Յայտարարութիւն

Friday, October 2, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 55 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

COURTISAN-Ը

Երեսունական թուականներուն բառ մը, մէկ հատիկ բառ մը փոթորկեց հայ մամուլը եւ ահագին վէճերու դուռ բացաւ։ Չմնաց թերթ մը որ խմբագրականով մը կամ յօդուածաշարքով մը չմասնակցէր վէճին։ Հիմա, շուրջ վաթսուն տարիներ ետք, կրնայ ծիծաղելի թուիլ եւ շատ ողբալի գաղափար մը կու տայ ժամանակի մտաւորական մակարդակին եւ տիրող մտայնութեանց մասին, բայց իրողութիւն է որ օրին շատ լուրջ եւ հեղինակաւոր մարդիկ ինկան այդ ծուղակին մէջ։

Գայթակղութեան քարը՝ քուրթիզան բառն էր։
Տանք պատմութիւնը։

Մայքըլ Արլէն, հայրը ներկայիս համանուն գրողին, երկու պատերազմներու միջեւ ինկող ժամանակաշրջանին մէջ, անգլիական գրականութեան ուշագրաւ դէմքերէն էր։ Իր մէկ վէպը մանաւանդ, «Կանաչ Գլխարկը», շատ գնահատուեցաւ եւ ժողովրդականութիւն ապահովեց հեղինակին։ Կարճ պատմուածքներով եւ հաւատարմօրէն կը նկարագրէր Անգլիոյ քաղքենի դասակարգին բարքերը։ Կը համարուէր Սամրսէթ Մօհամին լաւագոյն հետեւորդներէն մէկը։

Արդ, պատմուածքի մը մէջ Մայքըլ Արլէն տուաւ դառնացած հայու տիպար մը եւ անոր բերնին մէջ դրաւ հետեւեալ խօսքերը։ Բնագիրը ձեռքի տակ չունինք։ Յիշողութեամբ կ՚արտագրենք կարելի ճշգրտութեամբ.
– «Ո՜վ Հայաստան, ինչո՞ւ դուն ալ չինկար մեծ ճակատամարտի մը մէջ, Բաբելոնին կամ Ասորեստանին պէս, որպէսզի փառքի անունովդ մնայիր պատմութեան մէջ եւ շարունակեցիր քարշ տալ ողորմելի գոյութիւնդ, քուրթիզանը դառնալով մեծ ազգերուն»։

Մօտաւորապէս այս խօսքերով կ՚արտայայտուէր Մայքըլ Արլէնի հայ հերոսը (թերեւս նաեւ ինքը, հեղինա՞կը...) ինչ որ հոգեբանական անկիւնէն դիտուած, իր հայրենիքին ճակատագիրովը մտահոգ հայու մը յուսահատական պոռթկումը կրնար համարուիլ եւ ուրիշ ոչինչ։ Բայց այդպէս չհասկցուեցաւ։ Կարեւորը այն էր որ Հայաստանը քուրթիզան որակուած էր (ուրեմն... պոռնիկ, ըստ թերթերուն) եւ ուրեմն... ի զէ՜ն հայեր ի սուր եւ ի հրացան։ Գրո՜հ Մայքըլ Արլէնի դէմ որ կը յանդգնի նման սրբապղծութիւն մը գործել։

Զարմանալին այն է, որ այս խնդիրը հայ մամուլին հրապարակը նետուեցաւ ու բերնի ծամոց դարձաւ ոչ թէ պատահական գրչակի մը կողմէ, այլ կոթողական դէմքի մը, նոյն ինքն... Արշակ Չօպանեանի գրչով եւ տարածուեցաւ գաղութէ գաղութ, թերթէ թերթ։ Քուրթիզանը մոռցուեցաւ, պոռնիկը մնաց։ Հալէպի մէջ նոյնիսկ բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ, ակումբին մէջ հաւաքոյթով մը։ Զայրագին հեռագիր մը քաշուեցաւ Մայքըլ Արլէնին, «Թայմզ»ի հասցէով։ Ամօթով խոստովանիմ, որ ներկաներուն կողմէ հեռագիրը խմբագրողը ես էի, եւ ողբացեալ Մելանթօն Ասլանեանը կը ճգնէր անգլերէնով յանգաւորել Քամառ Քաթիպայի երկտողեակը որով պճնուած էր հեռագիրը.
Թէ քո գրչէն շահ չունի Հայաստան,
Թքել եմ քո էլ, գրչիդ էլ վրան...
Այո։ Այսպէս ու այսքան։ Չմոռնամ ըսելու, որ Հալէպի մէջ ոչ ոք կարդացած էր Մայքըլ Արլէնի յիշեալպատմուածքը եւ մեր միակ աղբիւրը Չօպանեանի գրութիւնն էր։

Մայքըլ Արլէն (բուն անունով Տիգրան Գույումճեան) Լոնտոն կ՚ապրէր հայ կեանքէն կտրուած ու թերեւս լուր անգամ չունենար յարուցուած աղմուկէն, եթէ մեր հեռագիրը չըլլար։ Խեղճ մարդը ստիպուեցաւ բացատրութիւն մը տալ Արշակ Չօպանեանին, մասնաւոր գրութեամբ մը։ Դարձեալ յիշողութեամբ է որ կ՚արտագրեմ.
– Ես Հայաստանը չեմ նախատեսած քուրթիզըն ըսելով, այլ ակնարկած եմ Հայ Դատին համար մեծ պետութիւններու մօտ մեր անվերջ եւ ապարդիւն աղաչանքներուն։ Եթէ Հայաստանը նախատել ուզէի, յօր (whore) պիտի գրէի, ոչ թէ «քուրթիզըն»։

Այս կերպով հատուցում գտաւ Չօպանեանի «աստուածային զայրոյթը»։ Անցողակի ըսենք, որ անսովոր չէին Չօպանեանի նման պոռթկումները։ Այդպէս զայրագին պահու մըն էր, որ «գրչի լակոտ» կոչեց հէգ Շահնուրը։ Հարցը փակուելու վրայ էր ուրեմն, երբ հրապարակ իջաւ հայ մամուլի ծանր հրետանին, «Յուսաբեր»ը, Վահան Նաւասարդեանի գրչով։

«Ոչ, բաւարարուած չենք», կը գրէր Նաւասարդեան։ «Եթէ յօր ըսէր, նախատած կ՚ըլլար Հայաստանը, քուրթիզըն ըսելով պատուած կ՚ըլլայ։ Այդ պարագային, մենք քուրթիզընը կը վերադարձնենք իրեն, որպէսզի այդ բառով մեծարէ իր ազնուափայլ տիկինը...»։

Այլեւս չափը կ՚անցնէր։ Չօպանեանի վրդովումին կը յաջորդէր Նաւասարդեանի զայրոյթը։ Շիկացած երկաթի պէս բորբոքուն հանրային կարծիք մը թերեւս հաճոյքով լսէր այդ ծայրայեղական խօսքերը, բայց գիտակից խաւի մը մտքին մէջ հարցը փակուած էր եւ աւելորդ կը համարուէր անտեղի վիրաւորանքներով դառնացնել անգլիագիր հայ հեղինակը, ինչպէս տարի մը վերջ, Ճեմարանի ուսանողութեան շրջանիս լսեցի Աղբալեանը որ ըսաւ.
«Իսրայէլ Օրիից մինչեւ Խրիմեան Հայրիկը, Մինաս Չերազ եւ Մկրտիչ Փորթուկալեանը, մեր արածը ի՞նչ է եղել եթէ ոչ թագաւորների եւ վարչապետների շեմերը մաշեցնել, նրանցից օգնութիւն հայցելով։ Մայքըլ Արլէն նման խօսքեր դնելով իր հերոսի բերնի մէջ, ոչ միայն ճշմարտութիւնը ասած կը լինի, այլ նաեւ փաստը կու տայ, թէ ինքը որքան էլ օտար լեզուով գրագէտ, այնուամենայնիւ հոգիով մնում է հայ, հաղորդ Հայաստանի ցաւին...»։
Աղբալեանի պայծառ մտածումները շօշափելի իրականութիւն պիտի դառնային յիսուն տարիներ վերջ, «Կանաչ Գլխարկ»ի հեղինակին զաւկին՝ կրտսեր Մայքըլ Արլէնի շլացուցիչ յայտնութեամբ։ Նորոյթի կարգ անցած բառով մը, որդի Մայքըլ Արլէն Հայաստան երթալով գտաւ իր արմատները։

Չարչարուած եւ չարաշահուած բառ մըն ալ, այս «արմատները»։ Տասը տասնըհինգ տարի առաջ այժմէական դարձաւ ամերիկացի սեւամորթ գրագէտի մը տարածուն մէկ գիրքով – «Արմատներ» եւ սկսաւ չարաչար գործածուիլ, տեղի-անտեղի։

Խօսինք ուրեմն արմատներուն մասին։ Արմատին՝ լռելեայն կը զուգորդուի հող բառը։ Արմատ հասկացողութիւնը առանց հողի պատկերացումին, ինքն ըստ ինքեան, իմաստ չունի։ Սկզբունքով, արմատը հողէն կ՚աճի, բայց սերմը դուրսէն նետուած պէտք է ըլլայ հողին մէջ, որպէսզի արմատաւորուի եւ բոյսը արեւ տեսնէ։ Մտաւորական հովերով բարեկամ մը կ՚ըսէր.– «Հայաստան երթամ արմատներս գտնելու»։ Ի՛նչ կը տանիս Հայաստան, որպէսզի այնտեղ ի՛նչ գտնես։ Այդպէս չըսի անշուշտ, բայց մտածեցի։ Հայրենի հողը այնքանով իր մէջ ունի արմատներդ, որքան որ դուն հայութիւն ունիս քո՛ւ մէջդ։ Եթէ պարպուած ես իսկութենէդ, Հայաստանի հողին մէջ արմատներդ մի՛ փնտռեր, չես գտներ։

Հայր Մայքըլ Արլէն կանուխէն հայեցիութեան սերմը ներարկած ըլլալու էր որդի Մայքըլ Արլէնի անգիտակիցին մէջ, որպէսզի մանուկը, այլեւս հասուն մարդ, Արարատը տեսածին պէս թրթռայ եւ արմատներուն փարի։
Ես հակառակին փաստն ալ տեսած եմ։ Նուպար Կիւլպէնկեանը, Գալուստին խոշոր մանչը։ Երեւան կը գտնուէր անգլիացի կնոջը հետ։ Տասը օրով եկած էր, միայն հինգ օր մնաց եւ կինը Երեւան ձգելով Մոսկուա թռաւ «աչք մը նետելու»։
Մօտեցայ, զրոյց ստեղծելու դիտումով։
– Պարոն Կիւլպէնկեան, ձեր գլուխը ինծի մէկը կը յիշեցնէ, Փասթէօրին կը նմանիք։
– Այո, ուղիշնեղ ալ ըսած են, բայց մէջինը նոյնը չէ...
Կապը ստեղծուած էր։ Կրնայի շարունակել։
– Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հայաստանը։
– Ասիկա գիւղացինեղու եղկիղ է, մաղդիկը խեղճ բանեղ են...
Հօրը ունեցած հազիւ թէ կաթիլ մը հայութենէն (ունէ՞ր...) բաժին չէր մնացած զաւկին։ Տնկէ՛ Կիւլպէնկեան մը հայրենի հողին մէջ, արմատ չ՚արձակեր։ Շատ շատ ցից մը տնկած կ՚ըլլաս...
Ներողութի՛ւն։ Իր արմատները կը տեսնես... Փորթուկալի մէջ։


Շար. 55
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝