Յայտարարութիւն

Saturday, October 17, 2009

ՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 69 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Հալէպի գէշ օրերէն մէկն է։ Ամառնային տաքին հետ հեղձուցիչ հով մը կայ եւ հովին մէջ դեղին փոշի։ Անապատը ամպի պէս ծածկած է քաղաքը։ Դուռ պատուհան կղպած աւազահողմին դէմ, բնակչութիւնը փակուած է տուներէն ներս։ Փողոցները քիչ անցորդներ կան եւ կ՚աճապարեն։ Ես նստած եմ Նէյէլ պողոտային վրայ նախկին գերեզմանատան դիմաց գտնուող ապակեպատ սրճարանը, ուր ցանցառ յաճախորդներ կան։ Դիմացէն, Ճիտէյտէի կողմէն մարդ մը կ՚առաջանայ, երկու թեւերուն տակ խոշոր ծրարներ, պայքարելով փոշիին դէմ։ Գլուխը ծռած է կուրծքին վրայ եւ կը ճգնի աչքերը պաշտպանել, մինչ վերարկուին երկու ծայրերը կը ծածանին հովէն, տարօրինակ մեծ թռչունի մը ձեւերը տալով մարդուն...

Մուշեղն է իր սիկարէթի բեռներով, որ ելած է առօրեայ բաշխումը կատարելու։ Այդպէս պիտի շրջի փողոցէ փողոց, քրտինքը խառնած կպչուն փոշիին միշտ գլուխը կուրծքին վրայ, մինչեւ որ ծրարները վերջանան։ Հիմա հասած է սրճարանին, իր տաժանելի ընթացքով ու կրնայ տեսնել զիս։

Բայց ի՞նչ է պատճառը որ ես նստած աթոռիս վրայ կը սեղմուիմ, կը պզտիկնամ ու գլուխս մէկ կողմ կը դարձնեմ աննկատ անցնելու համար։ Ապակիին միւս կողմէն Մուշեղ կ՚անցնի քովէս առանց տեսնելու։ Կարծես վտանգէ մը ազատած եմ։ Այդ պահուն մեր դժխեմ ճակատագրին մէկ ձայնանիշն է որ պէտք է թրթռացած ըլլայ մէջս, որպէսզի ես իմ տեղս յանցապարտ զգամ այդ մեծ հայուն վիճակուած բախտին համար...

Ա՞յդ օրն էր թէ նման օր մը, որ գրեցի «Թեւաբեկ արծիւներ» վերնագրով յօդուած մը Մուշեղին եւ բոլոր Մուշեղներուն մասին...

Եւ ա՞յդ օրն էր թէ նման օր մը, որ Սասունի կիրճերէն մինչեւ Հայաստանի լեռները իր ձիուն վրայ եւ գնդակներու սուլոցին մէջ խրոխտ արշաւող եւ անվնաս դուրս եկող հայդուկը, յանկարծ տապալեցաւ փողոցին մէջ, ամէնէն տափակ արկածի մը զոհ երթալով։ Ժայռէ մը կոփուած ժայռեղէն մարդը պանանի կեղեւի մը վրայ կոխեց եւ հաշմուեցաւ։ Ոտքի կանգնելէ եւ խնամուելէ ետք, կաղ մնաց...

Լաւ տրամադրութեան մէջ եղած պահուն Մուշեղը սովորութիւն ունէր կրկնելու.
– Չմոռնանք, մենք սոցիալիստ կուսակցութիւն ենք։
Օր մը Եդ. Տասնապետեանը հարցուց.
– Մուշեղ, ի՞նչ կը հասկնաս սոցիալիզմ ըսելով։
Մուշեղը լայն բացաւ աչքերը, զարմացած եւ գայթակղած.
– Բա՜ն ասիր, Եդուարդ, դա էլ խօ՞սք է։
Եւ ներկաները վկայ բռնելով, տուաւ իր անվերաքննելի վճիռը սոցիալիզմի մասին.
– Սոցիալիզմի գիտութիւնը այն է, որ ընկերը ընկերոջ պէտք է օգնէ։ Դրա համար Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ սոցիալիզմին...

Քիչ մը կարճ էր անշուշտ։ Բայց ուսում չտեսած եւ զարգացում չունեցող պարզամիտ հայդուկին բանաձեւը, վերջին հաշուով, էութիւնը չի՞ կազմեր սոցիալիզմին, եթէ այդ վարդապետութիւնը պարպենք «յաւելեալ արժէքէն» եւ գիտական այլ տարազներէ։
Ընկերը ընկերոջ պէտք է օգնէ...
Այդ չէ՞ր պատճառը, որ Կովկասի մէջ, Գիտական Սոցիալիզմի տառին եւ ոգիին կառչած ընկերները օր մը սաստուեցան Քրիստափոր Միքայէլեանէն, որ պատգամեց.
– Աւելորդ է խօսել յաւելեալ արժէքի մասին մի երկրում, ուր յաւելեալ արիւն է հոսում։
Մուշեղին վարպետը արդէն Ռուբէնը եղած էր։ Անոր հետ միւսներուն պէս Պարսկաստան ապաստանելէ ետք, փոխանակ այնտեղէն Արեւմուտք անցնելու, շարունակած էր ճամբան մինչեւ... Հնդկաստան, «ուսումնասիրելու համար հնդիկ մեծ ժողովուրդի բարքերը»։
Ուսումնասիրե՜լ։ Բառը շատ մեծ էր նախնականօրէն աղքատ իր բառամթերքին մէջ տեղաւորուելու համար։ Վստահօրէն իր վարպետին մէկ խօսքը կը կրկնէր...


Շար .69
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝