Յայտարարութիւն

Sunday, October 11, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -63- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Նոյն գիշերը փառաւոր ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ օրիորդներուն։ Հեռաւոր իր գիւղէն այս առիթով կանչուած էր Միսաք Մելքոնեանը որ պատանի տարիքէն հոգեզաւակ եղած էր Միս Եփփէին եւ օգնական լաւ ոյժ մըն էր մեր մղած շլացնելու յարձակողականին մէջ։ Զուր չանցան մեր սիրալիրութիւնները։ Օրիորդներուն մեկնելէն հազիւ ամիս մը վերջ հեռագիր եկաւ թէ Կեդրոնը համաձայն է մեր առաջարկին եւ կը խնդրեն որ պաշտօնական թուղթերը պատրաստուին, որպէսզի իրենց ներկայացուցիչը Հալէպ գալուն պէս ստորագրէ։

Այս անգամ շուէտացի պատուելի մըն էր եկողը, որ մէկ օրուան մէջ ձեւակերպութիւնները վերջացուց ու եկածին պէս մեկնեցաւ, մեզի յաջողութիւն մաղթելով։
Ուրեմն հողի խնդիրը վերջացաւ։
Ո՛չ, խնդիրը նոր սկսաւ։

Հողին մեզի ձգուելուն ուրախ լուրը տարածուած էր քաղաքին մէջ եւ ոմանց մօտ նոր ախորժակներ յայտնաբերուած։ Յանձին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ցկեանս ատենապետ, նախագահ եւ միութեան ամէն ինչը եղող Լուտեր Մասպանաճեանին, պահանջ դրուեցաւ որպէսզի այդ հողին վրայ դպրոցի տեղ... մարզարան մը շինուի, թենիսի դաշտով եւ լողարանով։ Կատակի մը բնոյթը կրող այս բաղձանքը լուրջի առնողներ գտնուեցան, եւ այն աստիճան որ յիշեալ Լուտերը համարձակի ներկայանալ Սրբազանին եւ պահանջ ներկայացնէ։

Ես ներկայ էի երբ Լուտերը եկաւ Սրբազանին մօտ։ Ներկայ էր նաեւ Վահէ Սէթեանը։ Սրբազանը նախ լուրջի չառաւ, բայց տեսնելով որ Լուտերը կը խօսի հայ նոր սերունդին անունով, ջղայնացաւ եւ ըսաւ.
– Մենք ճեմարան պիտի բանանք քիւրտերո՞ւն համար։ Դարձեալ հայ նոր սերունդն է որ պիտի օգտուի։ Յետոյ ես խօսք տուած եմ տանիմարքացիներուն։ Քարէն Եփփէի անունով ճեմարան մը պիտի շինուի։
Լուտերը զինաթափ չեղաւ, շարունակեց.
– Սրբազան, խօսքդ յարգուած կ՚ըլլայ դարձեալ։ Մենք մարզարանի մուտքին խոշոր տառերով կը գրենք Միս Քարէն Եփփէ անունը։
Որուն վրայ Սրբազանը որոտաց.
– Իմ խօսքս բողոքական պատուելիի խօսք չէ, այլ հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսի խօսք, որ նաեւ այս թեմին Առաջնորդն է...

Ճիշդը ըսելով, մենք բոլորովին մոռցեր էինք Լուտերին աւետարանական ըլլալը եւ ինքն ալ շատ կարեւորութիւն տուողը չէր, բայց Սրբազանին ակնարկութենէն վիրաւորուեցաւ եւ գլուխը շարժելով մեկնեցաւ...

*
* *

Հողը ունինք, վրան քանի մը լաւ պահուած սենեակներ ալ, նոյն տարուան նախակրթարանի շրջանաւարտներէն կազմուած առաջին դասարանն ալ պատրաստ է, բայց... դրամ չկայ։ Ուսումնական Խորհուրդ մը կազմած է Սրբազանը երեք հոգինոց – բժ. Յ. Գասապեան, Յարութիւն Չաքրեան եւ Ծառուկեան։ Առաջին ժողովին ըսաւ.
– Ձեր գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ Ճեմարանը ոտքի հանել։ Քաղաքական Ժողովն ալ շատ խանդավառ չէ, առաջ քշելով նիւթական հոգը։ Բայց ես որոշած եմ չնահանջել եւ անպայման այս տարի բանալ Ճեմարանը։

Երեքս ալ համամիտ գտնուեցանք իրեն։ Քսան հազար ոսկիի պիւտճէ մը կազմուեցաւ այդ տարուան համար։ Մինաս Թէօլէօլեանը կարգեցինք հայերէն լեզուի եւ հայագիտութեան ուսուցիչ։ Օրիորդ Սիրուն Կիւրեղեանը ֆրանսերէնի եւ մաթեմաթիկի։ Նամակով Օննիկ Սարգիսեանը հրաւիրեցինք որպէս տեսուչ եւ բանաստեղծ Ահարոնն ալ, Փարիզէն, որպէս գրաբարի մասնագէտ։ Բայց դրամ... չկայ դեռ։

Ժողովէն դուրս խօսած էի Սրբազանին եւ համաձայն էր։ Կիպրոսէն պզտիկ հանգանակութեան մը ձեռնարկել, միասին Կիպրոս երթալով (այնտեղ վարկս դեռ բարձր էր եւ ակումբին պատէն կախուած նկարս տակաւին վար առնուած չէր...)։

Ժողովականները վաւերացուցին մեր ծրագիրը եւ Սրբազանին հետ Կիպրոս գացինք շաբաթով մը։ Երկու հազար անգլիական ոսկի բերինք այնտեղէն, այսինքն ճիշդ ու ճիշդ մեզի պէտք եղած գումարը եւ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին առաջին տարին բոլորուեցաւ այդպէս...

Հիմա կը մտածեմ։ Եթէ Զարեհ Սրբազանին վճռակամութիւնը չըլլար եւ ուրիշներու պէս տատամսէինք պիւտճէի տագնապով եւ յետաձգէինք գործը, թերեւս այսօր Ճեմարանին տեղ ունենայինք թենիսի դաշտ մը եւ լողարան մը, մէջը ջուրով կամ առանց ջուրի...

Չմոռնամ ըսելու, որ քանի մը տարի ետքն էր որ Ամերիկայէն հասաւ Միհրդատ Տիգրանեանը եւ իր անունը կրող շէնքը շինեց։ Բարերար Միհրդատը հայրն էր Արշակ Տիգրանեանին։ Բարեգործութիւնն ալ երեւի կը հպատակի ժառանգութեան օրէնքին...


Շար . 63
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝