Յայտարարութիւն

Friday, October 16, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 68 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԽՄԲԱՊԵՏ ՄՈՒՇԵՂ

Հսկայ մարմին մը, վրան առիւծի գլուխ մը եւ երկու աչքեր, լեռնային լճակներու պէս խաղաղ ու վճիտ աչքեր։ Ամէն ինչ այդ աչքերուն մէջ է։ Իր մտածումները, զգացումները, ապրումները հոն են, այդ աչքերուն մէջ, որոնց թափանցիկ պայծառութեան մէջ կը կարդաս իր պարզունակ հոգին։ Հոգի մը որ ծալքեր չունի, ներքին ալեկոծումներ եւ բարդութիւններ չի ճանչնար, այլ անմեղ մանուկի աչքերով կը դիտէ աշխարհը, զարմացած եւ զարմանալու միշտ պատրաստ։

Ուսման բարիքները, ինչպէս եւ չարիքները անծանօթ են իր ուղեղին, որ դեռ մաքուր է, կաւիճէն չաղարտուած գրատախտակի մը պէս։ Մեսրոպեան տառերը հեգելու ժամանակ չէ ունեցած։ Իր կոշկոռած ձեռքերը հազիւ սորված են գութանին մաճը բռնել, անմիջապէս յետոյ հինգ մատներով գրկելու համար հրացանին պողպատը։ Ուրիշ գործ չի գիտեր, չէ ունեցած։ Ոչ արհեստ, ոչ ուսում։

Իր սպիտակ նժոյգով եւ հրացանով, պատմութեան անցած եւ այնտեղ ալ մնացած խմբապետ Մուշեղը հիմա պարզապէս եղած է ընկեր Մուշեղ մը, որուն հետ կը նստինք, կը խօսինք, կը խօսեցնենք։ Խօսիլ շատ չի սիրեր, մանաւանդ իր մասին եւ մեր պատանեկան անյագուրդ ծարաւին գոհացում տալու համար է որ երբեմն կը զիջի պատմել դրուագ մը։

– Այդտեղ՝ տղերքը իսկոյն դիրք գրաւեցին։ Տղաներէն մէկը ծանր վիրաւորուեցաւ, ինչ որ կատաղութեան հասցուց ընկերներուն զայրոյթը եւ գրոհի անցան, փախուստի մատնելով թշնամին։
Միշտ տղերքն էին, տղաները, ինք չկայ։ Միշտ կը խօսի երրորդ դէմքով։ Անգամ մը միայն շեղում ունեցաւ.– «Այդ կռիւին, ներողութիւն սրա համար, ձիս զարնուեցաւ»։ Անձնական այդ միակ յիշատակութեան համար – ներողութի՜ւն...
Մուշեղին այդ համեստութիւնը եւ պարզութիւնը կանուխէն ազդած են վրաս եւ մէկէ աւելի յօդուածներ գրած եմ իր մասին։ Դիպուածական պատահմունք պէտք չէ եղած ըլլայ որ «Թուղթ առ Երեւան»ի մէջ մեր ապրող մարտիկներէն միայն Մուշեղն է որ կը յիշուի, երբ դեռ ողջ էին Դրօն, Ռուբէնը եւ ուրիշներ...

*
* *

Ապրելու համար գործ կը փնտռէր Մուշեղը։ Կերած պատառ մը հացը հարամ էր աչքին, եթէ սեփական քրտինքը չկար հացին մէջ։ Այսպէս եղած են մեր մարտիկները միշտ եւ ամէն տեղ։ Առիւծասիրտ Սեպուհը Ամերիկայի մէջ նպարավաճառի խանութ մը կը բանեցնէր եւ անով կ՚ապրեցնէր բազմանդամ ընտանիքը։ Զօրավար Սմբատը Հայաստանի մէջ իրեն տրուած հանգստեան կենսաթոշակը ողորմութիւն համարեց եւ ընդվզեցաւ, մինչեւ որ առիթը տուին որ պարտէզի մը մէջ պահակութիւն ընելով հատուցանէ իրեն տրուածը։ Նոյն տագնապը եւ ջղային վիճակը կ՚ապրէր Մուշեղը Հալէպի մէջ, կուսակցութեան յատկացուցած ճղճիմ օրապահիկը վիրաւորանք սեպելով եւ վերջապէս խաղաղեցաւ «գործ» մը գտնելէ վերջ։

Խիստ պահպանողական եւ հակակուսակցական անձ մը, Էսմէրեան, որ ծխախոտի ընկերութեան, Ռէժիի տնօրէնն էր, տեղեկանալէ ետք Մուշեղին «ցուցակ ծառայութեանց»ին, յատկապէս անոր մասնաւոր պաշտօն մը ստեղծեց։ Մինչ այդ սիկարէթ ծախող կրպակները իրենք կ՚երթային պարենաւորուիլ կեդրոնէն։ Էսմէրեան օրէնք մը դրաւ որ այլեւս կրպակները չերթան պահեստանոց, այլ Ռէժիի շրջուն պաշտօնեան առնէ ապսպրանքները եւ գոհացնէ պահանջները։ Եւ այսպէս Մուշեղը դարձաւ Ռէժիի ցրուիչը։ Սիկարէթի մեծ կապոցները թեւին տակ խանութէ խանութ կը շրջէր եւ երջանիկ էր։ Մեզի համար պատուաբեր չէր որ այնքան մեծ անցեալով եւ մեծ գործով մարդ մը – Էսմէրեանին անգամ պատկառանք ազդող – այդ նուաստ դիրքին մէջ գտնուի, բայց իր բացայայտ գոհունակութիւնը եւ բարձր տրամադրութիւնը կը բարեխառնէին դժգոհներուն զգացումը։

Ի՞նչ եղած էր սակայն Մուշեղին գործը անցեալին։ Անձնուրաց եւ անվեհեր մարտիկ Սասունի լեռներուն վրայ՝ եզական պարագայ մը չէր։ Շատեր կային իրեն պէս։ Մուշեղին իսկական գործը, մեծ գործը, Կովկասի մէջ էր, Հանրապետութեան շրջանին։ Հայաստանը հայացնող հեծեալ մարտիկներու ջոկատին խմբապետն էր։ Սասունցիներու այդ գումարտակը, թիւով 200 հոգի, զինուորական հրամանատարութենէն անջատ միաւոր մըն էր, որ դրուած էր ուղղակի պատերազմական նախարար Ռուբէնի հրամանատարութեան տակ։
– Գրաւոր կամ բերանացի հրաման տալու պէտք չունէի Մուշեղին,– կ՚ըսէր Ռուբէն։ Սեղանիս բացուած Հայաստանի քարտէսին վրայ թուղթէ պզտիկ դրօշակներ կը դնէի եւ բարձրաձայն կը կարդայի նշուած թրքական գիւղին կամ աւանին անունը։ Մուշեղը կը հասկնար ու կ՚երթար։ Ինծի զեկոյց տալու պէտք չունէր։ Գիտէի թէ ճշդուած վայրը մաքրուած է...
Այս մասին Մուշեղը ունէր իր պատմութիւնը.
– Մէկ օր, Ռուբէնը կը ճշդէր թրքական գիւղերուն տեղը, երբ ներս մտաւ Խորհրդարանի անդամ Արշամ խոնդկարեանը եւ տեսնելով պզտիկ դրօշակները, ըսաւ.
– Ռուբէն, մանկական խաղե՞րդ կը յիշես։
– Ի՛նչ անեմ, Մուշեղը նարտ խաղալ չգիտէ եւ ես ինձ կը զուարճանամ։

Անցողակի յիշենք, որ այս Խոնդկարեանը միակ երեսփոխանն էր Պարլամենտի մէջ, որ տեւաբար կը բողոքէր «թուրք քաղաքացիների դէմ գործուող հալածանքների» մասին, որպէս... սոցիալիստ յեղափոխական։ Ու երբ Հայաստանը խորհրդայնացաւ եւ Փետրուարեան դէպքերէն ետք կառավարութիւնը եւ պետական պաշտօնեաներ մաս մը ժողովուրդով Պարսկաստան կ՚անցնէին, այդտեղ Մուշեղը կը պատմէր մանկական զուարթութեամբ.
– Սահմանագլխի մօտերը կ՚անցնէինք թրքական մեծ գիւղէ մը, ուր այլեւս բնակչութիւն չէր մնացած։ Կամ կոտորուած էին, կամ փախած։ Խոնդկարեանը յայտնի վախով աջ ու ձախ կը նայէր, միշտ սպասելով ուր է ուր չէ, մէկ տեղից անակնկալ կրակ կը բացուի մեր վրայ։ Ռուբէնը նկատեց Խոնդկարեանի վախը եւ ըսաւ.
– Արշամ, կը յիշե՞ս այն փոքրիկ դրօշակները։ Եթէ այդ դրօշակները չլինէին, մենք այստեղից ողջ առողջ դուրս չէինք գար...
Միակ դրուագն էր որ խնդալով կը պատմէր Մուշեղ եւ քահ քահ քրքջալով կ՚ըսէր.
– Մէկ տեսնէի՜ք Խոնդկարեանի դէմքը։


Շար.68
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝