Յայտարարութիւն

Sunday, October 18, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 70 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ընկերներու միահամուռ բաղձանքով եւ ճիգերով Մուշեղը հասուն տարիքին ամուսնացաւ, աւելի ճիշդ կ՚ըլլար ըսել «ամուսնացուեցաւ» պատուական հայուհիի մը հետ եւ ընտանիք կազմեց։ Աղջիկ զաւակ մը ունեցաւ եւ անունը դրաւ Մարալ, սպաննուած ձիուն յիշատակով։
– Պէտք էր տեսնէինք Մուշեղին լացը,– կ՚ըսէր զէնքի ընկերը Ղազար,– երբ Մարալը զարնուեցաւ։
– Այդ մէկը սուտ ես, Ղազար, ես երբեք չեմ լացեր։
– Չես լացե՞ր։ Հապա ո՞վ էր ըսողը, երբ փորէն զարնուած կենդանիին չարչարանքը պէտք էր վերջացնել գլխին փամփուշտ պարպելով.– «Ղազար, դու արա, իմ ձեռքը կը դողայ»։
– Այդտեղ ճիշդ ես, Ղազար։ Ա՜խ իմ Մարալը...

*
* *

Տարիներ առաջ մեռած իր նժոյգին յիշատակը միշտ թարմ էր Մուշեղի սրտին մէջ եւ յաճախ կ՚ափսոսար, կարծես վաղամեռիկ հարազատ մը ըլլար։ Նորածին Մարալն էր, որ մեղմեց սպաննուած Մարալին ցաւը։
Օր մը նստած ենք Մուշեղենց տունը քանի մը ընկերներով։ Մուշեղ ծունկին վրայ կը պահէ մէկ տարեկան Մարալը։ Ծունկը թեթեւ մը կը շարժէ պզտիկին օրօր ընելու պէս։ Նոյն Ղազարն էր որ յանկարծ ըսաւ.
– Մուշեղ, կը յիշե՞ս Վերին Վետիի այն մեծ գիւղը, ուր դիմադրութիւն եղաւ եւ զոհ տուինք մեր աննման Արտաշը։ Դուն, կատաղած, երեխաները ողջ-ողջ վառուած թոնիրը կը նետէիր։ Անգամ մըն ալ կ՚ընե՞ս, եթէ առիթ ըլլայ։
Մուշեղը նայեցաւ ծունկին վրայ նստած Մարալին, երկար դիտեց Ղազարին աչքերը եւ ըսաւ.
– Չէ՛, Ղազար, այդ բաները մէկ անգամ կ՚ըլլան...

*
* *

Եւ իրապէս, Մուշեղին հեծելագունդին բոլոր կռուողները Մշոյ դաշտին մէջ սրածուած հարազատներ ունէին։ Կին մը, զաւակներ, հայր ու մայր, բոլորն ալ թրքական ջարդերուն զոհ։ Վրէժխնդրութիւնը կարծրացուցած էր անոնց սիրտերը, գազանացած մարդիկ էին, արիւնի ծարաւ ուրիշ գազաններու հակազդեցութեան տակ։ Կը պաշարէին գիւղ մը եւ ազատում չկար բնակիչներուն։ Երբեմն դիմադրութեան կը հանդիպէին, ինչ որ կը սրէր անոնց մոլեգնութիւնը։ Եւ այսպէս, թրքաբնակ ամբողջ շրջան մը բնաջնջուեցաւ, կոտորուելով կամ փախուստ տալով...

Այս գործողութիւնները այնքան արագ եւ յաճախադէպ եղան, որ Պաքուի թաթարներուն ականջը հասաւ եւ բուռն բողոք բարձրացուցին անգլիական հրամանատարութեան մօտ, որուն իշխանութեան տակ կը գտնուէր քաղաքը։ Ի վերջոյ անգլիացիները, չբաւարարուելով Հայաստանէն տրուած հերքումներէն, ստիպուեցան քննութիւն բանալ տեղւոյն վրայ։ Անգլիացի զօրավար մը եկաւ Երեւան իր սպաներով եւ պահանջեց որ առաջնորդուին մատնանշուած վայրերը, անձամբ դատելու համար։

– Օրը կէսօրուայ մօտ էր,– կը պատմէր Մուշեղ,– երբ Ռուբէնի սուրհանդակը հասաւ։ Ռուբէն կ՚իմացնէր թէ յաջորդ օրն իսկ քննիչներ կու գան եւ պէտք չէ հետք մնայ։ Մեծ գիւղ էր, հարիւրաւոր դիակներ, ո՞ւր կը թաղես։ Հրացանները թողած, բահ ու բրիչ առած, մեռել կը թաղենք։ Հողը սառած է եւ կը դիմադրէ բրիչի հարուածներուն։ Մինչեւ իրիկուն, արիւն քրտինք մտած, մի քանի լայն փոսեր բացինք եւ հինգով տասով թաղեցինք։ Բայց գիշերը հասաւ եւ անկարելի էր գործը աւարտել։ Տասնեակներով անթաղ դիակներ կան դեռ, մեր կողմէ մէկտեղուած հրապարակին մէկ անկիւնը։ Որոշած ենք առաւօտեան անտառի ճիւղերով ծածկել։ Մտահոգ եւ գէշ գիշեր անցուցինք մինչեւ առաւօտ։ Առաւօ՜տը։ Իմ կեանքի ամենապայծառ եւ օրհնուած առաւօտը։ Ա՛յդ օր հաւատացի, որ վերը Աստուած կայ։ Կէս մեթրէն աւելի ձիւն։ Անգլիացիները եկան երկու ինքնաշարժներով, մի քիչ տնտնացին եւ դարձան Երեւան։ Չգիտեմ, համոզուեցա՞ն թէ ոչ, բայց դիակներ չտեսան...

*
* *

Մուշեղը, պանանի արկածէն ետք, այլեւս չէր կրնար աշխատիլ։ Կինը, սիրուած եւ ժրաջան դերձակուհի, կը հասնէր ընտանիքին պէտքերուն, բայց Մուշեղը հանգիստ չէր։ Պարապ եւ անաշխատ մնալը ծանր կու գար իրեն։
Օննիկ-Նշան-Յարութիւն, չորսս մէկ խորհուրդ ընելով գաղափար մը յղացանք։ Մուշեղը ընտանեօք փոխադրել Պէյրութ, սիկարէթ ծախելու կրպակ մը գտնել, որ նստած տեղը կարենայ աշխատիլ, առանց քալելու։ Մեր խումբին գործնական եւ գործադիր անդամը, Նշանը Պէյրութ գնաց, հրապարակի վրայ գտաւ այդ կրպակը, բայց դժուարութիւն մը կար։ Մեր հաւաքած գումարը չբաւեց գոհացնելու կրպակին վարձակալը, որ տեղը զիջի։ Խմբովին արշաւ մը ըրինք Պէյրութ, Պայթարեան եղբայրներն ալ մեզի միացան եւ պակասը լրացաւ։

Հիմա Մուշեղը այդտեղ է, իր ծաւալուն մարմինը հազիւ գրկող նեղլիկ կրպակին մէջ եւ սիկարէթ կը ծախէ։ Շատ գոհ է իր վիճակէն։ Ընկերները, նոյնիսկ հեռու թաղերէ, պարտք կը զգան գալ եւ Մուշեղէն գնել։ Պէյրութէն զինք յիշողները վստահ եմ հետեւեալ պատկերը ունին Մուշեղէն.– Առիւծի գլուխ մը՝ յաղթ իրանի մը վրայ, կրպակին բաց դուռովը շրջափակեալ...

Ես երբեք Մուշեղէն սիկարէթ չեմ գնած, հակառակ ծխամոլ մը ըլլալուս։ Եւ գաղտնիքս ալ պահած եմ ինծի, ուրիշներու մօտ ծիծաղելի ըլլալէ վախնալով։ Ինչպէ՞ս հաշտուիլ որ նման մարդու մը թղթադրամը երկարես եւ սիկարէթին հետ մանրուքներ ստանաս իրմէ...
Յաւիտենէ յաւիտեան օրհնուած այդ ձեռքը, մանրուք դրամներու հետ, ի՜նչ տխրութիւն...


Շար . 70
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝