Յայտարարութիւն

Tuesday, October 13, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 65 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾՌՈՒԿԵԱՆ

Հալէպի հիւսիս արեւմտեան կողմը, Սեպիլի մօտիկ մեղմ բարձրութեան մը վրայ կը գտնուէր շրջան մը, որ կը կոչուէր Ասորիներու թաղ, հարիւրեակ մը պզտիկ տուներէ կազմուած համայնք մը։ Դեռ չէի կարդացած Ուիլիըմ Սարոյեանի «Եօթանասուն հազար ասորիներ» պատմուածքը ու վստահ ալ չեմ թէ այն ատեն գրուա՞ծ էր թէ աւելի ետքը գրուեցաւ։ Իրողութիւն է, որ հոդ ճանչցայ ասորիները եւ տեսայ այլասերումի վտանգին դէմ անոնց մղած յուսահատական պայքարը։ Եթէ շրջէի թաղին մէջ, միայն արաբերէն եւ հայերէն կը լսէի, աւելի շատ հայերէն քան արաբերէն։ Դպրոց մը ունէին։ Չկրցայ հասկնալ թէ ինչ դասագիրքեր կը գործածուէին, բայց օր մը ներկայ գտնուեցայ իրենց եկեղեցին եւ նոյնիսկ վէճ մըն ալ ունեցայ քահանային հետ։

Արարողութիւնը շատ տարբեր չէր մերինէն, բայց շարականները անհասկնալի լեզուով մըն էին։ Ամէնէն տարօրինակը երիտասարդ քահանային քարոզն էր։ Յուզուած եւ բարձր ձայնով մը այսպէս սկսաւ.
– Եա՜ միլլէթ, միլլէ՜թ... (ով ժողովուրդ, ժողովուրդ)։

Յետոյ լռեց, վեր նայեցաւ, երկինքէն ներշնչում հայցելու դիրքով եւ ապա դարձաւ ժողովուրդին.
– Եա միլլէթ, արաբճա խօսացէք, թիւրքճէ խօսացէք, թէք էրմենտոց լեզուն մի՛ խօսաք...
Այս զարմանալի լեզուով շարունակեց ի քարոզը, որուն կեդրոնական միտքը՝ սրտագին մաղթանք մըն էր որ հայերէն չխօսին։ Եկեղեցիէն դուրս մօտեցայ իրեն.
– Տէր հայր, ձեր քարոզը լսեցի, հայերէնին դէմ խօսեցաք, բայց ձեր լեզուն հայերէն էր, ի՞նչ պատմութիւն է այս։
– Ասորերէն չեն հասկնար, անոր համար հայերէն կ՚ըսեմ...
– Բայց ինչո՞ւ կ՚ուզէք որ արաբերէն եւ թուրքերէն խօսին, հայերէնը ի՞նչ մե՛ղք ունի...
Քանի մը անձեր բոլորուած էին մեր շուրջ եւ մտիկ կ՚ընէին։ Քահանան թեւս մտաւ, երկու քայլ մէկ կողմ տարաւ եւ շրջապատէն մեկուսանալով ըսաւ.
– Եղբայրս, արաբերէնէն եւ թուրքերէնէն վտանգ չկայ։ Բուն վտանգը հայերէնն է։ Երբ հայերէն խօսին, կը մոռնան որ ասորի են...
– Բայց ձեր կրօնապետը, Մար Շամունը ըսած է որ օգտակար է հայերուն մէջ ձուլուիլ։
– Ե՞րբ ըսած է, ես այդպէս բան չեմ լսած։
– Այո, այո, վերջին պատերազմի ատեն, Վանի կարճատեւ գրաւման շրջանին Մար Շամունը ըսաւ Յովհ. Թումանեանին.– «Այս պատերազմէն ետք ասորիները պէտք է հայոց հետ խառնուին»։ Ես կարդացած եմ, կրնամ բերել ձեզի որ տեսնէք, հայերէն կը կարդա՞ք։
– Հարկաւ։ Ես Տիգրանակերտ հայկական դպրոց կ՚երթայի...
– Բայց հիմա կը քարոզէք որ «էրմենտոց» լեզուն չխօսուի...
– Եղբայրս, մենք ալ կ՚ուզենք մեր ազգութիւնը պահել...

*
* *

Բաժնուեցայ քահանայէն եւ քայլերս ուղղեցի դէպի Սեպիլ։ Գարնան պայծառ օր մըն էր, սքանչելի օդով մը։ Այնտեղ, Սեպիլի աւազանին եզերքը նստած կը դիտէի յուշիկ սահող կարապները եւ կը մտածէի.–
Մենք աշխարհէն վախնանք որ կրնայ կուլ տալ մեզ մեր լեզուին հետ, ահա ժողովուրդ մը որ կը վախնայ մեզմէ կլլուելէ...


Շար. 65
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝