ Թեմի մէջ կատարուած և շարունակուող գրական ,հոգևոր թէ թարգմանական հրատարակութեանց մասին կարևոր տեղեկութիւն կուտայ : Մարալ Տիքպիքեանը արխիւային լուրջ աշխատանք կը տանի Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանին մէջ: Արխիւային ինչպէս և վերը յիշուած հրատարակչական աշխատանքներուն ետին կեցած է երկաթեայ կամքով երիտասարդ մտաւորական հոգևորական մը յանձին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Տէր Շահան Եպիսկոպոս Սարգիսեանի: «Նշանակ» իր զօրակցութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Սրբազան Հօր և նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ իր հոգևոր և ազգային առաքելութեան: Իսկ Մարալին և իր գործակիցներուն ինչպէս Հուրի Ազէզեան և այլք՝ կը մաղթէ յարատևութիւն իրենց սկսած խիստ օգտակար գործունէութեան:
«Նշանակ»

«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Բերիոյ Հայոց Թեմին համար, վերջին հնգամեակը, այլ իրագործումներու ու նոր նախաձեռնութիւններու կողքին, յատկանշուեցաւ հրատարակչական աշխոյժ գործունէութեամբ մը, շնորհիւ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի յարատեւ ու հետեւողական ճիգերուն, նախաձեռնելու ոգիին, աշխատունակ ու ծրագրուած գործելաձեւին եւ յատկապէս իր քաջալերական ոճին։ Այդ իսկ պատճառով ի յայտ եկան նոր գրիչներ, որոնք շատ հաւանաբար խթանումի կարիքը ունէին միայն, Սրբազանին իսկ բառերով՝ յայտնաբերելու համար իրենց «անտեսուած շնորհքները» ։
Այս ծիրին մէջ, 2005ին Սրբազան Հայրը հիմը դրաւ երկու մատենաշարներու՝ «Ուխտ» Հոգեւոր եւ «Այգ» գրական, պատմական, բանասիրական, գիտական ու արուեստի, որոնք աշխուժօրէն կը բազմանան, տարեկան քանի մը թիւերու հրատարակութեամբ։ Ասոնց կողքին, Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի (դարձեալ Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ կազմուած) նախաձեռնութեամբ կը հրատարակուի «Երթ» տարեգիրքը, որուն առաջին երկու թիւերը գրական, բանասիրական, թարգմանական եւ տեղեկատուական նիւթերով լոյս տեսան։ Յետագային, 2008ին երբ հիմը դրուեցաւ «Տաթեւ» Հայագիտական Տարեգիրքին, յարմար նկատուեցաւ որ «Երթ»ը մնայ զուտ գրական-ստեղծագործական տարեգիրք, բանասիրական եւ հայագիտական նիւթերը վերապահելով «Տաթեւ»ին։
Ցարդ լոյս տեսած են «Երթ»ի չորս թիւեր եւ «Տաթեւ»ի մէկ թիւ։ Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է «Տաթեւ»ի երկրորդ թիւը։ Տեղին է նշել, թէ այս տարեգիրքը հարազատ շարունակութիւնը կը համարուի Սուրիահայ «Տաթեւ» տարեգիրքին, որմէ լոյս տեսած է միայն վեց թիւ՝ 1925-1930 (Արտաւազդ Վրդ. Սիւրմէեանի նախաձեռնութեամբ), Թեմիս նախաձեռնութեամբ վերահրատարակուեցաւ անոր առաջին թիւը։
Հոս հարկ կը նկատեմ նշել, թէ «Երթ» Տարեգիրքի առաջին երկու թիւի խմբագրութիւնը եղած է խմբագրական կազմով մը եւ վերջին երկու թիւերու խմբագրութիւնը վստահուած է Վարդի Քէշիշեանին։ Իսկ «Տաթեւ» տարեգիրքի խմբագրական ամբողջ գործը տարած է եւ կը տանի ի՛նքը, Սրբազան Հայրը։
Վերոյիշեալ հրատարակութիւններու կողքին Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, շաբաթական հերթականութեամբ լոյս կը տեսնէ «Օշական» լրատուն (4 էջ, A4), որ ձրիաբար կը բաժնուի ժողովուրդին։
Ընդհանուր պատկերացում մը տալէ ետք հրատարակչական աշխատանքին մասին, կ՚ուզենք առանձնաբար անդրադառնալ երկու մատենաշարներուն, առանց մասնագիտական քննութեան ենթարկելու լոյս տեսած հատորներու տպագրական թէ այլ մանրամասնութիւնները։

Ա.- «Ուխտ» Հոգեւոր Մատենաշար
Հրատարակութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովի
– Առաջին թիւը լոյս տեսած է 2005ի Փետրուարին, «Ժամագիրք Արեւագալի եւ Հսկումի» խորագրով։ Հոս, իր նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը կոչ կ՚ուղղէ՝ Տիրոջմով նորոգուած լուսաւոր կեանք մը ապրելու եւ որպէս լոյսի որդիներ լոյս դառնալու՝ մարդկութեան կեանքէն ներս։
Այնուհետեւ, յաջորդաբար հրատարակուած են
– «Փառաբանութիւն Աստուածածնայ» (2005)
– «Հաւատքով Աղօթենք» (2005)
– «Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը» (2006)
– Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի «Սողոմոնի Առակներու Մեկնութիւնը» (2006) (արեւմտահայերէնի վերածած է երկչ. Հուրի Ազէզեան)
– «Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի Տօնը» (2006)
– «Միշտ Աղօթենք» (2007)
– «Իմ Աղօթագիրքս» (2007)
– «Ս. Աննա, Եագուպիէի Հրաշագործ Ուխտավայր Մատուռը» (2007)
– «Տասն Կուսանաց (Աւագ Երեքշաբթի)» (2008)
– «Տիրոջ Վերջին Օրերը՝ Աւագ Շաբաթ» (2008)
– «Մեկնութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հաւատամքին» Զարեհ Արք. Ազնաւորեան (2008)
– «Աստուծոյ Խօսքը» (2008)
– «Հաւատով Խոստովանիմ» (2008)
– «Ս. Գիրքի Պատմութիւններ Մանուկներու Համար» (2009)

Բ.- «Այգ» Մատենաշար
Հրատարակութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմի
– Մատենաշարի առաջին թիւը յատկացուեցաւ հալէպահայ երիտասարդ բանաստեղծ Կարօ Արսլանեանին կողմէ պատրաստուած բանաստեղծական հաւաքածոյին, «Հուր եւ Կարօտ» խորագրով (2005)։
Ապա, յաջորդաբար լոյսին եկան
– Հայրենի բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեանի «Երկու Կեանք» բանաստեղծական հատորը (հաւաքածոյ հեղինակին նախապէս հրատարակուած գիրքերէն) (2006)
– Լալա Մինասեանի «Յոյսի Հորիզոններ» պատմուածքներու շարքը (2007)
– Զուլալ Գազանճեանի «Քերթուածներ» (հաւաքածոյ հեղինակին նախապէս հրատարակուած գիրքերէն) (2008)
– Հուրի Ազէզեանի «Արաբական Զարթօնքը եւ Հայ Գործիչները» ուսումնասիրական գործը (2008)
– Յակոբ Պապիկեանի (Օսմանեան երեսփոխան Էտիրնէի) «Ատանայի Եղեռնը» (Բ. հրատարակութիւն) (2009)
– Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի «Կանչ Արարչական» բանաստեղծական հատորը (2009)։
Մամուլի տակ են Էմմա Ազարիկեանի կողմէ ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանուած «Հայերը եւ Երիտասարդ Թուրքերը» (հեղինակ՝ Անաստաս Ատոսիտէս) եւ Հրանդ Արսլանեանի կողմէ պատրաստուած «Ժողովրդական Ասոյթներ եւ Ասացուածքներ» հատորները։

Վերոյիշեալ զոյգ մատենաշարներէն անկախ, որպէս Բերիոյ Հայոց Թեմի հրատարակութիւն լոյս տեսած են Ֆէթհիէի Չէթինի «Մեծ Մայրիկս» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը (թրքերէնէ թարգմանող՝ Սալբի Գասպարեան) (2006) եւ «Արամ Ա. Կաթողիկոս - Հաւատքի Առաքեալը» (խմբագիր Հուրի Ազէզեան) (2007)։ Վերջինը ընտիր ծաղկաքաղ մըն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի զանազան առիթներով եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւակներուն տրուած պատգամներէն, ինչպէս նաեւ Անոր հեղինակութիւններէն, խոհերէն ու մտածումներէն։։

Համառօտ ակնարկով մը փորձեցինք լուսարձակի տակ առնել Բերիոյ Հայոց Թեմի հրատարակութիւնները, մաղթելով նորանոր հրատարակութիւններ՝ բազմաբնոյթ մարզերէ ներս վերածաղկող ու նոր զարթօնք մը ապրող մեր Թեմին։

Ծանօթ.- Վերոյիշեալ հրատարակութիւնները ստանալու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին.-
periotem@scs-net.org

Հալէպ, Օգոստոս 2009 Մարալ Տիքպիքեան





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝