Յայտարարութիւն

Wednesday, October 7, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 60 -ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԻՆՉՊԷՍ «ԵՓՐԱՏ»Ի ԽՄԲԱԳԻՐ... ՉԵՂԱՅ

«Եփրատ»ը Հալէպի միակ թերթն էր, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը, երբ դեռ Պէյրութի մէջ «Զարթօնք»ը չկար։ Փայլուն եւ տժգոյն շրջաններ կ՚ունենար թերթը, ըստ օրուան խմբագրին կարողութիւններուն։ Երկրորդ պատերազմին, քառասունական թուականներուն, թերթը հիւծումի մէջ էր։ Անկանոն կը տպուէր, կամ բնաւ լոյս չէր տեսներ շաբաթներով։

«Եփրատ»ի արտօնատէր-տպագրիչը, Եղիազար Պէնլեան, օր մը քովս եկաւ զարմանալի առաջարկով մը.
– Կուսակցութիւնը թերթին նայած չունի, երեսի վրայ թողուած է, տպարանս ալ երթալով կը մեռնի։ Թերթը ձեզի յանձնեմ, դուք ձեռք առէք որ աշխուժանայ եւ տպարանս ալ շունչ առնէ։
– Բայց գիտէք թէ մենք ով ենք, կուսակցութիւնը թոյլ կու տա՞յ որ թերթը հակառակորդներուն ձեռքը անցնի։
– Քանի անգամ խօսած եմ, հոգերնին չէ։ Ու յետոյ կառավարութեան մօտ թերթին տէրը ես եմ, ազատ եմ ուզածիս պէս ընելու։
Առաջարկը փորձիչ էր։ Վահէ Սէթեանին հետ գլուխ գլխի տուած, աջ ու ձախ կշռելէ ետք, որոշեցինք ընթացք տալ Պէնլեանի առաջարկին։ Մեզի միացաւ նաեւ տպագրիչ Աւետիս Տէր Սահակեանը, որ հնչակեան հակումներ ունէր եւ դժգոհ չէր որ ռամկավարներուն թերթը մեզի անցնի։

Սկսելու համար, նախ այցելեցինք Եղիազար Պէնլեանին տպարանը, որ Խանտէք պողոտային վրայ կը գտնուէր։ Ոչ թէ տպարան, այլ պարզապէս տպարանի աւերակ մը։ Քանի մը քասա մաշած տառեր, ոտքով աշխատող պզտիկ փետալ մեքենայ մը, եւ թերթին մամուլը, որ աշխատելու համար ձեռքով պէտք է դարձուէր։
– Այստեղ թերթ չի տպուիր,– ըսաւ Սեթեանը։
– Բայց «Եփրատ»ը ինչպէ՞ս կը տպէիք,– կը հարցնեմ ես։
– Բեռնակիր մը կու գար կը դարձնէր,– ըսաւ տպարանին տէրը։
– Տառերն ալ մաշած են եւ արժէք չունին,– ըսաւ Տէր Սահակեանը, արկղներուն մէջէն քանի մը գիրեր քննելէ ետք։

Առաջին այցելութիւնը այդքանով վերջացաւ։ Բաւական խորհրդակցութիւններէ ետք, որոշուեցաւ նոր տառեր ապսպրել Պէյրութէն (հայերէն տառերու ձուլարան մը կար հոն, հիմնուած... արաբի մը կողմէ) եւ թերթն ալ տպել արաբ կաթոլիկներու տպարանը, ուր ելեքտրաշարժ մամուլ կար եւ յանձն առին անկիւն մը յատկացնել մեր գրաշարներուն։
– Տես,– ըսաւ Սէթեանը Եղիազարին,– մենք ահագին ծախքերու մէջ պիտի մտնենք եւ ամէն ինչ ծայրէն սկսինք, ի՞նչ պիտի ընես եթէ ընկերներդ ոտքի ելլեն եւ ճնշում բանեցնեն վրադ։
– Բան մը չեն ըներ, հետաքրքրուող չկայ արդէն, նոյնիսկ քանիցս տոքթ. Պօղոսեանին գացի եւ գլխէն ճամբեց։ Բայց եթէ կաթոլիկներուն քով պիտի տպուի, իմ շահս ի՞նչ պիտի ըլլայ։
– Քու շահդ,– ըսաւ Սէթեանը,– ամսական հարիւր ոսկի կու տանք քեզի առաջին տարին։ Երկրորդ տարին 125։ եւ յաջորդաբար ամէն տարի 25 ոսկի կ՚աւելնայ, մինչեւ 200 ոսկի։
Եղիազարին աչքերը փայլեցան։ Երջանիկ թուեցաւ։
– Պայմանաւ որ,– ըսի ես,– պաշտօնական թուղթ մը ստորագրես մեզի, թէ որպէս արտօնատէր բովանդակութեան խառնուելու իրաւունք չունիս, թերթը մեզի յանձնած ես։ Ընդունեց։ Գացինք արաբ փաստաբան Լէօն Զամարիային մօտ (այս գործով Ֆստըքճեանին երթալը խոհեմութիւն չէր հասկնալի պատճառներով...)։ Տառերը ապսպրուեցան, արկղներ շինուեցան եւ գործի լծուեցանք։ Եղիազարը երեք ամսականները կանխիկ պահանջեց եւ ստացաւ։

Մինչ այդ, լուրը տարածուած էր քաղաքին մէջ, հակառակ գաղտնի պահելու մեր ճիգերուն։ Նման լուր մը գաղտնի չի մնար արդէն։ Ռամկավար թերթը մէկ օրէն միւս դաշնակցականներուն ձեռքը կ՚անցնի՜, ո՞ւր կը պահես զգայացունց այս լուրը։

Առտու մը, շատ կանուխ, Եղիազարը մեր դուռը զարկաւ.
– Ընկերները իմացե՜ր են, զիս պիտի ծեծեն...
– Մի՛ վախնար, բան չեն կրնար ընել, քեզ կը պաշտպանենք։
Ֆիզիքապէս ճղճիմ մարդ մըն էր Եղիազար։ Սրճեփ ընկեր Գէորգը Եղիազարին թիկնապահ կարգեցինք։ Գէորգը, իր գաւազանով եւ փափախով պահակ կը կենար Եղիազարին տպարանին առջեւ, իրիկունները մինչեւ տուն կ՚ընկերանար իրեն եւ առտուն տունէն կ՚առնէր։ Այսպէս շարունակուեցաւ քանի մը օր, մինչեւ որ նորէն եկաւ, այս անգամ սարսափած.
– Չեղա՜ւ, այս գործը պիտի չըլլայ, տունս դժոխք դարձաւ, կինս ու եղբայրը հոգիս հանեցին։ Ահա ձեր 300 ոսկին, վազ անցնինք...
Ողբալի երեւոյթ մը ունէր, մեղքցուելիք վիճակ մը.
– Մի՛ մոռնար որ օրինական թուղթ մը ստորագրած ես, պրն. Եղիազար։ Յետոյ ես մինակ չեմ, ընկերներուս հարցնեմ։

Կէսօրին արագ ժողով մը ըրինք եւ որոշուեցաւ տեղի չտալ։ Խոհեմութեան համար գացի փաստաբանին կարծիքը առնելու։
– Ձեր պայմանագիրը այնքան ամուր է որ բան մը չի կրնար ընել։ Գրեթէ թերթը ծախած է ձեզի։ Նոյնիսկ եթէ կառավարութեան դիմէ, չի կրնար կեցնել։
Ուրեմն կը շարունակենք։ Գրաշարներ վարձած ենք, յօդուածներ գրուած են ու կ՚աշխատին։ Շաբաթ օր մըն է եւ որոշուած է առաջին թիւը լոյս ընծայել Կիրակի առաւօտ։ Տէր Սահակեանը, իր գործը ձգած, խառնուած է գրաշարներուն եւ էջը կը կազմէ։ Երկրորդ եւ երրորդ, ներսի էջերը տպուած են եւ գիշերուան ժամը 10ը կ՚անցնի։ Առաջին եւ վերջին էջերը դեռ կիսով շարուած են։ Գրաշարներուն քունը կու գայ։ Տպուած երկու էջերուն մէջ բազմաթիւ կոպիտ վրիպակներ կան։ Անկարելի է որ հասնինք։ Դադրեցնել կու տամ աշխատանքը։ Կիրակի լոյս տեսնելէ պէտք է հրաժարիլ։ Ուշ լինի, լաւ լինի։ Պատրաստ է առաջին էջին վերեւ տպուելիք զաւեշտամարտական մեր պատգամը.– «Ընթերցո՛ղ, մի՛ քաշուիր ձեռք առնելէ այս թերթը։ Հականեխուած է»։

Գրաշարները ճամբելու վրայ եմ, երբ կը յայտնեն թէ դուրսը տոքթ. Պօղոսեանը կայ եւ զիս կ՚ուզէ տեսնել։ Նեղ, շատ նեղ եւ կիսամութ փողոց մըն է, մեր եկեղեցիին կռնակը։ Մութին մէջ կը փայլի բժիշկին լուսաւոր ճաղատը։ Թեւս կը մտնէ ու կը քալենք դէպի մարոնիթներու եկեղեցիին հրապարակը ուր լոյս կայ։
– Լաւ բան մը չէ ըրածնիդ,– կը սկսի բժիշկը։
– Կը վստահեցնեմ, ես Եղիազարին հետ բարեւ մը անգամ ըսած չեմ։ Ինք եկաւ գտաւ մեզ եւ առաջարկեց։
– Ատիկա արդարացում չէ։ Դուք գիտէք որ թերթը մեր կուասկցութեան կը պատկանի եւ Եղիազարը անուանական տէրն է միայն։ Իրաւունք չունէր։ Եթէ ձեր կուսակցութիւնը ընկերոջ մը վստահէր եւ անիկա թերթը մեզի ծախէր, ի՞նչ կ՚ընէիք...
Ես պատասխան չունիմ։ Բժիշկը կը շարունակէ...
– Կ՚օգտուիք նկարագրով թոյլ, խեղճ մարդու մը տկարութենէն։ Ասիկա շիտակ չէ։ Կուսակցութիւնները որքան ալ վէճեր ունենան իրարու հետ, բոլորին պարտադիր բարոյական օրէնք մը կայ, որ պէտք է յարգուի։ Ուժով եւ օրէնքով չենք կրնար արգիլել, բայց կոչ կ՚ընեմ կուսակցականի ձեր բարոյականին որ հրաժարիք այս գործէն։ Եղբայրական առաջարկ է ասիկա ձեզի։ Դաւաճանները, որ կուսակցութեան ալ պատկանին, պէտք չէ քաջալերել...

Հասած էինք Թիլէլի պողոտան։ Բաժնուած պահուն ըսաւ.
– Երէկ կարդացի ձեր բանաստեղծութեան գիրքը («Առագաստներ»)։ Յայտնի է որ հայ գրականութեան մէջ տեղ մը գրաւելու կոչուած էք։ Լաւ չէ որ ձեր անունը խառնուած ըլլայ ասանկ պղտոր գործերու...
Հոգեբան մարդ էր։ Արդէն մասնագիտութեամբ հոգեբոյժ, Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին ջղային հիւանդութեանց տնօրէնը եղած էր։ Ինքն էր Կոմիտասը առաջին անգամ ախտանշողը եւ խնամողը... Չեմ կրնար ըսել թէ բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեանին այս միջամտութիւնն էր որ պատճառ եղաւ □Եփրատ□էն հրաժարելու, բայց գոնէ իմ վրաս տպաւորութիւն գործեց։ Տպարանի դժուարութիւնները արդէն մեղմած էին մեր խանդավառութիւնը։ Ժողով մը գումարուեցաւ, որուն մասնակցեցան Հրաչը եւ Գապագեանը եւ միաձայնութեամբ որոշուեցաւ հրաժարիլ ձեռնարկէն։ Մէջ մտաւ Եղիազարին կնոջ եղբայրը, Անդրանիկ Թախթաճեանը, մեր բոլոր ծախքերը վճարեց եւ հարցը փակուեցաւ։ Այդ «արկածախնդրութենէն», անձնապէս մէկ շահ մնաց ինծի – բժիշկ Խ. Պօղոսեանին բարեկամութիւնը։ Ու երբ տարի մը վերջ հիմնեցի «Նայիրի» ամսագիրը, բժ. Խ. Պօղոսեան դարձաւ թիւ մէկ... աշխատակիցս։ Իր յուշերը գրեց Ա. Ահարոնեանին, Ե. Տէմիրճիպաշեանին եւ ուրիշ պատմական դէմքերու մասին, որոնք կը փնտռուէին ու կը կարդացուէին մեծ հետաքրքրութեամբ։
Հալէպ քաղաք մըն էր, որ...


Շար . 60
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝