Յայտարարութիւն

Wednesday, October 14, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -66- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՇԷՅԽ ՍԱԻՏԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Յակոբ Սիմոնին, Եդ. Տասնապետեանին մեծ եղբայրը, Սուրիա-Լիբանան միակ կուսակցական գործիչը, օր մը ըսաւ, ամառնային առաջին արձակուրդիս.
– Քեզի պարտականութիւն մը պիտի տամ։ Եթէ յաջողութեամբ կատարես, աչքս մտած ես եւ ա՛լ կը վստահիմ քեզի, ուրիշ աւելի կարեւոր գործերու համար։
– Ի՞նչ տեսակ պարտականութիւն։
– Գործ մըն է, որուն մէջ դուն... գործ չունիս։ Միայն պզտիկ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարես եւ Եփրատն ալ տեսնես։
– Ե՞րբ պիտի երթամ։
– Վաղն իսկ։ Գործին առաջին պայմանը գաղտնապահութիւնն է։ Ոչ ոք պէտք է գիտնայ թէ ուր գացիր կամ ինչ ըրիր, նոյնիսկ ամէնէն մտերիմ ընկերներդ պէտք չէ գիտնան։

Յետոյ միասին տեղ մը տարաւ, ատաղձագործի աշխատանոց մը, ուր սեղանի մը տակ անհամաչափ երեք սնտուկներ կային, մէկը փոքր, միւս երկուքը հաւասարապէս մեծ եւ շատ ծանր։ Պզտիկ սնտուկին համար ըսաւ.
– Ասոր մէջ չորս հատ հեռադիտակ կայ, սա մէկը տասներկու հատ Մաուզէր ատրճանակ կը պարունակէ, միւսը միայն փամփուշտ է։ Ասոնք պիտի երթան Այն-Արուս։ Շօֆէօրը ասորի է եւ կը կոչուի Եսայի։ Եսային գիտէ թէ սնտուկներուն մէջ ինչ կայ, բայց դուն իբրեւ թէ չես գիտեր։ Պատահի որ ճամբան պահակ զինուորները բռնեն եւ հասկնան թէ ինչ կը տանիք, դուն տեղեակ չես, պարզ ճամբորդ մըն ես որ Այն-Արուս կ՚երթաս, այնտեղի դպրոցին համար դասագիրքեր տանելու։ Հինգ-տասը հատ քերականներ վերցուր գրավաճառէն եւ ձեռքդ ունեցիր։ Այն-Արուսի մէջ երկու քիւրտերու պիտի հանդիպիս, որոնք քեզի ցոյց պիտի տան ասոր կէսը...

Գրպանէն լուսանկար մը հանեց եւ ինծի տուաւ։ Փաթթոցով եւ պեխ-մօրուքով մարդու մը լուսանկարն էր, վերէն վար անխնամ պատռուած։ Այնպէս որ ձեռքիս մէջ ունէի մէկ աչք եւ կէս քիթ-բերան մը...
– Դէմդ ելլող մարդուն կ՚ըսես «Ո՞ւր է շէյխ Սաիտը»։ Ան ալ կը հանէ եւ քեզի ցոյց կու տայ այս պատկերին մնացեալ կէսը։ Քով քովի կը բերես, եթէ պատկերիդ յարմարի եւ լման դէմքը կազմուի, մեր փնտռած մարդն է։ Գործդ վերջացաւ։ Սնտուկները կը յանձնես իրեն եւ գացածիդ պէս ետ կը դառնաս։ Ուրիշ ընելիք չունիս։ Բայց եթէ նկարը չունենայ մարդը, ինչ ալ ըսէ կարեւորութիւն չես տար։ Ապրանքը կը թողուս զինուոր Մխսիին տունը ու ետ կու գաս, քովիդ նկարն ալ ձգելով Մխսիին։ Հասկցուեցա՞ւ, հարցում մը ունի՞ս,– վերջացուց Սիմոնին։
– Ոչ, ամէն բան յստակ է։
– Վաղը առաւօտ կ՚երթաս ուրեմն կարաժ Սանդրալ, ճիշդ ժամը ութին։ Այն սնտուկները կառքին մէջ կ՚ըլլան։ Կը գտնես շօֆէօր Եսային ու ճամբայ կ՚ելլէք։ Հիմա անմիջապէս գնա եւ գրավաճառէն քերականներդ ապահովէ։
Հինգ ոսկինոց թղթադրամ մըն ալ տուաւ ու վերջին խօսքը եղաւ.
– Եսային Այն-Արուսէն շիտակ Հալէպ կը դառնայ։ Հետը կու գաս։ Բայց եթէ որեւէ պատճառով չկրնայ գալ, դուն ուրիշ մեքենայ մը գտիր եկուր։

*
* *

Անհանգիստ գիշեր մը անցուցի։ Քունս չէր գար։ Նախ, շոյուած էի եւ հպարտ, որ այդքան պատասխանատու գործ մը ինծի կը վստահուի։ Արդէն իսկ յեղափոխական ասպարէզին մէջ կարեւոր դեր մը կու տայի ես ինծի։ Սիմոնին չըսաւ, բայց գիտէի թէ ինչ կ՚անցնի կը դառնայ։ «Հօյպուն» կոչուող քիւրտ ապստամբական շարժումին օժանդակ էր մեր կուսակցութիւնը, զէնք եւ ռազմանիւթ հայթայթելով։ Ճիշդ է որ ապստամբութիւնը զսպուած էր եւ ղեկավարն ալ, շէյխ Սաիտ, բռնուելով կախաղան հանուած էր Տիգրանակերտի մէջ, բայց իր հետեւորդները զինաթափ չէին ու տեղ տեղ կը շարունակուէր։

Առտուն, երբ կարաժ գացի, Եսային երկու ճամբորդ գտած էր արդէն Ռագգայի համար։ Ես քովը նստայ ու ճամբայ ելանք։ Եսայիին հետ ամէն ինչի մասին խօսեցանք բացի Ֆօրտին ետեւը կապուած սնտուկներէն։ Եփրատը մեծ տպաւորութիւն մը չըրաւ վրաս։ Այդ կէտին վրայ հեղուկ եւ պղտոր դաշտի մը տեսքը ունէր որ կը շարժի, ծոյլ եւ դանդաղ։ Գետը անցանք մեքենան լաստին վրայ հանուած եւ անկէ ետք շատ ժամանակ չանցած հասանք Այն-Արուս։ Հոն, լիճին եզերքը, ցած աթոռներու վրայ երեք մարդիկ նստած էին ու թէյ կը խմէին։ Մեզ տեսածնուն պէս ոտքի ելան եւ ընդառաջեցին։ Ես անմիջապէս ըսի, մտքիս մէջ տասն անգամ կրկնուած խօսքը.
– Ո՞ւր է շէյխ Սաիտը...
Անոնցմէ մէկը, աղօթքի պէս մրմունջ մը ունեցաւ, քանի մը անգամ կրկնեց «Ալլահ» բառը եւ ըսաւ.
– Քիւչիւկ քարտաշ, շէյխ Սաիտ փէյղամպէրըն ղուճախընտա տըր շիմտիկ (պզտիկ եղբայր, շէյխ Սաիտը մարգարէին գիրկն է հիմա)։ Յետոյ հանեց պատկերը եւ ինծի տուաւ։ Քիչ մը մէկ կողմ դարձայ եւ երկու կտորները քով քովի բերի։ Կատարելապէս յարմարեցան եւ լման պատկերը կազմուեցաւ։ Եսայիին նշան ըրի թէ կրնայ ապրանքը յանձնել։ Յետոյ փնտռեցի ընկեր Մխսին որ վարձկան զինուոր էր ֆրանսական բանակին մէջ, ուրիշ հայերու եւ արաբներու հետ։ Դէմս ելաւ աժդահակ մը, հսկայ մը, որ սակայն ողորմելի կացութեան մը մէջ էր, ափովը ծնօտը բռնած։ Ակռայի սոսկալի ցաւ մը ունէր եւ այդ հսկան մանուկի մը պէս կը մղկտար։
– Մէկը քաշել տուի երէկ, բայց միւսին որդն ալ սկսաւ շարժիլ։
Մխսին կը հաւատար, թէ ակռային տակ... որդ մը կար։
– Աչքովս տեսայ, տոքթորը ինծի ցոյց տուաւ քաշած ակռային որդը...
Թերահաւատ ժպիտս տեսնելով, ըսաւ, մատին վրայ տեղ մը ցոյց տալով.
– Ասչափ ասչափ, դեռ կը շարժէր որդը...
Հաւանաբար տեսած ըլլալու էր հանուած ակռային ջիղը եւ կը հաւատար թէ «միւս ակռային որդն ալ սկսաւ շարժիլ...»։

Եսային Հալէպ գացող ուղեւոր մը գտաւ եւ իրեն հետ թողուցի Այն-Արուսը, զանգուածեղ Մխսին, ակռայի ցաւը եւ որդերը...

Շար .66
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝