Յայտարարութիւն

Monday, October 5, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 58 -ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Մոռցած էի այս միջադէպը, երբ օր մը, ժողովի մը ընթացքին, Ատուրը ըսաւ.
– Այստեղ բողոքի նամակ մըն ալ ունինք. բայց արձանագրելու պէտք չկայ։ Դուն Գէորգին էշ ըսեր ես։ Ես պէտք եղածը խօսեցայ իրեն, բայց դարձեալ նամակ գրեր է։ Ի՞նչ կ՚ըսես։
– Ինչ որ ըսի իրեն։ Ակումբը մանկապարտէզ չէ։ Ինք եկաւ փնտռուեցաւ, բոլոր ընկերները վկայ են։ Կատակին չդիմացողը պէտք չէ որ կատակ ընէ։
Հրաչը միջամտեց իր սովորական փիլիսոփայութեամբը.
– Ճանըմ, էշին էշ չեն ըսեր, Անդրանիկ. քանի որ պաշտօնական նամակ գրեր է, դուն ալ քանի մը անուշ խօսքով սիրտը առ ու վերջացուցէք։

Բայց Գէորգին ընթացքը ինծի հանդէպ անուշ խօսքի առիթ չէր տար։ Քիթը կախած, դէմքը մէկ կողմ կը դարձնէր ինծի տեսնելուն։ Մանաւանդ որ ակումբին մէջ տարածուած էր միջադէպը եւ ընկերներու ակնարկութիւնները այդ ուղղութեամբ, շատ հեռու էին հաշտութեան նպաստելէ։ Այսպէս շարունակուեցաւ ատեն մը, մինչեւ որ Գէորգին դէմքը իր բնական գոյնը եւ գիծերը գտան։ Օր մը մօտեցայ իրեն.
– Տես Գէորգ, դուն նախատեցիր հայ բանաստեղծութիւնը եւ բանաստեղծները։ Մեղքդ քաւելու համար մէկ միջոց ունիս։ Գումար մը կը տրամադրես, բանաստեղծի մը գործը կը տպես եւ այն ատեն թողութիւն կը գտնես։
– Ըսէ՛ եղբայր, ընենք, ըսիր ալ չըրի՞նք...
Կը սպասէ՜ եղեր։ Պատերազմի ժամանակ էր։ Տպագրական թուղթը նոյն ծաւալով թղթադրամին արժէքը ունէր։ Այդ պայմաններուն տակ գիրք տպել, կործանիչ բեռ մը կրնար ըլլալ նոյնիսկ Գէորգին պէս արագ եւ առատ շահողի մը համար։ Բայց զոհը պատրաստ էր եւ պատրաստակամ։ Ուրեմն կը մնար խուզել, եւ այնպէս մը ընել որ մորթը չցաւի...
– Տե՛ս Գէորգ,– ըսի,– ես խիղճ ունիմ։ Գիտեմ թէ շատ սուղի կը նստի վրադ եթէ տպենք Վարուժանի «Հեթանոս Երգեր»ը կամ «Ցեղին Սիրտը»։ Պզտիկ գրքոյկ մը կայ, սպառած եւ գրեթէ անգտանելի. Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ»ը, ատիկա կը տպես եւ պարտքդ վճարած կ՚ըլլաս։ Ես ալ իմ բանաստեղծութիւնս կը սրբագրեմ եւ կ՚ըլլայ այսպէս.
Միսաք Մեծարենց,
Եղիշէ Չարենց
Եւ Գէորգ մեծենց...
– Ես համաձայն եմ ու պատրաստ վճարելու։ Ըրէ ինչպէս որ յարմար տեսնես։

Մեծ դժուարութեամբ գտայ օրինակ մը «Սուրբ Մեսրոպ»էն, խանդավառ յառաջաբան մը գրեցի եւ տուինք տպարան։ Տպուեցաւ հազար օրինակ եւ գիրքերը յանձնեցի նոր կազմուած Ուսանողական Միութեան, որպէսզի իրենք վաճառեն եւ հասոյթը մնայ Միութեան գանձին։ Գրքոյկին ետեւը յիշուեցաւ թէ ծախքը հոգացած է Գէորգ Աղէկեան։ Ահա թէ ինչպէս վերջացաւ կատակով սկսուած պատմութիւն մը, որ բաւական անհաճոյ փուլերէ անցնելէ ետք յանգեցաւ այդ արդիւնքին։

Հիմա, այս պատճառով դրուագը պատմելէ ետք կ՚անդրադառնամ, թէ ամէն ինչ եղաւ ու անցաւ այստեղ գրածիս պէս, բայց պզտիկ սրբագրութեան մը կը կարօտի։ Բանաստեղծութիւնը «չսիրելով» հանդերձ Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ»ը տպող բարեկամիս անունը Գէորգ չէր եւ ոչ ալ մականունը Աղէկեան։ Պատահաբար այդ գրքոյկները ունեցողները կրնան գիտնալ մեկնասին անունը։

Իսկ ինքը, Գէորգը – որ կարծեմ Լոս Անճելըս կը գտնուի – եթէ կարդայ այս գրութիւնը, վստահ որ յուզումով ու կարօտով պիտի յիշէ Հալէպի օրերը, ուր ընկերներու միջեւ անկեղծութիւն ու պարզութիւն կար եւ պատահական վէճերն ու կռիւները աւելի քաղցր էին քան ներկայի տափակ ու անհամ օրերը...

Շար .58

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝