Յայտարարութիւն

Saturday, October 3, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -56- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՈՏԱՆԱՒՈՐՆ ԻՆՉ ԱՆԵԼ...

Հալէպի մէջ ակումբը պարտադիր հանգրուան մըն էր շուկային եւ տունին մէջտեղ։ Իրիկունները տուն երթալէ առաջ կարծես բնական պահանջ էր անպայման ակումբէն անցնիլ։ Ընկերները կու գային, ոմանք քանի մը ձեռք նարտ կը խաղային, ուրիշներ խմբական զրոյցներէ տարուած պահ մը կ՚անցընէին մինչեւ ընթրիքի ժամը, որմէ ետք ակումբը կամաց կամաց կը պարպուէր։

Այսպէս խումբ մը ընկերներ տարուած էինք գրական թէ քաղաքական տաք վիճաբանութեամբ մը, երբ վրայ հասաւ ընկեր Գէորգը, որ պատերազմի բախտաւորներէն էր։ Ինքնաշարժի ծակած կամ մաշած անիւները նորոգելու մեքենայ մը դրած էր խանութը եւ այդ մեքենայով դրամ կը կտրէր։ Ներածութիւնը դադրած ըլլալով, ահռելի տագնապ մը կար անիւներու եւ Գէորգին մեքենան միակը ըլլալով քաղաքին մէջ, կարելի է պատկերացնել թէ որքան բարգաւաճ էին իր գործերը։ Օր մը խանութէն անցայ եւ տեսնելով հրաշք մեքենային գործունէութիւնը, ըսի իրեն.
– Գէորգ, ասիկա քաուչուկ նորոգելու մեքենայ չէ, այլ արտադրելու գործիք։
– Դրամը մեքենայով չեն շահիր, այլ խելքով,– ըսաւ հպարտ եւ ինքնաբաւ։
– Ուրեմն քու խելքդ այս մեքենան է, լաւ հոգ տար,– ըսի ու անցայ։
Այդ խօսքս հաճելի չեկաւ իրեն եւ ինչպէս պիտի տեսնէի, ոխ պահած ըլլալու էր։ Պարզ եւ ընկերական տղայ մըն էր Գէորգ։ Կատակելը կը սիրէր եւ իր շէն բնաւորութեամբ առիթ կու տար կատակներու։ Չէի գիտեր թէ այնքան լուրջի առած է խօսքս։ Այնպէս որ շատ զարմացայ երբ իրիկուն մը ակումբ մտածին պէս բարձրաձայն գոչեց մեր խումբին ուղղութեամբ.
– Ես բանաստեղծութիւնը չեմ սիրեր։
Շիտակ իմ այգիս նետուած քար մըն էր, բայց չհասկնալու եկայ եւ շարունակեցի ընդմիջուած խօսքս շրջապատին հետ։ Գէորգը աթոռ մը քաշեց ու նստաւ մեզի հետ, եւ իր նիւթական յաջողութիւններէն փքուած, պատգամեց.
– Պարապ բան է բանաստեղծութիւնը, արժէք չունի։
Դարձայ իրեն.
– Յայտնի է որ տրամադրութիւնդ տեղն է,Գէորգ, այսօր շատ շահած ըլլալու ես։ Բայց ատիկա պատճառ մը չէ որ բանաստեղծներն ու բանաստեղծութիւնը անարգես։ Քեզի պէսներուն համար Վահան Թէքէեանը ըսած է արդէն։
Ոտանաւորն ինչ անել, ոտանաւորը կ՚ուտուի՞...
– Ուտուի թէ չուտուի, բանաստեղծութիւնը չեմ սիրեր, ես ըսի։
Յայտնի եղաւ։ Մեր տղան կռիւ կը փնտռէ։ Ըսի.
– Լաւ Գէորգ, բռնութեամբ չենք կրնար բանաստեղծութիւնը սիրցնել քեզի։ Բայց մարդիկ սովորաբար իրենց սիրած բաներուն մասին կը խօսին։ Չսիրած եւ չհասկցած բաներուն համար լուռ կը մնան։ Ուրեմն լաւ է որ չխօսիս։
– Ես կարդացածս կը հասկնամ, բայց բանաստեղծութիւնը չեմ սիրեր։
Համբերութիւնս հատաւ։ Ըսի.
– Ահաւասիկ բանաստեղծութիւն մը, ըսէ տեսնեմ, ի՞նչ կը հասկնաս։
Միսաք Մեծարենց,
Եղիշէ Չարենց
Եւ Գէորգ... էշենց։
– Հասկցայ։ Դուն ինծի էշ ըսել ուզեցիր։
– Ըսել չուզեցի, ըսի՛։
– Ի՛նչ իրաւունքով։ Վիրաւորական է։ Խօսքդ ետ պէտք է առնես։
– Խօսքս ետ կ՚առնեմ այն ատեն, երբ դուն փաստես թէ տգէտ մէկը չես։ Բանաստեղծութիւնը չես սիրեր, աղէկ, բայց արձակը կը սիրե՞ս ու կը հասկնա՞ս։ Պայման չէ որ Վարուժան կարդացած ըլլաս, բայց Զարդարեան, Զօհրապ կարդացա՞ծ ես։ Տուր հեղինակի մը անունը որ կը կարդաս ու կը սիրես։

Գէորգ տժգունեցաւ։ Լուրջի առաւ, կատակով սկսուած վէճը ջղայնոտ վիճաբանութեան մը ձեւը առաւ, մանաւանդ որ ուրիշ ընկերներ ալ մօտեցած էին եւ մեզ շրջապատած, զուարճանալով ելքին կը սպասէին. ինչ որ բորբոքելու առիթ եղաւ Գէորգին.
– Դուն ակումբին մէջ ինծի էշ ըսիր, պիտի բողոքեմ կոմիտէին։
– Բողոքէ ուր որ կ՚ուզես, դուն սկսար, ընկերները վկայ են։
Բոլորովին անսպասելի կերպով Գէորգ ոտքի ելաւ ու մեկնեցաւ, զարմանք պատճառելով ներկաներուն։


Շար. 56
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝