Յայտարարութիւն

Saturday, October 10, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 62 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԻՆՉՊԷՍ ՀԻՄՆՈՒԵՑԱՒ
ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ՃԵՄԱՐԱՆԸ

– Շուտ եկուր, կարեւոր գործ ունիս այստեղ։
Զարեհ Սրբազանն է հեռաձայնողը Առաջնորդարանէն։ Յայտնապէս լաւ տրամադրութեան մէջ ըլլալու է, ինչպէս կը հետեւցնեմ իր ձայնէն։ Այնպէս գոհունակ կը հնչեն իր բառերը, որ կը մտածեմ թէ նորէն կատակի մը շուրջ կրնայ դառնալ «կարեւոր գործը»։ Առաջին անգամը պիտի չըլլայ։ Պատահած է որ նոյնքան կարեւոր գործով կանչէ, եւ պարզուի որ նարտի խաղով յաղթանակ մը տարած ըլլայ մէկուն վրայ, նախընտրաբար բժ. Տէր Ղազարեանը, եւ յաղթանակին պտուղը կազմող քեպապին մասնակցելու կոչուիմ։ Հետեւաբար կը պատասխանեմ.
– Քեպապը հոս թող բերեն – «Արեւելք»ի խմբագրատունն եմ – եւ ձմերուկն ալ իմ վրաս։
– Քեպապի ձմերուկի խնդիր չէ, եկուր որ տեսնես, երկու սիրուն օրիորդներ կան այստեղ եւ կարծեմ քեպապէն նուազ հաճելի պիտի չըլլան քեզի համար. կատակը մէկ կողմ, շուտ եկուր։
Իմ տեղէս մինչեւ եկեղեցի քանի մը հարիւր քայլ է, կ՚երթամ։ Սրբազանին հաւաստիքը կէսով միայն ճիշդ էր։ Իրաւ երկու օրիորդներ կան քովը, բայց շատ հեռու են սիրուն ըլլալէ։ Քառասունը անց, չորցած, թոռմած երկու կիներ, իրենց տարիներուն վրայ բեռնաւորուած նաեւ ակնոցներով։ Բժիշկն ալ ներկայ էր։ Օրիորդները նստած են արձաններու պէս ձեռքերը ծունկերուն վրայ, պատկառոտ եւ լուռ։ Բժիշկը գերմաներէն կը խօսի անոնց հետ։
Ահա կացութիւնը։
Այս օրիորդները եկած են Տանիմարքայէն որպէս ներկայացուցիչ Դանիոյ բարեսիրական ընկերութեան։ Իրենց առաքելութիւնն է վաճառել Միս Քարէն Եփփէի անունով Նոր Գիւղի մէջ գտնուող ընդարձակ հողամասը եւ տուները, որոնք ատեն մը որպէս այրիանոց ծառայելէ վերջ, այժմ բոլորովին պարապ կը մնան եւ բանի մը չեն ծառայեր։ Ընկերութիւնը յարմար տեսած է ծախել այդ կալուածը եւ այս աղջիկները լիազօրուած են վաճառումը իրագործելու։
Միս Եփփէն Տանիմարքայի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ու կը մնայ տեսակ մը ազգային պարծանք, Ուրֆայի մէջ հայ որբերուն տարած խնամքին համար եւ տարիներով Հալէպի մէջ ալ շարունակուած է մարդասիրական գործունէութիւնը, որբերէն ետք անտէր մնացած այրի կիներ հոգալով։ Բայց հիմա որ այրիներ չկան եւ Միս Եփփէն ալ մեռած է, իր անունով գնուած բայց ընկերութեան պատկանող հողը ծախու է։ Ընկերութիւնը որոշած է դրամի վերածել այդ հողը եւ գործածել իր նպատակներուն։
Բայց մեր կողմէ առաջարկ մը եղած է օրիորդներուն եւ բժիշկն ալ, գերմաներէնի մէջ քաջավարժ, կ՚աշխատի համոզել օրիորդները։ Կ՚ըսէ.
– Այս կալուածին վաճառումէն գումար մը պիտի գոյանայ եւ գործածուի բարեսիրական ձեռնարկներու, ճիշդ է։ Բայց այդ բոլորին մէջ ո՞ւր կը մնայ Միս Քարէն Եփփէն, որ տասնամեակներ աշխատեցաւ հայ որբերուն եւ այրիներուն համար։ Աւելի լաւ չէ՞ որ հողը մեզի մնայ, այնտեղ գոլէճ մը հիմնենք Միս Եփփէին անունով եւ այդպէս անմահանայ իր յիշատակը։
Օրիորդները համոզուած են թէ մեր առաջարկը ընդունելի է, բայց իրենք լիազօրուած են միայն վաճառումի համար։ Որպէսզի կարենան ընթացք տալ մեր դիմումին, պէտք է որ իրենց կեդրոնին հարցնեն եւ ըստ այնմ վարուին։ Խնդիրը հասկնալէ ետք կ՚ըսեմ Սրբազանին.
– Աղէկ, ես ի՞նչ գործ ունիմ այս ամէնուն հետ։
Լուրջ, գրեթէ խիստ ձայնով մը կ՚ըսէ ինծի.
– Կերակուրը եփելու վրայ է, պաղ ջուր չխառնե՛ս։ Օրիորդները փափաքեցան բերդը տեսնել, պիտի ընկերանաս իրենց։ Ամէն կերպ կ՚ուզենք սիրաշահիլ, հասկցի՛ր։
– Բայց ես գերմաներէն չեմ գիտեր...
– Իրենք ֆրանսերէն գիտեն, կը հասկնան։ Պիտի երթաք իմ մեքենայովս եւ բերդէն ետք կու գաք օթէլ Պարոն, ուր ողջերթի ճաշկերոյթ մը կը տրուի ի պատիւ իրենց։ Պէտք է որ ասոնք մեր պաշտպան փաստաբանները ըլլան իրենց կեդրոնին մօտ։
Լաւ խաղ մը ըրած ըլլալու գոհունակութիւնը ունի Սրբազանը։ Ճար չկայ, պէտք է քանի մը ժամ կրել այս սիրուն օրիորդները։


Շար. 62
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝