Յայտարարութիւն

Sunday, September 6, 2009

Մազերը Ներկելու Գաղտնիքը

Մազերը ներկելը ենթակային տրամադրութիւնը ժամանակաւոր կերպով կը փոխէ: Երբ ճերմակ թելերը կը սկսին աւելնալ,անոնք յաճախ կը սկսին անհանգստացնել ենթական, ան ըլլայ այր թէ կին: Ներկելու համար որոշ օրէնքներ պէտք է յարգել եւ անոնց հետեւիլ, այլապէս ներկելը իր նպատակին չի ծառայեր: Գեղեցկանալու ընթացքը իր օրէնքները ունի, որոնց խախտումը հակառակ արդիւնք կրնայ տալ:
* Մազերը ներկել իրենց գոյնէն միայն երկու երանգ աւելի բաց գոյնով մը: Այս օրէնքը կիրառելի է նոյնիսկ եթէ մազերը ներկուած են: Մազերուն ներկուած գոյնը նկատի առնել եւ իւրաքանչիւր ներկելու միայն երկու երանգ աւելի բացը ներկել, եթէ կը փափաքիք աւելի բաց գոյնով մազեր ունենալ:
* Իւրաքանչիւր ներկելուն տուփ մը ամբողջութեամբ օգտագործել: Բոլոր տուփերը նկատի առնուած են ,մինչեւ ուսերը հասնող մազերու համար եւ մէկ անգամ ներկելու նպատակով:
* Եթէ յաճախ ձեր մազերը դուք կը ներկէք, նախընտրելի է մասնագիտական ներկի սարքաւորումներ գնել՝ վրձին, ձեռնոց, ծածկոց, եւայլն : Այն սարքերը, որոնք կը գտնէք ներկի իւրաքանչիւր տուփի մէջ , նախնական կը համարուին:
* Նախքան ամբողջութեամբ ներկելը, անպայման փորձ մը կատարեցէք մազի ներքին մասերէն փունջի մը վրայ : Այս մէկը չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ ամբողջական սխալ մը սրբագրելը շատ աւելի դժուար է, քան փոքր խուրձ մը վրայ կատարուած սխալը:
* Մազի արմատը ու ծայրամասը անպայման պէտք է ունենան նոյն գոյնը: Խուսափեցէք այս փորձութենէն եւ ապաւինեցէք ընկերոջ մը օժանդակութեան, կամ երեք կողմով հայելիի մը առջեւ կեցած ներկեցէք ձեր մազերը: Լաւագոյն ձեւը այս պարագային՝ արմատները ներկել եւ լաւ տարածելն է, վերջին հինգ վայրկեանը մազը սանտրելով:Այսպիսով , մազերու ամբողջութեան նոյն գոյնը կրնաք տալ:
* Ներկուած մազերը լուացէք երեխաներու համար պատրաստուած շամփուներով,շաբաթը միայն մէկ անգամ : Անոնք աւելի երկար կը պահպանեն գոյնը:
* Ձեր ճերմակ մազերուն եւ բնական մազերու գոյնին միջեւ ընտրեցէք գոյն մը, որ կը յարմարի ձեր դէմքին:

Պատրաստեց
Տալիդա Գալըպճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝