Յայտարարութիւն

Thursday, October 15, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -67- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Յակոբ Սիմոնին բարձրահասակ եւ նիհար երիտասարդ մըն էր, պաղարիւն եւ ծանրախոհ։ Եդուարդ եղբօրը հակապատկերը։ Երկուքն ալ անհունօրէն սիրելիներ ինծի համար, բայց մինչ Եդուարդը պարբերական ջղային պահեր կ՚ունենար, Սիմոնին միշտ կը պահէր անայլայլ խաղաղութիւնը։ Մետիումի իրական յատկութիւն մը ունէր։ Հազուադէպօրէն երբ կարելի ըլլար զինք բեմ հանել, յանկարծ կը տժգունէր, կ՚այլափոխուէր, եւ պատկերներու հեղեղ մըն էր որ դուրս կու գար բերնէն, ինքնատիպ, տպաւորիչ, ներշնչեալ եւ ներշնչող։ Հազիւ հինգ վայրկեան կը տեւէր իր խօսքը, եւ գրական պատկերներու ցայտաղբիւր մը արձակելէ ետք վար կ՚իջնէր, տժգոյն եւ սպառած։ Եթէ կարելի ըլլար գրի առնել բեմական իր խօսքը, առանց մեղք գործելու կրնայինք զետեղել... Սիամանթոյի տողերուն մէջ։ Կը յիշեմ միայն իր մէկ պատկերը երբ կը խօսէր սկաուտներու հանդէսի մը.
– Դուք եղէք մէկ մէկ Վահագներ, եւ փոխանակ Ասորեստանի թագաւորին յարդը գողնալու, խլեցէք լուսնին մահիկը եւ անով երկինքի աստղերը հնձեցէք...

Սիմոնիին նիհարութիւնը հետզհետէ աւելի շեշտուեցաւ եւ ի վերջոյ յայտնի եղաւ թէ թոքախտ է։ Ազունիէն չկար այն ատեն։ Մտաւ Պհաննէսի բուժարանը։ Օր մը այցելեցինք իրեն, Հայկ Պալեանին եւ Ղազար Չարըքին հետ։ Կը պահէր շէն բնաւորութիւնը։
– Անշուշտ ծխելը արգիլուած է,– ըսի։
– Ոչ, կրնաք ծխել, ես ալ իրաւունք ունիմ օրական երեք հատ ծխելու, բժիշկին արտօնութեամբ։
Եւ մեր ներկայութեան, որ հազիւ ժամ մը տեւեց, ետեւէ ետեւի ծխեց իր «օրական»ը։ Բարձին տակ նայեցանք։ Բազմաթիւ եւ բազմատեսակ սիկարէթներու պահեստ մը ունէր...
Մեռաւ երեք ամիս ետք։ Երբ Հալէպի մէջ իր հոգեհանգիստի արարողութիւնը վերջացաւ, եղբայրը ըսաւ ինծի.
– Տուն երթանք, քեզի ըսելիք ունիմ։
Հոգեճաշէն ետք խոշոր, շատ մեծ ծրար մը տուաւ ինծի։ Սիմոնիին ձեռագիրներն էին։ Մահէն առաջ կրցած էր ըսել.
– Ատրճանակս կը թողում մեծ Հրաչին (Փափազեան), ժամացոյցս պզտիկ Հրաչին (իր եղբօրորդին), ձեռագիրներս ալ Անդրանիկին։

Թուղթերուն մէջ սիրուն, պզտիկ բանաստեղծութիւններ կային։ Ընտրովի տպեցի փունջ մը «Նայիրի» ամսագրին մէջ, «Անգիր բանաստեղծ մը» վերնագրին տակ։ Արդարեւ, Սիմոնին աւելի՛ բանաստեղծ էր, իրա՛ւ բանաստեղծ մը՝ երբ կը խօսէր, քան թէ թուղթին վրայ։ Տպածներս եւ անտիպները արժէքաւոր բաներ էին, բայց բեմէն լսուածը չէր։ Լուսնին մահիկով երկինքի աստղերը հնձող Սիմոնին չէր։
Այս քանի մը էջերը իր քաղցր յիշատակին։



Շար. 67
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝