Յայտարարութիւն

Thursday, October 8, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 61 -ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԿԵՑՈՒՑԷ՛Ք «ԱՐԵՒԵԼՔ»Ը...

Մամլոյ գրասենեակէն, մաթպուաթ, կտրուկ հրաման մը եկած է մեզի։ Անմիջապէս դադրեցնել «Արեւելք»ը եւ նոյն օրը հանդիպիլ գրասենեակ։

Երկինքէն արձակուած շանթի հարուած մը այնքան ազդեցութիւն պիտի չընէր Օննիկին վրայ, որքան որ ցնցեց արաբերէնով գրուած երկտողը։ Դէմքը լեմոնի գոյն առաւ եւ սկսաւ կակազել,– Բայց ինչո՞ւ... ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ...
Հրամանը բերող ոստիկանը, անտարբեր, ստորագրութիւն առաւ ինձմէ տետրակի մը մէջ ու մեկնեցաւ։
– Հիմա ի՞նչ պիտի ընենք,– կրցաւ ըսել Օննիկը, որ թերթին վարչական գործերուն պատասխանատուն էր։
– Հիմա ելածնուս պէս մաթպուաթ պիտի երթանք։
– Գոնէ Հրաչը այստեղ ըլլար... արտօնատէրը ինքն է։
– Գրասենեակէն վաւերացուած պաշտօնական խմբագիրը ես եմ։ Երթանք հասկնանք։

Թաղումի մը մասնակցող յուղարկաւորներու տխրութեամբ ճամբայ ելանք Օննիկին հետ դէպի սերայ, ուր կը գտնուէր մամլոյ տեսչութիւնը, այն տարտամ յոյսով որ թիւրիմացութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Հոն պարզուեցաւ թէ թիւրիմացութիւն չկայ եւ յաւելեալ լուրերով հաստատուեցաւ որոշումը։ Դամասկոսէն եկած հրամանը պարզ է։ Հալէպի մէջ կը մնան միայն երկու օրաթերթեր, մէկը արաբերէն, միւսը հայերէն։ Միւս թերթերը կը դադրին եւ որպէս վնասուց հատուցում, դադրած թերթերուն կը վճարուի ութ հազար սուրիական ոսկի։ Ուսթէզ Ատէլը, գրասենեակին պետը, որ գիտէ «Արեւելք»ին եւ «Եփրատ»ին տարբերութիւնը, ինքն ալ զարմացած է եւ գրեթէ մեզի հետ ցաւակից կ՚ըսէ.
– Դժբախտաբար մեր կարծիքը չուզեցին Դամասկոսէն։ Հրամանը անդառնալի է։ – Հրաչին պէտք է լուր հասցնենք,– կ՚ըսէ Օննիկ,– ո՞ւր է արդեօք, Պէյրո՞ւթ թէ Դամասկոս։
– Սատանա՛ն գիտէ ուր ըլլալը,– կ՚ըսեմ ես ջղային։
Հրաչը Հալէպի երեսփոխանն է, ընտանիքն ալ Հալէպ է, բայց ժամանակին մեծ մասը դուրսերը կ՚անցընէ եւ դժգոհութեանց առիթ կու տայ։ Օր մը Հերարտեանը ըսաւ իրեն.
– Հրաչ, դուն կուտը Հալէպէն կ՚ուտես, բայց հաւկիթներդ դուրսը կ՚ածես...
Հիմա նստած ենք Օննիկին հետ եւ հեռաձայնով Հրաչ կը փնտռենք։ Իրիկուան դէմ ձայնը լսեցինք Պէյրութէն։ Երբ խնդիրը իմացաւ, ըսաւ.
– Օննիկին հետ Դամասկոս եկէք, ես ալ հիմա հոն կ՚երթամ։ Կը տեսնուինք վաղը առաւօտ Սոկրատի ճաշարանը։ Մաթպուաթին հրամանագիրը հետերնիդ ըլլայ...

Յայտնի եղաւ որ գիշերը պիտի ճամբորդենք։ Օննիկը հայկական հիւանդութիւն կոչուող ցաւէն կը տառապի եւ յոգնեցուցիչ է ճամբան։ Բայց կենաց մահու խնդիր է իրեն համար։ Հանգստաւէտ մեքենայ մը կը գտնենք ու ճամբայ կ՚ելլենք։ Հիւսնի Զայիմի պետական հարուածի օրերն են։ Կարծիքներ կը փոխանակենք։
– Այս Հիւսնի Զայիմը ձախ ըլլալու է,– կ՚ըսէ Օննիկը։
– Ո՛չ, կ՚ըսուի թէ սպայ էր ֆրանսական բանակին մէջ։ Եւ բանակ մը միշտ աջ է, մանաւանդ ֆրանսականը։
– Հապա ինչո՞ւ «Եփրատ»ը կը մնայ եւ մենք կը դադրինք։ Հազիւ հազ շաբաթը մէկ երկու անգամ լոյս տեսնող հիւանդկախ թերթը կը մնայ եւ «Արեւելք»ը կը դադրի։
Բաղդատութիւնը ճիշդ է։ «Եփրատ»ը քանի մը հարիւր օրինակ կը տպուի եւ միայն Հալէպի մէջ տարածում ունի։ Մերինը իր երկու հազար օրինակներով մրցակից է նոյնիսկ Պէյրութի մէջ «Ազդակ»ի հետ։
– «Եփրատ»ը մեզմէ աւելի հին է, տարիքը հաշուի առած ըլլալու են,– կ՚ըսեմ ես, բան մը ըսած ըլլալու համար։
Լուսաբացին կը հասնինք Դամասկոս։ Ո՛չ բաց խանութներ կան եւ ոչ ալ Սոկրատ ճաշարանը բաց է։ Կը յաջողինք արաբական խեղճուկ սրճարան մը գտնել եւ հոն սպասել մինչեւ որ Սոկրատը բացուի։ Եւ բացուելէն ետքն ալ Օննիկին հետ կը նմանինք անտեղի յաճախորդներու։ Ճաշարանին մէջ երթեւեկողները միայն խոհանոցին մատակարար բեռնակիրներն են, միսի եւ կանաչեղէնի հայթայթիչները։ Ծանօթ ըլլալնուս համար կը հանդուրժուի մեր ներկայութիւնը այնտեղ։

Ժամը տասնին եկաւ Հրաչը՝ մօտիկ Վիքթորիա պանդոկէն, լաւ մը հանգստացած, մաքուր ածիլուած, ինչ որ հակադրութիւն մը կը կազմէ մեր յոգնած եւ քնատ դէմքերուն հետ։ Առաջին խօսքը եղաւ.
– Ես Ռիւշտի Քեխիան տեսայ, խոստացաւ միջամտել Զայիմին մօտ։
– Աւելի լաւ չէ՞ր որ Հրանդ պէյը տեսնէինք։
– Եթէ կ՚ուզես անգամ մը հանդիպիր, ի վերջոյ քու մարդդ է...
Հրանդ եւ Էտկար Մալոյեանները սասունցի եղբայրներ են։ Մինչ կրտսերը, Էտկարը ֆրանսական իշխանութեանց մօտ կը ծառայէ որպէս գաղտնի ոստիկան, Հրանդը սուրիական բանակին մէջ է եւ քաղաքազօրաց (ժանտարմըրիին) պետն է զօրավարի աստիճանով։ Ֆիզիքապէս թէ բարոյապէս անթերի անձ մը, ուղիղ, բարձրահասակ եւ պատկառելի։ Էտկարը նոյն կշիռը չունի եւ շատ համակրանք չի վայելեր։ Երկու եղբայրներու ընտրած ասպարէզները կարծես դրոշմած են անոնց նկարագիրները։ Զինուորական մը եւ գաղտնի ոստիկան մը։ Ամբողջ տարբերութիւնը հոդ է...

Պատմութեանս շրջանին թէեւ Հրանդ պէյը հանգստեան կոչուած է, բայց մեծ է իր վարկը Սուրիոյ պետական ղեկավարներուն մօտ, մասնաւորաբար իր մէկ սխրագործութեան համար։

Ուրեմն Օննիկը եւ Հրաչը Սոկրատ թողելով գացի Հրանդ պէյին։ Նախաճաշի վրայ էր, դեռ սենեկազգեստով։ Խնդիրը հասկնալէ ետք ըսաւ.
– Դուք ընելիք չունիք։ Ես պէտք եղածը կը խօսիմ։ Ինծի տուր ձեզի եկած հրամանագիրը։
Թուղթը տուի եւ տեղւոյն վրայ հեռախօսով ժամադրութիւն խնդրեց Զայիմի գրասենեակէն։ Կէս ժամ մը սպասեցինք։ Պատասխանուեցաւ թէ երեկոյեան ժամը վեցին կրնայ հանդիպիլ։
– Կը կարծէ՞ք թէ կարելի կ՚ըլլայ կարգադրել,– ըսի մտահոգ։
– Իրենց համար հայ թերթերը տարբերութիւն չունին։ Քանի որ բոլորովին չեն ջնջած, եւ մէկ թերթը կը պահեն, մնացողը պէտք է ըլլայ «Արեւելք»ը։ Ես իրեն պատուոյ խօսք պիտի ըսեմ, թէ լաւագոյնը ձեր թերթն է եւ միւս թերթին համար խօսողները առաջնորդուած են իրենց անձնական նախասիրութենէն... Հրաչը ո՞ւր է, – հարցուց։
– Սոկրատ է։ Հոն կը հաւաքուինք։ Ինծի ինք ղրկեց ձեզի։
– Լաւ ըրիր որ եկար։

Մեկնեցայ Սոկրատ, որ մեր կեդրոնատեղին դարձած էր։ Ժամը եօթին եկաւ Հրանդէ պէյը եւ առանց խօսելու՝ մաթպուաթին հրամանագիրը երկարեց։ Կարմիր մելանով արձանագրութիւն մը կար վրան, շեղ գրուած.– «Այս հրամանը չեղեալ է – ՀԻՒՍՆԻ ԶԱՅԻՄ»։

Հրաչը շատ պնդեց որ նստի մեզի հետ եւ խմիչք մը առնէ, բայց Հրանդ չմնաց։ Երկու թէ երեք ամիս միայն տեւեց Զայիմի իշխանութիւնը։ Սպաննուեցաւ ուրիշ զինուորականի մը կողմէ որ կը կոչուէր Հիննաուի, որ իր կարգին զոհ գնաց Չիչէքլիի մը։ Ան ալ երկար չմնաց։ Սուրիան յաջորդական պետական հարուածներու զոհ դարձաւ երկար ատեն, մինչեւ որ գտաւ իր ներկայ կայունութիւնը։
Հիւսնի Զայիմէն վերջ «Եփրատ» վերսկսաւ հրատարակուիլ։ Նոյնիսկ ուրիշ թերթ մըն ալ մէջտեղ ելաւ, «Սուրիա» անունով։
Օննիկին փիլիսոփայութիւնը.
– Բախտ ըսածդ «Եփրատ»ին պէս ըլլալու է։ Ութ հազար ոսկին առին, երկու ամիս հանգիստ ըրին ու նորէն մէջտեղ ելան...


Շար .61
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝