Յայտարարութիւն

Monday, October 12, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -64- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՔԱՆՑ ՄԵԶ ԽԵՂՃԵՐԸ...

Հալէպի հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կիլիկեցիներ ըլլալուն, (երկրորդ տեղը կը գրաւեն սասունցիները) այդ զանգուածին մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէին այնթապցիները։ Այն աստիճան ճնշող էր անոնց թուական գերակշռութիւնը, որ երկու վարժարաններ ունէին, Զաւարեան (դաշնակցական) եւ Կրթասիրաց (միւս տեսակէն)։ Ատեն մը նոյնիսկ անջատ եկեղեցի ունեցան, Քառասուն Մանուկ եկեղեցիին կից, «այնթապցիներու եկեղեցին»։ Ու երբ աթոռակից Բաբգէն կաթողիկոսը վախճանեցաւ, թոյլ չտուին որ Անթիլիաս թաղուի։ Դագաղը Հալէպ բերին եւ մեծ ցոյցերով թաղեցին «իրենց» եկեղեցիին գաւիթը։

Արդէն, Եղեռնէն առաջ Այնթապը կը համարուէր, իր վարժարաններով եւ Ամերիկեան Գոլէճով Կիլիկիոյ քաղաքներուն Աթէնքը։ Հակառակ թրքախօս ըլլալնուն, ուսման սէրը եւ գիտութեան ծարաւը զարմանալիօրէն շեշտուած էր անոնց մէջ։ Դպրոցին հոգաբարձուները, անշուշտ բոլորն ալ այնթապցի եւ արհեստաւոր մարդիկ, իրենց սեփական տունին պէս կը հոգային դպրոցին պէտքերը։ Բայց նաեւ կարծելով նոյն իրաւունքները ունեցած ըլլալ կրթական գործին մէջ, ինչպէս իրենց տունին մէջ...

*
* *

Վեց եօթը տարի հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ եղած եմ Զաւարեան վարժարանին մէջ։ Նախակրթարանի աշակերտները ներկայ սերունդին պէս կանխահաս չէին։ Վեցերորդ դասարանին մէջ միջին տարիքը 15 էր, մինչ ներկայիս 10էն 12 է։ Լաւ դպրոց մըն էր լաւ ուսուցչական կազմով մը։ Տարի մը, մէկ անգամէն երեք ուսուցիչներ առնուեցան, երեքն ալ քսանամեայ, աշխոյժ, եռանդուն։ Վարժարանին մթնոլորտը յանկարծ փոխուեցաւ։ Հակառակ իրենց անփորձութեան, այս երեք նորահասները կենդանութիւն մը բերին վարժարանէն ներս։ Սիրուեցան աշակերտներէն, որոնք զբօսանքի պահերուն կը բոլորուէին անոնց շուրջ։ Այս երեւոյթը հաճելի չէր նախկկին ուսուցիչներէն ոմանց, որոնք սկսան խորթ աչքով դիտել նորերը։ Եւ որովհետեւ այդ հիներէն ոմանք ազգակցական կապեր ունէին հոգաբարձութեան անդամներուն հետ, յաջողեցան այնպէս մը ընել, որ այդ երեքը պաշտօնի չկանչուին յաջորդ տարին։

Գայթակղութիւն մըն էր։ Տղաքը անթերիօրէն կատարած էին իրենց պարտականութիւնը։ Ոչ մէկ պատճառ կար զանոնք դուրս ձգելու։ Մեր տնօրէնը, բարի եւ հեզ մարդ մը, չկրցաւ պաշտպանել իր ուսուցիչները եւ ակամայ ստիպուեցաւ համակերպիլ տրուած որոշումին։ Ես ընդվզեցայ։ Ինծի միացաւ պաշտօնակիցներէս Արամը (հայրը Տաթեւ Սրբազան Սարգիսեանին) եւ անոր հետ յենուած մեր (ենթադրեալ) վարկին՝ նժարի մէջ դրինք մեր անունները։ Կա՛մ այդ երեքը կը կանչուին, կա՛մ անոնց հետ մենք ալ կը հրաժարինք...

Հոգաբարձութիւնը անդրդուելի մնաց իր որոշումին վրայ։ Մենք եւս Արամին հետ մնացինք մեր խօսքին վրայ եւ ստիպուեցանք դպրոցը լքել։ (Ի վերջոյ մենք ալ այնթապցի չէինք...) եւ կրնային դիւրաւ հրաժարիլ մեր ծառայութենէն։ Արամը ստիպուեցաւ մեկնիլ իր ծննդավայրը Քեսապ եւ այնտեղ պաշտօնավարել։ Ուսումնական Խորհուրդը «կրթական քննիչի» հանգամանք մը տուաւ ինծի, որպէսզի ասորիներու թաղին մէջ գտնուող պզտիկ դպրոցը կարգի բերեմ։ Կարգի բերուելիք բան մը չկար այդ դպրոցին մէջ, որովհետեւ եղած չեղածը մանկապարտէզ մըն էր մէկ վարժուհիով եւ «կրթական քննիչն» ալ Զարեհ Սրբազանին գիւտն էր, արդարացնելու համար ինծի տրուելիք ամսականները...

Բայց բախտաւոր տարի մը եղաւ ատիկա ինծի համար։ Նախ այդ տարին էր որ գրեցի «Թուղթ Առ Երեւան»ը եւ ընդմիշտ հրաժեշտ տալով կրթական ասպարէզին նուիրուեցայ «Նայիրի»ին։ Բայց ի՞նչ եղան եւ ո՞վ էին այն երեք երիտասարդ ուսուցիչները։ Անոնք ալ դժբախտ չեղան։ Ընդհակառակը, բնատուր ձիրքերով ծաղկեցան եւ ամէն մէկը կեանքի մէջ իրագործեց իր ինքնութիւնը։ Ընթերցողներուս համար անակնկալ մը պիտի ըլլայ երբ տամ անոնց անունները։ Առաջինը... Զարեհ Մելքոնեանն էր, հիմա ճանչցուած անուն մը Սփիւռքի գրականութեան մէջ, որ հրատարակեց բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը, «Ես եւ Մարդիկ», ու մեկնեցաւ Կիպրոս, Մելքոնեան վարժարանին մէջ շարունակեց ուսումը։ Երկրորդը Սուրէն Պասմաճեան, որ նոյնպէս հրատարակեց բանաստեղծութիւններու տետրակ մը «Խաչբուռ» խորագրով եւ Արամ Արման ծածկանունով ու գնաց Հայաստան։ Երրորդը, Ալֆօնս Ադդարեան, որ նոյնպէս ծանօթ դէմք մըն է արդի գրականութեան մէջ Արմէն Դարեան գրչանունով։



Շար. 64
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝