Յայտարարութիւն

Thursday, September 3, 2009

ԳԵՐԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ և ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՇՊԱՐ-ՏԱԼԻԴԱ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ

ԳՈՐԾԻ ՄԷՋ ԳԵՐԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Գերլարուածութիւնն ու մտահոգութիւնը գործի ընթացքին կրնան վնասակար ըլլալ, խանգարելով ձեր առողջութիւնը, կարողականութիւնն ու կատարողութիւնը: Գործի ընթացքին գերլարուածութենէ տառապելու նշանները կը սեպուին գլխացաւը, տրամադրութեան պակասը, կեդրոնացման դժուարութիւնը, խանգարուած ստամոքսը եւ նուազ համբերութիւնը: Դժբախտաբար, աշխատողներու ստուար թիւ մը կը տառապի յիշեալ վիճակներէն: Հետեւեալ միջոցները կը ծառայեն աշխատանքի ընթացքին գերճնշումը նուազեցնելու:
Շիշ Մը Ջուր
Ջուրը էական է եւ անմիջապէս կը յաջորդէ թթուածինին, որպէս կեանքի ամենատարրական նիւթը: Մասնագէտները կը թելադրեն օրական 8 գաւաթ ջուր խմել, լաւագոյն առողջութիւնը պահպանելու համար: Աշխատանքի մէջ ձեզի հետ ունեցէք շիշ մը ջուր, որպէս թարմացնող ու զովացուցիչ: Չսպասուած յոգնածութիւնն ու դանդաղութիւնը ջրազրկութեան նշաններ են:
Փոքր Ուտելիքներ
Կ’աշխատիք՝ չի նշանակեր, որ սոված պէտք է մնաք ամբողջ օրը: Եթէ ջերմուժի (energy) նուազում կը զգաք կամ գլխացաւ կ’ունենաք, հաւանաբար կարիքը ունիք թեթեւ ուտելիքի մը: Դիւրաբար չփճացող ուտելիքներ ունեցէք ձեր գրասեղանին մէջ: Չոր միրգերը, տուրմը եւ կորեկը յարմարագոյններն են այս պարագային:
Թէյ
Չուրէն ետք թէյը ամենաշատ օգտագործուող ըմպելին է աշխարհի վրայ: Թէյի երկարատեւ օգուտներէն բացի ան կրնայ հայթայթել անմիջական հանգիստ աշխատանքի պատճառաւ ստեղծուած դժուարութիւններէն: Chamomile թէյը կը պարգեւէ հանդարտութիւն՝ նուազեցնելով գերլարուածութիւնը ու հանգչեցնելով ջիղերը: Ճինսէնկ թէյը կը բարձրացնէ եռանդը եւ կը գրգռէ մտային կարողութիւնները, թեթեւօրէն բարձրացնելով արեան մէջ շաքարի մակարդակը, հետեւաբար կը բարելաւէ մտածողութիւնը եւ կ’արագացնէ որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը:
Երաժշտութիւն
Աշխատանքի ընթացքին լսեցէք ձեր նախընտրած երաժշտութիւնը: Այս օրերուն գրեթէ բոլոր համակարգիչները օժտուած են երաժշտութիւն լսելու միջոցներով, որով կրնաք լսել հաճելի երաժշտութիւն՝ առանց խանգարելու ձեր աշխատակիցները: Ձեզի հետ ունեցէք խտասալիկներու շարք մը, անոնցմէ ընտրեցէք յարմարագոյնը:


ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ՁԵՐ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՇՊԱՐԻ ՄԱՍԻՆ

Աւելի պրոնզի մօտեցուցէք ձեր շպարը: Ձմրան ձեր մորթին գոյնը քիչ մը գունատ կ’ըլլայ, ուստի քիչ մը աւելի պրոնզ շպարը ձեր այտոսկրին ու կզակին վրայ թարմութիւն կը պարգեւէ:
Մութ եւ խորունկ գոյնի աչքի գիծերէն հրաժարեցէք: Անոնք աւելի յարմար էին ձմրան, անոնց փոխարէն թեթեւ գոյներ ընտրեցէք եւ ձեռքով բարակ շուք մը պարգեւեցէք ձեր կոպերուն:
Բաց գոյներով այտի փոշի ընտրեցէք:
Փոշի շպարներու պարագային բարակ մաշկ մը միայն ծածկեցէք, թոյլ տալու համար, որ մորթը իր բնական փայլքը ստանայ:
Բարակ ոսկեգոյն փոշի տարածեցէք կոպերուն վրայ:
Շրթունքներու մատիտներէն հրաժարեցէք, անոնք ձմրան համար աւելի յարմար են: Պարզապէս շրթներկը քսեցէք ձեր շրթունքին վրայ:
Աչքերու գունաւոր ներկեր օգտագործեցէք: Ոսկեգոյնի մօտ կանաչը կամ մանկոյի գոյնը աչքերուն յատուկ երեւոյթ կը պարգեւեն, անոնց հետ միասին սեւ կամ սրճագոյն ծարիրը:
Աւելի իւղոտ շրթներկեր ընտրեցէք: Այս մէկը փափուկ տեսք կու տայ ձեր շրթներուն:
Բաց գոյնով եղունգներու ներկ:
Փայլուն շրթներկ օգտագործեցէք: Ձեր սովորական շրթներկին վրայ փայլք տուող յատուկ մաս մը քսեցէք եւ այդպէս աւելի թարմ երեւոյթ պիտի ստանաք:

Պատրաստեց
Տալիդա Գալըպճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝